ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (6)

Մօտ կէս ժամ ետք, շտապօգնութեան շարժական կայանի մը մէջ գտաւ ինքզինք Զանան։

Երբ բացաւ աչքերը, դիմացը, վերը, կապոյտ էր դարձեալ։ Բայց ոչ երկնքինը այս անգամ։ Աղաւնիներու գծած կարմիր, սեւ ու սպիտակ սլացիկ գծերը չկային։ Չոր ու մութ կապոյտն էր լաթէ առաստաղին։

Ոտքը վեր բարձրացաւ։ Ցաւէն ուղղեց վիզը, նայելու համար։ Բժշկական տարազով կին մը գրկեր էր զայն, կը քննէր։

-Շատ գէշ չէ, մի մտահոգուիր... ճաթած ըլլալու է ոսկորդ, բայց չէ շարժած։ Անշարժ պահէ եւ սպասէ, մինչեւ գաճի մէջ առնելու համար անհրաժեշտ պարագաները հասնին։

-Ե՞րբ կը քալեմ։

-Համբերատար եղիր...

Շնորհակալութիւն յայտնեց, ու գլուխը դարձեալ ձգեց անկողնին, առաստաղի կապոյտին նայելով։ Սկսաւ, վերջապէս, մտածել. բան մը, որ առտուայ ահաւոր շարժումէն ի վեր առիթ չէր ունեցած ընելու։ Սկսաւ ամենէն պարզէն, ամենէն յստակը արձանագրել փորձելով։ Այո։ Երկրաշարժ եղեր էր։ Ինք տանիքն էր, երբ զարկաւ ստորգետնեայ կայծակ մը Պամին ու փլեց զայն։ Եւ փլաւ քաղաքը, փլաւ իրենց տունը։ Տանիքին վրայ մնաց ինք՝ վիրաւոր, տանիքէն վար... այո։ Մահացած էին բոլորն ալ։ Մայրը, հայրը, քոյրիկը, մեծ մայրը. Չկային։ Այո... որբ էր։

Ես որբ եմ։

Սառսուռ մը անցաւ մարմնէն, իջաւ ծակեց ոտքը։ Ընդոստ՝ շունչ քաշեց, փորձեց հանգստանալ, կուլ տալ արցունքները, որոնք, ուրկէ եւ ինչպէս, կը յամառէին դեռ ծնիլ։

-Զանա՞...

Ծանօթ ձայն էր. ձախէն կու գար։ Անմիջապէս թեքեց գլուխը։ Սրբեց արցունքը, տեսնելու համար։ Պահրամն էր. իրենց թաղի կաթնավաճառը, իր սեւ ու խիտ պեխերով։ Պահրամը, Պապաքի, իր սիրելի ընկերոջ հայրը։

-Պահրամ աղա... սելամ...

-Սելամ Զանա... փոխադարձեց կաթնավաճառը, եւ վախն աչքերուն մէջ՝ տղուն ընկերոջ նայեցաւ։

-Պա...Պապաք..., հարցնել փորձեց Զանան։

Պահրամ աղան ուսերն ու ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ անտեղեակութիւնը յայտնեց, եւ յուսահատ, բայց յուսաշատ, ուղղեց վիրակապուած գլուխը, աչքերը յառեց վերի կապոյտին։

Պապաքը... ի՞նքն ալ... դեռ երկու օր առաջ խոստացեր էր անոր բերել իր տուն, հանել տանիք, ցոյց տալ աղաւնիները, թռցնել զանոնք միասին դէպի բացե՜րը երկնքին...

Յանկարծ անդիէն ձայն մը լսեց.

-Հոն է, երրորդ շարքին...

-Այո՛, ի՛նքն է... Զանա՛

Գլուխը դէպի վրանի մուտք դարձուց Զանան։ Մէ՞կն եկած էր ետեւէն։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020