ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ (2) ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Կը յիշեմ, ժողովուրդը ի սկզբանէ չէր ուզեր Սերժ Սարգսեանը։ Սակայն, ի հեճուկս ամէն տեսակ ըմբոստացումներու, ան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ։

Արցախեան հողի մէջ ծնած ու սնած, հայկական Երկրորդ Հանրապետութեան ստեղծման ու կայացման մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցած մեծ հայրենասէրը հայաստանցիները չընդունեցին գրկաբաց, ինչ որ լաւագոյնս իր արտացոլումը գտած էր 2008 թուականի մարտի 1-ի արիւնալի դէպքերուն մէջ։ Պատճա՞ռը… յստակ չեմ կրնար նշել։

Անթաքոյց, Սերժ Սարգսեանի կառավարման տարիները լաւագոյնը չէին հայ ժողովուրդի համար։ Երկրի մէջ գլուխ բարձրացուցած էին անօրէնութիւնը, կաշառակերութիւնն ու լկտիութիւնը։ Երրորդ նախագահի մերձաւորները՝ յանձինս իր եղբօր, ինքզինքնին հռչակած էին երկրի տէրն ու տիրակալը։ Ըստ շրջանառող խօսակցութիւններու, եղբայրը Հայաստանի բոլոր գործարարներէն կը պահանջէր իրենց եկամուտի յիսուն տոկոսը։ Մերձաւորներն ալ ինքզինքնին չափազանց վեր կը դասէին հասարակութենէն, կը ստորացնէին, կ՚անպատուէին իրենց դէմ ելած անձերը։ Տասն տարի շարունակ երկրին մէջ կը տիրէր խնամի, ծանօթ, բարեկամ անքակտելի շղթան։ Որքանո՞վ էր մեր բազմազբաղ ու բազմահոգ երրորդ նախագահը տեղեակ այս բոլորէն, կը դժուարանամ պատասխանել։ Սակայն փաստ է՝ անկարելի է, որ Սերժ Սարգսեան բոլորովին անտեղեակ ըլլար։ Ամէն տեսակ ապօրինութիւններն ու անարդարութիւնները տեղի ունեցած ըլլային երկրի ղեկավարի աչքէն հեռու։ Թերեւս կրնայ պատահիլ՝ մէկը կ՚իմանար, տասն չէր իմանար։ Այդ մէկուն վրայ ալ երբեմն աչք գոցելով՝ երկիրը կը մատնուէր բարձիթողի վիճակի։ Ստեղծուած տխուր պատկերը պատճառ դարձաւ, որ հազարաւոր հայեր արիւնոտ սրտով, տամուկ աչքերով լքեն հայրենիքի սահմանները…

Յիրաւի, Սերժ Սարգսեանի կառավարման օրօք երկիրը ներքուստ կը տկարանար, կը հիւծէր, սակայն արտաքուստ կը բարգաւաճէր ու կը ծաղկէր։ Ամենակարեւորը հայկական երկու հանրապետութիւններու սահմաններն անառիկ էին։ Ինչպէս Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն, Սերժ Սարգսեանի օրօք նոյնպէս արցախցին հանգիստ էր ու պաշտպանուած։ Վստահ էր, թէ իր ներկան ու ապագան կը գտնուին ապահով ձեռքերու մէջ։

Առիթով մը, պարոն Սարգսեան իր հպարտ կեցուածքով յայտարարած էր. «Ես կը շտապեմ դանդաղ»։ Երեք բառէ բաղկացեալ սա նախադասութիւնը իր մէջ կը ներառէ անյատակ խորունկ իմաստ։ Այո՛, ան դանդաղ շտապելով միջազգային, դիւանագիտական հարթակներու վրայ կ՚ապահովէր Հայաստանի վաղուայ օրը։

Ըստ իս, զարգացած, ճկուն ու հնարամիտ մեր նախագահի միակ թերացումը՝ խնամի, ծանօթ, բարեկամ կծիկն էր, որ ակամայ վերածուեցաւ հանգոյցի։ Սա բացթողումն ալ կարեւոր ազդակ հանդիսացաւ իշխանափոխութեան համար։

2018 թուականի մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ջանքերով՝ երկրին մէջ տեղի ունեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութիւն։ Ներկայիս վարչապետը եկաւ ու քանդեց հանգոյցը։ Այն հանգոյցը, որ փուշի պէս խրուած էր ժողովուրդի կոկորդին։

Մարդիկ սկսան ազատ շնչելու, ապագային նայելու պայծառ գոյներով։ Հայոց աշխարհը կը ցնծար ուրախութենէ, մարդիկ կը պաշտէին իրենց քաջ վարչապետը…

Ինչպէս բոլոր հեքիաթներու մէջ, մեր հեքիաթը նոյնպէս ունեցաւ բարի վերջաբան՝ առանց վերջակէտի։ Կտրիճ մը եկաւ եւ դաժան հաշուեյարդար տեսաւ չարի դէմ։ Բոլոր կողոպտիչներն ու օրինազանցները ենթարկուեցան խստագոյն պատասխանատուութեան, ոմանք ալ յայտնուեցան ճաղերու ետեւ։

Կեղեքիչներու դէմ հաշույարդար տեսնելու կարողութիւնն ալ դարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խաղաքարտը՝ ժողովուրդի ակնածանքին արժանանալու ճանապարհին։ Մոխրագոյնի երանգներով պատուած երկիրը սկսաւ երազելու։ Աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ լոյս ծագեցաւ՝ վերադառնալ հայրենիք, արարել ու ապրիլ։ Նիկոլ Փաշինեանի յուսադրիչ խօսքերէն ու ելոյթներէն ոգեւորուած բազմաթիւներ վերադարձան։ Սակայն վերադառնալով նշմարեցին, որ խօսքը տակաւին գործի կէսն անգամ չէ…

Անտարակոյս, պարոն Փաշինեան բորբոքեց հայոց մէջ խամրող յոյսը.  նոյնիսկ բոցավառեց։ Սակայն փաստ է, որ բոցերն ի վերջոյ կը սկսին մարիլ։

Իրավիճակի փոփոխութեամբ, երկրի արտաքին ու ներքին երեսակները փոփոխման ենթարկուեցան. երկիրը ներքուստ՝ պայմանական ապահով է, իսկ արտաքին խնդիրներու եւ յարաբերութիւններու վիճակը նախանձելի, առաւել եւս գովաբանելի չէ։

Թերեւս քորոնաժահրի դէմ արդիւնաւէտ պայքարի միջոցները կրնային վարչապետ Փաշինեանի յաղթական երկրորդ խաղաքարտը դառնալ, բայց եկուր ու տես, որ տեղի ունեցաւ ճիշդ հակառակը։ Երկիրը ներկայիս կը գտնուի անելանելի իրավիճակի մը մէջ՝ քայքայող տնտեսութիւն, խամրող յոյսեր, օրէ օր բազմացող համաճարակ, ոչ-արհեստավարժ մօտեցումներ ու գործիչներ…

Նորէն ոմանց միտքը արտագաղթն է, նորէն շատեր յուսահատ են, աւելի ճիշդ՝ յուսախաբ։ Իսկ յուսախաբութիւնը յուսահատութենէ առաւել վտանգաւոր է։ Նիկոլ Փաշինեանի գեղեցիկ ու ախորժելի խօսքերը ճաշակելու ժամանակ կը զգաս անհամութիւն, երբեմն ալ՝ դառնութիւն։ Կարծեմ անոնք միայն ունկնդրելու համար են։

Ինչեւէ, երախտապարտ ենք պարոն Փաշինեանին հայոց համար շատ կարեւոր խնդիր մը արմատախիլ ընելու համար, սակայն մեզ ու մեր երկրին պէտք է աւելին՝ հինի ու նորի խառնուրդը՝ ողողուած հաճելի անակնկալներով, նորարարութիւններով…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020