Սպա­սե­լով Գա­լիք Գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Հայկազեան համալսարանէն ներս իր ստեղծումէն ի վեր իր աշխատանքի կիզակէտը դարձուցած է միջինարեւելեան երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայ համայնքներու պատմական, ընկերային, քաղաքական, կրթական եւ մշակութային կեանքի արտացոլումն ու ուսումնասիրութիւնը: Այս աշխատանքներու այժմէականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը կը բացատրուի անով որ գաղութները հետզհետէ կը պարպուին իրենց հայ զանգուածներէն ու հայկական հաստատութիւնները կը կորսնցնեն զիրենք ոտքի կանգնեցնող մարդուժը: Վերջին տասնամեակի ընթացքին իրաքահայութեան հայաթափումը յատկապէս Մուսուլի հայութեան ամբողջական պարպումով, հետեւանքն էր իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներու գործադրած խժդժութիւններուն՝ յատկապէս քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու նկատմամբ: Իսկ Սուրիոյ պատերազմը եկաւ լախտի հարուածը տալու սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան, պատճառելով թուաքանակի աննախընթաց անկում եւ արտագաղթ:

Անցնող տարիներուն կազմակերպուած գիտաժողովները՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայ գաղութներուն նուիրուած, արձանագրեցին գաղութներու աւանդ ձգած իրագործումները, բերած նպաստը սփիւռքահայ կեանքին ու տուեալ երկիրներուն զարգացման եւ բարգաւաճումին: Այստեղ կ՚ուզեմ մատնանշել որ աշխարհագրական եւ պատմական տուեալներէն անկախաբար անհրաժեշտ է կեդրոնանալ տարբեր գաղութները կամրջող նիւթերու բաղդատական ուսումնասիրութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ կրթական կեանք, գրականութիւն, մշակոյթ, եկեղեցի, սահմանադրութիւն, ճարտարարուեստ, տնտեսութիւն...: Այդ ձեւով գաղութային համեմատական պատկերը կ՚ուրուագծուի տուեալ նիւթի շուրջ, որ շատ աւելի ընդգրկուն է եւ բովանդակալից իր խորքով եւ տարողութամբ: Այդ կապակցութեամբ յատուկ աշխատանքով մէջտեղ բերուած ուսումնասիրութիւններու ծրագիրներ պիտի դիւրացնեն անհատ մեկենասներու, միջազգային թէ ազգային հաստատութիւններու եւ այլ շահագրգռուած կողմերու գործնական մասնակցութիւնը շօշափելի ներդրումներով:

«Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայերը» երկրորդ հանգրուանի գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ մայիս 29-30, 2018, Հայկազեան համալսարանէն ներս, կը յատկա-նըշւէր - բացի ակադեմական մթնոլորտէն - տարբեր երկիրներէ ժամանած զեկուցաբերներու միջեւ ստեղծուած հաղորդականութեամբ եւ կենսունակութեամբ, որ մեծապէս կը նպաստէ միջ-սփիւռքեան անհատական թէ խմբակցական կապերու ամրապնդման, աշխատանքի փոխանակման, հարցերու փոխադարձ քննարկման եւ լուծումներու առաջադրման մարզերուն: Ցարդ կարելի չէ եղած ստեղծել համասփիւռքեան մարմին մը, որ կամուրջ հանդիսանայ սփիւռքի տարբեր հայագաղութներու միջեւ եւ ստեղծէ գործակցութեան եւ իրերօգնութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, որ ապահովէ ազգաշէն ծրագիրներու իրագործումը: Բնականաբար ներկայ Հայաստանը ունի իր կատարելիք դերը այս ուղղութեամբ, երբ ան ի վիճակի ըլլայ ձեռք մեկնելու սփիւռքին, թօթափելէ ետք իր յառաջխաղացը կասեցնող բոլոր արգելքները:

Կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադառնալով գիտաժողովի զեկոյցներուն, այսպէս կը բնութագրէր զանոնք. «Անոնք չեն սահմանափակուիր լոկ գիտելիքի փոխանցմամբ: Այդ գիտելիքին մէջ կայ գնահատանք՝ իրագործուածին հանդէպ, պայքար՝ գոյատեւումի, ճիչ՝ աջակցութեան, կոչ՝ որոնումի, թելադրանք՝ խորաթափանց եւ այլատեսակ վերլուծումներու, մարտահրաւէր՝ գալիքի»: Այդպիսին էին բազմազան եւ բազմաբնոյթ զեկոյցները, որոնք քննարկումներու բովէն ալ անցնելով ստեղծեցին համապատասխան աշխոյժ եւ կենսունակ մթնոլորտը, որ ապահովեց գիտաժողովի հեզասահ ընթացքը: Թէեւ կարելի էր փոխանակ երկու օրուան, աշխատանքները տարածել երեք օրերու վրայ՝ նուազ խճողելով օրուան յագեցած յայտագիրը, որպէսզի մասնակիցներն ու ունկնդիրները կարենային առաւել խորութեամբ եւ կեդրոնացումով հետեւիլ ակադեմական լուրջ ծրագրին: Այս առիթով տեղին է մատնանշել չափազանց սակաւաթիւ ներկայութիւնը լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն յատկապէս՝ երիտասարդական, մշակութային ու կրթական շրջանակներէն: Այս մէկը կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր գաղութի կեանքին մէջ եւ որպէս սփիւռքահայ մայր գաղութ՝ կ՚արժէր, որ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ իրազեկ դառնային արծարծուած նիւթերուն ու տուեալ գաղութներու խնդիրներուն:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի ողջոյնի խօսքը կ՚ընդգրկէր նաեւ թելադրականութիւն մը՝ ապագայ գիտաժողովներու կազմակերպման կապակցութեամբ: Ան կ՚ընդգծէր. «Մեր տարիներու գիտաժողովները կազմակերպուած են պատմութեան, քաղաքականութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, արուեստներու եւ այլ նիւթերու ուսումնասիրութեան մարզերուն եւ անոնց հանդիպման կէտերու սերտողութեան նպատակաւ: Մեր լսած զեկուցումներուն մէջ թերեւս նուազ շեշտ դրուած է հոգեբանութեան, աստուածաբանութեան եւ մարդաբանութեան մարզերուն վրայ: Հոն ուր երկու հայ գիտաժողովի համար կը հաւաքուի, հոն կը ծնի նոր հայկական յուշահանդէս մը, պատմութիւն մը, ազգային նիւթերու քոնկրէս մը, ներուժ մը»: Վերապատուելի Հայտոսթեանի տեսլականն ու յանձնառութիւնը սոյն գիտաժողովներուն ի խնդիր, կ՚ապահովեն անոնց շարունակականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը ապագայի հայ ազգային եւ համագաղութային կեանքին մէջ:

Գիտաժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան հիւր դասախօսն էր Արմինիըն Նէյշընըլ Ինսթիթուտի (ANI) տնօրէն, Տքթ. Ռուբէն Ատալեան, որ «By the Nile and the Sea, the Currents and Tides of Modernity and the Role of the Armenian Diaspora of Northeast Africa» վերնագրեալ դասախօսութեամբ՝ բազմակողմանի մօտեցումով եւ խոր վերլուծումով ներկայացուց ափրիկեան երկիրներու անցած վերջին երկու դարերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերամշակութային համապատկերը: Խորանալով Ափրիկեան Եղջիւրի երկիրներու արդիականութեան ձգտող վերիվայրումներուն եւ հայ փոքրամասնութիւններու եւ պետական դէմքերու հակազդեցութիւններուն՝ ան անդրադարձաւ նաեւ այդ երկիրներէն Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ մէջ տեղի ունեցած ազգայնականութեան հոսանքներուն, որոնց հետեւանքները ծանր անդրադարձ ունեցան հայ համայնքներուն վրայ: Տնտեսութեան ազգայնացումը մեծ պատճառ էր այդ երկիրներու հայաթափութեան: Այդ համայնքները մեծ դեր կատարած էին համաշխարհային երկու պատերազմներուն մեծապէս տուժած հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ անոնց հասցնելով մարդասիրական մեծ ծառայութիւններ: Իրենց տնտեսական բարգաւաճ կեանքը - որ զերծ մնացած էր երկու պատերազմներուն պատճառած ցնցումներէն - առիթը տուաւ լայն օժանդակութիւններով հասնելու իրենց պապենական հողերէն բռնահանուած հայ ժողովուրդի զաւակներու մնացորդացին: Ատալեան կ՚ըսէ. «Ափիրկեան հայագաղութներու միջին դասակարգի այս մասնագէտներու եւ արհեստավարժներու պատկանող հայ ժողովուրդի զաւակներու արժեհամակարգը եւ ընկերային նկարագիրը զիրենք դարձուցին չափազանց յաջող իրենց գործառնութեանց մէջ: Միաժամանակ, ասիկա հանդիսացաւ նաեւ դրդապատճառը՝ դառնալու անմեղ զոհերը շրջանի ազգայնականութեան բոցավառող հոսանքներուն եւ տնտեսութեան ազգայնացման ահաւոր իրականութեան»:

Ատալեանի սպառիչ դասախօսութիւնը վաւերագրական փաստաթղթային լուսանկարներով եւ քարտէսներով ամբողջացած, անհրաժեշտ ենթահողը հանդիսացաւ յաջորդող 26 զեկոյցներուն:

Տրուած ըլլալով, որ կարելի չէ անդրադառնալ գիտաժողովի բոլոր զեկոյցներուն յօդուածի մը պարունակին մէջ, պիտի ջանամ կարգ մը մատնանշումներ կատարել եւ խորհրդածութիւններ փոխանցել գիտաժողովի ընթացքին ձեռք բերուածին վերաբերեալ:

Զեկոյցներու կարեւոր մաս կը պատկանէր Եգիպտոսի հայագաղութին: Ասոնք գիտակշռող էին թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակի տեսակէտէն: Յստակ է, թէ Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայագաղութներու ուսումնասիրութիւնը իր նախնական քայլերուն մէջն է եւ կը զգացնէ կարիքը յաւելեալ ճիգերու՝ զանոնք լուսարձակի տակ առնելով արդարութիւն կատարելու անոնց ձեռքբերումներուն, ազգի կեանքին մէջ:

Տքթ. Ճոն Արմաճանիի զեկոյցը՝ «Սուտանի եւ Եթովպիոյ սահմանադրութիւնները եւ փոքրամասնութիւններու Իիրաւունքները» նիւթով, որ յատուկ կերպով այս գիտաժողովի կազմակերպիչներուն թելադրութեամբ պատրաստուած էր, լաւ սկիզբ մըն է տուեալ երկիրներու վերաբերեալ կատարուելիք ապագայ ուսումնասիրութիւններուն համար: Այս ծիրին մէջ կ՚իյնայ նաեւ երիտասարդ Աննա Աւագեանի «Սուտանի հայօճախը» զեկոյցը: «Սուտանի հայերը ԺԹ.-Ի. դարերուն» խորագրուած զեկոյցը Տքթ. Մուհամմէտ Րիֆաաթ Ալիմամի, որ հանրածանօթ է Եգիպտոսի ակադեմական շրջանակներուն, տեղի չունեցաւ զեկուցաբերին բացակայութեան պատճառաւ: Տքթ. Ալիմամ կը նկատուի անաչառ պաշտպանը եւ ջատագովը հայ ժողովուրդի դատին եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած անոր կարեւոր նպաստին:

Գիտաժողովի Եթովպիոյ բաժնին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Տքթ. Պորիս Աճէմեան, որ տնօրէնն է Փարիզի ՀԲԸՄ Նուպարեան մատենադարանին: Անոր ներկայացուցած զոյգ դասախօսութիւնները, որոնք քսան տարիներու ուսումնասիրութեանց արդիւնք էին՝ «Գաղթի յուշեր. Քսաներորդ դարու Եթովպիոյ մէջ հայերու օճախի մը յառաջացումը», ինչպէս նաեւ «Արքային փողերախումբը եւ հայերու օգտագործումը Եթովպիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ (Ի. դար)» ցարդ գրեթէ բոլորովին անկոխ եւ անմշակ մնացած մարզերու յայտնաբերումը կը կատարէին որպէս նախնական աղբիւր Եթովպիոյ մասին ըլլալիք ապագայ ուսումնասիրութիւններուն: Հետաքրքրական էր նաեւ Ռուբինա Սվաճեան-Քինկուէլի զեկոյցը իր հօր՝ Պետրոս Սվաճեանի, կեանքին նուիրուած, որ կայսր Հայլէ Սելասէի ոսկերիչն էր: Ան իր պրպտումներով յայտնաբերած է իր հօր ստեղծագործութիւններէն ոմանք, որոնք կը գտնուին տարբեր երկիրներու պետական թանգարաններուն մէջ եւ նուիրուած էին Եթովպիոյ կայսրին կողմէ:

Ուշագրաւ յաւելում մըն էր Եթովպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Նալպանտեանի դասախօսութիւնը՝ եթովպահայութեան կեանքին նուիրուած: Նալպանտեան կը հանդիսանայ ապրող պատմութիւնը գաղութին: Իր ունեցած հարուստ ծանօթութիւններն ու արխիւները, քարտէսներն ու նկարները եւ անձնական յուշերը, կը ծառայեն լուրջ հետազօտութեանց որպէս սկզբնաղբիւր: Ան կը յամառի մնալ Ատիս Ապապա, հակառակ իր ընտանիքին հանդէպ իշխանութիւններուն գործադրած կալուածներու բռնագրաւումներուն եւ կատարած անիրաւութիւններուն: Հարիւր հոգի հաշուող Եթովպիոյ գաղութի որպէս առաջնորդը ան ճիգ չի խնայեր պահելու եկեղեցին, դպրոցն ու ակումբը՝ որպէս հայապահպանման ամրոցներ:

Գիտաժողովի առանձնայատկութիւններէն էր երիտասարդներու ընդգրկումը որպէս զեկուցաբերներ, ինչպէս նաեւ զեկոյցները՝ երիտասարդական շարժումներու շուրջ:

Հետաքրքրական էր զուգորդութիւնը Գահիրէի՝ «Հոկտեմբեր» (1975-1980) եւ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Երիտասարդ Հայ» (1969-1975) երիտասարդական թերթերուն առընչութեամբ: Ասիկա հրամցուեցաւ մտաւորականներ Թովմաս Զաքարեանի եւ Ժիրայր Դանիէլեանի կողմէ: Զոյգ հանդէսներու խմբագիրներն ու խըմ-բագրական կազմերը նոյնանման առաջադրանքներով ճամբայ ելած էին իրարմէ անտեղեակ: Կուսակցական կաղապարումէ զերծ եւ անկախ մտածողութեամբ օժտուած երիտասարդական այս շարժումները նոր մտածողութիւն յառաջացուցին հայ կեանքէն ներս, քննադատելով երէցներու գործելաձեւը եւ նոր ու ստեղծագործ որոնումներու մղելով հայ հաւաքական ազգային կեանքը:

Երեւոյթ էր Ասփէ Ճիզմէճեանի զեկոյցը՝ «Հայ ինքնութեան հարցը Եգիպտոսի հայօճախին մէջ» նիւթով: Յատուկ հարցաթերթիկներէ խմբագրած պատասխաններու հիման վրայ երիտասարդ ուսումնասիրողը բացայայտեց Եգիպտոսի հայօճախին պատկանող երիտասարդ անդամներու բազմամշակութային էութիւնը, որ առհասարակ տեղայնացուած բնոյթ ունի եւ կը քննէ, թէ անոնք ինչպէս կ՚ապրին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Ճիզմէճեան կը հարցադրէ այդ կենսաձեւի ճշտութիւնը եւ քննելով հայօճախի ընկերային եւ մշակութային կեանքը՝ զայն կը տեղաւորէ եգիպտական տեղական ընկերութեան հետ իր փոխյարաբերութեան եւ առընչութեան ենթահողին մէջ: Ի վերջոյ կը հաստատէ, թէ արդեօք հայկական ինքնութիւնը եւ Մեծ եղեռնի ճանաչման համար մղուած պայքարը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ անքակտելիօրէն կապուած են իրարու:

Վաւերագրական նշանակութիւն ունէր երիտասարդ Այգ Զաքարեանի «Եգիպտահայ համալսարանականները» նիւթով զեկոյցը: Առհասարակ մեր տրամադրութեան տակ չունինք նման աշխատասիրութիւններ միջինարեւելեան երկիրներու հայ ուսանողութեան վերաբերեալ: Այստեղ վիճակագրական տուեալներով ներկայացուեցան եգիպտահայ համալսարանականներու յաճախած եգիպտական եւ արտասահմանեան համալսարանները, մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած խոչընդոտները, համայնքին կեանքին մէջ համարկուելու ճիգերը, ասպարէզային կարելիութիւնները եւ 21-րդ դարու պարտադրանք հանդիսացող ուսանողութեան ձեռք բերելիք հնարամտութիւններն ու ճարտարութիւնները:

Ուշագրաւ էր Եգիպտոսի հայութեան նուիրուած զեկոյցներուն մէջ Արմին Քրէտեանի «Մարդահամարներու ընթերցումը. 1906-07-ի Գահիրէի հայոց եւ 1911-ի Աղեքսանդրիոյ հայոց մարդահամարները»: Այս արխիւները կը վկայեն եգիպտահայ գաղութի կազմակերպուած վիճակին մասին՝ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ: Գաղութը մեծ թիւով հայեր կրցաւ ընդունիլ 1895-96-ի եւ 1909-ի Օսմանեան ջարդերէն ետք, որուն պատճառաւ մեծ աճ արձանագրեց եգիպտահայութիւնը Ի. դարասկիզբին: Կարգ մը հարցադրումներ կը բխին սոյն մարդահամարներու սերտողութենէն, թէ այնտեղ նշուած ընտանիքներու ժառանգորդները ներկայիս ի՛նչ պատկեր կը ներկայացնեն եւ որքանով կրնան օգնել գաղութի պատմական տուեալներու մէկտեղման եւ արձանագրութեան: Հարց է, թէ որքան ժամանակ կրնան դիմանալ սոյն մարդահամարներու ձեռագիրները: Զեկուցաբերը կոչ կ՚ընէր անյապաղ թուայնացնելու զանոնք, որպէսզի անոնք մատչելի ըլլան հաւասարապէս թէ՛ հանրութեան եւ թէ հետազօտողներուն:

Նոյն մտահոգութիւնը կ՚արտայայտէր նաեւ Գոհար Աւագեան, որ «Հայաստանի Ազգային արխիւի եգիպտահայ նիւթերը եւ Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանի արխիւային նիւթերը» զեկոյցով կը շեշտէր կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայ համայնքներու արխիւային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ հայ պատմագրութեան ու ընդհանրապէս հայագիտութեան համար մատչելի դարձնելու հարցը: Յիշատակութիւն եղաւ 2006-12-ին կատարուած աշխատանքներուն մասին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի եւ Համազգային մշակութային միութեան արխիւներուն մէջ: Իսկ 2017-էն սկսեալ Գահիրէի հայոց առաջնորդ Գերաշ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանի նախաձեռնութեամբ, նման աշխատանքներ կը կատարուին Գահիրէի հայոց առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ: Զեկոյցը կը ներկայացնէ առաջնորդարանի արխիւին տակաւին գիտական շրջանառութեան մէջ չմտած աղբիւրագիտական նշանակալի հարստութիւնը ոչ միայն եգիպտահայ համայնքի ներքին կեանքի, այլեւ համահայկական տարողութիւն ունեցող տարբեր մարզերու մասին:

Սոյն երկու զեկուցաբերներու կոչերը իւրայատուկ հնչեղութիւն տուին եւ իրենց ազդու ձայնը միացուցին Միջին Արեւելքի համայնքներու արխիւներու ճակատագրին շուրջ, նախանձախնդիր ազգայիններու բարձրացուցած ահազանգին, զանոնք անյապաղ թուայնացնելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու անյետաձգելի նախաձեռնութեան:

Շատ մեծ շահեկանութիւն ունէր Տքթ. Նայիրի Համբիկեանի զեկոյցը՝ նուիրուած Սփիւռքի հայկական ճարտարապետութեան ճակատագրին: Անոր ներկայացուցած Մարմինայի հայկական պատմական գերեզմանատան օրինակը խօսուն էր եւ ուսանելի Սփիւռքի տարածքին գտնուող ճարտարապետական կոթողներուն պահպանութեան գծով: Տքթ. Համբիկեան որպէս ճարտարապետ կը գլխաւորէ Գահիրէի ազգային առաջնորդարանի կողմէ հովանաւորուած գերեզմանատան վերականգնումի աշխատանքները: Այդ ծիրէն ներս կատարուած յայտնաբերումները կը վկայեն եգիպտահայ համայնքի բազմաշերտ պատմութեան ընթացքին իրագործուած հայ ճարտարապետական արուեստի այլազան ոճերու դրսեւորումը 19-րդ եւ 20-րդ դարաշրջաններուն:

Վերականգնումի այս անգնահատելի փորձառութիւնը թելադրական է Սփիւռքի մէջ գտնուող բոլոր հայկական կառոյցներու հանդէպ նմանօրինակ վերաբերմունքի եւ նախանձախնդիր կեցուածքի որդեգրման համար, որպէսզի մեր ժողովուրդին կառուցած յուշարձանները ժամանակի փոշիին տակ մնալով չանհետանան, այլ դառնան սփիւռքահայ ճարտարապետական ժառանգութեան կենդանի եւ խօսուն վկաները բոլոր ժամանակներուն համար:

*

«Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովը իր շօշափած այլազան նիւթերով, բարձրորակ մատուցումով եւ ակադեմական մակարդակով հարստացնող եւ գօտեպնդող փորձառութիւն մը հանդիսացաւ մասնակիցներուն համար: Ամէն գնահատանքէ վեր է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնութեան թափած ճիգերը նման բարձրորակ գիտաժողովներու կազմակերպման մէջ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը լաւագոյնս գնահատելով սոյն աշխատանքներու կարեւորութիւնը, կ՚ապահովէ անոնց շարունակականութիւնը՝ յայտկացնելով անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:

Սպասելով յառաջիկայ տարիներու համար նախատեսուած ծրագիրներու իրագործման, կը մաղթենք նոր ու եռուն տարեշրջան մը 2018-2019-ի ընթացքին:

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018