ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնը: Ըստ աւանդութեան, Սուրբ Կոյս Մարիամ երբ ֆիզիքապէս կը բաժնուի այս աշխարհէն, անոր թաղումէն օրեր ետք, երբ Բարդուղիմէոս Առաքեալ Երուսաղէմ կը հասնի, անպայման կ՚ուզէ իր վերջին յարգանքը մատուցելու Տիրամօր: Անոր խնդրանքներուն ի պատասխան, միւս առաքեալները կը համաձայնին եւ թոյլ կու տան, որպէսզի Սուրբ Աստուածածինի գերեզմանը բանան: Երբ կը բանան, կը տեսնեն, թէ Սուրբ Կոյսին մարմինը այնտեղ չէ եւ կը հասկնան, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, կատարած է Իր խոստումը եւ Իր մօր մարմինը երկինք վերափոխած:

Դարերու ընթացքին թէ Հայ Առաքելական եւ թէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերը բազմաթիւ ճառեր ու ներբողեաններ գրած են նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին: Այս գրութեամբ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ գրութիւններէն քանի մը հատուածներ, գրաբարէ թարգմանաբար:

Մեր ժամանակակից եկեղեցական գրողներէն Հայր Վաչէ Իգնատիոսեանը այսպէս կը գրէ.

• «Ս. Կոյսի Վերափոխման այս պատմութիւնը, ըսի թէ աւանդութեամբ հասած է մեզի, քանի որ Նոր Կտակարանին մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կամ ակնարկութիւն կայ այս մասին: Ասոր համար կարգ մը եկեղեցիներու կողմէ չընդունուելէ զատ “հակասուրբգրային” ալ կ՚որակեն այս տօնը: Պէտք չէ, սակայն, զարմանալ չյիշուած ըլլալուն համար, որովհետեւ առաքելական սկզբնական շրջանին իրենց քարոզները եւ պատգամները կը նախըտնրէին միայն բերանացի հաղորդել: Գիրք գրելու խնդիրով չէին հետաքրքրուիր, որովհետեւ նախապէս այն համոզումը ունէին՝ թէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը շատ մօտ էր, նոյնիսկ իրենց օրով կրնար պատահիլ (Ա. Կր 15.51: Ա. Թս 4.14): Այսպէս, պէտք չտեսան անմիջական իրենց ապրած պատմութիւնները գրի առնելու: Առաջինը եղաւ Մարկոս Աւետարանիչը՝ որ գրեց իր Աւետարանը 65 թուականներուն, գոհացում տալու համար յունա-հռոմէական հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեայ հասարակութեան պահանջքին, որոնք կը փափաքէին գիտնալ իրենց հաւատացած Յիսուսի կեանքին, վարդապետութեան, յարութեան մասին…:

Ահա այս աւանդութիւնն է, որ մեզի կը սորվեցնէ Աստուածամօր վերափոխման ճշմարտութիւնը: Եթէ երբեք Աստուածամայրը երկինք վերափոխուած չըլլար, ինչո՞ւ առաքեալները սկզբնական շրջանին սուտ եւ մանաւանդ “հակասուրբգրային” պատմութիւնները պիտի հնարէին ժողովուրդին մէջ, անոնք ալ իրենց կարգին այս աւանդութիւնը յաջորդ սերունդին պիտի աւանդէին՝ եթէ հիմք կամ ճշմարտութիւն չունենար: Եւ ասոնք պարզապէս սուտ վկաներ պիտի ըլլային՝ հաստատելով թէ Քրիստոս Իր մայրը երկինք վերափոխած էր: Հոս կրնանք պատշաճեցնել Պօղոս Առաքեալին բերած փաստը Քրիստոսի Յարութեան վկաներուն մասին (Ա. Կր 15.15), որ ատ կը յարմարի մեր պաշտպանած թեզին հետ:

Ասկէ զատ, այս վերափոխման վարդապետութիւնը “հակասուրբգրային” կոչուած է, ըսի կարգ մը եկեղեցիներու կողմէ: Սակայն ի՛նչպէս ասիկա հակասուրբգրային կրնայ ըլլալ, քանի որ Հին ուխտին մէջ արդէն ունինք երեք անձեր, որոնք արդէն երկինք վերափոխուած էին: Այսպէս. “Հաւատքով Ենովք երկրէ փոխադրուեցաւ որպէսզի մահ չտեսնէ. եւ տեղ մը չէր գտնուեր, վասնզի Աստուած փոխադրեց զայն. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր” (Եբր 5.24): Ապա Եղիա Մարգարէին հրեղէն կառքերով երկինք փոխադրուիլը (Դ. Թգ 2.11-12): Վերջապէս Մովսէս Մարգարէին մահը եւ երկինք փոխադրուիլը: “Մինչեւ այսօր Մովսէսի գերեզմանը մարդ չգտաւ” (Բ. Օր 34.8): Յուդա Առաքեալն է, որ կ՚ամբողջացնէ զայն. “Բայց Միքայէլ Հրեշտակապետը երբ սատանային դէմ դնելով Մովսէսի մարմնի համար կը վիճէր…” (Յդ 9): Այս համարով ի յայտ կու գայ մեզի դարերու ընթացքին պահուած աւանդութիւն մըն ալ:

Մովսէսի կեանքի եւ գործունէութեան մասին Հնգամատեանի չորս գիրքերը (Ելից, Ղեւտ., Թուոց, Բ. Օր.), որոնք երկարօրէն եւ մանրամասնօրէն գրած են. այս համարը, սակայն, չի գտնուիր ոչ մէկ տեղ: Ուրեմն Յուդա Առաքեալ այս իրողութիւնը կը քաղէ դարերու ընթացքին հասած բերանացի աւանդութենէն: Այս վերի օրինակներով կը տեսնենք թէ Քրիստոսի մայր ըլլալը հարկաւոր չէր անպայման երկինք վերափոխման համար: Ինչպէս Ենովքի համար կը կարդանք. “Աստուծոյ հաճելի էր”, “Աստուծոյ հետ քալեց”. այսքան միայն: Իսկ Աստուածամօր համար՝ Աստուծոյ մայր եղած ըլլալը՝ բաւական է կարծեմ, ա՛լ ուրիշ բան զրուցելու հարկ չկայ»:

• Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

«Իսկ Սուրբ Բարդուղիմէոս Առաքեալը միւս առաքեալներուն հետ չհասաւ Տիրամօր փոխումին. որովհետեւ այսպէս էր Տիրոջ կամքը. ինչպէս որ Թովմասը առաքելաներուն հետ չէր երբ ակ դռներէն անոնց մօտ մտաւ, այլ՝ յետոյ խոստովանեցաւ զԻնք Տէր եւ Աստուած: Նոյնպէս ալ Բարդուղիմէոս յետոյ եկաւ, որպէսզի անոր պատճառը ամբողջ աշխարհին յայտնի ըլլայ՝ Ամենասրբուհիին վերափոխումը: Եւ յետոյ եկաւ ու շատ կը տրտմէր, ու իր աշակերտակիցներուն կ՚աղաչէր՝ որրպէսզի իրենց ցոյց տան աստուածային գանձը: Եւ բացին գերեզմանը՝ աստուածակիր մարմինին պատանքը դատարկ գտան, եւ մեծ զարմանալիքով հիացած Աստուծոյ փառք կը մատուցէին: Եւ իմացան, թէ օրհնաբանելէ դադրելէն ետք՝ անմարմին զօրքերուն կողմէ վերափոխուած է՝ անմարմին զօրքերուն անմահներու իմանալի խորանը:

Իսկ Թովմաս Առաքեալը երգեց. “Զփառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սո՛ւրբ կոյս Աստուածածին Մարիամ՝ մայր Քրիստոսին, մատո՛ զաղաչանս մեր Որդոյդ քո եւ Աստուծոյդ մերոյ”:

Որ մենք, Հայկազեան տոհմի ազգս, այսօր կը տօնենք ո՛չ թէ ննջման տօնը, այլ՝ յարութեան ու վերափխման տօնը դէպի իր Միածին Որդին: Քանի որ այսօր միշտ կենդանի Աստուածածինը փոխեցաւ, որովհետեւ անմահութեան բաժակը ճաշակեց, եւ մեզի համար իր Միածին Որդիին մօտ միշտ բարեխօս է»:

• Կիւրեղ Աղեքսանդրացի կը գրէ.

«Ուրա՜խ լե՛ր եւ դուն՝ երջանիկդ Յովսէփ՝ Առաքեալ եւ Աւետարանիչ, կուսութեան պարծանք, մոլորութեան կիրքերու ջնջող, Եփեսացիներու նաւահանգիստ, եւ նախամարտի, աղքատներու կերակրիչ, նեղեալներու ապաւէն, հեռաւորներու եւ մերձաւորներու յանձանձիչ ու հանգիստ:

Ուրա՜խ լե՛ր, անշախաղ անօթ՝ զգաստութեամբ լեցուած, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ յիշեց քեզ, Աստուածածին եւ միշտ Սուրբ Կոյս Մարիամը որպէս կոյսի աւանդեց:

Ուրա՜խ լե՛ր եւ դո՛ւն՝ ո՛վ Աստուածածին Մարիա՛մ Կո՛յս. լոյսի մայր եւ աղախին կոյս, որովհետեւ քեզմէ եւ կոյսէդ ծնաւ, եւ մայր՝ քանի որ քու գիրկիդ մէջ վերցուեցաւ, եւ քու կաթովդ սնած աղախին՝ քեզմէ ծառայի կերպարանքը ընտրելուն համար. որովհետեւ Թագաւորը քու քաղաքդ մտաւ, մանաւանդ՝ որովայնդ, եւ դարձեալ ելաւ, ինչպէս Ինք կամեցաւ, ու քու դուռդ փակ մնաց, քանի որ անապականաբար յղացար, եւ աստուածավայելչաբար ծնար Աստուծոյ Որդին:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիամ Աստուածածին, անքակտելի տաճար, մանաւանդ եթէ սուրբ որպէս մարգարէն կ՚աղաղակէ, քու տաճարդ սքանչելի արդարութեամբ սուրբ է:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիա՛մ, անշէջ ջահ, որովհետեւ քեզմէ ծագեցաւ արդարութեան արեգակը:

Ուրա՜խ լեր, Մարիա՜մ՝ անտանելիին տեղի, որ Աստուծոյ Միածին Բանը կրեցիր, որ առանց արօրի ու սերմի անթառամելի հասկը բուսցուցիր:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիա՜մ Աստուածածին, որուն միջոցով մարգարէները կ՚օրհնեն, որուն հովիւները հրեշտակներուն հետ կը փառաբանեն ըսելով ահագին այն օրհնութիւնը, փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիամ Աստուածածին, որուն միջոցով Յովհաննէսը իր մօր որովայնին մէջ խայտաց, եւ ճրագը երկրպագեց աննուաղ լոյսիդ:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիա՜մ Աստուածածին, որու միջոցով առաքեալներուն երկոտասնափայլ գեղեցկութիւնը ընտրուեցաւ:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիա՛մ Աստուածածին, որու միջոցով անպատում շնորհը յառաջ եկաւ. այդ պատճառով Առաքեալը աղաղակելով կ՚ըսէ. Աստուծոյ շնորհը՝ բոլոր մարդոց Փրկիչը երեւցաւ:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիամ Աստուածածին, որու միջոցով լոյս ծագեցաւ, անոնց՝ որոնք խաւարին ու մահուան ստուերին մէջ կը նստէին, որովհետեւ ժողովուրդը՝ որ խաւարին մէջ կը նստէր, մեծ լոյսը տեսաւ. եւ արդեօք ո՞ր լոյսը, եթէ ոչ ճշմարիտ Աստուածը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ, որ աշխարհ պիտի գայ:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիամ Աստուածածին, որու միջոցով նախաստեղծին ստեղծիչը յառաջ եկաւ՝ եւ անոր յանցանքներուն ողողիչը՝ եւ Երկինքի Արքայութեան առաջնորդը:

Ուրա՜խ լե՛ր, Մարիա՜մ Աստուածածին, որու միջոցով ծովուն ալիքները հանդարտելով՝ մեր ծառայակիցներն ու պաշտօնակիցները խնդութեամբ վերցուց»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2020