ՀԵԿԵԼԸ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ մեր ամենահիմնական պարտաւորութիւնները իրարու եւ մեր մոլորակի նկատմամբ լուսաբանուէին 1800-ականներու սկիզբին ապրած փիլիսոփայի մը կողմէ։ Կրնայ տարօրինակ թուիլ, որ տասնամեակներ առաջ, գերմանական դասական փիլիսոփայութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Ճորճ Վիլհելմ Ֆրիտրիխ Հեկել շատ բան պատմած է մեր կեանքի մասին։ Թէեւ Հեկել քաջ կը գիտակցէր, որ երբեմն մենք մեզ կը զգանք՝ որպէս բոլորովին առանձին եւ իր նմաններէն անջատուած էակ, սակայն ան ցոյց կու տայ, որ այդպէս չենք։ Հեկելի խօսքով՝ բանականութեամբ օժտուած էակները երբեք առանձին չեն կրնար ըլլալ, քանի որ անոնք փոխկապակցուած են եւ իսկապէս չեն կրնար գոյատեւել առանց իրենց նմաններուն։ Այնուամենայնիւ, Հեկել այս մասին կ՚ըսէ. «Միայն որպէս ընկերային էակ՝ ես կրնամ մտածել ինքս իմ վրայ։ Քանի տակաւին ուրիշներու հետ կը հանդիպիմ՝ հնարաւորութիւն ունիմ ինքնագիտակցութիւն ունենալու»։ 

Հեկել կը քննարկէ ողբերգական տեսարան մը, ուր մարդ մը կը փորձէ ոչնչացնել միւսը, իսկ յետոյ մէկ այլ ընդլայնուած տեսարան, ուր մարդ մը կը փորձէ տիրել միւսին։ 

Այս գնահատականէն կը բխի, որ կործանումն ու գերիշխանութիւնը այնքան ալ լաւ «չեն աշխատիր»։  Այս ձեւերու ձախողման պատճառներէն մէկը այն է, որ անոնք կը ձգտին ժխտել թէ՛ ընկերային «փոխկախեալութիւնը» եւ թէ փոխադարձ էթիքական պարտաւորութիւնները:  Եթէ ​​անոնցմէ մէկը կրնայ ոչնչացուիլ, միւսը նոյնպէս կրնայ ոչնչացուիլ, այնպէս որ այս հասկացութիւններու ճակատագրերը այս առումով փոխկապակցուած են եւ ոչնչացման այս ռազմավարութիւնը երկուքն ալ անխուսափելիօրէն վտանգի տակ կը դնէ:  Սակայն այստեղ ալ ինքնաճանաչման խնդիր կը յառաջանայ. անձը չի կրնար որոշ գիտելիք ունենալ իր մասին, քանի դեռ անոր գոյութիւնը չէ ընդունուած ուրիշի մը կողմէ։  Հետեւաբար, մենք կը սխալինք, եթէ կը կարծենք, որ մենք կրնանք ճանչնալ մենք զմեզ՝ հեռանալով ընկերային աշխարհէ եւ «շրջելով» մեր մէջ, քանի որ միայն ընկերային աշխարհի համատեսքին մէջ է, որ մենք կրնանք վստահութեան հասնիլ մեր մասին: Միայն այն ժամանակ է, որ մենք կը դառնանք կենդանի եւ ընկերային ու հնարաւորութիւն կ՚ունենանք ճանչնալու մենք մեզ եւ երբ ճանչնանք մենք մեզ, իսկապէս կը հասկանանք, թէ ինչպէս կախեալ ենք ուրիշներէն եւ մեր գոյութեան զգայական պայմաններէն:  Այսպէսով, աշխարհը կը յայտնուի՝ որպէս կենդանի ու ընկերային գործընթացներու ցանց։

«Երբ մենք կը ճանչնանք մեզ, մենք իրականութեան մէջ կը հասկնանք, թէ ինչպէս կախեալ ենք ուրիշներէ»: Այս խօսքով կը սորվինք բարոյական դաս. իմ կեանքը երբեք միայն իմը չէ, քանի որ այն կը պատկանի՝ ա) կենդանի գործընթացներուն, որոնք կը գերազանցեն եւ կը պահպանեն ինձ եւ բ) այլ կեանքերուն, այսինքն՝ բոլոր միւս կենդանիներուն։ Սա կը նշանակէ, որ ես չեմ կրնար ոչնչացնել ուրիշի մը կեանքը՝ առանց յարձակելու կենդանի գործընթացներու վրայ, որոնց մէկ մասը կը կազմեմ ես: Այլ խօսքով, երբ ես կը կործանեմ ուրիշի մը կեանքը, իրականութեան մէջ կը կործանեմ իմ կեանքը: Սա չի նշանակեր, որ դէպքի միակ յանցագործը «ես» եմ. այսինքն կ՚ըսեմ, որ որպէս կենդանի էակ՝ ինծի համար այլ կենդանի էակներէն լիովին բաժնուելու միջոց չկայ: Այս կենդանի «socius»ի գաղափարականը ողջամիտ փաստարկ մըն է առանց բռնութեան աշխարհի մը հաստատման համար:

Միայն այն ժամանակ, երբ մենք կը սորվինք հեռանալ բռնութենէն, կը բացայայտուին ընկերային կապերը, որոնք կը սահմանեն մեր կեանքը: Գիտակցելով, որ բռնութիւնը չ՚աշխատիր, սա սկիզբ կը դնէ էթիքական պարտաւորութիւններու ըմբռնման, որ անհրաժեշտ է մեզի եւ ուրիշները կենդանի պահելու միջոց գտնելու համար՝ անկախ մեր միջեւ հակամարտութիւններէն: Հեկել հաշուի կ՚առնէ զայրացած եւ կործանարար յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային գերիշխանութեան մահացու հնարքը, ան կը հասկնայ զայրոյթը անհատի մը, որ չ՚ուզեր, թէ որեւէ մէկը իրեն նման կամ հաւասար ըլլայ: Այս իրավիճակին մէջ՝ Հեկել մեզ կ՚առաջնորդէ հասկնալու, որ մենք չենք կրնար ոչնչացնել մէկ ուրիշը՝ առանց մենք մեզ օտարելու եւ որ մենք չենք կրնար տիրել մէկ ուրիշի՝ առանց կորսնցնելու ընկերային հաւասարութեան «հետքը», որ մեր երկուքն ալ կը սահմանէ որպէս իտէալներ: Այս իրավիճակին մէջ, երբ կը բացառուի միւսը ոչնչացնելու կամ անոր վրայ տիրելու հնարաւորութիւնը, ես կը հասկնամ, թէ կախեալ եմ իմ նմանէն, որ կախեալ է ինձմէ եւ որ իմ կեանքը կախեալ է ուրիշի մը կեանքէն։

Հեկելի մասին իմ ընթերցանութեան արդիւնքին ես կ՚ընդունիմ, որ կախեալ եմ մէկ ուրիշէն, որ կախեալ է ինձմէ եւ որ մենք երկուքս ալ կապուած ենք կենդանի աշխարհի հետ:  Այս ընդունումը կը լուսաւորէ մեր ընկերային կարգավիճակը՝ որպէս կենդանի էակներ, մեր մարմնական կապուածութիւնը իրարու նկատմամբ եւ փոխադարձ բարոյագիտական պարտաւորութեան զգացումը:  Այս ընդունումը նաեւ մեզի համար անհրաժեշտութիւն է՝ ապահովելու աշխարհի շարունակականութիւնը, որ մեր կեանքը կը դարձնէ օրինական ու պատշաճ:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱԼՍԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022