ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ «ԶԱՐԹՕՆՔ»Ը ԱՌԱՒ

Մեր նախասիրած թերթին յարակայութեան ի խնդիր...

8 մայիս 2021-ին լիբանանահայ «Զարթօնք» օրաթերթի աշխարհասփիւռ ընթերցողները խմբագրութեան կողմէ ստացան նամակ մը (շատո՜նց սպասուած), ուր մասնաւորապէս գրուած էր հետեւեալը.

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի սիրելի՛ բարեկամ,

Ինչպէս գիտէք եւ միշտ գնահատած էք, մենք տարիներէ ի վեր նախանձախնդիր եղած ենք ամէն օր Ձեզի ղրկելու ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ելեկտրոնային թիւը:

Մենք այս բանը ըրած ենք սիրով եւ առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալիքի, որովհետեւ քաջ գիտենք, որ Դուք կը գնահատէք Հայ թերթը:

Լիբանանի ծանօթ պայմաններով՝ ԶԱՐԹՕՆՔ այսօր կանգնած է լուրջ դժուարութիւններու դիմաց: Հակառակ մեր հաստատակամութեան ու նուիրումին՝ մեզի համար սկսած է դժուար ըլլալ մեզի վստահուած սոյն վեհ առաքելութիւնը շարունակել առանց Ձեր բարեացակամ հասկացողութեան:

Այսօրուան դրութեամբ նոյնիսկ ելեկտրոնային նամակով մեծաքանակ հասցէներու ցրուումը ծախսի կը կարօտի, զոր հոգալու համար արդէն, ցաւօք, սպառած են մեր միջոցները:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ Ձեզմէ ազնուօրէն կը խնդրենք, թէկուզ փոքր գումարով, օգտակար ըլլաք Ձեր թերթին յարատեւ հրատարակութեան ու ցրուումին: Մեր ակնկալութիւնն է այս պահուս, որ խորհրդանշական «բաժանորդագրութեամբ» մը Ձեր լուման նուիրէք՝ յօգուտ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անխափան ցրուումին:

Գումարին քանակը կարեւորութիւն չունի: Կարեւորը Ձեր ազնիւ ձեռքի մեկնումն է՝ փրկելու համար իր 85-ամեակի սեմին գտնուող միշտ երիտասարդ ԶԱՐԹՕՆՔ-ը:

Մենք վստահ ենք, որ Դուք աւելի քան նախանձախնդիր էք պահպանելու մեզի հասած այս աւանդը[…]

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւն

Դեռ երկու ամիս առաջ «Մինչեւ ե՞րբ մեր թերթերը պիտի մնան կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց հովանիին ներքոյ» խորագրեալ յօդուածիս մէջ («ԺԱՄԱՆԱԿ», 15-3-2021) նշած էի, որ սփիւռքահայ թերթերը, նկատի ունենալով նամանաւանդ ներկայ համաշխարհային լաբիւրինթոսը, ստիպուած են վճարովի դարձնելու ելեկտրոնային առաքումները, եթէ իրապէս կ՚ուզեն գոյատեւել:

Ահաւասիկ առաջին քայլը «Զարթօնք»ը առաւ:

Արդ, եթէ մենք հաւատարիմ ընթերցողներ ենք, ապա պարտինք օգնութեան ձեռք մեկնել մեր նախասիրած թերթին ու նեցուկ կանգնիլ անոր ոչ միայն բարոյապէս, այլ նաեւ նիւթապէս: Որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, բարոյական օժանդակութիւնը կարեւոր է, բայց ամէն բան չէ: Ի՞նչ կարելի է ընել անով,- բացարձակապէս ոչի՛նչ,- երբ թերթը «երթալոց» է, եւ անոր անհրաժեշտ է տոկուն յենարան մը:

Սա ուղղակի «Զարթօնք»ին չի վերաբերիր, ի դէպ, այլ ձեր նախասիրած թերթին,- ըլլայ այդ «Ազդակ»ը, «Արարատ»ը, «Նոր օր»ը, «Հայրենիք»ը, «Ազատ օր»ը, «Գանձասար»ը, «Հորիզոն»ը, «Յառաջ»ը, «Ալիք»ը, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը թէ «Մարմարա»ն եւ այլն,- որ առանց ձեր շօշափելի ու մշտական նեցուկին՝ անտէր-անտիրական երեխայ մըն է՝ կարօտ անկեղծ սիրոյ ու գուրգուրանքի:

Իրողութիւնը այն է, որ «Զարթօնք»ի խմբագրութեան կոչին արձագանգեր է ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան ՀԻՆԳ ՀՈԳԻ,- զգայացո՜ւնց թիւ մը, չէ՞,- երբ, չմոռնանք, նամակը հարիւրաւոր, մինչեւ իսկ հազարաւոր հասցէներու ուղարկուած է:

Ե՞րբ այսքան անտարբեր դարձանք մենք, թէ՞ ի սկզբանէ էինք արդէն: Ու մանաւանդ ե՞րբ այսքան ձրիակեր, ձրիասէր ու ձրիապաշտ դարձանք ազգովին: Երբ կերակուրը ձրի է, իսկոյն կը յափշտակենք ու կը լափենք զայն, իսկ երբ վճարովի դառնայ ան, առանց վայրկեան մը իսկ վարանելու՝ կը հրաժարինք անկէ:

Կը յանդգնինք լրբօրէն յանդիմանել խմբագրութիւնը, երբ կամքէ անկախ պատճառներով քիչ մը ուշանայ թերթին առաքումը, մոռնալով, որ մենք՝ ձրիակերներս, տարիներէ ի վեր ո՛չ մէկ կոպէկ վճարած ենք անոր:

Եթէ անպայման կ՚ուզենք «իրաւասութիւնը» ունենալ «յանդիմանելու», հետեւաբար նախ եւ առաջ պէտք է «ցնծանք» կամայ-ակամայ: Իսկ ներկայիս, երբ տխմարաբար կ՚ակնկալենք, որ հայ թերթը ինքնիրեն բարգաւաճի ու յառաջդիմէ, ուրեմն մեզի կը մնայ ձեռնածալ նստիլ ու մեր մեծ բերանը փակել յաւիտեանս յաւիտենից:

Մենք՝ ընթերցողներս, պէտք է ԱՆՊԱՏՃԱ՛Ռ ընդառաջենք խմբագրութեան կոչին ու մեր թէկուզեւ փոքրիկ լուման ներդնենք թերթի բարգաւաճման գործին մէջ, որպէսզի այնուհետեւ ալ խմբագրութիւնը կարենայ, իր կարգին, թերթին վարկն ու որակը բարձրացնել նոր մակարդակի մը: Կը կրկնեմ. սա ոչ թէ «Զարթօնք»ին, այլ մեր նախասիրա՛ծ թերթին կը վերաբերի: Քանի որ եթէ այսօր «Զարթօնք»ը հանդէս եկաւ նման կոչով մը, վաղը կրնայ ուրիշ մը նոյնը ընել: Եւ ի՞նչ ձեւով կրնայ թերթին վարկն ու որակը բարձրացնել խմբագրութիւնը՝ ըսեմ. ահաւասիկ՝

ա) ուշադրութիւն դարձնելով լեզուա-քերականական վրիպակներուն,

բ) տեղ տալով բազմաբնոյթ ու հետաքրքրական, այլեւ քննադատական ու բանավիճային յօդուածներու,  

գ) պատրաստելով մշակութային յատուկ էջեր՝ շաբաթական դրութեամբ՝ բերելու համար թարմ լուրեր արուեստի բոլոր ոլորտներէն,

դ) խուսափելով արտատպումներէ:

Ընդամէնը մի քանի արմատական «փոփոխութիւն», եւ ամէն ինչ քիչ-քիչ կը փոխուի:

Այն ատեն կը սկսի առուտուր մը թերթին ու ընթերցողին միջեւ. վերջինս ցուցումներ կու տայ, կարծիք կը յայտնէ, կը զգուշացնէ, իսկ թերթը այդ բոլորը նկատի կ՚առնէ, չ՚անտեսեր, միշտ դրական կը վերաբերի իրեն հասցէին հնչած թէկուզ կոշտ ու կոպիտ քննադատութիւններուն:

Այս «առուտուրին» մասին ճիշդ վաթսունինը տարի առաջ գրած է անկրկնելի ու աննման Ծառուկեանը՝ որպէս թեմա ունենալով հայ ընթերցողին անբեկանելի անտարբերութիւնը իր կարդացածին հանդէպ.

«Հայ մարդը լուցկի գնելու պէս թերթ կը գնէ: Կը վճարէ, կ՚առնէ թերթը ու կ՚երթայ՝ առանց ետեւ դառնալու: Եթէ նոյնիսկ իր թերթին մէջ օձի պատկեր մը տեսնէ, որուն տակ գրուած ըլլայ կով, դարձեալ իր հոգը չէ, եւ մտքէն չ՚անցըներ երկտող մը գրել թերթին եւ յիշեցնել, թէ կովուն օձ չեն ըսեր: Այլեւս ինչո՞ւ զարմանալ, որ հայ թերթերն ալ տարիներով եւ տասնամեակներով մնան այնպէս, ինչպէս որ են:

Կ՚ուզէ՞ք լաւ թերթ ունենալ: Հսկեցէ՛ք ձեր նախասիրած թերթին վրայ, յուշեցէ՛ք, ճշդեցէ՛ք, թելադրեցէ՛ք, քաջալերեցէ՛ք: Գրողներն ալ մարդ են: Ունենալով հանդերձ իրենց սեփական տեսակէտներն ու ճաշակը՝ կ՚ուզեն գիտնալ նաեւ ուրիշներուն կարծիքն ու ճաշակը:

Գրեցէ՛ք թերթին, ձե՛ր թերթին, ինչպէս կը գրէք ձեր բարեկամին: Մի՛ վախնաք քննադատելէ եւ մի՛ զլանաք ձեր քաջալերանքը: Իւրաքանչիւր ընթերցող եթէ տարին մէ՛կ թելադրանք իսկ ընէ, անկարելի է, որ հազարաւոր խորհուրդներուն մէջէն օգտակար բան մը չհանէ թերթ մը եւ չգործադրէ» («Նայիրի», 7 Սեպտեմբեր 1952):

Անշուշտ կայ «փոքրիկ» տարբերութիւն մը 1950-ական թուականներու ընթերցողներուն եւ այսօրուաններուն միջեւ: Ուրեմն Ծառուկեան կը գրէ, որ ընթերցողը կը գնէ՛ թերթ, սակայն ոչ մէկ հակազդեցութիւն կ՚ունենայ իր կարդացածին հանդէպ: Անտարբերութիւնը, ինչպէս գիտէք, մահացու է: Սակայն կարեւորը այն է, որ կը գնէ: Մինչդեռ մերօրեայ ընթերցողը ո՛չ կը գնէ եւ ո՛չ ալ սիրտ ունի կարծիք յայտնելու,- խորհելով, թէ ոչինչ պիտի շահի անկէ, ուստի ինչո՞ւ պարապ ժամանակ վատնել,- բայց եւ այնպէս յոխորտալով կը ստորադասէ հայ մամուլը՝ զայն որակելով «արժեզուրկ», «անպէտ» ու «ցածորակ»:

Ծաղիկը թէ՛ չջրել ու թէ՛ մեղադրել զայն թոռմելուն համար. սա ինչպիսի՞ մտածելակերպ է, ինչպիսի՞ տրամաբանութիւն: Գորդեան հանգոյց մը արդարեւ, որ կարելի է գտնել միայն ու միայն հայ ընթերցողին ուղեղին մէջ:

Ընդամէնը հի՜նգ հոգի...

Հարիւր-հազարաւորներէն միայն հի՜նգ հոգի...

Հի՜նգ հոգի...

Ո՛վ ձրիակեր ու ձրիապաշտ հայ ընթերցող, եթէ այսօր հայ թերթը ողորմելի վիճակի մէջ է, ապա մեղաւորներ մի՛ փընտ-ռեր հոս ու հոն, որովհետեւ մեղաւորը լոկ ի՛նքդ ես:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021