«ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵՆԷՆ» (Ա)

Պոէթիուս Հռոմէական կայսրութեան տարիներուն՝ 523 թուականին հեղինակած է «Մխիթարանք փիլիսոփայութենէն» աշխատութիւնը՝ մէկ տարուայ ազատազրկման ընթացքին, երբ ան կը սպասէր մահապատիժի ենթարկուելու օրուան՝ դաւաճանութեան յանցանքի համար։ Իր կեանքի այս փորձութիւնները աղբիւրը եղան իր աշխատանքի ստեղծման։ 

Պոէթիուս գիրքը գրի առած է որպէս զրոյց իր եւ «Փիլիսոփայութեան» միջեւ։ Հեղինակը կը պատմէ, թէ իր կեանքի վերջին շրջաններուն ինչպէս սփոփուած է «Փիլիսոփայութիւն»ով եւ փրկուած է «վիշտի մթութենէ»։ «Փիլիսոփայութիւն»ը կը մխիթարէ Պոէթիուսը՝ քննարկելով երջանկութիւնը, առաքինութիւնը, համբաւի եւ հարստութեան անցողիկ բնոյթը, Աստուածն ու ճակատագիրը եւ մտքի «վերջնական գերակայութիւն»ը։ 

Գիրքի մէջ քննարկուած են նաեւ հետեւեալ նիւթերը.

- Ինչո՞ւ ճակատագիրը ոմանց համար բարեբեր, ոմանց համար ալ յոռի է։

- Ինչո՞ւ մարդիկ հետամուտ են համբաւ, հարստութիւն ձեռք բերելու։ 

- Ինչո՞ւ մարդ չար արարքներ կը գործէ։

- Վատ մարդիկ ինչո՞ւ թշուառ են։ 

- Ո՞րն է ամենալաւը։

- Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ չարութեան գոյութեան։ 

Գիրքի մէջ «Փիլիսոփայութիւն» անուանեալ անձ մը մուտք կը գործէ բանտ, ուր բանտարկուած է նաեւ Պոէթիուս։ Վերջինս վշտաբեկութեամբ «Փիլիսոփայութիւն»ի կը բողոքէ, թէ ինչո՞ւ յաճախ կը շահի անիրաւը, ամբարիշտը։ «Փիլիսոփայութիւն»ը կը նստի Պոէթիուսի կողքին եւ կ՚ըսէ, թէ իր այս վատ վիճակի պատճառն է ճշմարտութիւնը տեսնելու անկարողութիւնը։ Ան նախ կը սկսի խօսիլ ճակատագրի մասին եւ հարց կու տայ Պոէթիուսին. «Ե՞րբ ճակատագիրը խոստացած է քեզ միշտ երջանիկ ըլլալուդ մասին, որ կը սկսիս գանգատիլ, երբ ան երես կը դարձնէ քեզի։ Ճակատագիրը կը նմանի անիւի. ոչ ոք կրնայ դադրեցնել զայն։ Արնգահոս գետի նման մարդիկը կը տանի այլ կէտեր, անոր սկզբունքը այս է։ Ի՞նչ իմաստ ունի մեղադրել ճակատագիրը։ Միթէ մեղաւորը իրմէ կատարեալ կեանք ակնկալողը չէ՞։ Մինչդեռ ան իր անդիմադրելի բնաւորութիւնը ցոյց տուած է ո՛չ միայն քեզի, այլ նաեւ անհամար մարդոց»։

Ան կը շարունակէ. «Ճակատագիրը ձեր կեանքի ողջ տեւողութեան, շատ անգամ ձեզի պարգեւած է առողջութիւն, սնունդ եւ երբեմն նոյնիսկ նիւթական ուժ։ Կը մտածէի՞ք գնահատել անոր ուժը, մինչ այս բոլոր դժբախտութիւնները տեղի ունենային։ Ուրեմն ինչո՞ւ կը յուսահատուիս, երբ քեզի կը ցուցնէ իր միւս երեսը։ Եղբա՛յր, ինչ որ չէք ճանչնար, չէք կրնար անոր հետ առողջ յարաբերութիւն հաստատել։ Այս է ճակատագրի «համակարգ»ը։ Երբ ծովը կը ժպտի իր վճիտ ջուրով, յանկարծ կը փոթորկի եւ տակն ու վրայ կ՚ընէ ամէն ինչ։ Երբ օդը պայծառ է, յանկարծ կու գայ փոթորիկ եւ կը տապալէ ծառերը։ Ինչպէ՞ս կը խորհիս, թէ բնութեան այս բոլորը ընողը քեզի հաւատարիմ պիտի մնայ»։ 

«Փիլիսոփայութիւն»ը խօսք կու տայ ճակատագրին։ «Իմ ուժի աղբիւրն է «փոփոխութիւն»ը։ Այս է իմ խաղը. երբեմն կը բարձրացնեմ, երբեմն կ՚իջեցնեմ։ Ինչո՞ւ մարդիկ կը զայրանան ինծի։ Անոնք մե՛րթ կը գրկեմ, մերթ ծոցէս նետելով ցոյց կու տամ իրական երեսս։ Երբ կը գրկեմ զանոնք, կը հաւատան իմ կեղծ շոյումներուն։ Մինչդեռ պէտք է աւելի գոհանան, երբ կը տեսնեն բուն դէմքս։ Մարդոց կը հարցնեմ. արդեօք իրե՞նք են իրենց կեանքի բուն տէրը։ Եւ ե՞ս եմ մեղաւորը, երբ առնեմ իրենց կեանքերը։ Արդեօք անո՞նք ստեղծեցին իրենց ստացուածքը, թէ երբ իրենց ձեռքերէն առնեմ զանոնք, կը սկսին բարկանալ ինծի։ Ես պարզապէս կը կատարեմ իմ պարտականութիւնը, անոնք ալ պէտք է զբաղին իրենց պարտականութիւններով»։

Այսպէսով Պոէթիուս կը քաղէ իր առաջին դասը։ 

«Փիլիսոփայութիւն»ը կը շարունակէ բաժնել իր մտածումները։ Ըստ իրեն, ան, որ կ՚ընդունի ճակատագիրը, չի վախնար անոր բերելիքներէն։ Վախը մարդը կը դարձնէ իր գերին, իսկ յոյսը՝ վախէն բացի բան չ՚ապահովեր մարդուն։ Պէտք է ապրիլ տերեւի նման. ո՛չ պէտք է տժգունուիլ արեւէն, ոչ ալ վնասուիլ փոթորիկէն։ Միայն ու միայն պէտք է գործադրէ իրեն վիճակած գործերը։ Չկայ աւելի մեծ երանութիւն, երբ մարդ իրագործէ պատասխանատուութիւնները։ «Վա՜յ խեղճ, թշուառ մարդ, Երջանկութիւնը միշտ փնտռեց դուրսը, չէր գիտեր, թէ այդ իր մէջ է։ Երջանկութիւնն է՝ իր մարդկայնապէս ապրիլը, մարդկայնօրէն իր պարտականութիւնները գործադրելը։ Բայց ան լուր չունէր այս բոլորէն»։ 

Ի՞նչ էր երջանկութիւն շնորհող առաքելութիւնը, նպատակը։ Ի հարկէ, ճանչնալ զԱստուած։ Բարոյական ըլլալ ինչպէս Անոր, այնպէս ալ բոլորի նկատմամբ։ Բայց այստեղ կար խոչընդոտ մը։ Այս բոլորին փոխարէն երջանկութիւնը փնտռեցինք փողի, համբաւ ձեռք բերելու եւ բարձր պաշտօններ վարելու մէջ եւ յանուն անոնց, «հրաժարեցանք» մեր մարդկային արժէքներէն, նաեւ արժեզրկելով եւ անտեսելով զանոնք, նոյնիսկ մոռնալով անոնց մասին։

Երանութիւնը արտաքին աշխարհի «ուժերով» ցուցակագրողը կը նմանի այն թշուառ մարդուն, որ կը փորձէ իր երջանկութիւնը «հաստատել» անդունդի եզրին, քանի որ արտաքին աշխարհի «իրաւասութիւններ»ը ժամանակաւոր, անցողիկ են, կրնան յայտնուիլ ճակատագրի վերահսկողութեան տակ եւ տակնուվրայ ըլլալ։ 

«Փիլիսոփայութիւն»ը խօսքերուն կը շարունակէ օրինակներ տալով հարուստ մարդոց մասին։ Ըստ իրեն, մարդիկ, որոնց միակ նպատակն է նիւթապէս «հարստանալ», կը հաւատան, թէ ոսկին, փողի փայլքը զիրենք աւելի արժանապատիւ կը դարձնէ։ Բայց իրողութիւնը տարբեր է։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020