ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ - ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնը նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդող շջանը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով: Այս շրջանը եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն կը կոչուի Յինանց կամ Յինունք: Այն անուանումին մասին խօսելով, այպէս կը գրէ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան. «Թէ ի՞նչ կը նշանակէ "Յինունք" մնացած է գէթ մեզի համար անլոյծ առեղծուած մը: Այդ բառը չի նշանակեր "Յիսունք", ինչպէս կ՚ենթադրէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան. վասնզի այդ նպատակի համար մենք ունինք "Յիսնակ" բառը, որ Ծննդեան տօնը կանխող յիսուն օրերու շրջանին համար կը գործածուի արդէն: Ըստ մեզի "Յինունք"ի արմատը՝ կամ եզակին պէտք է ըլլայ ԻՆՆ բառը. բայց թէ ինչ կապ ունի իննը թիւը այս յիսուն օրերու հետ, այդ ալ կը խուսափի մեր ծանօթութեան սահմաններէն: Երկու ենթադրութիւն ունինք. առաջինը այն է, որ նախաքրիստոնէական շրջանին գործածական բառ մըն էր այս, որ կապ ունէր բնութեան երեւոյթներուն հետ. օրինակ՝ կրնայ ակնարկութիւն ըլլալ գարնան ինն շաբաթներուն, որոնք կ՚երկարաձգուին գարնանամուտէն (այսինքն մարտ 23-էն) մինչեւ մայիսի վերջը, երբ ամառը գործնականապէս ինքզինքը կը զգացնէ: Երկրորդ ենթադրութիւնը այն է, որ Յինունք կը նշանակէ այն ինն յաջորդական կիրակիները, որոնք կը սկսին Զատիկով եւ կը վերջանան Յարութեան առաջին կիրակիով, որ կը յաջորդէ Հոգեգալուստին: Յատկանշական երեւոյթը այն է, որ սրբոց տօներ տեղի չեն ունենար Զատիկէն մինչեւ Յարութեան առաջին կիրակին երկարող ժամանակամիջոցի ընթացքին:

Ներսէս Շնորհալի հայրապետը եւ [Գրիգոր] Տաթեւացին ալ Յինունքը ԻՆՆ թիւին հետ կը կապեն, սակայն տարբեր մեկնաբանութեամբ: Կ՚ըսէ Շնորհալին. "Յինունքը եւ կիրակիները երկնաւոր փեսայ Քրիստոսի հարսանիքի օրինակներն են… Երբ արդարները եւ հրեշտակներու ԻՆՆ դասակարգերը իրարու խառնուելով կը միանան (Քրիստոսի Յարութիւնը փառաբանելու համար): Այս իրողութիւնը այդ օրերուն անունը եւս կը հաստատէ 'Ինունք' կոչելով"» (Ընդհանրական, տպ. Երուսաղէմ, 1871, էջ 64): Նոյնը կը հաստատէ Տաթեւացին, հաւանաբար հիմնուելով Շնորհալիի վերոյիշեալ հաւաստումին վրայ: «Այս յիսուն օրերը Զատիկ կը համարուին, անոր համար որ կը կոչուին Յինունք, այսինքն՝ հրեշտակներու ԻՆՆ դասակարգերու ուրախութեամբ միանալով կը տօնենք Քրիստոսի յարութիւնը»: Ասիկա սակայն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տօնացուցական անունի մը այլաբանական մեկնաբանութիւնը ըլլալ կը թուի, քան թէ բառին տօնացուցական ծագման բացատրութիւնը:

Յամենայն դէպս այսօր բացայայտ իրողութիւն է, որ Յինունքը կը գործածուի Զատիկէն Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերու շրջանին համար: Անոր առաջին քառասուն օրերը, որոնք կը յանգին Համբարձման տօնին, ամբողջութեամբ նուիրուած են Քրիստոսի յարութեան փառաբանութեան. ուրիշ խօսքով քառասնօրեայ այս շրջանին ամէն մէկ օրը կիրակի է, որոնց ընթացքին կ՚երգուին կիրակի օրերուն յատուկ շարականները» («Գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ», Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, Իսթանպուլ 2016, էջ 15-16):

Ինչպէս Մեծ պահոց իւրաքանչիւր կիրակի օրը յատուկ անուանում մը ունի, այդպէս ալ Յինանց շրջանի կիրակի օրերը յատուկ անուանումներ ունին:

Այսպէս, վաղը, կիրակի 16 ապրիլ 2023-ը Յինանց շրջանի առաջին կիրակի օրն է, որ կը կոչուի Կրկնազատիկ կամ Նոր կիրակի:

Այս կիրակի օրը ըստ օրուան օրհնութեան շարականին, վերանորոգութեան խորհուրդը ունի, որ սկիզբ կ՚առնէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ: Շարականին մէջ կը կարդանք.

«Նորոգուած կղզիներ, ազգերու եկեղեցիներ,
Լեռներու կատարներէն բարձրաձայն փառք տուէք Աստուծոյ.
Եւ պատմեցէք քաջութիւնը Յարուցեալին:

Երկնաւոր Փեսային հարսնացեալ եկեղեցի Աստուծոյ,
Զարդարուէ՛ ներքնապէս ոսկեհուռ հանդերձներով պճնուած
Քանզի կ՚իջնէ քեզի Քրիստոս փառաց Թագաւորն:

Երեւցար յարուցեալ եկեղեցւոյդ հիմքերուն,
Իսկ բացական, Թովմաս, չէր հաւատար տեսնողներուն.
Որուն սակայն ցոյց տուիր այսօր վէրքերը մարմնոյդ:

Սարսափահար Թովմաս կը շօշափէր հետքը վէրքիդ եւ գամերուն,
Ու բարձրաձայն յարուցեալդ Տէր եւ Աստուած կը դաւանէր:
Որով մենք ալ երանուեցանք, զի չտեսած Քեզ հաւատացինք»:

Վերանորոգութեան մասին այսպէս կը գրէ Շնորհք Պատրիարք. «Կեանքը երկրի վրայ իր գոյութիւնը կը շարունակէ ոչ միայն պտղաբերելով եւ սերնդագործելով, այլ նաեւ ու առաւելաբար վերանորոգուելով: Այնքան կենսական է վերանորոգութիւնը կեանք ունեցող արարածներու համար, որքան հունտ ու պտուղ արտադրելը, որքան ձագ ու զաւակ բերելը:

Բնութեան գեղեցկագոյն երեւոյթներէն է վերանորոգութիւնը: Ո՞ր սիրտը չէ բացուած երբ ձմրան մեռելութենէ յետոյ նշմարած է նշենին, որ հարսնացեր է, ծիրանին՝ որ ծաղկեր է, խոպանցած ու ցամքած դաշտեր ու լեռներ, որոնք դալարիքով պճնուած են եւ որոնց վրայ տակաւ առ տակաւ, երանգ առ երանգ ծաղիկներ իրենց բնանկարները կը բանին: Ո՞ր հոգին չէ լեցուած հրճուանքով երբ միջատներ, թիթեռներ, թռչուններ ու դաշտի կենդանիներ, որոնք ձմրան մեծագոյն մասամբ անյայտացած էին, վերստին կը լեցնեն բնութիւնը կենսուրախ զեղումով:

Վերանորոգութիւնը նոյնքան կենսական ու կարեւոր է մարդկային բանական կեանքին մէջ: Մեր բջիջներուն պէս մեր ոգեղէն կառուցուածքին տարրերն ալ ենթական են մաշումի եւ մահուան: Ծառերն ու ծաղիկները անձրեւով ու արեւով յագենալէ յետոյ կ՚արթննան, կը վերակենդանանան: Արտաքին ազդակներ անհրաժեշտ են նաեւ մեր ներքին կեանքի վերանորոգութեան համար: Մեր գաղափարները, մեր համոզումները, մեր սէրը, մեր հաւատքը եւ այն ամէնը, որոնք չեն երեւիր ու որոնք սակայն կը կազմեն մեր ներքին կեանքը, ներքին մարդը, կը կարօտին նոր ներարկումի, նոր աւիշի, նոր արեւի եւ նոր անձրեւի:

Յիսուս է մարդկային բանական կեանքի գերագոյն վերանորոգիչը:

Ան վերանորոգեց Հին ուխտը, որ մաշած էր այլեւս եւ իր նպատակին չէր ծառայեր, աւելի շիտակ՝ Աստուծոյ նոր նպատակին անբաւարար էր: Յիսուս պէտք տեսաւ ՆՈՐ ՈՒԽՏ մը հաստատել նոր քարոզութեամբ եւ զայն կնքեց Իր արիւնով: Նորոգեց հին պատուիրանները, նոր «գինին» նոր «տիկերու» մէջ լեցուց: Ամէն մարդ որ կը լսէր Իր քարոզութիւնը կամ ականատես կ՚ըլլար Իր հզօր գործերուն, զարմացած կամ զայրացած կ՚ըսէր. «Ի՞նչ է այս նոր վարդապետութիւնը» (Մարկ. Ա 27): Յիսուս «նոր պատուիրան» տուաւ համայն մարդկութեան՝ սիրոյ պատուիրանը» (Նոյն, անդ, էջ 25-26):

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները առնուած են՝

Գործք Առաքելոցէն 5.34-6.7:

Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական Նամակէն 3.1-12:

Յովհաննէսի Աւետարանէն 1.1-17:

Այս ընթերցումներէն հիմնական երեք կէտեր պիտի նշենք այստեղ, որոնք իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար անհրաժեշտ են, ճշմարիտ վերանորոգութիւն ապրելու համար:

ա. Աստուածամարտ չըլլալ:

բ. Լեզուն սանձել:

գ. Ընդունիլ զՔրիստոս՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար:

ա. Աստուածամարտ չըլլալ. Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները ատեան կը տարուին, որովհետեւ անոնք կը քարոզէին Տէր Յիսուսի մասին: Քահանայապետն ու զինք շրջապատողները ընդուզելով եւ մտահոգուելով անոնց քարոզութեամբ, զանոնք իրենց մօտ կը բերեն, որպէսզի վախցնեն կամ սպառնալով արգիլեն քարոզել: Մինչ առաքեալները ինքնավստահութեամբ ու համարձակութեամբ կը պատասխանէին, հրեաները կատաղութեամբ լեցուած կ՚ուզէին սպաննել զանոնք, սակայն, Գամաղիէլ անունով մէկը, ով այդ ժամանակներուն յարգուած հրեայ Օրէնքի ուսուցիչ մըն էր, կը հրամայէ, որ առաքեալները ատեանէն դուրս հանեն պահ մը, եւ դառնալով ներկաներուն, կը խօսի անոնց անցեալին եւս յայտնուած մարդոց մասին, որոնք բազմաթիւ հետեւորդներ ունեցած էին, սակայն անոնց մահանալով անոնց շարժումներն ալ վերջ գտած էին ու անոնց հետեւորդները ցիր ու ցան եղած էին: Առաքեալներուն մասին խօսելով, ներկաներուն կ՚ըսէ. «Գալով ասոնց, կ՚ըսեմ ձեզի.- այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք: Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ՚ըլլաք» (Գրծ 5.38-39):

Շատ հետաքրքրական արտայայտութիւն մը եւ միաժամանակ բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է, որ կը յայտնէ Գամաղիէլ այստեղ, այն թէ՝ Աստուծոյ խորհուրդներուն դէմ ո՛չ ոք կրնայ պայքարիլ:

Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն իսկ, նոյնիսկ նախքան քրիստոնէութիւն, մարդիկ միշտ ալ պայքարած են Աստուծոյ դէմ, կամ Աստուծոյ գաղափարին դէմ: Այսօրուան աշխարհը եւս իր տարբեր երեսակներով՝ եկեղեցական թէ պետական կը պայքարին Աստուծոյ դէմ, աշխատելով լռեցնել Անոր ձայնը, կամ Անոր ձայնը հանդիսացող ճշմարիտ դեսպանները, որոնք հակառակ աշխարհի հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն, կը շարունակեն բարձրաղաղակ քարոզել Աստուծոյ խօսքը, մարդոց հրաւիրելով դէպի փրկութիւն, դէպի յաւիտենական կեանք: Արդարեւ, բոլոր անոնք՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, կը պայքարին Աստուծոյ խօսքի տարածումին դէմ, կ՚աշխատին լռեցնել Աստուծոյ դեսպաններուն ձայնը, կամ Եկեղեցւոյ դէմ կը մարտնչին, այդպիսիները՝ Աստուածամարտ են, եւ չեն կրնար վերանորոգութիւն ապրիլ, որով պայմանաւորուած է անոնց փրկութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի ժառանգորդ դառնալը:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւոր է ինքզինք քննելու եւ հասկնալու, թէ արդեօք ինք եւս Աստուածամարտերու խումբին մէջ է՞, թէ՞ Աստուծոյ բանակին զինուորագրուած է:

բ. Լեզուն սանձել. լեզուի ինչութեան եւ լեզուն սանձելու մասին ամենէն խօսուն եւ ազդեցիկ նկարագրութիւնը կը գտնենք Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական Նամակի 3-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ, ուր առաքեալը համեմատական մը կը կատարէ մարդկային լեզուին եւ գազաններուն, սողուններուն եւ թռչուններուն մասին, ըսելով, թէ մարդ կրնայ այս վերջիններս զսպել, սակայն իր լեզուն՝ ո՛չ, որովհետեւ՝ «ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն» (Յկ 3.8): Մարդ որպէսզի վերանորոգութեան հասնի, պէտք է նախ եւ առաջ Աստուծմով գտնէ իր լեզուն սանձելուն միջոցը: Ի՞նչ է այդ միջոցը.

1. ԶԱստուած սիրել:

2. Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ:

3. Աստուծոյ պատուիրանները գործադրել:

4. Մեր նմանները սիրել:

5. Աղօթել:

6. Պահք պահել, ապաշխարել ու զղջալ:

7. Մեր խաչը առնել եւ հետեւիլ Քրիստոսի հետքերուն, որպէսզի Անոր հետ մենք եւս յարութիւն առնենք վերանորոգուելով ու վերաթարմանալով:

գ. Ընդունիլ զՔրիստոս՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար. վերանորոգութեան գագաթնակէտ զՔրիստոս ընդունիլն է որպէս Տէր եւ Աստուած, որպէս Փրկիչ ու Թագաւոր ամբողջ աշխարհի: Այս աստիճանին հասնելու համար, անպայմանօրէն պէտք է յաղթահարենք վերը նշուած երկու կէտերը, այսինքն՝ Աստուածամարտ չըլլանք եւ յաջողինք մեր լեզուն սանձել, որովհետեւ Աստուածամարտ մարդը չի՛ կրնար երբեք զՔրիստոս ճանչնալ ու ընդունիլ, իսկ լեզուն չսանձողը չի՛ կրնար ականջ տալ Քրիստոսի խօսքերուն, որով պիտի հասնի զԻնք ճանչնալուն ու ընդունելուն:

Արդարեւ, Յովհաննէսի Աւետարանին առաջին գլուխին մէջ աւետարանիչը կը խօսի թէ՛ զՔրիստոս ընդունողներուն եւ թէ չընդունողներուն մասին: Այսպէս, ան կը գրէ. «Բանն [Քրիստոս] էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի մէջ էր Անիկա, աշխարհը Իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զԻնք չճանչցաւ: Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին: Իսկ զԻնք ընդունողներուն եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով» (Յհ 1.9-13): Պարզ եւ յստակ է աւետարանիչին ըսածը, անոնք որոնք զՔրիստոս կ՚ընդունին ու կը ճանչնան, ապա Քրիստոս անոնց իշխանութիւն կու տայ՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու՝ Աստուծմէ ծնելով, հետեւաբար, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է ջանայ ճանչնալ զՔրիստոս, ո՛չ թէ ինչպէս որ այսօրուան աշխարհը կը ճանչնայ՝ մակերեսային եւ կեղծ երեւոյթներով տարուած, այլ՝ ճշմարիտ ճանաչողութեամբ. այդ ճանաչողութեան ամենէն խօսուն վկան, մեր գործերն են, որովհետեւ առանց մեր գործերուն, չե՛նք կրնար ճշմարտապէս զՔրիստոս ճանչնալ, Անոր եղբայր դառնալ ու Աստուծոյ որդեգիր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023