«ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՈՐ ՄԵՐ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՏՈՂ ԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՏԵՂԵԿԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՐՆԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ, ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՃՇՄԱՐԻՏ

Հայաստանի «Երկիր մետիա» հեռուստակայանի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանի ելոյթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ.-

Հայ իրականութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ առհասարակ՝ հայութեան մէջ, այսօր կայ շատ քիչ հաստատութիւն, որ մէկ դարէ աւելի պատմութիւն ունի: Եւ այս հանգամանքը ինքնին կը խօսի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի ունեցած արժէքին մասին: Պոլսահայութեան հպարտութեան առիթներէն մին՝ Կեդրոնական վարժարանը միայն մէկ տարի չէ ունեցած շրջանաւարտ՝ 1916 թուականին: Շատ տխուր  փաստ մըն է վարժարանի պատմութեան մէջ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը բարեբախտաբար, այդ բոլոր թոհուբոհէն անցած է: Մէկ յատկանշական դիտարկում՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ կապուած. «Ցաւօք, Հայաստանի մէջ իմացականութեան պակասը, մամուլի վատ աշխատանքը, շատ մակերեսային պատկերացումները՝ Հայաստանի ժողովուրդը զրկած են հայութեան կարեւոր մէկ հատուածին՝ պոլսահայութեան իրականութիւնը հասկնալու համար: Դժբախտաբար, այդ պատճառաւ մենք՝ սկսեալ հասարակութենէն, մինչեւ մամուլ,  կ՚իյնանք ծայրայեղութիւններու մէջ: Մեր շատ քիչ գիտելիքը պատճառ կը դառնայ սխալ եզրակացութիւններու, ինչպէս սփիւռքահայութեան,  այնպէս ալ՝ պոլսահայութեան վերաբերող հարցերու մէջ:  Այդ ծայրայեղութիւնները կը վերաբերին ինչպէս  պատրիարքական ընտրութիւններուն, այնպէս ալ՝  հազարումէկ տեսակ հարցերու: Ես շատ շնորհակալ եմ, որ կայ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը, շատ շնորհակալ եմ, որ կայ Արա Գօչունեանը, որովհետեւ զանազան ծայրայեղութիւններ, որոնց կը հանդիպիս պոլսահայութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ թերթով, Արա Գօչունեանի գրածով դուն կրնաս գտնել այն ոսկէ միջինը, որով պատկերացում կը կազմես, թէ ի՛նչ կը կատարուի հիմա հոն: ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի խմբագրականներով, շատ յաճախ նաեւ ազդու կոչեր հնչեցնող  յօդուածներով մենք կը կարողանանք իրական, ամբողջական պատկերը ստանալ: Տայ Աստուած, որ մեր լրատուամիջոցները, պոլսահայութեան մասին շատ աւելի տեղեկութիւններ քաղելու համար, որեւէ տող գրելու համար պարտադիր տեղեկանան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիրքորոշման մասին, եւ այդ պարագային շատ աւելի առարկայական, շատ աւելի ճշմարիտ տեղեկութիւններ կրնան փոխանցել հասարակութեան:

Բարի ընթացք Ձեզի, եւ այսօր կրնանք ըսել, որ Գօչունեան ընտանիքը երկու տոհմածառ ունի՝ մէկը Գօչունեան ընտանիքի տոհմածառը, մէկն ալ՝ Գօչունեաններով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տոհմածառը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018