ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՀԱՑԹՈՒԽՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԲՆԱԿ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ

Վերջին տարիներուն աճած է սփիւռքահայերուն թիւը Հայաստանի մէջ, յատկապէս անոնց, որոնք հողամասեր կը գնեն ու տարիներու ընթացքին կը յարդարեն, կը կահաւորեն ու բնակելի առանձնատան մը տեսքը կու տան իրենց կալուածներուն, ուր կ՚անցընեն ամառնային արձակուրդները եւ խնջոյքներ, հաւաքներ կը կազմակերպեն իրենց բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն հետ:

Այս խնջոյքներէն մէկուն ընթացքին, առանձնատան բակին մէջ թոնրատուն մը շինած սփիւռքահայը հացթուխ կիներ կը հրաւիրէ, որպէսզի իր հիւրերուն թարմ թոնիրի լաւաշներ հիւրասիրէ ու հայկական համ ու հոտ պարգեւէ խնջոյքին: Թոնրատունը տեսնող հարազատները մի առ մի կը մօտենան ու կը նկարեն հացթուխ կիները: Քրտնաթաթախ ու յոգնած կիները ամէն մէկուն հետ զրոյց մը կը բանան ու՝

-Լուսանկարէ՛ք, լուսանկարէ՛ք, ու այդ պատկերները տարէք ձեզ հետ, ցուցադրէ՛ք ու մեզ մի լաւ գործ ճարէք էնտեղ, մենք էլ գնանք ու ձեր երկրներում փող շահենք:

Կ՚ըսէ հացթուխը առանց իմանալու, որ զինք նկարողը հայաստանաբնակ սփիւռքահայ մըն է:

ՇԻՏԱԿՆ ՈՒ ՇԻՐԱԿԸ

Աշտարակի մէջ սփիւռքահայ կին մը թաքսի նստած ուղղութիւն կու տայ վարորդին.

-Շիտակ գացէ՛ք:

-Աշտարակում Շիրակ փողոց չկայ, քուր ճան,- կը պատասխանէ վարորդը:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՋՈՒՐԸ

Համահոմենըթմենական բանակումին ընթացքին, պատասխանատուները կը յորդորեն, որ բանակողները բանակավայրի ծորակներէն ջուր չխմեն, այլ օգտագործեն Ջերմուկ, Բիւրեղ եւ այլ անուններով շիշերու մէջ լեցուած մաքուր ջուրեր, զգուշանալու համար հիւանդութիւններէն: Բանակողներէն մին կը միջամտէ՝

-Ինչպէ՞ս չխմենք: Ես եկած եմ հայրենիքիս ջուրը խմելու, պիտի խմեմ,- կ՚ըսէ տաքարիւն պատանին եւ բանակողներէն շատերը կը հետեւին իրեն:

ՌՈՒՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Սփիւռքահայ, մի քանի տարուան Հայաստան հաստատուած միջին տարիքի կին մը, երբ իր տան մօտակայ պտղավաճառէն գնում կ՚ընէ, կը նշմարէ կին մը ելակի սակառներուն մօտ, որ՝

-Կլուպնիքը (клубника ռուս. ելակ) ի՞նչ արժի,- կը հարցնէ:

Սփիւռքահայը իսկոյն կը հասկնայ, որ ելակին մասին է ակնարկը ու մի քանի անգամ կը կրկնէ բառը, որ միտքը պահէ ու հասկնայ երբ լսէ:

Պտղավաճառէն գնումը աւարտելէ ետք, կը շտապէ ներքնազգեստներու վաճառատունը, որ հանդիպակաց մայթին վրայ կը գտնուի: Հոն հաշուիչ մեքենային մօտ մի քանի յաճախորդ կը զրուցեն՝

-Տե՛ս, էս քուբալնիքն (купальник ռուս. լողազգեստ) եմ առել, հազիւ եմ գտել իմ չափսի մի հատ, վաղը ջրաշխարհ ենք գնալու. լաւն է, չէ՞,- կը հարցնէ բարեկամուհիին:

-Ի հարկ է, Լուս ճան, շատ լաւն է, կը սազի քեզ,- կը պատասխանէ զրուցակիցը:

Սփիւռքահայ կինը այս անգամ կը մտապահէ լողազգեստին ռուսերէն հոմանիշը, բայց եկուր տե՛ս որ քուբալնիքն ու կլուբնիքը իրար կ՚անցնին ու հազիւ թէ ան դուրս կ՚ելլէ վաճառատունէն, դէմը, մայթեզրին նստող մի քանի տեսակ պտուղ վաճառող տատիկին ելակի ամանները կը գրաւեն իր ուշադրութիւնը, ու՝

-Քուբալնիքը ի՞նչ արժի, տատ ճան,- կը հարցնէ նոր սորված բառին գործածութենէն գոհունակ տեսքով մը:

-Ի՞նչ քուբալնիք, աղջի՛կ ջան, սա կլոբնիք ա, ելակ ասա՛, էլի՛,- կը պատասխանէ տատիկը:

Այ քեզ բա՜ն...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2018