ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՎԱՅԵԼՔՆԵՐՈՒ ԱՅԳԻ

Հոլանտացի յայտնի նկարիչ Հիերոնիմուս Պոսի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնն է «Երկրային վայելքներու այգի»ն, որ նկարած է 1503 թուականին։ Նկարը զարմացուցած է եւ կը շարունակէ զարմացնել մինչ օրս եւ դժուար է հաւատալ այն փաստին, թէ այդ ստեղծագործուած է գրեթէ 500 տարի առաջ։ 

Պոսի վերոնշեալ ստեղծագործութիւնը երբեք կարելի չէ միայն միջնադարեան գերիրապաշտութեան մէջ դասել։ Պոս նկարի մէջ հիւսած է բազում սարսափելի կերպարներ կամ տեսարաններ։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ Պոս անուանուած է՝ «վախերու եւ սարսափներու վարպետ»։ Բազմաթիւ ժամանակակից արուեստագէտներ նկարիչը կը համարեն՝ գերիրապաշտութեան նախահայրը։

1939 թուականէն ի վեր վերոյիշեալ նկարը կը ցուցադրուի Մատրիտի «Փրատօ» թանգարանէն ներս։ Նկարի իսկական անուանումը յայտնի չէ. «Երկնային վայելքներու այգի» անուանումը տրուած է հետազօտողներու կողմէ։ Կտաւը աշխարհը պատկերած է՝ որպէս բիւրեղեայ գունդ, երբ միակտուր է։ Իսկ երբ այն բացուի, կ՚երեւի դրախտի, երկրային աշխարհի եւ դժոխքի երեւակայական պատկերումը։ Կտաւի ձախ կողմը պատկերուած է դրախտը, աջ կողմը՝ դժոխքը, իսկ կեդրոնը՝ երկիրը, ուր մարդիկ կը զուարճանան երկրային վայելքներով, առանց մտածելու դրախտի կամ դժոխքի գոյութեան մասին։

Ձախ կողմը պատկերուած է Աստուած, որ դրախտի անդորր մթնոլորտին մէջ Ադամին կը ներկայացնէ Եւան։ Դրախտի մէջ կան զանազան կենդանիներ, որոնց շարքին կարելի է տեսնել ընձուղտ, փիղ, նաեւ բազում առասպելական կենդանիներ՝ ինչպէս վիշապ, միաեղջիւր ձի եւ այլն։ Երեւակայական կենդանիները, դրախտի կառուցուածքը հնարաւոր է ներշնչուած ըլլան Հնդկաստանի մասին միջնադարեան պատկերացումներէն. Ալեքսանդր Մակեդոնացիի ժամանակաշրջանէն սկսեալ եւրոպացիներու պատկերացումներուն մէջ Հնդկաստան եղած է կորուսեալ դրախտ, առեղծուածներու եւ հրաշալիքներու վայր։ 

Նկարի կեդրոնական հատուածին կան տեսարաններ, որոնք կը ցոլացնեն դրախտային հանգստութեամբ շարժող կերպարներ։ Նկարչի գլխաւոր նպատակը, վստահաբար, եղած է քմահաճութիւններու, զգայապաշտ հաճոյքներու անցողական բնոյթի պատկերացումը, երբ մարդիկ ու կենդանիներ խաղաղ գոյատեւած են ու առատօրէն ըմբոշխնած՝ մայր հողի պարգեւած պտուղները… 

Եռապատկերի աջ հատուածին ներկայացուած են Պոսի ստեղծագործութեան ամենաշատ անհանգստութիւն ու վախ յառաջացնող կերպարները, մղձաւանջային տեսարաններ՝ զազրելի դժոխք մը։ Շէնքերը իրենց «կայծակնային շողերով» կը «լուսաւորեն» նկարին մռայլ ֆոնը, իսկ լիճերը արիւնագոյն են։ Դժոխքը կան թափանցիկ կերպարներ, երեւակայական սարքեր, հրէշներ եւ տանջուող մարդիկ։ Անոնք կը խորհրդանշեն մեղքերու պատճառով կուրացած եւ երկնային լոյսէ զրկուած մարդիկը։ Մեռեալներ տանջանքներու ենթարկուած են այն առարկաներով, որոնք երկրային կեանքի ընթացքին ծառայած են անոնց վայելքներու համար։ 

Այս ստեղծագործութիւնը կարելի է համարել նկարիչի զգացումներու եւ ապրումներու համադրումը, մարդկային ճակատագրի արտացոլումը՝ ըստ անոր երեւակայութեան: Այս եռամաս պաստառը կեանքի եւ մահուան, մարդկային եւ կենդանական աշխարհներու թէ՛ հակադրումը եւ թէ համադրումն է։ Նկարը տակաւին կը շարունակէ մնալ ամբողջութեամբ չբացայայտուած, խորհրդաւոր, բայց ուշագրաւ՝ իր անիրականութեամբ։ Չէ բացայայտուած նաեւ, թէ Պոս ի՛նչ կը պատկերացնէր նկարը ստեղծագործելու ժամանակ։

Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, թէ Հիերոնիմուս Պոս արուեստի պատմութեան մէջ մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունեցած է եւ մինչ օրս անգերազանցելի են անոր ստեղծագործութիւնները։ Նկարիչը հեղինակն է բազմաթիւ հետաքրքրական ու առեղծուածային արուեստի գործերու, որոնց ամենայայտնին է «Երկրային վայելքներու այգի»ն, որ տակաւին ունի անլոյծ գաղտնիքներ։ 

Օքլահոմայի Քրիստոնէութեան համալսարանի երաժշտութեան եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու բաժինէն Ամելիա անունով աշակերտ մը վերջերս առաջին անգամ անդրադարձած է նկարի աջ հատուածին մէջ քօղարկուած մանրամասնութեան, ուր մեղաւորներէն մէկուն մարմնին վրայ գծուած է երաժշտական ձայնանիշներ։ Ամելիան որոշած է դաշնակով նուագել այդ ձայնանիշները եւ ձայնագրելով հրատարակել։ Իր այս աշխատանքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Ստացուած արդիւնքը եւ ընդհանուր առմամբ՝ նկարը կրկին անգամ ապացուցանած են «դիտելու» եւ «տեսնելու» միջեւ տարբերութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 17, 2021