Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ «ՄԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼԸ»

Բոլորս անպայման ունինք մեր կեանքերուն անփոխարինելի հետք թողած գիրքեր, որոնք երբ նոյնիսկ քանի անգամ կարդանք, անոնք մեր մէջ միշտ առաջին անգամուայ տպաւորութիւնը, զգացումները, հետաքրքրութիւնը դարձեալ կ՚արթնցնեն։ Գրական տեսանկիւնէ «Մատանիներու տիրակալը» բացարձակապէս այն գիրքերէն է, որ կ՚առանձնանայ թէ՛ իր բովանդակութեամբ եւ թէ իւրաքանչիւր մանրամասնութեամբ։ Գիրքի հեղինակը՝ Ճոն Ռանըլտ Ռիւէլ Թոլքին իսկապէս փայլուն վիպասան ու լեզուական հանճար մըն է եւ իր երեւակայական  թռիչքով կերտած աշխարհները զարմանալիօրէն մեծ, բարդ, բայց անհաւատալիօրէն ուշագրաւ ու հետաքրքրական են։ Ան «հնարեց» ո՛չ միայն Միջին Երկիրի նման աշխարհներ, այլեւ՝ ցեղեր, մշակոյթներ, լեզուներ…

Իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ ամենաշատ սիրուած գլուխգործոց գիրքերէն մին դարձած «Մատանիներու տիրակալը»ի հիմնական գաղափարը ի՞նչ է։ Ի՞նչ կ՚ուզէր պատմել հեղինակը։

Ըստ իս, գիրքի կէտնպատակին ձեռք առնուած են մահը եւ մահուան անխուսափելիութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, կը կարծուի, թէ «աննման մատանի»ն կամ «ուժի մատանի»ն կը ներկայացնէ անսահմանափակ, անհուն ուժ եւ հնարաւոր է անով ամէն ինչ իրականացնել։ Գիրքին մէջ կան թէ՛ չար եւ թէ բարի կողմեր եւ չարութիւնն ու բարութիւնը իրարու դէմ շարունակաբար կը մաքառին յանուն այս մատանիին։ Մատանիի՝ իր տիրակալին «շնորհած»ներն են անտեսանելիութեան եւ անմահութեան կարողութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, գիրքի սկիզբէն մինչեւ վերջը կ՚ըսուի, որ սա վատ է, մատանին պէտք է ոչնչացուի։ Ուստի, ըստ իս, հեղինակը կը փափաքէր բացատրել անմահութեան անհնարիութիւնը եւ մարդոց անմահանալու ցանկութեան անհեթեթութիւնը։ Ըստ իրեն, մենք պէտք է հասկնանք եւ ընդունինք, որ ամէն ինչ եւ բոլոր շնչաւորներ օր մը պիտի անհետանան, այնուհետեւ պէտք է ձգտինք միշտ բարին գործելու։ 

Թոլքին Առաջին աշխարհամարտին տեսաւ, որ հակառակ պնդումներու, գիտական եւ փորձագիտական յառաջընթացը չի նպաստեր ընկերային կամ բարոյական զարգացման։ Իր խօսքով՝ մարդու ներաշխարհի մէկ անկիւնը անպայման չարիք կ՚ըլլայ, եւ քանի դեռ մարդիկ գոյութիւն ունին, պատերազմներն ու բախումները երբեք չեն վերջանար։ Թոլքինի այս գաղափարը հիմնուած է նաեւ քրիստոնէական հիմնական վարդապետութեան վրայ՝ ըստ որու երբ Ադամ ենթարկուեցաւ սատանայի խարդաւանքներու, ճաշակեց արգիլուած ծառի պտուղը ու գործեց առաջին մեղքը. արտաքսուեցաւ դրախտէն եւ յաջորդ սերունդները պատժուեցան մահով։ Կայ եւս այլ հանգամանք. մարդու հոգին «ապականեցաւ» եւ մարդիկ հակուեցան մեղք գործելու։ Ուստի, ամէն մարդ, առանց բացառութեան, որքան ալ բարի կամ բարոյական ըլլայ, միշտ հաւանական է, որ չարիք գործէ։ Իբր այդ, պատմութիւնը միշտ կը կրկնուի, միշտ տեղի կ՚ունենան պատերազմներ, մարդիկ միշտ կը մահանան սարսափի մէջ… Հեղինակի խօսքով՝ «պատմութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան երկա՜ր պարտութիւն»։ Այս թերութիւնը, անկատարութիւնը՝ մեղքի միտում ունենալը, յաճախ կը տեսնուի Թոլքինի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Գիրքին մէջ կ՚ըսուի, թէ մատանիի ստեղծիչը՝ Սաուրոն իր հոգին, անգթութիւնը, բոլոր կենդանի էակներուն իշխելու ցանկութիւնը փոխանցած է մատանիին։ Բոլոր կենդանի էակները մեղք գործելու «ներուժ» ունին։ Իւրաքանչիւրը ընդունակ է գայթակղիլ մատանիի ազդեցութենէն, ինչպէս նաեւ՝ իմաստուն Կանտալֆը, որ այս իրողութիւնը գիտակցելով կը գերադասէ նոյնիսկ չդպչիլ մատանիին։ 

Գիրքը կ՚անդրադարձնէ, որ մատանին կը փորձէ զայրացնել, դրդել կամ հրահրել բազում կերպարներ։ Ոմանք կը յաջողին դիմակայել մատանիի սադրանքներուն, իսկ ուրիշներ կը ձախողին։ 

Ըստ Թոլքինի, պատմութիւնը միշտ կը կրկնուի, բայց ոչ «deja-vu»ի ձեւով։ Իւրաքանչիւր կրկնութիւնով աշխարհ աւելի կը վատթարանայ, կ՚այլասերի։ Այս պատճառով Թոլքինի ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կը տեսնենք նաեւ անցեալի նկատմամբ կարօտը, որովհետեւ անցեալը միշտ աւելի լաւ է, աւելի փառահեղ, աւելի շքեղ, աւելի խաղաղ… 

Եթէ նայինք իրական աշխարհին, ապա բոլորս կը հիանանք Եգիպտոսի բուրգերուն, Սթոնհենճին, բազմաթիւ պանթէոններու կամ պալատնման  կառոյցներու՝ հակառակ, որ արդիական կարգ մը շէնքեր ունին 1 քիլօմեթր երկարութիւն, սակայն նոյն տպաւորութիւնը չեն ստեղծեր։ Արդարեւ, հնադարեան ճարտարապետական ժառանգութիւններու քանդումը անվերապահօրէն մեզ կը յուզէ։

Հուսկ, թէ ի՞նչ կ՚առաջարկէ Թոլքին. արտադրել՝ գիտակցելով, որ օր մը ամէն ինչ կը քանդուի, կը կործանի կամ կ՚անհետանայ. հաւատալ բարութեան գաղափարին. հասկնալ եւ ընդունիլ, որ չարը միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ, եթէ նոյնիսկ փորձենք կատարեալ բարոյական ըլլալ, կամքէ անկախ պատճառներով մենք ալ կրնանք մեղք կամ չարիք գործել։

Շարունակենք բարի ըլլալ եւ փորձենք միշտ բարին գործել։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021