ՄՏԵՐՄԻԿ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ

Արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամենագեղապաշտ բանաստեղծը նկատուող Միսաք Մեծարենցի նամակներուն մէջ առանձնակի տեղ ունին գրողին գրած նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեանին: Ըստ ժամանակակիցներու տուած վկայութիւններուն, իր կեանքի վերջին տարիներուն, Միսաք Մեծարենց հրապուրուած է բժիշկ Տիգրան Գասապեանի կնոջմով՝ բժշկուհի Օֆէլիա Ներկարարեանով, որ նաեւ առաձնակի ներշնչանքի աղբիւր դարձած է գրողին համար: Անոնք բաւական մտերմացած են եւ Օֆէլիան նոյնիսկ Մեծարենցին հետ ելած է երկար զբօսանքներու, որոնց ընթացքին անոնք խօսած են գրականութեան մասին:

Իր յուշերուն մէջ Օֆէլիան նոյնպէս անդրադարձած է Մեծարենցին, յիշելով որ Մեծարենց Պոլսոյ բնապատկերները համեմատած է իր գիւղի տեսարաններուն հետ: Օֆէլիան իր կարգին երգեր գրած է Մեծարենցի համար, եւ երբ երեկոյեան հանդիպումներէն ետք գրողը հրաժեշտ տուած է անոր, ըսած է. «Ապրեցա՜նք այսօր»։

Օֆէլիայի մասին յիշատակում կայ նաեւ Մեծարենցի կենսագիր Թորոս Ազատեանի գրութեան մէջ.

«Միսաք իբրեւ կին կը ճանչնար միայն տքթ․ Օֆէլիան. զարգացած, մանաւանդ իտէալ հայ կինը կը գտնէր անոր մէջ եւ անոր հետ կը կապուէր գաղափարական սիրով մը»։ Այս կապին մասին ակնարկած է նոյնիսկ բժիշկ Տիգրան Գասապեան իր օրագրին մէջ, նշելով, որ բանաստեղծը անհամբերութեամբ կը սպասէր իրենց հետ հանդիպումներուն եւ մանաւանդ՝ Օֆէլիային։ Գասապեան բժշկութենէն զատ նոյնպէս գրած է բանաստեղծութիւններ, յօդուածներով թղթակցած է հայկական թերթերուն ու հանդէսներուն։ Յետագային անոր այրին երկու դուստրերուն հետ բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըս։

Մեծարենցի նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեանին, տեղ գտած են գրողին երկերուն մէջ: Մեծարենց նամակներու մէջ նաեւ իր կեղծանուններէն մէկը՝ Շաւասպը գործածած է:

Կը ներկայացնենք այդ նամակները (թուագրուած 1907-ին) եւ եւս երկու նամակ, որ Մեծարենցը գրած է բժիշկ Տիգրան Գասապեանին:

ՕՖԷԼԻԱ ՆԵՐԿԱՐԱՐԵԱՆ-ԳԱՍԱՊԵԱՆԻՆ

Ազնիւ եւ սիրելի Օֆէլիա,

Դարձեալ ճառագայթի պէտք ունիմ, անգամ մըն ալ ծագեցնեմ մտքիս մէջ քու գաղափարիդ լոյսը՝ ու մօտենամ քաղցր ու սփոփարար հոգիիդ, ո՜վ ճառագայթ քոյրս, որովհետեւ այս առտուան բոլոր արփային ճառագայթներուն մէջէն քոյր մը չգտայ ինծի, -ամէնն ալ երջանիկ ու անտարբեր անցան սեղանիս հոգիին ու հոգիիս սեղանին վրայէն. եւ որովհետեւ բոլոր քոյրերուն մէջէն ալ ճառագա՜յթ մը չգտայ, որ հոգւոյս մթութիւնը լուսաւորէր…։ Թղթիկ մը ծրարեմ ըսի, որովհետեւ պէտք ունէի, որ մանիշակագոյն տողերուս ընդմէջէն քու պատկերիդ կենսաւէտ ճառագայթո՜ւմը տեսնէի. չպիտի մոռնամ, թէ դուն հաւատքի մը չափ քաղցր ու ամոքիչ ու կորովի նեցուկ մը եղար իմ գաղափարիս՝ որ կը գահավիժէր հայ աղջիկներու ապագային մասին կազմած յուսահատութեանս փոսին մէջ. դուն ճառագա՜յթ մը եղար, այդ փոսին վրայ նշուլող ճառագա՜յթ մը։

«Լոյս»ի յօդուածդ կարդացի. օ՜խ, ի՜նչ հանգիստ՝ վերջապէս հայ աղջի՛կ մը՝ որ լուրջ ու գաղափարական բան մը գրելու կորովը կ՚ունենայ, փոխանակ մեղկ սարսուռներու մէջ օրօրուելու, փոխանակ հեշտախտաւոր թարգմանութիւններ ընելու եւ պչրասիրական խտղտանքներ պտըտցնելու հոգիներուն մէջ այն աղջիկներուն՝ որոնց իտէալն է պուպրիկներ ըլլալ. ո՞րն է այսօրուան քաղքենիներուն յատկանիշը. հագուի՜լ, երեւա՜լ-չըլլա՛լ. քիչ մնացեր էր, որ շնչահեղձ ըլլայինք այդ վատառողջ կազերէն. վերջապէս այս հոսանքին մէջ ըլլալուն ջատագով մը կը հանդիսանաս դուն՝ ու ճիշդ վայրկեանին կը հասնիս բժշկելու։

Չկարծես, թէ միակ յօդուածդ բաւական եղաւ ինծի՝ տպաւորութեանդ ենթարկուելու. այդ յօդուածը ինծի կը խոստանար ու երեւակայել կու տար. նմանօրինակ գրութիւններու ամբողջ շարք մըն է, որ կ՚երեւակայեմ ու մանաւանդ իրաւունք ունենալ կը կարծեմ սպասելու մէկէն՝ որուն մէջ բաւականէն աւելի զօրաւոր մնացած են բնազդները՝ հակառակ կարծեցեալ քաղաքակրթական շօշափումներու եւ փայփայանքներու։

«Ծիածան»ի կոյսը, աւա՜ղ, չէ կրցած փարատել հոգիիս վրայ ամպացող մթութիւնը՝ զոր ես՝ կենսաբաղձութեամբ ուռճացած ու տարածուած պատռտեցի նեղ վերարկուի մը պէս. իսկ դուն, օ՜հ, ինչպէ՞ս կրնայիր նախանձիլ անոր՝ որ իրեն վիճակուած խեղճ դեր մը նոյնիսկ չկրցաւ կատարել, դուն՝ որ եթէ «Ծիածան»իս վրայ պտղող սեւ մելանի կաթիլը շոգիացնող ճառագայթը պիտի չըլլայիր, եղար այն կենսաւէտ ճառագայթը՝ որ անդադար «ծիածան»ներ կը յօրինէ հոգիիս արցունքներով՝ որ կը շոգիանա՜ն, կը շոգիանա՜ն. ի՜նչ փոյթ, թէ ալ ծիածան չպիտի ունենամ՝ արցունք ունենալով. կը բաւէ ճառագայթ մը ունենալ՝ արեւին հասնելու։

Որքա՜ն տխուր կու գան ինծի քու եւ Տիգրանին համակրութիւնները՝ բանաստեղծութեանս մասին. ինծի՝ որ թերեւս հոգեկան շրջափոխումի վայրկեանի մը մէջ կը զգամ, թէ ապաժամ ունայնութիւն մըն է ասիկա, զուարճասիրութեան վայրկեանի անպտուղ ծաղի՜կ մը , աւա՜ղ։

Կ՚երեւայ անհասկնալի բաներ կ՚ըսեմ. գիրս ալ չի՞ յայտներ արդեօք մտքիս տենդային վիճակը. անհասկնալի՜ բաներ. զարմանալի չէ, որ «Ծիածան»իս մէջ ալ գտած ըլլաս անոնցմէ. որովհետեւ «Ծիածան» չէ ունեցած բաւականաչափ հասկնալի հանգամանք, այսինքն՝ կենսական, հանրամատչելի, հոգեգրաւ յատկութիւններ. կայ «Ծիածան»ի մէջ ջերմութիւն մը՝ որ սակայն ամպերուն տակէն շողացող արեւին ջերմութիւնն է՝ ցուրտը զգացնող աւելի։ Իսկ Տիգրաննիս հրեշտակասիրտ կ՚անուանէ զիս. հրեշտակասի՞րտ. եթէ ուզէի ըլլալ՝ պիտի չկարենայի. եթէ կարենայի ըլլալ՝ պիտի չուզէի՜։

Անհասկնալի բանե՞ր. շատ ըսի՞ արդեօք. մէկ վայրկեանով հասկցանք զիրար՝ ու այդ մէկ վայրկեանն է, զոր կ՚ապրինք տակաւին. ապրելու համար այդ վայրկեանը բաւական է թէեւ, բայց ինչո՞ւ չոսկեզօծել եւ շուրջանակի չլուսաւորել զայն, ինչո՞ւ հոգեկան աչքին հետ մարմնաւոր աչքին ալ նայուածքներով չպայծառանալ - կը խորհի Շաւասպը:

***

Ազնի՜ւ Օֆէլիա,

Նամակիդ թուականին կը մտածեմ. Յունի՞ս. - երկու ամիս մը եղաւ։ Անտարբերութիւն չէ, անհոգութիւն ալ չէ, ծուլութիւն ալ, այս հիւանդութիւնը. հապա, ինծի համար գոնէ գեղեցիկ քերթուած մը գրելու իտէալիս մէջ, լայն ու հանդարտ տրամադրութեան մը ապաւինելուս նմանող բան մը՝ պատասխանի այս ձգձգումը, այս հիւանդութիւնը։ Բայց հարկ կա՞ր, սիրելի, լեղի դեղահատով մը դարմանել փորձել այս հիւանդութիւնը։ Բայց կ՚ընդունիմ… բժիշկ ես, ուրախանալով նաեւ, որ առանց ատոր իսկ, քանի օր առաջ պատրաստեր էի նամակս։ Այսքանը գոնէ ըսել ու շեշտել ուզեց՝ Շաւասպը:

***

Ատաբազար

Ազնի՛ւ Օֆէլիա,

Մե՜ղք, որ չպիտի կարենամ գալ հոդ՝ օդափոխութեան համար, որովհետեւ «Նոր տաղեր»ս ալ հրատարակելու ձեռնարկով զբաղած եմ։

…Վարդը հոտոտեցինք, վարդին հետ Վարդ բանաստեղծը՝ Պէյպին. մեռնիմ իր գեղեցկութեան ծարաւ աչքերուն՝ ուր ամէն ձեւ ու գոյն, ամէն տերեւ ու ծաղիկ իր լուսատիպ պատկերը կը գծէ, եւ իր լսելիքին՝ որ մայրիներու կատարներէն անցնող գետին՝ հովին ձայնովը կ՚օրօրուի, եւ ռնգունքին, ուր բարկ բուրումները կը հանգչին վայրի անանուխներու, եւ քաղցրագին հոտը՝ ընտանի կարմիր վարդերուն. համբոյր իր բանաստեղծ հոգիին՝ որ շատ կանուխ գեղեցիկին ծարաւը ունի։ Շաւասպ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻՆ

Սիրելի Տիգրան,

Կարդացի թոքախտի վերաբերեալ գիրքը. թոքախտը իր բոլոր նոպաները փորձեց իմ վրաս ու յաղթական ելաւ. արդէն կը քրտնէի, արիւն ալ փսխեցի, ուրեմն ամէն ինչ կատարեալ է. հազս շատ է, մեղմացուցիչ դեղ մը կ՚ուզէ նորէն…։ Շաւասպ

***

Տիգրա՜ն, ախպըրուկ,

Ուրեմն ահաւասիկ կեանքը՝ զոր կ՚ապրիս, ու կը տժգունիս ալ անով, մինչ մենք, սենեակի ապրողներ՝ տակաւին մեր պատուհաններէն կը դիտենք զայն ու կ՚իմաստասիրենք։

«Տժգոյն» է կը գրէ Օֆէլիան. ինչպէ՜ս չտժգունիլ հիւանդներուն հետ, քանի որ լերան քարերն անգամ հոգեքաղ վերջալոյսին հետ կը դալկանան։ «Իմ գեղջուկներս», «իմ հիւանդներս» … կ՚ըսես անշուշտ իւրովի եւ իտէալներդ շօշափելու հազուագիւտ երջանկութիւնը կ՚ունենաս։ Ու յետոյ կը փայփայես ծաղիկներդ ալ, ու վարդը՝ է՛ն առաջ. ո՞ր դիւթաշխարհի վարդենիքէն ծնած արդեօք. եւ միթէ իր հոպոպիկներուն, իր այտերուն բոյրն ու երանգը չծծեցի՞նք միասին հոս։ Օֆէլիային նա-մակին մէջէն, որքա՜ն կը ճանչնամ զինքը։

«Պիտի ջանամ կազդուրել», կը գրէ Օֆէլիան. բաժակին դառնութենէն վերջ, յետամնաց համագրաւ քաղցրութի՜ւնը ուրեմն, որ վերստին տոչորել տայ շրթունքները՝ լեղի բաժակին ծարաւով. բայց ինչո՞ւ լեղի բաժակ անուանել կեանքը՝ որ աչքդ պարտականութեան կը բանայ՝ լուսոռոգ պատուհանի պէս, փոխանակ, երջանիկ կուրութեան» մը մէջ զայն փակելու։ Կեանքը միշտ պիտի ունենայ իր հիւանդները, իր տառապողները, եւ անձնական երջանկութիւն մը, հետեւաբար, մեծագոյն անիրաւութիւնը պիտի ըլլար միշտ։ Հիւանդի խուցերուն տխրութիւնով սարսռալ, ու բազուկը բազուկին երկարել քիչ մը կեանքի յոյզ ու յոյս ներարկելու բաղձանքով, եւ յետոյ սփոփե՜լ. պիտակուած դարմաններու հետ մա՛նաւանդ տալ անպիտակ ու հարազատ դարմանները, հոգի՛ին դեղերը, - յոյսի ճառագայթալիր վիրակապեր, համակրութեան գորովի բալասանին վրայ. օ՜հ, այս ամէնը, ամէնը … ու պզտիկ լռութիւն մը, սիրտերու համատրոփ զարկը, ու գորովով եղբայրացած աչքերուն աննիւթ ու հոգեշօշափ վճա՜րը … բայց ուրիշ ո՜ւր կարելի էր փնտռել երջանկութիւնը, միակ ու հարազատ երջանկութիւնը՝ պարտականութեան կատարումին գոհունակ ճառագայթումը. ուրիշ ո՜ւր կարելի էր փնտռել ու գտնել զայն … առանց ամպերուն տակ սքօղելու այն այգաստղը, որ խիղճ կը կոչուի։

Կը քակեմ փունջդ. կ՚ուզեմ գգուել ծաղիկներդ, ինծի անծանօթ սիրականներ,-խաչծաղի՜կդ, հի՜ն հաւատալիր ժողովուրդ՝ որ իր նայուածքները ժամուն արծաթ ու ոսկի խաչերուն պատկերովը ողողած, կը ցանէ զանոնք դաշտերուն ու բլուրներուն վրայ ալ. հողին հեթանոսութիւնը կ՚առնէ, ժամուն մէջ զետեղելու, եւ հոգիին քրիստոնէութիւնը կը նուիրէ անոր իբրեւ նախընծայ։ «Առիւծբերան»ը շատ կը խօսի ինծի, հակադարձաբար «Լադենի»ին, համր ու համակրելի անծանօթ, որ ոչինչ ունի ըսելիք, եթէ ոչ իր սիրելութիւնը։ Որքա՜ն կ՚ուզէի խմել հիմակ արեւակէզ «թաւշածաղիկ»ին բարկ բոյրը, ու զոյգ ձեռքերուս մէջ բռնել, մոմծաղիկներ բոլոր ժամուոր բլուրներուն ու դաշտերուն հետ՝ ա՛յն պատարագին մէջ, որ արեւներով կենսաւէտ տիեզերքին շարժումն ու ուժը կը կազմէ։

*«Քափուր»ը այդ անծանօթ մանուկը՝ զոր կը գրկես վեր կ՚առնես աչքերս համբուրել տալու համար, պիտի դարձնէ քեզի այն համբոյրները՝ զոր շրթունքներս կը յօրինեն ճերմակ ճակատիդ համար, դեղին ու ճերմակ ու կարմիր վարդերով երջանկացա՜ծ ճակատիդ։ Շաւասպ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021