ՉԾՆԱԾ ՄԱՆԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ

Մարտի 2՝ այսօր սկիզբ առաւ իմ կեանքը: Սակայն իմ ծնողները տակաւին չեն գիտեր, որ ես կամ, այստեղ եմ, գոյութիւն ունիմ: Եւ ես մանչուկ մըն եմ: Ես պիտի ունենամ գեղեցիկ աչքեր ու դիմագիծեր: Այլեւս ամէն բան յստակ է, նոյնիսկ այն, որ ես շատ պիտի սիրեմ զԱստուած ու իմ հայրենիքը:

Ապրիլի 3՝ ոմանք կը խորհին, թէ ես իսկական մարդ չեմ: Կը կարծեն, թէ միայն իմ մայրիկը գոյութիւն ունի: Սակայն ես իրական մարդուկ մըն եմ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հացի պատառիկը: Պատառ մըն է, բայց հաց է, չէ՞... իրական՝ համ ու հոտով: Իմ մայրիկը կայ: Ես նոյնպէս կամ: Թէպէտ անսպասելի, սակայն իմ մայրիկը այլեւս կը կռահէ իմ գոյութեան մասին: Սակայն կը շարունակէ գաղտնի պահել ինքզինքին համար անսահման ուրախալի փաստը: Չէ՞ որ ես Տիրոջ պարգեւն եմ իմ ընտանիքին:

Ապրիլի 14՝ այսօր բժիշկը իմ մայրիկին ըսաւ, որ ես կամ, այստեղ եմ՝ իր սրտի տակ: Մայրիկս հրճուեցաւ եւ փառք տուաւ Տիրոջ՝ երկրորդ անգամ զինքը մայրութեան բերկրանքին արժանացնելու համար: Այսօր հայրիկս նոյնպէս առաւ իմ գոյութեան աւետիսը: Անոր սիրտն ալ լեցուեցաւ ուրախութեամբ: Իմ ծնողները տակաւին չեն գիտեր իմ սեռը: Ես տակաւին շատ պզտիկ եմ, միլիմեթր մը անգամ չկամ:

Ապրիլի 20՝ իմ բերանը այլեւս կը բացուի: Կրնա՞ք խորհիլ, տարի մը վերջ ես պիտի կարենամ ժպտիլ, իսկ յետոյ խօսիլ: Ես գիտեմ, իմ առաջին բառը պիտի ըլլայ՝ մայրիկ: Իսկ մինչ այդ մայրիկս բազում անքուն գիշերներ պիտի անցընէ: Իմ մայրիկի սէրը այնքան մեծ պիտի ըլլայ, որ ան յոգնութիւն անգամ պիտի չզգայ:

Ապրիլի 23՝ այսօր իմ սիրտը սկսաւ ինքնուրոյն բաբախել: Այս ակնթարթէն սկսեալ ան պիտի բաբախէ յաւերժ եւ երբեք պիտի չկանգնի՝ հանգչելու համար: Իսկ երկար տարիներ անց ան պիտի յոգնի... Մինչ այդ ես իսկական քրիստոնեայի վայել արժանապատիւ կեանք մը պիտի ապրիմ: Պիտի ծառայեմ Տիրոջ ու իմ հայրենիքին եւ իմ գոյութեամբ՝ ուրախութեամբ պիտի լեցնեմ իմ ծնողներու սիրտերը: Այլեւս որոշած եմ՝ պիտի ապրիմ իմ երկու հայրենիքներու մէջ:

Ապրիլի 30՝ ես քիչ-քիչ կը մեծնամ: Իմ ձեռքերն ու ոտքերը սկսան ձեւ ստանալու: Սակայն ես ստիպուած եմ երկար սպասելու, մինչեւ այս պզտիկ ոտքերը բարձրացնեն զիս, որպէսզի կարենամ հասնիլ իմ մայրիկի ձեռքերուն: Մինչեւ իմ այս փոքրիկ ձեռքերը կարենան ծաղիկներ հաւաքել ու գրկել իմ հայրիկը: Գիտեմ, իմ հայրիկը շատ բարի ու ազնիւ է: Կարծեմ ես իմ առաջին լիաթոք ծիծաղը պիտի նուիրեմ անոր:

Մայիսի 9՝ իմ ձեռքերուն վրայ կը սկսին ձեւաւորուիլ փխրուն մատիկներ: Զուարճալի է՝ անոնք որքան պզտիկ են: Այսօր մայիսի ինն է եւ իմ մայրիկը շատ տխուր է: Գիտեմ, ես կը զգամ: Երբ իմ մայրիկը կը տխրի, կը յուզուի, ես նոյնպէս կը տխրիմ ու կը յուզուիմ: Ան չ՚ուզեր, որ ես տխրիմ, սակայն անկարելի է: Ինծի յայտնի է մայրիկիս տխրութեան պատճառը: Մայրի՛կ, մի՛ տխրիր: Եղբօրս հետ միասին պիտի վերականգնենք քու սիրելի տօները: Գիտես, իմ այս փոքրիկ թաթրիկներով ես պիտի շոյեմ քու վարսերը, պիտի սրբեմ քու ուրախութեան արցունքները ու պաշտպանեմ քեզ:

Մայիսի 20՝ իմ մայրիկն ու հայրիկը հաւանաբար կը խորհին ինչպէս անուանել զիս: Անոնք նոյնիսկ չեն գիտեր, որ ես պզտիկ մանչուկ մըն եմ: Ես կ՚ուզէի, որ անոնք զիս կոչէին գեղեցիկ հայկական անունով մը: Այլեւս շատ կը մեծնամ:

Մայիսի 24՝ այսօր իմ մայրիկը բժիշկին հարցուց իմ սեռը: Քիչ մը յուսահատ ու հիասթափուած բժիշկը ըսաւ, որ տակաւին շատ կանուխ է սեռի մասին խօսիլ. «Սեռը ըսեմ, որ երեխայէն հրաժարի՞ս: Գիտես քանի հոգի, սեռը գիտնալէ վերջ կ՚ընդհատէ յղութիւնը: Այդ իսկ պատճառաւ ես կը գերադասեմ լռել»: Իմ բարի մայրիկը ըմբռնումով մօտեցաւ բժիշկի պատասխանին: Չէ՞ որ ան բնաւ չի ճանչնար իմ մայրիկը: Սակայն վերջաւորութեան պզտիկ ակնարկ մը ըրաւ, որ կարծես մանչուկ է:

Յունիսի 3՝ իմ մազերը կ՚աճին: Անոնք շատ փափուկ ու փայլուն են:

Յունիսի 6՝ ես այլեւս քիչ մը կրնամ տեսնել: Իմ շուրջը մութ է: Երբ իմ մայրիկը ինձ լոյս աշխարհ բերէ, ան լի պիտի ըլլայ արեւային լոյսով ու ծաղիկներով: Իսկ ի՞նչ կ՚ուզեմ ես ամենաշատ՝ տեսնել իմ մայրիկը: Ինչպիսի՞ն ես դուն, մայրիկ:

Յունիսի 16՝ հետաքրքրական է՝ իմ մայրիկը կ՚իմանայ իմ սրտի բաբախումները: Որոշ երեխաներ լոյս աշխարհ կու գան առողջական խնդիրներով: Բայց իմ սիրտը ուժեղ է ու առողջ: Մայրի՛կ, դուն առողջ զաւակ պիտի ունենաս:

Ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր հանդիպումին:

Երեխան Աստուծոյ պարգեւն է: Մի՛ հրաժարիք ձեր երեխաներէն: Տակաւին չծնած մի՛ սպաննէք զանոնք: Տէրը կ՚որոշէ, թէ քանի զաւակ պիտի ունենանք մենք: Պէտք չէ ծրագրել կամ ընդհատել յղութիւններ: Երկուքն ալ հաւասարաչափ մեծ յանցանքներ են Տիրոջ հանդէպ: 1953 թուականէն մինչեւ 2019 թուականը, Հայաստանի մէջ ընդհատուեցաւ գրեթէ երկու միլիոն յղութիւն: Մեծագոյն մեղք մը, որ անկարելի էր մնար անպատիժ: Իսկ դառը պտուղները ճաշակողները այսօր մենք ենք ու մեր երկիրը:

Նախքան մեղք մը գործելը յիշեցէ՛ք, որ ատոր համար ո՛չ միայն դուք պիտի պատժուիք, այլեւ՝ ձեր ընտանիքը, սերունդները, երկիրն ու ժողովուրդը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021