ՏԻԱԹԼՈՎԻ ԼԵՌՆԱՆՑՔԻ ՊԱՏԱՀԱՐԸ

Տիաթլով լեռնանցքի պատահարը անցեալ դարու ամենաառեղծուածային դէպքերէն մին էր։ Կայ տեղի ունեցածի մասին բազմաթիւ վարկածներ, որոնցմէ ոչ մէկը ապացուցուած է։

1959 թուականին Ուրալ լերան հիւսիսային լեռնանցքի վրայ անյայտ հանգամանքներով զոհուած է Ուրալի համալսարանի զբօսաշրջային ակումբէն ինն հոգինոց արշաւախումբ մը, զոր կը գլխաւորէր Իկոր Տիաթլով։ Դէպքը տակաւին կը գրաւէ հետազօտողներու, լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու հետաքրքրութիւնը։ 

Ներկայիս կան մեծ բացթողումներով վարկածներ, որոնք կը փորձեն բացայայտել, թէ ինչ պատահած է արշաւախումբի անդամներուն։ Բայց անշուշտ կան աւելի պարզ եւ տրամաբանական բացատրութիւններ, որոնք տրուած են փորձառու լեռնագնացներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ։ 

Արշաւախումբի միակ ողջ մնացած անդամն էր Եուրի Եուտինը, որ յօդացաւի պատճառով յունուարի 28-ին վերադարձած էր Սվերտլովսք (Եքաթերինպուրկ)։ Թէեւ ան առաջինը եղած է, որ ստուգած է զոհուածներու անձնական իրերը, նաեւ Սլոպոտինի եւ Տիաթլովի մարմինները, սակայն աւելի վերջ դէպքի հետաքննութեան որեւէ ձեւով չէ մասնակցած։ 

Նախատեսուած էր, որ յունուարի 27-ին արշաւի մասնակիցները մեկնարկեն Իվտել քաղաքէն եւ դահուկներով գրեթէ 350 քիլօմեթր յառաջանալով բարձրանան Օթորթէն եւ Օյկօ-Չակուր լեռներու գագաթները ու ամենաուշը՝ փետրուարի 14-ին հասնին Վիժայ աւանը, ուրկէ նամակ ուղարկեն բարեյաջող տեղ հասնելու մասին։

Արշաւի առաջին օրերը անցած են առանց որեւէ դէպքի։ Յունուարի 28-ին, արշաւորդները դահուկներով քալած են Լոզվա գետի երկայնքով եւ գիշերելու համար կանգ առած են գետի ափին մօտ։ Յունուարի 29-ին անոնք ճամբայ ելած են Լոզվա գետի ափի կանգառէն դէպի Աուսպիա։ Յունուարի 30-ին խումբը կը շարունակէր քալել Աուսպիայի շուրջ։ Յունուարի 31-ին խումբը մօտեցած է Քոլատ Սեաքլ լերան, որու լանջէն բարձրանալու փորձ կատարած է, սակայն ուժեղ քամիի պատճառով ստիպուած է վերադառնալ Աուսպիայի մօտ ու գիշերել այնտեղ։ Փետրուարի 1-ին, լեռնագնացներու խումբը կրկին բարձրացած է Քոլատ Սեաքլ լանջի բարձունքներէն մէկուն, ուր կանգ առած է անանուն լեռնանցքի մօտ (յետագային ստացած է Տիաթլովի լեռնանցք անուանումը)։ Փետրուարի 12-ին խումբը պէտք է ըլլար երթուղիի վերջնակէտին՝ Վիժայ գիւղը եւ նամակ ուղարկէր համալսարանի մարզական ակումբին ու փետրուարի 15-ին վերադառնար Սվերտլովսք։

Ուրալի համալսարանի զբօսաշրջիկներու ակումբի ղեկավար Եուրի Պլինով կը սկսի մը-տահոգուիլ արշակախումբի մասին։ Համալսարանի մարզական ակումբի ղեկավար Լեւ Սիմիոնի Կորտոն եւ մարմնամարզի ամպիոնի ղեկավար Ա. Մ. Վիշնեւսքի քանի մը օր եւս սպասեցին խումբի վերադարձին, քանի որ աւելի առաջ պատահած էին զբօսաշրջային խումբերու ուշացման դէպքեր զանազան պատճառներով։ Փետրուարի 16-ին եւ 17-ին անոնք կապ հաստատեցին Վիժայ գիւղի պատասխանատուներուն հետ՝ հասկնալու համար, թէ արդեօք խումբը կը վերադառնա՞ր արշաւէն։ Պատասխանը բացասական էր։

Խումբի մասին որեւէ տեղեկութիւն չստանալով՝ փետրուարի 20-ին կը սկսին որոնողական աշխատանքները։

Փետրուարի 26-ին լեռնանցքի՝ Քոլատ Սեաքլ լերան գագաթէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուեցաւ արշաւախումբի վրանը՝ անդամներու անձնական իրերով եւ փաստաթուղթերով։ Յաջորդ օրը, վրանէն բաւական հեռու կէտի մը վրայ յայտնաբերուեցան նախ Տորոշենքոյի եւ Քրիվոնիշենքոյի, ապա՝ Տիաթլովի ու Քոլմոկորովայի մարմինները։ Մարտ ամիսին յայտնաբերուեցաւ Ռուստեմ Սլոպոտինի մարմինը։ Միւս չորս արշաւորդներու մարմինները յայտնաբերուեցան՝ վրանէն մօտաւորապէս 2.5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ, մայիսին, երբ ձիւնը սկսած էր հալիլ։

Փետրուարի 26-ին սկսաւ հետաքննութիւնը, որու ընթացքին պարզուեցաւ, թէ 1959 թուականի փետրուարի 2-ի գիշերը, արշաւախումբի ինն անդամները անյայտ պատճառով հեռացած էին վրանէն՝ առանց հագուստ առնելու դուրս եկած էին լերան լանջէն։ Սակայն ուղղութենէ շեղելով՝ անոնք յայտնուած են լեռնանցքի այլ հատուածին վրայ։ Տեսնելով, որ սխալած են, խումբի անդամները փափաքած են վերադառնալ վրանի մօտ՝ տաք հագուստներ առնելու համար, սակայն ձիւնակոյտի պատճառով չեն կրցած ընել այդ մէկը։ Քանի մը ժամուայ ընթացքին բոլորը մահացած են։

Դատաբժշկական փորձաքննութեան տուեալներով՝ արշաւախումբի վեց անդամները մահացած էին թերջերմութենէ (տաքարիւն կենդանիներու եւ մարդու մարմնի ջերմութեան նուազումը, երբ ջերմատուութեան գործընթացներ կը գերեզանցեն ջերմարտադրութիւնը)։ Սլոպոտինի մօտ ուղեղային վնասուածք ստուգուած է, իսկ Տուպինինայի եւ Զոլոթարիովի մարմիններուն վրայ՝ կոտրուածքներ, որոնք կրնային չբացայայտուած «մեծ ուժի ներգործութեան» հետեւանք ըլլալ։

Հետաքննութիւնը չյաջողեցաւ գտնել զոհուածներու մահուան ճշգրիտ պատճառը։ Տեղաբնակ մանսի ժողովուրդի որսորդներու կամ գողերու յարձակման վարկածը մէկ կողմ դրուեցաւ, քանի որ վրանին մէջ գտնուող արժէքաւոր իրերը նոյնպէս մնացած էին, իսկ մարմիններու վրայ պայքարի հետքեր չէին յայտնաբերուած։ Հետաքրքրական է, թէ բոլոր արշաւորդներու հագուստներու վրայ յայտնաբերուեցան շողարձակութիւն։ 

1959 թուականի մայիսի 28-ին Սվերտլովսք մարզի դատախազութիւնը որոշեց դադրեցնել հետաքննութիւնը։ Որոշման մէջ որպէս մահուան պատճառ նշուած էր «տարերային ուժ, զոր մարդիկ չեն կրցած յաղթահարել»։

Քանի մը հագուստներու վրայ յայտնաբերուած շողարձակման հետքերը, մանսիներու մասին զրոյցները, գործի գաղտնութեան մասին լուրերը՝ խումբի անդամներու վախճանման մասին բազմաթիւ վարկածներու ու ենթադրութիւններու պատճառ դարձան։ 1990-ական թուականներուն դէպքը նախ Ռուսաստանի, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ ունեցաւ լայն արձագանգ։

Տիաթլովի խումբի մասին նկարահանուած են մի քանի տասնեակ վաւերագրական ժապաւէններ եւ այլ շարժանկարներ, հրատարակուած են քանի մը գիրքեր։ Հեղինակներ Պուիանովի եւ Սլոպցովի վարկածներու համաձայն, արշաւախումբի անդամներու վախճանման պատճառ դարձած է ձիւնակոյտը, որու հետեւանքով խումբը ստիպուած է շտապ լքել վրանը։ Գրող Ալեքսէյ Ռաքիթինի կարծիքով՝ արշաւորդները սպաննած են ամերիկեան գործակալները։ Կան նաեւ այլ վարկածներ. զինատեսակի փորձարկում, արշաւախումբի անդամներու միջեւ ծագած վիճաբանութիւն եւ այլն։

Ինչ որ պատահած է Տիաթլովի լեռնանցքի վրայ, տակաւին ճշգրտօրէն չէ բացայայտուած, սակայն վստահաբար երկար ժամանակ մնայ ուշագրաւ ու առեղծուածային պատահար մը։ 

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2020