ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ խօսքը կ՚ըսէ, թէ երբ ազգ մը կը յայտնուի որոշակի հանգամանքներու մէջ, զօրութիւններու Տէրը այդ ազգի մէջէն «պիտի հեռացնէ հզօր տղամարդը եւ զօրաւոր կինը: Հացի զօրութիւնը եւ ջուրի զօրութիւնը: Հսկան, զօրեղն ու քաջամարտիկը, դատաւորը, մարգարէն, քննիչը եւ ծերը, յիսնապետն ու սքանչելի խորհրդականը, իմաստուն ճարտարապետն ու խելամիտ ատենակալը: Անոնց վրայ իշխան պիտի կարգեմ մանուկները: Խաբեբաները պիտի տիրեն անոնց: Ժողովուրդը իրար պիտի անցնի: Տղամարդը պիտի ելլէ տղամարդու դէմ, ընկերը՝ ընկերոջ, մանուկը պիտի ընդհարուի ծերի հետ, անարժանը՝ արժանաւորի» (Ես 3.1-5):

Աշխարհի մէջ կայ մարդու տեսակ մը, որ կը կոչուի մարգարէ: Մարգարէները Աստուծոյ խօսնակներն էին երկրի վրայ: Անոնց միջոցաւ Տէրը կը խօսէր ու ժողովուրդին կը յայտնէր Իր կամքը: Մարգարէները կը խրատէին ու կը նախազգուշացնէին ազգը եւ իշխանութիւնը վերահաս վտանգներու մասին՝ ետ պահելով մեղքի մէջ իյնալու գայթակղութենէն: Մարգարէները ազգին ու իշխանութեան կը քարոզէին ամուր պահել իրենց հաւատքը առ Աստուած:

Այս մարգարէներու մեծագոյններէն մին է Եսայի մարգարէն: Եւ ան իր մարգարէութեան երրորդ գլուխի մէջ կը գրէ՝ երբ ազգը կ՚անարգէ Տէրը, չի ճանչնար իւր Աստուածը, չի ցանկար հասկնալ իր Աստուածը ու կը բարկացնէ զԱյն, այդպիսով ազգը կ՚օտարանայ իւր Աստուծոյ ու կը քաշուի ետ: Եւ ազգը իր անօրէնութիւններու վրայ կը յառաջացնէ նոր վէրքեր: Ամէն գլուխ կ՚իյնայ ցաւի մէջ, ամէն սիրտ՝ տրտմութեան: Եւ այդ ազգի մէջ չի մնար առողջ տեղ մը: Անոնց երկիրը կը դառնայ աւերակ: Աւերուած թշնամի ցեղերէն: Իսկ այդ հողի բարիքները իրենց աչքի առջեւ կ՚ուտեն օտարները: Եւ ազգը կը մնայ լքուած՝ մինակ:

Ըստ իս, սա նկարագրութիւնը բաւականաչափ նման է մեր այսօրուայ Հայաստանի, Արցախի տխուր իրականութեան: Եթէ բանանք Աստուածաշունչը ու կարդանք Եսայիի մարգարէութեան 1-4 գլուխը, կը տեսնենք, թէ ինչպիսի ճշգրտութեամբ ան նկարագրած է մեր ներկայի կիսատ կեանքը:

Այժմ ուշադրութիւն դարձնենք, թէ ինչ կ՚ըսէ Տէրը: Ե՞րբ պիտի վերջանայ այս վիճակը եւ ի՞նչ պիտի ընենք մենք ատոր համար: Ինչպէս վերը նշեցինք, Աստուած, որ կը կոչուի Զօրութիւններու Տէրը՝ կ՚ըսէ. «պիտի հեռացնէ հզօր տղամարդը եւ զօրաւոր կինը: Հացի զօրութիւնը եւ ջուրի զօրութիւնը: Հսկան, զօրեղն ու քաջամարտիկը, դատաւորը, մարգարէն, քննիչը եւ ծերը, յիսնապետն ու սքանչելի խորհրդականը, իմաստուն ճարտարապետն ու խելամիտ ատենակալը: Անոնց վրայ իշխան պիտի կարգեմ մանուկները: Խաբեբաները պիտի տիրեն անոնց: Ժողովուրդը իրար պիտի անցնի: Տղամարդը պիտի ելլէ տղամարդու դէմ, ընկերը՝ ընկերոջ, մանուկը պիտի ընդհարուի ծերի հետ, անարժանը՝ արժանաւորի» (Ես 3.1-5):

Ինչպէս կը տեսնենք, մեր ժողովուրդի մէջ ալ այսօր հեղինակութիւններ չեն մնացած: Մենք հատիկ-հատիկ ջարդած ու վերացուցած ենք մեր բոլոր հեղինակութիւնները: Չկայ հեղինակութիւն մը, որուն ամբողջ ազգով մտիկ ընենք եւ ուշադրութիւն դարձնենք: Այսօր մեր մէջ այնքան չարութիւն կայ, որ մեր մէջէն վերացուած է հզօր տղամարդը, հզօր հեղինակութիւնը՝ յաղթող ու առաջնորդող տեսակը: Եւ Տէրը կ՚ըսէ՝ անոնց վրայ իշխան պիտի կարգեմ մանուկները եւ անոնց պիտի իշխեն խաբեբաները: Ահաւասի՛կ, կը տեսնենք, թէ ինչպէս կ՚ըլլայ ազգի մը անկումի եւ գլորումի ընթացքը: Իսկ վերջաւորութեան Տէրը կը յաւելէ. «Երբ աղօթքի համար դէպի վեր բարձրացնէք ձեր ձեռքերը, երես պիտի դարձնեմ ձեզմէ: Եւ եթէ բազմապատկէք ձեր աղօթքները պիտի չլսեմ ձեզ, որովհետեւ ձեր ձեռքերը լի են արիւնով», (Ես. 1.15): Այսինքն չար ու յանցաւոր ազգէն Տէրը կը հեռացնէ Իւր աջակցութիւնը: Եւ ազգը կը մնայ իր չարութեան հետ մինակ:

Այժմ որչա՞փ պիտի շարունակէ այս աղէտալի վիճակը: Ղեւտացոց գիրքի մէջ Աստուած կ՚ըսէ, մինչեւ դուք խոստովանիք, որ մեղք գործած էք: Ձեր սիրտը հոգոց հանէ ու ձեր հեթանոս սիրտը ամչնայ:

Եւ նոյն Եսայի մարգարէի բերանով Աստուած կ՚ըսէ. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքի առջեւ ձեզմէ թօթափեցէք ձեր չար արարքները: Վերջ տուէ՛ք ձեր չարագործութիւններուն: Սովորեցէ՛ք բարիք գործել: Փնտռեցէ՛ք արդարութիւն: Փրկեցէ՛ք զրկուածը, արդարադա՛տ եղէք որբի մը նկատմամբ, իրաւունք տուէք այրիին: Եկէք խօսինք իրարու հետ։ Եթէ ձեր մեղքերը արեան պէս կարմիր են, ապա ես ձիւնի պէս ճերմակ պիտի դարձնեմ: Եթէ ըլլան որդան կարմիր, պիտի սպիտակացնեմ ինչպէս բուրդը: Եւ եթէ յօժար ըլլաք ու մտիկ ընէք զիս, դուք պիտի ճաշակէք երկրի բարիքները. Իսկ եթէ չկամենաք զիս լսել, սուրը պիտի ուտէ ձեզ, քանզի Տիրոջ շուրթերը ըսին այս», (Ես. 1.16-20):

Ինչպէս կը տեսնէք, Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հրաւիրէ երկխօսութեան: Կ՚ըսէ՝ եկէք խօսինք իրարու հետ. «Եթէ յօժար ըլլաք ու մտիկ ընէք զիս, դուք պիտի ճաշակէք երկրի բարիքները. Իսկ եթէ չկամենաք զիս լսել, սուրը պիտի ուտէ ձեզ, քանզի Տիրոջ շուրթերը ըսին այս»:

Եւ այսպէս, մենք պէտք է գիտնանք մեր անկումի պատճառը, որպէսզի իմանանք, թէ ուր կրնանք փնտռել բարձրացումի ճամբան: Մենք պէտք է գիտնանք՝ ուրկէ ինկած ենք, որպէսզի իմանանք, թէ ուր պիտի բարձրանանք: Մենք ինկած ենք սրբութեան բարձունքէն ու պիտի բարձրանանք Աստուծոյ լեռը, այսինքն հրաժարինք ամէն չար բանէ ու ջանանք սորվիլ մեր Տիրոջ խօսքը եւ հետեւինք Անոր պատուիրաններուն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է մտնէ իր սրտի մէկ անկիւնը եւ խօսի Տիրոջ հետ: Ըսէ՝ Տէր Աստուած, ինչ բան սխալ կ՚ընեմ, չեմ տեսներ իմ մեղքերը, ողորմէ ինձ մեղաւորիս: Օգնէ շտկուիլ, օգնէ փոխուիլ, նոր սիրտ տուր ինծի:

Աշխարհը թաղուած է մեղքերու մէջ: Մարդիկ դարձած են եսասէր գազան: Մեր ու մեր երկրի միակ փրկութիւնը ապաշխարութիւնն է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021