ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՄԵԾ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՈՒ ԲԱՆԱՍԷՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԸ՝ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐ ԱՆՈՒԱՆԱԿԻՑ ԹՈՌԱՆ

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ոգեկոչեց անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը։ Հայ մշակոյթի այս մեծ նուիրեալը վերյիշուեցաւ՝ մասնակցութեամբ իր անուանակից թոռան։ Այսպէս, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Երեւանէն յատկապէս քաղաքս հրաւիրուած էր այս ձեռնարկին առթիւ ու եղաւ երեկոյթի պատուոյ հիւրը։ Հանդիսութիւնը բնորոշեց եզրափակիչ փուլը՝ Սահակեան-Նունեան լիսէի հաստատման 50-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքին։

Երէկուան երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ հովանաւորուած երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին մեր մշակութային աշխարհէն յայտնի դէմքեր, բազում կրթական մշակներ, Սամաթիոյ ընտանիքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Աճառեան վերյիշուեցաւ «Արմատական սամաթիացին» կարգախօսով։

Սամաթիոյ մէջ ծնած, Կեդրոնական վարժարանէն հասած եւ աւելի վերջ համաշխարհային մակարդակով գիտնական մը դարձած Հրաչեայ Աճառեանի ոգեկոչման ձեռնարկին համար պատրաստուած էր բազմակողմանի ծրագիր մը։ Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Անի Տելիմելքոնօղլուի։ Սամաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան ընթերցեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութեան խօսքը։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան։ Ապա խօսք առաւ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան, որ Երեւանէն յատկապէս քաղաքս եկած էր այս ձեռնարկին համար։ Ան Պոլիս կատարած առաջին այցելութեան յուզումնախառն տպաւորութիւններով արտայայտուեցաւ իր մեծանուն մեծ հօր մասին։ Խօսքի աւարտին Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան Սահակեան-Նունեան վարժարանին նուիրեց Հրաչեայ Աճառեանի ձեռագիրներէն նմոյշ մը։

Յաջորդեցին երկու զեկուցումներ՝ երեկոյթի հիմնական ատենախօսներուն կողմէ։ Անոնցմէ մին էր՝ Օքսֆորտի համալսարանէն հայագէտ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտ եւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Անշուշտ, Զէքիեան Գերապայծառ արտայայտուեցաւ իր գիտնականի հանգամանքով։ Այս զեկուցումներէն վերջ ներկայացուեցաւ տեսաուղերձ մը, որու ընթացքին Երեւան հաստատուած սուրիահայ յայտնի գիտնական Յակոբ Չոլաքեան անդրադարձաւ Հրաչեայ Աճառեանի ծաւալած գործունէութեան նշանակութեան։

Յաջորդեց պարքովիզիոնի մը ցուցադրութիւնը, որու ընթացքին Աճառեանի կեանքէն զանազան դրուագներ ներկայացուեցան՝ հեշտալուր երաժշտութեան մը զուգորդուած ձեւով։ Այդ դրուագները տրամադրուած էին Հրաչեայ Աճառեանի ընտանեկան արխիւէն։ Հուսկ, Սահակեան-Նունեան վարժարանէն աշակերտներ թատերակի ձեւաչափի մէջ ներկայացուցին Հրաչեայ Աճառեանի կեանքէն զանազան դրուագներ։ Յայտնի բեմադրիչ Արամ Կոստանեան վերահսկած էր յայտագրի այս փուլը։

Այս բոլորէն վերջ յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Զէքիեան Գերապայծառին յուշանուէրը յանձնեց Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ։ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտին յուշանուէրը յանձնեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեանի յուշանուէրը յանձնեց տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան։ Ապա կարգը եկաւ երեկոյթի կազմակերպիչներուն։ Արդարեւ, Սահակեան-Նունեան վարժարանի հայերէնի երեք ուսուցիչները՝ Սիւզան Աչըք, Հռիփսիմէ Մէյտան եւ Վարուժան Արզումանեան մեծ եռանդ ցուցաբերած էին ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Հռիփսիմէ Մէյտանի յուշանուէրը յանձնեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճը։ Սիւզան Աչըքի յուշանուէրը յանձնեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Էօզտեմիր։ Վարուժան Արզումանեանի յուշանուէրը յանձնեց Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը։ Բեմադրիչ Արամ Կոստանեանի յուշանուէրը յանձնեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Արէտ Քարապուլութ։

Հանդիսութեան աւարտին արտայայտուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ բոլոր ներկաները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Այս փուլը յատկանշական էր, որովհետեւ Հրաչեայ Աճառեան եղած էր շատ հաւատացեալ անձնաւորութիւն մը, սակայն իր հոգին աւանդած օրը չէր հասցուցած իր գիշերային աղօթքը ընել։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան ձեռնարկի մասնակից ատենախօսներուն հետ, նաեւ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին՝ երեկոյթի կազմակերպիչներուն նկատմամբ։

Միւս կողմէ, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան երէկ համախմբուեցաւ նաեւ Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտութեան հետ։ Ան մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ տղոց հետ։ Մինչ այդ, Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան շրջայց մըն ալ կատարեց Սամաթիոյ մէջ ու տարրական պատկերացում մը ունեցաւ այս պատմական թաղին շուրջ, որ եղած էր իր մեծ հօր ծննդավայրն ու առաջին գիտելիքները ստացած միջավայրը։

Սամաթիոյ ընտանիքի պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ Հրաչեայ Վիլլերի Աճառեան այսօր կ՚այցելէ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Այսօր, գիշերուան ժամերուն ան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս եւ ուղիղ թռիչքով կը վերադառնայ Երեւան։

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018