ԵՐԵՔԱՄԵԱՅ ՀՐԱՇԱՄԱՆՈՒԿԸ

Անյագուրդ վայելելով Աստուծոյ կողմէ շնորհուած մայրութեան բերկրանքը, որու համար անսահման երախտիքս կը պարտիմ Ամենակարող Աստուծոյ. բաց աստի ապրելով քանի մը տասնեակ միլիոննոց քաղաքի թոհուբոհին մէջ՝ անկարելի է, գրեթէ անհնարին է, թէ հանգչելու ժամանակ ունենաս։ Թուածներս լրացնելու կու գան շուրջ մէկուկէս տարի շարունակուող անքուն գիշերները, իմ սիրած աշխատանքը խմբագրատան մէջ, ինչպէս նաեւ ընտանեկան առօրեայ հոգերն ու փոքրիկ հրաշամանուկիս հետ տեւական զբաղումը։ Թէպէտ, պարապ ատեն չեմ ունենար առանձնանալու. ինքզինքէս հաշիւ պահանջելու կամ ներկայացնելու, ապրած կեանքս վերարժեւորելու ու գնահատելու… Հակառակ բազմազբաղ առօրեայիս, կը ջանամ կեանքի սա արագընթաց ու յարափոփոխ հոլովոյթէն անմասն չմնալ։ Վերջինս՝ կախարդական փայտիկի մը օգնութեամբ, իրականացնել հնարաւոր կը դառնայ «Դիմագիրք»ի, մասնաւորապէս համացանցի միջոցաւ։ Ահաւասիկ ինծի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնուի կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին մեր Երկիր մոլորակի շուրջ երեւակայական պտոյտ մը կատարել։ Այսպէսով հաղորդ կը դառնամ համայն աշխարհին ու ամենէն կարեւորը՝ կարօտեալ հայրենիքիս, մայր Հայաստանին։ 

Քանի մը օր առաջ, հերթական անգամ նախքան անկողին մտնելս աշխարհով մէկ ճամբորդելու որոշում տուի։ Յոգնած ու մտքերուս մէջ խորասուզուած, կիսաքուն «Դիմագիրք»ս կը թերթէի։ Յանկարծ ուշադրութիւնս սեւեռուեցաւ շատ հետաքրքրական ու իմաստալից գրառումի մը վրայ, զոր կատարած էր «Մայրիկներու ակումբ»ի անդամուհիներէն մին։ Որպէս նորաթուխ մայրիկ երկար ժամանակէ ի վեր «Դիմագիրք»ի մէջ անդամագրուած եմ «Մայրիկներու ակումբ» խմբակին։ «Մայրիկներու ակումբ»ը բազմանդամ աշխոյժ ու սիրալիր ընտանիքի մը կը նմանի։ Ունի բաւականին հետաքրքրական ու ուսուցողական երեսակներ։ Անոր անդամագրուած են մեծ թիւով փորձառու եւ նորաթուխ երիտասարդ հայ մայրիկներ, որոնք կը ջանան կիսել իրենց փորձառութիւնը։ Բազմաթիւ յորդորներ ու խորհուրդներ կը հնչեն բժիշկներու ու համապատասխան մասնագէտներու կողմէ։ Հետզհետէ անդամուհիները կը կիսուին իրենց փոքրիկ հրաշքներու յիշարժան եւ գեղեցիկ պատկերներն ու տեսաերիզները. խորագրուած՝ փոքրիկիս առաջին ատամիկը, առաջին թոթովանքը, քայլերը եւ այլն։ Անթարթ աչքով, քանի մը վայրկեանի մէջ կարդացի երիտասարդ մայրիկի մը հետեւեալ խորիմաստ ու այնքա՜ն զգացական գրառումը՝ մօր ու դստեր ազդու երկխօսութենէն։

Սիրելի ընթերցող, ստորեւ կը փափաքիմ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել սա յուզիչ գրառումը։

*

Ես ինքնաշարժի կանգառի մը պատերը կը ներկէի, իսկ երեքամեայ փոքրիկ աղջնակս գոյնզգոյն կաւիճներով պատկեր կը գծէր։ Յանկարծ խախտելով տիրող լռութիւնը ըսաւ.

-Ես այնքան ուրախ եմ, որ Աստուած քե՛զ իմ մայրիկը դարձուց։

Քանզի բնաւ պատրաստ չէի նման արձագանգի, անակնկալի եկայ ու հարցուցի.

-Ինչպէ՞ս,- այժմ փոքրիկս քիչ մը շփոթահար կրկնեց.

-Ուրախ եմ, որ դուն Աստուծոյ կողմէ տրուած մայրիկս ես։

Նման խօսքերէ ետք աչքերս տամկացան։

Այնուհետեւ դստրիկս սկսաւ շնորհակալ ըլլալ Բարձրեալին այն բոլորին համար, զոր ինք ունի։ Յուզախառն արցունքներէս սկսայ շնչահեղձ ըլլալ։ Շուարեցայ, թէ ինչպէս անոր փոքրիկ սրտիկին մէջ կրնայ այսքան շատ շնորհակալութիւն տեղաւորուիլ։ Դստրիկս առանձնապէս չէր սիրեր բարձրաձայն աղօթել։ Երբեւէ, նոյնիսկ գայթակղեցուցիչ խոստումի մը դիմաց, զոր օրինակ՝ քաղցրաւենիքի մը, կը հրաժարէր։ Ապշեցուցիչը այն էր, որ անոր փոքրիկ սրտիկին մէջ մատղաշ տարիքէ սկսեալ տեղ գտած են այնպիսի խորաթափանց զգացումներ, ինչպիսիք են՝ Աստուած, սէր ու շնորհակալութիւն։

-Շնորհակալ եմ Աննաս,- ժպտադէմ ըսի ես ու շարունակեցի.

-Ես ալ շա՜տ, շա՜տ ուրախ եմ, որ Աստուած ինծի քեզի պէս խելացի ու անուշիկ զաւակ մը ընծայած է։

Սա պահուն, եթէ իմ ձեռքերուն վրայ ներկ չըլլար, պիտի գրկէի փոքրիկ հրեշտակս։ Ինչեւէ, ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ մեր խօսակցութիւնը աւարտած է, երբ աղջիկս շտապեց հերթական հարցը յղել.

-Մայրիկ, դուն ստիպուա՞ծ էիր ինծի երկար սպասելու,- հարցուց Աննան։

Ես այդ պատմութիւնը անոր քանիցս պատմած էի, սակայն ան ուզեց նորէն իմանալ։ Մօտեցայ աղջնակիս.

-Այո՛, փոքրիկս։ Ես՝ Աստուած հայրիկին օր ու գիշեր կ՚աղերսէի, սակայն Ան երկար ժամանակ ինծի զաւակ չտուաւ։ Երկար տարիներ վերջ, երբ ես ու հայրդ օր մը իմացանք, որ դուն իմ փորիկի մէջ ես, այլեւս անսահման ուրախացանք ու երջանկացանք։

 -Իսկ դուն գիտես, թէ ինչո՞ւ Աստուած հայրիկը երկար ժամանակ քեզի երեխայ չտուաւ։

-Ո՛չ փոքրիկս, չեմ գիտեր,- մոլորեալ պատասխանեցի։

-Իսկ ես գիտեմ… Ան զիս կը ստեղծէր։

Նայեցայ անոր ծով խաղաղ, երկնագոյն աչուկներուն մէջ, որոնք պարզապէս ինծի անիրական կը թուէին։ Անոր ալիքաձեւ, ոսկեգոյն վարսերէն արեւի շողեր կ՚անցնէին։ Դստերս պատասխանը լիովին բաւարար էր։ Այդ պարզ նախադասութեան մէջ անսահման խորունկ իմաստ կար։ Աղջնակս դիտելով, հասկցայ, թէ սա երեխան իսկապէս շա՜տ երկար ժամանակ կը քնանար Ամենակարող Աստուծոյ թեւին տակ։ Կարծես երկինքը չէր ուզած զայն ձգել։

Անսահման ազդուելով երեքամեայ փոքրիկ հրաշամանուկիս խորիմաստ ու ճշմարիտ խօսքերէն՝ որոշած եմ ձեզի հետ բաժնել այս երխօսութիւնը։ Սա՝ ես կը գրեմ բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ շարունակ կ՚աղօթեն Տիրոջը, որպէսզի իրենց զաւակ պարգեւէ։ Կը գրեմ անոնց համար, որոնք այլեւս իրենց յոյսը կորսնցուցած են։ Կ՚աղաչեմ ձեզի, յուսաթափ մի՛ ըլլաք։ Տէրը կ՚իմանայ ձեր բոլորին աղօթքները։ Պարզապէս Բարձրեալը տակաւին կը շարունակէ ստեղծել ձեր փոքրիկը…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019