ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐԴԻԿ

Թէպէտ իմ կեանքի կարեւորագոյն շրջաններուն կը կայացնեմ ինքնուրոյն որոշումներ, այնուամենայնիւ կը կարեւորեմ այլոց կարծիքը: Մարդիկ մշտապէս եղած են կարեւոր ինծի համար: Տակաւին մանկունց իմ ներաշխարհի մէջ ձեւաւորուեցաւ մարդիկը կորսնցնելու վախ մը: Երկրորդ վախն ալ՝ մարդիկը նեղացնել, ցաւ պատճառելն էր: Կը խուսափէի մարդիկը նեղացնելէ, նոյնիսկ երբ իմ դիմացինը գիտակցաբար, կամ անգիտակցաբար կը յուզէր զիս հոգաչափ: Վիրաւորանքը իմ մէջ այնքան խորունկ էր, որ ես կը վախնայի իմ դիմացինը վիրաւորելէ:

Կը ջանայի ըլլալ շատ-շատ լաւը, որպէսզի չնեղացնեմ, չկորսնցնեմ իմ կողքի մարդիկը: Ամէն կերպով կը փորձէի օգնել, հասկնալ իմ դիմացինը: Ամէն ժամ ըլլալ անոնց կողքին, որ կը զգար իմ օգնութեան կարիքը: Մէկ խօսքով՝ կը ձեւանայի փրկիչ: Սակայն շատեր պարզապէս գործածեցին իմ այդ թոյլ կողմը եւ յաջորդիւ զիս դուրս նետեցին իրենց կեանքէն:

Իմ կեանքի մարդիկ:

Իմ կեանքի առաջին ու կարեւորագոյն անհատը մայրս է: Բաւական ուշ հասկցայ այս մէկը: Ես երբեք իմ մայրիկի հետ չեմ եղած շատ մտերիմ: Տեսակ մը մինչեւ այսօր կ՚ամչնամ անկէ: Չեմ կրնար իմ բոլոր մտածումներս անոր դիմաց արտայայտել: Ամօթի զգացումն է, որ պատնէշ կը հիւսէ իմ ու մայրիկիս միջեւ:

Ես կը դասուիմ այն երջանիկներու շարքին, որոնք ունին նուիրեալ մայր, անսահման սէր կը վայելեն իրենց ծնողի կողմէ: Ունին այնպիսի մայր, որ յանուն իր զաւակի բարօրութեան պատրաստ է ամէն տեսակ զոհաբերութեան: Մայրս բազմիցս ինծի ապացուցեց իր այդ նուիրեալ տեսակը: Լոյս աշխարհ գալէս ի վեր, մեր տան կտուրէն ներս կը վայելեմ սէրը՝ մեծ մօրս, մեծ հօրս ու մայրիկիս: Մայրս երբեք բառերով չէ արտայայտած իր սէրը: Ան մեզ՝ զիս ու եղբայրս, շատ չէ գրկած, համբուրած, խոստովանած՝ թէ որքան շատ կը սիրէ մեզ: Ան մշտապէս իր սէրը ի ցոյց դրած է իր նուիրումի, իր մայր տեսակի մէջ։ «Մեր մեծերը կ՚ըսէին՝ ամօթ է մայրը իր երեխան սիրէ, գրկէ, համբուրէ: Այդ ամօթանքը վաղուց նստուածք թողած է իմ մէջ: Այդ է պատճառը, որ ես երբեք չկրցայ իմ սէրը ի ցոյց դնել զաւակներուս նկատմամբ. կ՚ամչնայի», կը խոստովանի իմ մայրիկը: Սակայն այսօր ան անթաքոյց իր սէրը կը շռայլէ իր երեք թոռնիկներու նկատմամբ: Երբեմն ինծի կը թուի, թէ թոռնիկներուն կ՚ընծայէ նաեւ այն համբոյրները, գրկախառնութիւնները, սիրոյ խոստովանութիւնները, գեղեցիկ խօսքերը, որոնք կը պատկանէին մեզի:

Մեր կեանքի մարդիկ կը փոխուին:

Իմ աշխարհը բաղկացած էր իմ մեծ մօրմէ, մեծ հօրմէ, մօրմէ, եղբօրմէ, մօրեղբօրմէ, մօրաքրոջմէ եւ վեց զարմիկ-զարմուհիներէն՝ Լիլիթ, Ալէոնա, Պելլա, Գոհար, Գայեան ու Դաւիթ: Մենք իրարու հետ շատ կապուած էինք: Իմ բոլոր զարմիկ-զարմուհիները մինչեւ այսօր կը բնակին Ռուսաստանի մէջ: Անոնք ամէն ամառ մեզի կ՚այցելէին, երբեմն երկար ժամանակով: Մեր բաժանումի պահերը շատ տխուր էր: Ես շաբաթներ շարունակ կը տխրէի: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը շատ-շատ կը սիրէի: Իսկ ամենաշատը կը սիրէի Լիլիթը: Վերջինս մեր ամենամեծ քոյրիկն է: Ան միշտ շատ սիրուն, խելացի ու ճաշակաւոր եղած է: Միշտ փորձած եմ արժանանալ անոր ուշադրութեան, նմանիլ անոր: Ան մշտապէս ինծի համար օրինակելի մէկը եղած է: Գոհարի հետ հասակակիցներ ենք: Մշտապէս մտերիմ ընկերուհիներ եղած ենք մինչեւ մեծնալը: Երբ ինծի կը հարցնէին. «Քանի՞ երեխայ էք»: «Ութ», կը պատասխանէի ես: Անոնք՝ իմ զարմիկ-զարմուհիները, ինծի համար շատ հարազատ էին: Ես անոնք կը համարէի իմ հարազատ քոյր ու եղբայրները:

Աւա՜ղ, տարիները բաժնեցին մեզ: Տարիներու հոլովոյթին զգացի, որ ես անոնց համար այնքան կարեւոր ու հարազատ չեմ, որքան իրենք ինծի համար: Շատ տխուր եմ, որ իմ շատ սիրելի քոյրիկի՝ Լիլիթի հետ այսօր չենք տեսակցիր: Անախորժութեան մը պատճառաւ գժտուեցանք: Միւսներու հետ տարին մէկ-երկու անգամ կը խօսինք: Իմ քոյրիկ-ընկերուհի Գոհարէն հոգեպէս հեռացանք, այլեւս մտերիմներ չենք:

Իմ կեանքի երբեմնի կարեւորագոյն մարդիկը ցրուեցան իմ կեանքէն: Անոնց եկան փոխարինելու նորերը: Մեծ մայրս ու մեծ հայրս հեռացան կեանքէն, անոնց տեղը մնաց դատարկ: Այդ դատարկութիւնը լրացնելու եկան իմ զաւակները՝ Զաւէնն ու Դանիէլը: Երբեմնի անծանօթը դարձաւ իմ կեանքի ուղեկիցը: Առանց Արիի ես կը դժուարանամ պատկերացնել իմ կեանքը: Յուսամ Աստուած մեզ արժանի պիտի համարէ կեանք մը միասին ապրելու ու վայելելու:

Նոր մարդիկ:

Նոր հայր ու մայր ունեցայ: Քաթիան ու Վաղարշակը կը զբաղեցնեն իմ կեանքի կարեւորագոյն մարդոց շարքը: Անոնք ալ նուիրեալներ են: Գիտեմ, զիս շատ կը սիրեն: Մենք յաճախ զիրար չենք հասկնար, կը գժտուինք: Սակայն մշտապէս կը ներենք զիրար եւ ա՛լ աւելի շատ կը սիրենք:

Ունիմ հին ու նոր ընկերներ: Հին ընկերները կը նմանին հին գինիի: Անոնց հետ մշտապէս հաճելի է զրուցել, ժամանակ անցընել: Անոնք զիս կը փոխադրեն անցեալ: Միասին կը թերթենք անցեալի էջերը ու կը զուարճանանք մեր անփորձութեան ու թերութիւններու վրայ:

Իմ կեանքի մարդիկ շատ են: Անոնց միացաւ նաեւ Աստուած, Որու կերպարանքով ստեղծուած է մարդ արարածը: Կը փորձեմ ընկերանալ, սիրել ու ճանչնալ Տէրը: Ամուր բռնած եմ Բարձրեալի ձեռքէն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023