ԿԵԱՆՔ ՈՒ ԿՌԻՒ

Աշունը եկաւ սիրտս Արցախ ուզեց:

Ամէն օր կ՚ըսէի, թէ այս շաբաթ պիտի մեկնիմ: Սակայն ամէն անգամ խօսքերս կը մնային օդի մէջ: Ստեփանակերտ մեկնելու ցանկութիւնս մեծ էր, բայց ոտքերս չէին յառաջանար: Միշտ կ՚որոշէի, ճամպրուկս կը կապէի ու կ՚երթայի: Այս անգամ ուրիշ էր: Պատճառը ահաւասիկ գաղտնիք չէ. մօտալուտ պատերազմի կանխազգացումն էր, որ զիս հեռու կը պահէր իմ նպատակէն:

Մղձաւանջի քսաներորդ օրն է:

Լաւ ենք: Հայաստանի մէջ կեանքը կը շարունակուի իր բնականոն հունին մէջ: Խանութները բաց են, խաղահրապարակները լի մանուկներով:  Երկինքը կապոյտ է ու խաղաղ: Առաւօտեան մարդիկ կը շտապեն աշխատանքի: Փողոցի աղմուկը չի լռեր:

Այս ամէնի հետ մէկտեղ փողոցներու մէջ կը թափառի պատերազմի ուրուականը: Ամէնուր տամուկ աչքեր: Իւրաքանչիւր քայլափոխի մեր ականջներուն կը հասնի Հայաստանով մէկ ցիրուցան եղած քաղցրահամ բարբառը: Փառք Աստուծոյ արցախցին իր տան մէջ է, իր հայրենիքի մէջ: Հայաստանցիները աչքի լոյսի պէս հոգ կը տանին անոնց:

Թաղամասերն ու փողոցները հայկական եռագոյնով զարդարելու փոխարէն պատուած են սեւ ժապաւէններով, որոնց վրայ ոսկետառ գրուած է հերոս հայորդիի մը անունը եւ տարիքը. «Արմէն 19», «Հայկ 21», «Դաւիթ 25» եւ այսպէս շարունակ... Ծաղկավաճառներն ալ ծաղկեփունջ վաճառելու փոխարէն չեն հասցներ հաւաքել ծաղկեպսակներ: Օրուայ ընթացքին բազմիցս կը լսուի մեծ արագութեամբ սլացող շտապօգնութեան խլացուցիչ ձայնը:

Պատերազմ է:

Մարդիկ տխուր են, ժպիտներ չկան: Ներողութիւն, ոչ թէ չկան ժպիտներ, այլ մնացած են ամենաանկեղծները: Մանուկները կը շարունակեն ժպտիլ: Հրթիռակոծութենէ փախած երեխաները նոյնպէս կը խնդան: Անոնց փայլատակող աչքերուն մէջ կ՚ապրի յոյսը: Պատերազմը բնաւ չէ վախցուցած արցախցի բալիկները: Մայրերն անոնց ըսին, թէ վաղ առաւօտեան, խենթ մը որոշեց հրավառութիւն ընել, իսկ աւելի մեծերուն հաւաստիացուցին, թէ զօրավարժութիւն է: Պատանիները նոյնպէս կը շարունակեն ժպտիլ, քանզի վստահ են յաղթանակի մէջ: Միայն կը կարօտնան իրենց հայրիկներն ու մեծ եղբայրները: Աչքերնին ջուր կտրած կը սպասեն անոնց վերադարձին:

Կեանք ու կռիւ: Կը պատերազմենք ապելու համար: Կ՚ապրինք պայքարելու, յաղթելու համար: Իրավիճակը օրհասական է: Ինչպէս ռազմի դաշտի մէջ, օրուայ ընթացքին մեր զգացումները նոյնպէս կը փոփոխուին. Երբեմն ընկրկելով, երբեմն ալ պատուելով լաւատեսութեամբ:

Պատերազմն ու խաղաղութիւնը հականիշ բառեր են, որոնք կը սիրեն յաջորդել իրարու: Ամէն աւարտ նոր սկիզբ մըն է:

Վստահ եմ՝ յաղթելու ենք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020