ԶԱՒԱԿ ՀԱՍՑՆԵԼԸ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴՈՒ ԳՈՐԾԸ ՉԷ

Ժամանակին օտարութեան մէջ կը փնտռէի իմ զաւկի համար լաւագոյն ապագան: Ինծի կը թուէր, թէ Գերմանիան իր գիրկը բաց կը սպասէ ինծի ու իմ ընտանիքին: Այս միտքէն ներքուստ աւելի կ՚աճապարէի: Կ՚ուզէի օր առաջ հասնիլ Եւրոպա, վայելել անոր չնաշխարհիկ բնութիւնը, մշակութային գլուխգործոցները, բարեկեցիկ կեանքը: Թէպէտ յայտնի չէր, թէ մեր կեանքը այնտեղ ինչպիսի ընթացք կրնար ունենալ՝ բարեկեցիկ, թէ ճիշդ հակառակը, սակայն, այնուամենայնիւ, ես կը փորձէի միլիմեթր մը անգամ չհեռանալ իմ երեւակայան նպատակէն, երազէն: Իսկ այնտեղ ամէն բան գունեղ է ու գեղեցիկ:

Այս մտադրուածութեամբ ապրեցայ քանի մը տարի: Նոյնիսկ գումար կը հաւաքէինք մեր փափաքը իրականացնելու համար:

Միտքս ծուռ էր: Հայու տեղը Հայաստանն է: Իսկ Եւրոպան ու Ամերիկաները պտտելու, զմայլելու, աշխարհը բացայայտելու համար են: Սակայն ինծի պէս մակերեսային մտածելակերպ ունեցող մէկը, անշուշտ ամէն բան կը խառնէ իրարու. կը բնակի օտարութեան մէջ եւ իր հայրենիք կ՚այցելէ որպէս զբօսաշրջիկ: Վերադարձին ալ բուռ մը հող կը տանի իր հետ: Ի ուրախութիւն ինձ, Աստուած ժամանակին բռնեց իմ ձեռքը եւ արթնցուց զիս խոր քունէն. «Արեւիկ, ո՞ւր կը պատրաստուիս մեկնիլ, ի՞նչ Գերմանիա... Դուն ունիս հայրենիք, վերադարձիր քու երկիր»: Հարկաւ այս խօսքերը իմ ականջին, հոգիին, մտքին ու սրտին չհասան անձամբ Տիրոջ կողմէ, այլ Անոր բարի ընտրեալներու:

Երկվայրկեաններու ընթացքին մտափոխուեցայ՝ Եւրոպայէն Հայաստան: Իմ որոշումը վերջնական էր ու անբեկանելի: Այդ նոյն օրն իսկ Արիին յայտնեցի, որ պիտի հաստատուինք Հայաստան: Արին շատ ուրախացաւ, աչքերը փայլեցան, դէմքին խաղաղ ու ինքնաբաւ անկեղծ ժպիտ մը յայտնուեցաւ: Եւրոպա տեղափոխուելու միտքը երբեք ալ անոր սրտով չէր: Ան միշտ Հայաստան երազած է: Իսկ թէ ինչպէս ես անմիջապէս մտափոխուեցայ... առհասարակ ես իմ կեանքի բոլոր կարեւոր որոշումերը միշտ կայացուցած եմ, կը կայացնեմ երկվայրկեաններու ընթացքին: Կարելի է ըսել առանց յապաղելու կը դնեմ վերջակէտ, կամ կ՚անցնիմ նոր ճերմակ էջի կամ տողի մը:

Պոլիս, 2019 թիւ...

Գարնանային լուսապայծառ կէսօր մըն էր: Արեգակի շողերը նուրբիկ կը թափանցէին խմբագրատանս մէջ ու կը փայլատակէին տիկին Նատիայի մաքրամաքուր դէմքը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ բարեյաջող լոյս տեսած էր օրուան թերթը: Թերթի ծնունդը շատ կը նմանի մանկան ծնունդին: Երկար ու կարճ թուացող ինն ամիսներ... երկար ու կարճ թուացող քանի մը ժամեր... Սակայն այնքան շատ ջանք ու ճիգ կը գործադրես, որպէսզի քու ստեղծագործութիւնդ ըլլայ կատարեալ՝ զուրկ ամէն տեսակ թերութիւններէ: Իսկ երբ այլեւս պատրաստ կ՚ըլլայ թերթի վերջնական տեսքը, բոլոր լուրերը տեղաւորուած իրենց յատուկ սիւնակներու մէջ եւ սըր-բագրուած՝ անասելի ուրախութիւն մը կը պատէ հոգիդ: Կարծես ահռելի լուծ մը թօթափած ըլլաս:

Ամէն անգամ թերթի ծնունդէն վերջ գրեթէ ժամ մը նոյնիսկ աւելին կը հագչինք մեր հանգիստի սենեակին մէջ, կը վայելենք կէսօրուան ճաշը: Թարմացած ու նոր ուժերով զինուած կ՚անցնինք յաջորդ օրուան թերթի՝ ներքին էջերու արարման: Ինչպէս միշտ, աշխատանքի առիւծի բաժինը կը պատկանի տիկին Նատիային, որ կը սրբագրէ, կը յղկէ ու կը դասաւորէ լուրերը, սիւնակագիրներու  գրութիւնները՝ ըստ սահմանուած կարգի:

Այդ օրը նոյնպէս բացառութիւն չէր: Հանգիստի սենեակի մէջ իւրաքանչիւրս մեր աթոռը զբաղեցուցած կը հանգչէինք ու կը սպասէինք կէսօրուայ ճաշին՝ որ դուրսէն պատուիրած էինք: Ի ուրախութիւն մեզ՝ պարոն Արան նոյնպէս այդ օրը մեզի հետ պիտի ճաշէր: Միշտ չէ, որ ան կրնայ ժամանակ գտնել եւ քիչ մը աւելի մնալ խմբագրատան մէջ. մեծաւ մասամբ խիստ զբաղած կ՚ըլլայ: Իսկ երբ պարոն Արան կը մնար, կէսօրը մեզի համար կը վերածուէր իրական տօնի մը. խինդ ու ծիծաղ, կատակներ, գեղեցիկ յիշատակներու թարմացումներ Հայաստանէն ու Արցախէն, բարի եւ անկեղծ խորհուրդներ...

Չեմ յիշեր, ինչպէս խօսք բացուեցաւ Գերմանիա մեկնելու մեր մտադրութեան մասին: Այստեղ որպէս հոգատար, սրտցաւ մայր ու եղբայր, իմ երկու սիրելիները սկսան բանալու իմ հոգու աչքերը: Անոնք բնաւ նպատակ չունէին զիս մտափոխելու, պարզապէս որպէս աշխարհ տեսած, օտարութեան համը ըմբոշխնած մարդիկ, ինձ կը պատմէին հայրենիքէն դուրս ապրելու բոլոր առաւելութիւններու ու թերութիւններու մասին: Մեր խօսակցութիւնը այնքան մտերմիկ ու ջերմ էր, որ տիկին Նատիայի խօսքերը մինչեւ հիմա կը հնչեն իմ ականջներու մէջ:

-Աղջիկս, դուն եւրոպացի չես: Դուն հայ ես: Ունիս հայրենիք: Քու երկիրը Հայաստանն է: Օտարութեան մէջ դուն միշտ կ՚ըլլաս օտար, երկրորդ չէ, այլ երրորդ, չորրորդ կարգի մարդ: Որքան ալ յաջողութեան հասնիս, որքան ալ շատ դրամով մեկնիս, միեւնոյնն է, երբեք չես կրնար դասուիլ առաջին դասին: Լաւագոյն պարագային կրնաս հասնիլ երկրորդ կարգին՝ դուն ու քու զաւակներդ: Իսկ Հայաստանի մէջ դուն միշտ պիտի դասուիս առաջին կարգին: Այնտեղ քեզի օտարի հայեացքով, խեթ նայող մէկը պիտի չըլլայ: Հայաստանի մէջ դուն քու զաւկիդ կրնաս տալ լաւագոյնը, իսկ ամենակարեւորը պիտի կարենաս ան հայ ու քրիստոնեայ մեծցնել: Երեխայ հասցնելը ամէն մարդու խելքի բանը չէ, մի՛ նայիր, որ բոլորը զաւակ կ՚ունենան: Կարեւորը որակն է, այլ ոչ քանակը: Մեր ազգը կարիք ունի հայրենասէր, խելացի, հաւատաւոր ու առաքինի նուիրեալներու...

Անգին գոհարներ, առ այսօր դաջուած իմ մտքի մէջ: Վայրկեաններու ընթացքին իմ մտափոխութիւնը աստուածահաճոյ էր: Տէրը օրհնեց մեր որոշումը եւ բազում յաջողութիւններ ընծայեց հայրենիքի մէջ: Եւ ժամանակը պիտի ցուցնէ, արդեօք զաւակ հասցնելը իմ խելքի բան էր, թէ ոչ: Այժմ տակաւին զբաղած եմ սերմնացանով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021