ԴԱՍ ՄԸ՝ ՉԸՐՉԻԼԷՆ

Հեքիաթ չէ այս գրութիւնը: Իսկ ես, հեքիաթ պատմող կամ հեքիաթագիր մը իսկ չեմ: Պարզապէս իրական կեանքէ առնուած դէպք-պատահարի մը մասին են տողերս, որ կը կարծեմ ընթերցողը կրնան առաջնորդել դէպի խոր մտածում եւ դրական վերլուծում:

Այսպէս, Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն՝ Ուինսթըն Չըրչիլի կեանքէն դրուագ-միջադէպ մըն է յիշածս, որ մինչեւ հիմա, աշխարհի մարդոց բերնին մէջ դարձած է իբրեւ գեղեցիկ եւ դիպուկ օրինակ:

Միտքս պարզեմ: Կը պատմուի, թէ Չըրչիլ, իր նշանաւոր ճառերէն մէկը խօսելու կամ արտասանելու համար, Լոնտոնի BBC ձայնասփիւռի կայանը ծրագրած է երթալ: Ու այդ օր, փոխանակ վարչապետի յատուկ պաշտօնական իր փոխադրակառքը գործածելու, որոշած է սովորական «taxi»ով երթալ: Երբ ձայնասփիւռի կայանի շէնք կը հասնի, մեքենավարէն կը խնդրէ շուրջ ժամ մը իրեն սպասել: Իր կարգին, մեքենավարը որ բոլորովին չէր ճանչցած իր այս յաճախորդը, կը մերժէ այսքան երկար սպասելէ պատրուակելով.

-Կը ներէ՛ք, պարոն, այսօր մեր վարչապետը կարեւոր ճառ մը պիտի խօսի ու ես պէտք է տուն դառնամ, ընտանիքիս հետ զինք մտիկ ընելու համար:

Այս խօսքին վրայ, Չըրչիլ ինքզինք մեծապէս փայփայուած զգալով, ուրախ եւ նոյնքան ալ հպարտացած, անմիջապէս դրամապանակէն մեծ գումար մը հանելով, կ՚ուզէ մեքենավարը վարձատրել: Իսկ խեղճ մեքենավարը, այս գումարը տեսնելով, անմիջապէս դառնալով իր հարուստ «յաճախորդին» կ՚ըսէ.

-Հոգ չէ պարո՛ն, մի՛ մտահոգուիք, ես սիրով կը սպասեմ..., ա՛լ յոգնեցանք այդ ծեր մարդը մտիկ ընելէ...:

*

Արդ, հանդարտ եւ անկեղծ ըսեմ,- ահա՛, թափանցիկ եւ նոյնքան ալ դաստիարակիչ եւ օրինակելի երեւոյթ մը: Ահա՛, քեզի նիւթապաշտութիւն: Սոսկ իրականութիւն: Ա՜խ, այս դրամը: Շատ խօսուած է իր մասին: Մեր մեծերն ալ միշտ կրկնած են:

Տեսնուած եւ զգալի երեւոյթ է, թէ մարդոց մօտ դրամի հանդէպ տեսակ մը պաշտամունք կայ, որ կու գայ հին-հին դարերէն: Օրինակները շատ են: Նոյնիսկ՝ Քրիստոսի շրջանէն: Իմ կարծիքով, աղանդներէն աւելի վտանգաւոր: Դրամի պաշտամունքը մարդս նիւթականացուցած է: Նոյնիսկ մարդը դարձած է այս նիւթին երկրպագուն:

Մէյ մը ձեր շուրջը լաւ նայեցէ՛ք: Ամէն բան դրամով կը չափուի: Կը կշռուի: Կը բաղդատուի: Կ՚որոշուի: Կ՚արժեւորուի: Դրամ ունիս, վրադ յարգանք «կը թափուի»: Քեզ կը պատուեն: Քեզ կը մեծարեն: Յանկարծ «նստած տեղդ» ժողովական ալ կը դառնաս: Նոր «աթոռ» կ՚ունենաս: Ըսելիքներդ «կշիռք» կ՚ունենան, նոյնիսկ եթէ խօսիլ չես գիտեր: Սակայն չես անդրադառնար, որ այս ընթացքով նաեւ ձեւականութեան զոհ դարձած կ՚ըլլաս: Պարզապէս մակերեսային արժեւորում:

Ու անգամի մը համար մենք մեզի հարց տանք,- արդեօք դրամը մեզ աւելի խելացի՞ կը դարձնէ. կամ արդեօք դրամը մեզ իմաստո՞ւն կ՚ընէ: Պատասխանը մօտս չէ: Չմոռնանք սակայն, որ խօսքս միայն մեր՝ հայերուս մասին չէ։ Երբե՛ք:

Միւս կողմէ սակայն, մենք ալ մեր կարգին, օտարամուտ բարքերու ներխուժումի այս օրերուն, կարծես կորսնցուցած ըլլանք հայ մարդու աւանդական դիմագիծին դրական կողմերը։ Դրամ ըսի եւ այս օրերուն տոլարը: Ահա թէ ինչո՞ւ այս օրերուն տակաւին Պարոնեան մը կը փնտռենք:

Յստակ է: Բոլորս ալ կ՚ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ։

Աշխարհի հայութիւնը նաեւ կ՚ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը։ Այսօր ալ, մեր կեանքէն ներս, հայրենիք եւ սփիւռք կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապներ։ Ազգային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անկումը, մշակութային կեանքի նահանջը, անաչառ ու հզօր ղեկավարութեան նօսրացումը եւ տակաւին ընկերային ու տնտեսական բազմաթիւ տագնապներ շրջապատած են մեր կեանքը, ամէն տեղ եւ ներքնապէս կը հիւծեն մեզ եւ մեզի հետ միատեղ՝ մեր ազգին մարմինը:

Չմոռնանք, որ կար ժամանակ, երբ մենք մարդկութիւնը հարստացնող ազգ մըն էինք: Մենք ուրիշներուն՝ վատ կամ լաւ, չենք նմանիր: Պէտք չէ որ նմանինք: Չմոռնանք նաեւ, որ կան նաեւ եզակիներ, որոնց բացառութիւն անունը կու տանք, խոնարհաբար: Բայց, բոլորն ալ եզակիներու շարքին չեն կրնար դասուիլ:

Այս ընթացքով կարծես հայ միտքն ալ շուարած է: Չէ կեդրոնացած: Կարծես նոյնիսկ պանդուխտ ալ է: Պէտք է գիտնանք, որ արժէքներու փոփոխութիւնը, կը յուսահատեցնեն մարդը։

Արդ, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պահպանել մեր մնայուն արժէքները, երբ սկսած ենք «պարել» ուրիշներուն «պարը»: Լաւ յիշենք, որ այս մտքի շարունակութիւնը միայն կախեալ է մեզմէ: Պարտաւոր ենք ամէն գնով պահել մեր ունեցած արժէքները, զանոնք միացնելով համամարդկային արժէքներուն: Պահպանենք մեր դիմագիծն ու ազգային նկարագիրը: Փայփայենք մեր ունեցածը, նեղ սահմաններէն դուրս գալով՝ համահայկական եւ ազգային մտածողութեամբ: Այն ժամանակ մարդիկ պիտի հաստատեն, թէ դրամը ամէն ինչ չէ: Ամէն առիթով կրկնած ենք.- տանք իւրաքանչիւրին իր արժանի տիտղոսն ու արժէքը: Անշահախնդիր: Պատեհութեան զոհը չդառնանք:

Այս բոլորին համար դիմենք ո՛չ թէ կիսամիջոցներու, այլ՝ արմատական կարգադրութիւններու, շրջանցելով անմիջականն ու մակերեսայինը, շահագրգռութիւնն ու երեւելու տենչը:

Հաւատացէ՛ք... իսկապէս որ ա՜լ ազգովին յոգնեցանք ամէն տեղ եւ ամէն առիթներուն, իբրեւ սրտի մխիթարանք, մեծայարգ Յակոբ Պարոնեանը փնտռելէ...: Պարզապէս «Ձայն բարբառոյ յանապատի...»։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024