ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ. ՇՈՒՐԻՇԿԱՆԻ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ԼՈՅՍԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ

Երէկ Նոր կիրակին էր՝ Կրկնազատիկի տօնը: Աւանդոյթի համաձայն, այս տօնի առթիւ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանէն Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի տարուեցաւ Շուրիշկանի հրաշագործ Աւետարանը: Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ 13-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ, ուր Աւետարանին ուխտի գացած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ: Արդէն քսան տարիէ ի վեր՝ ուխտաւորներու մեծ թափօրի ուղեկցութեամբ Իրանի Փերիա գաւառի Շուրիշկան գիւղի նշանաւոր Աւետարանը Մատենադարանէն կը տարուի Արագածոտնի թեմի Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, ուր կը պահուի մինչեւ յետմիջօրէ:

Բացառիկ օր մըն է Նոր կիրակիի տօնը. ոչ միայն իր խորհուրդն է եզակի, այլեւ այն առիթը, որ կ՚ընծայուի ուխտը իր հոգիի մէջ պահած իւրաքանչիւր մարդու՝ դպնալու Աւետարանին եւ ստանալու անոր սքանչագործ զօրութիւնը:

Հայոց խնդրակատար եւ հրաշագործ ամենայայտնի Աւետարանն է Շուրիշկանի Աւետարանը, որ քաջածանօթ է իր ախտահալած համբաւով:

Արդէն երկու տասնամեակ է՝ Մուղնիէն անոր լոյսը կը սփռուի եկեղեցւոյ պատերէն դուրս, կը թափանցէ բոլոր հաւատացեալներու հոգիներէն ներս, կը հասնի բոլոր անոնց, որոնք ամբողջ հոգիով կը հաւատան Սուրբ Գիրքի ուժին:

Առեղծուածային այս Աւետարանը փրկուած եւ մեր օրեր հասած է հրաշքով: Անոր պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ 1498 թուականին, երբ Վասպուրականի Քաջբերունիք գաւառի Ասպիսնակ գիւղին մէջ Թուրուանտա անունով կին մը Տէր Բարսեղ Քահանային կը պատուիրէ ընդօրինակել Աւետարանը: Ան հաւատացեալ եւ խոնարհ հայուհի մըն էր, որ դժբախտութիւն ունեցած է կորսցնելու ընտանիքը եւ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ ամուսնոյն. զաւակներու եւ փեսայի՝ պատուիրած է Աւետարանին ընդօրինակութիւնը, որպէս մխիթարանք իր միայնակ եւ վշտաբեկ գոյութեան:

Վանեցիները այնպիսի ակնածանք եւ կապուածութիւն դրսեւորած են Աւետարանին հանդէպ, եւ երբ 17-րդ դարուն Սեֆեան Պարսկաստանի Շահ Ապպաս 5-րդ արքան հայերը տեղահանած է, վանեցիները իրենց հետ Պարսկաստան տարած են այս Աւետարանը: Ըստ տուեալներու, շուրջ 500 հազար հայ տեղահանուած է պարսկա-թրքական այդ պատերազմի ընթացքին: Անոնք Պարսկաստանի մէջ բնակութիւն կը հաստատեն Սպահան նահանգի Փերիա գաւառին մէջ՝ հիմնելով 24 հայաբնակ գիւղ, որոնց կարգին՝ Շուրիշկանը։ Բռնագաղթած հայութեան մէջ էր նաեւ Տէր Գրիգորը. անոր ձգած տեղեկութիւններու հիման վրայ գիտենք, որ Աւետարանը այծի կաշիէն պատրաստուած ջրադիմացկուն տիկով ամրացուած եղած է իր կռնակին: Այդպիսով այն ապահոված է ձեռագիրը ճանապարհի վտանգներէն: Աւետարանի զօրութեամբ գօտեպնդուած՝ բռնագաղթուած հայերը իրարու ձեռք բռնած հատած են Արաքս գետը: Տէր Գրիգորը Աւետարանը տարած է Շուրիշկան եւ այդ գիւղի անունով ալ այժմ կը կոչուի 322 թերթէ կազմուած ձեռագիր այդ գանձը: Մատեանին ստուարաթուղթէ կողքը կաշիէ է, որն ալ իր կարգին պատուած է արծաթեայ կրկնակազմով, որ ակնազարդ է: Տէր Գրիգորը զայն պահած է սրբօրէն: Մինչ գիւղին մէջ հաստատուիլը, գիւղացիները որոշած են Աւետարանը թաքցնել հողին տակ եւ որպէսզի յիշեն տեղը՝ անոր քով ուռենիի ճիւղ մը տնկած են: Որոշ ժամանակ անց վերադառնալով՝ հանած են Աւետարանը եւ տեսած՝ որ անոր տեղը խոնաւցած է, իսկ գիրքին ծայրերը դեղնած են: Գիւղացիները քանի մը օր յետոյ տեսած են, որ անոր տեղը աղբիւր գոյացած է:

Շուրիշկանի մէջ այսօր հայեր չկան, բայց կան այդ աղբիւրը եւ ուռենին, որոնք նոյնպէս ուխտատեղի են: Իրանահայերը աղբիւրը կը կոչեն Աւետարանի աղբիւր, որուն ջուրը նոյնպէս բուժիչ յատկութիւն ունի: Իրանահայերը նաեւ Պապի աղբիւր կոչած են այդ ակը եւ անոր քով մատուռ կառուցած։ Շուրիշկանի Աւետարանը ժողովրդական անուանումներու մէջ նաեւ «Պապ» անունը ունի: «Պապ Աւետարան» ըսելով իրանահայերը նաեւ մեծի, աւագի խորհուրդը կու տային Աւետարաններէն այս մէկուն:

Աւետարանի հռչակը հասած էր երկրի զանազան վայրեր, նոյնիսկ օտարներ գիտէին անոր զօրութեան մասին: Քանի մը դար պահպանուելով Պարսկաստանի Շուրիշկան գիւղին մէջ՝ Աւետարանը իր քով ուխտի կանչած է Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի հայաբնակ վայրերէն բազմութիւններ:

ՇՈՒՐԻՇԿԱՆԷՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Որքան ուշագրաւ է Աւետարանի ստեղծման եւ Շուրիշկան հասնելու, հոն հաստատուելու պատմութիւնը, նոյնքան հետաքրքրական է նաեւ անոր Հայաստան բերուիլը: 1968-1975 թուականներուն կազմակերպուեցաւ Փերիայի հայութեան հայրենադարձութիւնը Հայաստան: 1973 թուականին Շուրիշկանի Աւետարանը զայն պահող, փայփայող շուրիշկանցի հայերուն հետ նոյնպէս Հայաստան եկաւ եւ իր վերջնական հանգրուանը գտաւ հայոց ձեռագիր մատեաններու ամենամեծ պահոցի՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի մէջ: Այս Աւետարանէն զատ Մատենադարանին նուիրուեցան նաեւ այլ ձեռագիր մատեաններ. Փերիայի, Չարմահալի եւ Բուրվարիի գաւառներու բոլոր հայկական գիւղերուն մէջ ձեռագիր գիրքեր կային: Հայաստան ներգաղթի ընթացքին գիւղերու եկեղեցական խորհուրդները եւ անհատ անձինք իրենց պատկանող ձեռագրերուն միայն մէկ մասը նուիրեցին Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի եւ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի մատենադարաններուն: Ձեռագրերուն մէկ մասը իրենց տէրերու ժառանգներուն քով է եւ կը պահուի տուներու մէջ, իսկ մէկ մասի գտնուելու տեղերը յայտնի չեն:

Մատենադարան տարուելէ ետք ուխտաւորներու հոսքը արդէն կ՚ուղղուի դէպի այնտեղ:

Հայագէտ, մատենագէտ Գէորգ Տէր-Վարդանեան Աւետարանին նուիրուած իր գրութեան մէջ կը պատմէ, որ ուխտաւորներու հոսքը երբեք չէ դադրած, ինք ականատես եղած է նոյնիսկ, թէ ինչպէս պարսիկ մը տարիներ շարունակ Մատենադարան այցելած է՝ Շուրիշկանի Աւետարանին ուխտի: Ըլլալով մահմետական՝ ան խոր հաւատ ունէր քրիստոնէական սրբութեան հանդէպ եւ չէր թաքցներ այդ մէկը: 2002 թուականի փետրուարէն մինչեւ 2003 թուականի ապրիլի վերջ՝ մէկ տարիէ աւելի երբ Մատենադարանը հիմնովին կը նորոգուէր, անոր դռները գոց էին թէ՛ ուսումնասիրողներուն, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն համար: Դռները կը բացուէին բացառապէս Շուրիշկանի Աւետարանին ուխտի գացողներուն համար: Այս մէկը կրկին կը յուշէ անոր զօրութեան եւ ուժի մասին: Մատենադարան ուխտի կու գային զանազան երկիրներէ, քանի որ Աւետարանին համբաւը հասած էր հեռաւոր վայրեր:

Խորհրդանշական է, որ Նոր կիրակին եւ Շուրիշկանի Աւետարանի դուրս բերումը այս տարի համընկնեցաւ անուանի հայագէտ, պատմաբան, Մատենադարանի Ձեռագրագիտութեան եւ Մայր ցուցակի բաժնի վարիչ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի մահուան յաջորդած օրերուն: Քանի մը տարի առաջ Երեւանի մէջ, Գէորգ Տէր-Վարդանեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Շուրիշկանի Աւետարանը» խորագրով գիրքը: Ան պատմական այս Աւետարանին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները ամփոփած է մէկ գիրքի մէջ: Եւ գիրքն ալ ներկայացուած է Նոր կիրակիի մը առթիւ՝ Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Գէորգ Տէր-Վարդանեանը իր այդ գիրքին մէջ ժողովրդական աւանդազրոյցները, բանաւոր եւ գրաւոր պատումները քննած է գիտական հիմքով եւ համադրած բոլորը: Շուրիշկանի Աւետարանին հանդէպ հետաքրքրութիւնը միշտ մեծ եղած է բոլոր ժամանակներուն եւ այդպիսի գիրք մը անպայման պիտի գրուէր, որպէսզի թէ՛ օտարներ, թէ՛ նոր սերունդը տեսնէին, թէ ինչպիսի զօրութիւն ունեցած են մեր սուրբ գիրքերը, որոնց կարողութեանը հաւատալը եւ այդ հաւատը մէջտեղ բերելը այսօր նոյնպէս խիստ անհրաժեշտ է մեր ժողովրդին:

Նախապէս Աւետարանը Մուղնի կը տարուէր Սուրբ Սարգիսի տօնին, բայց նկատի առնելով եղանակային պայմանները, անոր ուխտի օրը դարձաւ Նոր կիրակին, որ նոյնպէս մեր ժողովուրդի համար խորհուրդ ունեցող տօներէն է: Յինանց կիրակիներու առաջին կիրակին է Նոր կիրակին, որ իր անունով նորի խորհուրդը կը փոխանցէ Յարութեան տօնէն ետք: Ըստ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի, «Կրկնազատիկ» անուանումը ժողովրդական անուն մըն է, որ տրուած է Զատկի ութերորդ օրուան՝ Նոր կիրակիին: Նոր եւ չքնաղ է տօնին խորհուրդը: Նոր է, որովհետեւ սկիզբն է նոր արարումներու: Նոր կը կոչուի նաեւ գարունը, որովհետեւ յաջորդելով ձմրան՝ կը սկսի արարածներու նորոգութիւնը, եւ մեռած կերպարանքով ծառերը վերստին կը ծլարձակին: Զատիկը ազատութիւն կը խորհրդանշէ, իսկ Նոր կիրակին՝ կրկնակի ազատութիւն:

Յիսուս, իր յարութենէն ետք յաճախակի առիթներով կ՚երեւի իր աշակերտներուն։ Յարութեան ութերորդ օրը, Յիսուս դարձեալ կ՚երեւի անոնց։ Այնտեղ էր նաեւ Թովմաս առաքեալը, որ Յարութեան օրը չէր տեսած Տէրը եւ ըսեր էր.

«Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ Անոր կողին, չեմ հաւատար» (Յովհ. 20.25)։

Յիսուս կը հրաւիրէ Թովմասը, որ իր ձեռքերը կողին մէջ խրէ եւ շօշափէ։ Բայց ան միայն կը բացագանչէ՝ «Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս»։

Յիսուս կ՚ըսէ անոր.

«Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞։ Երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»։ Յոյները նոր կիրակին Թովմայի կիրակի կը կոչեն:

Ինչպէս Մեծ պահոց շրջանի կիրակիները, Յինունքի 7 կիրակիները նոյնպէս մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցով անուանակոչուած են զատ անուններով, որոնք նոյնպէս կը խորհրդանշեն սուրբգրային կամ ուղղակի քրիստոնէական որեւէ իրողութիւն, յիշատակում կամ գաղափար: Յինանց բոլոր օրերը անխտիր ուտիք են եւ սնունդի նկատմամբ սահմանափակում չէ սահմանած մեր եկեղեցին: Յինունքէն ետք կը վերականգնուի չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու պահքը:

Մինչ արեւելեան եկեղեցիները Զատկին յաջորդող կիրակիին կու տան «նոր» մակդիրը, արեւմտեան եկեղեցիները զայն կը կոչեն «ճերմակ կիրակի»: Ահաւասիկ նորի, ճերմակի այս խորհուրդով ալ կը դիմաւորենք Յինունքը՝ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերուն ժամանակաշրջանը, որպէս ցնծութեան եւ ուրախութեան շրջան:

Մուղնիէն ճառագած Աւետարանի լոյսը կը կրկնապատկէ այդ ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը:

ՄՈՒՂՆԻԻ ՎԱՆՔՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ըստ 17-րդ դարու պատմագիր Զաքարիա Սարկաւագի, այս վանքը հիմնադրած է Յովհաննավանքի միաբանութիւնը՝ այնտեղ տեղափոխելով Սուրբ Գէորգի մասունքները։ Հաւանաբար այդ մէկը տեղի ունեցած է 13-րդ դարու առաջին կէսին, որովհետեւ արդէն 1278 թուականին Մուղնիի Սուրբ Գէորգ վանքին մէջ ձեռագրեր ընդօրինակուած են։ Սուրբ Գէորգ վանքէն Սուրբ Գէորգի մասունքներուն մէկ մասը տարուած է Վրաստան՝ վրաց արքայազնի բուժման համար։ Այդ մասունքները պահելու համար յետագային կառուցուած է Թիֆլիզի Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին (Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցի)։

13-15-րդ դարերուն Մուղնիի մէջ ձեռագրեր գրուած են, վանքը դարձած է հռչակաւոր ուխտատեղի։ 1580 թուականին վանքի առաջնորդ Ոսկան Վարդապետը Մուղնիի Ս. Գէորգ վանքին մէջ եպիսկոպոսական աթոռ հաստատած է: Վանքը ծաղկում ապրած է 17-րդ դարուն, երբ համալիրը երկու անգամ հիմնովին վերակառուցուած է։ 1632-1655 թուականներուն վանքի առաջնորդ Մարտիրոս Եպիսկոպոս քանդած է արդէն խարխուլ եկեղեցին ու միւս շինութիւնները եւ կառուցած նորը՝ երկու զոյգ մոյթերով եռանաւ պազիլիքը, պարիսպներ, խուցեր։ Սակայն 17-րդ դարու երկրորդ կէսին անմշակ քարով շինուած այս եկեղեցին չէր համապատասխաներ համահայկական ուխտատեղիի պահանջներուն, որու պատճառով Յովհաննէս Վարդապետը, ստանալով պարսից շահի արտօնութիւնը, հիմնովին քանդած է զայն եւ սրբատաշ տուֆ քարերով 1664-1669 թուականներուն կառուցած նորը։ Յովհաննէս Վարդապետ 1669 թուականին, մինչեւ շինարարութեան աւարտը, վախճանած է Ագուլիսի մէջ, ուր գացած էր եկեղեցիի կառուցման համար դրամ հանգանակելու։ Շինարարութիւնը կ՚աւարտէ Դաւիթ Վարդապետը։ Վանքի Ս. Գէորգ եկեղեցիի ճարտարապետն էր Սահակ Հիզանեցին, որու մահէն ետք (1666) անոր կը փոխարինէ իր փեսայ եւ աշակերտ ուստա Մուրատը։ 1734 թուականին Մուղնիի Սուրբ Գէորգ վանք ուխտի կու գայ Աբրահամ Բ. Խոշաբեցի Կաթողիկոսը։ 1811 թուականին առեւտրական մը՝ Յովհաննէս անունով եւ անոր կինը՝ Թամարը վանքին վարագոյր նուիրած են՝ խաչելութեան եւ վիշապին նիզակահարող հեծեալ Սուրբ Գէորգի պատկերով. վարագոյրը այժմ կը պահուի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ:

19-րդ դարուն Մուղնիի Սուրբ Գէորգ վանքը ուխտավայր եղած է նաեւ վրացիներու եւ պարսիկներու համար։ Վանքը մասնակի վերանորոգուած է 19-րդ դարուն։ Վանքի առաջնորդ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսը 1830 թուականին նորոգած է եկեղեցիին տանիքը, 1839 թուականին՝ կայծակէն փշրուած է գմբէթին ծայրը։ Մարտիրոս Արքեպիսկոպոս Կեսարացին վերանորոգած է վանքին պարիսպը, բնակելի եւ տնտեսական շինութիւնները։ 1863 թուականին վանահայր դարձած է Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սմբատեանց։ Աբէլ Եպիսկոպոս Մխիթարեան, դառնալով վանքի առաջնորդ, 1870 թուականին այնտեղ դպրոց հիմնած է, իսկ 1889 թուականին շարադրած է վանքին պատմութիւնը։ 1895 թուականին երեւանցի Աղամալ Մելիք-Աղամալեանի ծախսերով կառուցած է հիւսիս-արեւելեան կողմի բնակելի սենեակներուն երկրորդ յարկը։ Համալիրի հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի աղբիւրի փոքրիկ շէնքը՝ զուգակցուած ջրամբարին հետ։ Արեւելեան պարսպապատին կից են թաղածածկ սեղանատունը, մթերանոցը։ 2000 թուականին վանքը նորոգուած է եւ տարածքը բարեկարգուած Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի հոգածութեամբ։ Եւ 2000 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ վերաօծուած է վանքի եկեղեցին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023