ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՉԱԶՈՒՐԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­չա­զուրկ­նե­րու հա­մար ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը։ Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։ Միօ­րեայ մրցում­նե­րու ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ճատ­րա­կի աշ­խար­հէն այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017