ԿԵԱՆՔԻ «ՆՈՐ ԵՐԱՆԳՆԵՐ»

Մարդիկ իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան կը հանդիպին զանազան դիպուածներու, որոնք թէ՛ կը գորշացնեն եւ թէ կը լուսաւորեն իրենց աշխարհը։ Ձեռքս ամենասիրելի գրիչս առած, աչքերս տետրակի մասմաքուր էջերուն սեւեռած ու մտասուզուած՝ կ՚որոնեմ ամենայարմար բառերը, որպէսզի նկարագրեմ կեանքիս շնորհուած նոր «երանգ»ները։

Եթէ քանի մը տարի առաջ ինծի ուղղէիք հարցում մը, թէ ո՞ր քաղաքը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ իմ սրտին մէջ, Փարիզը մտքիս ծայրէն անգամ չէր անցներ։ Հակառակ ինծի՝ շատերուն համար երազանք է այցելել «սիրոյ, լոյսի ու նորաձեւութեան» այդ քաղաքը։ 

Անցեալ տարի ձեւով մը առիթն ունեցած էի այցելել Փարիզ, իմ սիրելի բարեկամին՝ Աննայի հետ, որու հօրաքոյրը՝ տիկին Արուսեակ Սանթիկեանը մեզ պիտի հիւրասիրէր գրեթէ մէկ շաբաթ։ Աննայի հետ օրեր առաջուընէ արդէն յստակեցուցած էինք, թէ Փարիզի ո՛ր տեսարժան վայրերը կ՚ուզէինք այցելել։

Ահաւասիկ, եկած հասած էր մեր ուղեւորութեան օրը։ Անհամբերութեամբ կը սպասէի թռիչքի ժամուն։ Սրտիս բարձրաձայն բաբախումը զգալով՝ յուզմունքէն աւելի շատ կը դողար ամբողջ մարմինս։ Տիկին Արուսեակի հետ միայն հեռախօսազրոյցով ծանօթանալու հնարաւորութիւնը ունեցած էինք եւ այդ պահէն իսկ հոգւոյս խորքին զգացած էի իր սրտի ջերմութիւնը, սակայն գիտէի, թէ անձամբ ծանօթանալը ուրիշ բան էր։

Երեք ժամուայ թռիչքէ յետոյ, ի վերջոյ հասած էինք «սիրահարներու քաղաք»ը։ Մեզ դիմաւորելու համար օդակայանը գրկաբաց կը սպասէր տիկին Արուսեակը։ Աննան հապճեպ քայլերով շտապեց գրկելու համար իր հօրաքոյրը, նոյնպէս ես ալ ողջագուրուեցայ իրեն հետ։ Տունը մեզի կը սպասէր Աննայի քեռայրը՝ պարոն Կարպիս Սանթիկեանը, որուն մասին խօսելու ժամանակ Աննան միշտ կը գործածէր «Թոնթոն» փաղաքշականը։ 

Սանթիկեանները Փարիզի հայահոծ թաղերէն մէկուն բնակիչներն էին։ Բնաւ չէի խորհած, թէ օր մը կարելի պիտի ըլլար արտասահմանի մէջ, առաջին իսկ օրէն հպարտ զգալ՝ տեսնելով հայկական անունով խանութ մը, նոյնիսկ «Աշտարակ» կոչուած կայան մը… 

Երբ հասանք տուն, ծանօթացայ Թոնթոնին հետ։ Իր սրտակից վերաբերմունքը հիացուց զիս. կարծէք աւելի առաջ կը ճանչնայինք զիրար։ 

Ամէն առտու, ձայնասփիւռէն բարձրացող հայկական երգերու ներդաշնակութեամբ՝ հօրաքոյրին հետ կը խմէինք մեր անուշաբոյր սուրճերը, իսկ յետոյ միասին կը պատրաստէինք նախաճաշի սեղանը։ Տան միւս անդամները արթննալէ վերջ կու գային խոհանոց՝ նախաճաշելու ու զրուցելու համար։ Արուս հօրաքոյրն ու Թոնթոնը ճաշասեղանի շուրջ մեզի կը պատմէին իրենց երիտասարդական տարիներու յուշերն ու փորձառութիւնները։ Թէեւ երկար տարիներու անխոնջ ու տենդագին աշխատանքով «մաշած» էին մարմնապէս, սակայն յաջողած էին իրենց հոգւոյ «թարմութիւն»ը պահել եւ իրարու նեցուկ կանգնիլ։ Անոնց սրտերուն բարութիւնը կը ցոլար անոնց դէմքերուն վրայ։ 

Նախաճաշելէ յետոյ Աննայի հետ ճամբայ կ՚ելլէինք դէպի քաղաքի կեդրոնը՝ պտտելու եւ տեսարժան վայրերու ու թանգարաններու փառաւորութիւնը վայելելու համար, իսկ երեկոյեան ժամերուն անմիջապէս կը վերադառնայինք տուն։ Արուս հօրաքոյրի եփած տեսակ-տեսակ համեղ ուտեստները կը զարդարէին երեկոյեան ճաշասեղանը։ Այնքան մեծ հաճոյք էր անոնց հետ զրուցելը, որ գրեթէ ժամերով կը մնայինք ճաշասեղանի շուրջ։ Աչքերս կը կեդրոնացնէի անոնց շրթներուն, արպէսզի իրենց քաղցր խօսքերէն բառ մը նոյնիսկ չփախցնեմ։ 

Առիթն ունեցած էի ծանօթանալ նաեւ Թոնթոնի հանգուցեալ քրոջ դստեր՝ Քարմենի հետ։ Գթասիրտ ու բարոյասէր աղջիկը պատրաստ էր օրուայ որեւէ ժամուն օգնութեան ձեռք մեկնել իր սիրելի մօրեղբօր ու քեռկնոջ։ 

Կեանք կոչուած անծայրածիր շղթայի անխորտակելի օղակն է ընտանիքը։ Ամպամած, մռայլ ու անգութ գիշերներէն դէպի լուսաբաց ուղեցոյց կ՚ըլլայ անոր լոյսը։ 

Ընտանիքի գորովալից ջերմութեան ներքեւ կը դաստիարակուին մարդկութեան արժանաւոր զաւակներ, որոնք որպէս այդ վեհագոյն օղակի անդամ՝ կը սնուցանեն հոգեւոր-բարոյական արժէքները, կը սորվին ընտրել բարին անվերապահօրէն ու ըմբոշխնել կեանքի գեղեցկութիւնները։ 

Երջանկութեան հասնելու գլխաւոր պայմաններէն մին է խաղաղ, սիրազեղ ընտանիքի մը մաս կազմելը, ինչ որ անպայման արենակցական կապ չի պահանջեր։ Տարածքներ արգելք չեն ըլլար անձերու միջեւ կապերու ամրացման։ Ամէն ինչ վերջ մը ունի անշուշտ եւ այս երազն ալ վերջացած էր նմանապէս։

Տունդարձի օրը հասած էր։ Մինչեւ վերջին օրը խանդավառ էի, սակայն երբ մօտեցանք օդակայան, երանութեան զգացումը իր տեղը թողեց տխրութեան։

Սանթիկեան ընտանիքը դարձաւ իմ ընտանիքը… Պարտք կը համարեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել իրենց սրտաբուխ ու անկեղծ վերաբերմունքին եւ իմ կեանքի «նոր երանգներ» շնորհած ըլլալուն համար։ 

Անկարելի է չնշել նաեւ իմ վառ տպաւորութիւնները քաղաքի մասին։ Բոլոր քաղաքները ունին հոգի, սիրտ, ուրկէ կը հոսի քաղաքի արիւնը, ի յայտ կու գան անոր գաղտնիքները։ Այժմ «Փարիզ» ըսելով մարդիկ կը պատկերացնեն Էյֆէլի աշտարակը, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ ան Ֆրանսայի մայրաքաղաքի սիրտն է։ Այնպիսի քաղաք մըն է Փարիզ, ուր իւրաքանչիւր թաղամաս ունի ուրոյն պատմութիւն, ոճ, սովորութիւններ, աւանդութիւններ… Երկար շաբաթներու կարիք կայ թափանցելու համար Փարիզի հիասքանչ միջավայրին,  իսկ տարիներ՝ հպարտանալու համար, թէ քաղաքը կը ճանչնաս «ձեռքիդ ափին» պէս։

Յստակ մշակուած երկաթուղիներ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ժամանակ խնայելով միանգամայն տեսնել փառաշուք վայրեր։ Եղանակային որեւէ պայմաններու, օրուայ որեւէ ժամուն կարելի էր տեսնել Փարիզի բացօթեայ սրճարաններուն սուրճ կամ գինի ըմպող քաղաքացիներ կամ զբօսաշրջիկներ։ 

Ինչպէս ամէն քաղաք՝ Փարիզն ալ ունի անշուշտ թերութիւններ, սակայն, ըստ իս, իր թովիչ ու եզակի գեղեցկութիւնը կը ծածկէ անոր թերութիւնները եւ իր նրբագեղ շունչը պէտք է զգայ իւրաքանչիւր մարդ։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020