ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔ

Խորհեցայ, որ մանչուկը ազատենք իր խոստումէն, իսկ ժամապահութենէն զայն կրնար արձակել միայն զինուորական մը, ուրեմն հարց չկար: Պարզապէս պէտք էր երթալ ու գտնել զինուորական մը:

Ես մանչուկին ոչ մէկ բան ըսի, միայն խնդրեցի վայրկեան մը սպասել: Իսկ ես, առանց ժամանակ կորսնցնելու վազեցի դէպի ելք:

Դարպասները տակաւին չէին գոցած, պահակն ալ տակաւին կը քայլէր պարտէզի ամենահեռաւոր անկիւններուն մէջ ու այնտեղ կը հնչեցնէր իր զանգակը:

Ես կեցայ դարպասներուն քով ու երկար սպասեցի, թէ արդեօք քովէն կ՚անցնի՞ ոեւէ յիսնապետ կամ թէկուզ կարմիր բանակի շարքային զինուորական մը: Սակայն, դժբախտաբար, ոչ մէկ զինուորական յայտնուեցաւ փողոցի մէջ: Բայց եւ այնպէս, փողոցի վերջամասէն նշմարուեցան զինուորական սեւ վերարկուներ, ես ուրախացայ: Մտածեցի, թէ ռազմածովայիններ են: Վազելով անցայ փողոցը ու տեսայ, որ անոնք ռազմածովայիններ չեն, այլ արհեստաւորներ: Երկաթուղիի բարձրահասակ պաշտօնեայ մը անցաւ՝ հագած կանաչ գիծերով շատ գեղեցիկ վերարկու մը: Սակայն երկաթուղայինի պաշտօնեան ալ իր հիանալի վերարկույով ոչ մէկ ձեւով օգտակար եղաւ ինծի։ Այլեւս կը պատրաստուէի ձեռնունայն վերադառնալ դէպի պարտէզ, երբ յանկարծ անկիւնը տեսայ հանրակառքի կայանը, պաշտպանիչ հրամանատարական գլխարկ մը, հեծեալ կապոյտ գլխարկաբոլորքով:

Վստահաբար իմ կեանքի մէջ տակաւին այդքան չէի ուրախացած, ինչպէս ուրախացայ այդ վայրկեանին: Գլխակորոյս վազեցի դէպի կանգառ: Եւ յանկարծ, տեսայ, որ կայան կը մօտենայ հանրակառք մը, իսկ հրամանատարը՝ երիտասարդ հեծելազօրայինը, ամբոխին հետ կը պատրաստուէր մխրճուիլ հանրակառքին մէջ:

Շնչակտուր վազեցի անոր քով, բռնեցի անոր ձեռքէն ու պոռացի.

-Պարոն հրամանատար, վայրկեան մը, սպասեցէք, պարոն հրամանատար:

Ան դարձաւ, զարմացած ինծի նայեցաւ ու ըսաւ.

-Ի՞նչ եղաւ:

-Գիտէք ինչ կայ,- ըսի,- այնտեղ ճեմապարտէզին մէջ, քարէ կրպակի մօտ, մանչուկ մը ժամապահ է... Ան չի կրնար հեռանալ, ան խօսք տուած է... Շատ պզտիկ է... Կու լայ...

Հրամանատարը թարթեց աչքերն ու վախցած նայեցաւ ինծի: Թերեւս ան ալ խորհեցաւ, թէ ես հիւանդ մըն եմ ու կը ձաբռտեմ:

-Իսկ ես ի՞նչ կապ ունիմ,- ըսաւ ան:

Անոր հանրակառքը մեկնեցաւ եւ վերջինս ինծի նայեցաւ մտատանջուած։

Սակայն երբ ես քիչ մը մանրամասն պատմեցի անոր եղելութիւնը, ան առանց վարանելու անմիջապէս ըսաւ.

-Երթանք, երթանք: Ի հարկէ: Ինչո՞ւ ինծի անմիջապէս չըսիք:

Երբ մենք մօտեցանք ճեմապարտէզ, պահակը կը կղպէր դարպասը: Անկէ խնդրեցի, որպէսզի մի քանի վայրկեան սպասէ, որովհետեւ պարտէզին մէջ մնացած է իմ երեխան։ Մենք զինուորականին հետ վազեցինք դէպի ճեմապարտէզի խորքը:

Մթութեան մէջ մենք հազիւ գտանք ճերմակ տնակը: Մանչուկը կը կենար ճիշդ նոյն տեղը, ուր ես զայն ձգած էի: Եւ կրկին կու լար, սակայն այս անգամ շատ ցած ձայնով: Ես կանչեցի զինքը: Ան ուրախացաւ, նոյնիսկ ուրախութենէն ճչաց, իսկ ես ըսի.

-Ահաւասիկ, բերի պետը:

Երբ հրամանատարը տեսաւ, փոքրիկը զգաստացաւ, կարծէք քանի մը սանթիմեթրով դարձաւ աւելի բարձրահասակ:

-Ընկեր ժամապահ,- ըսաւ հրամանատարը,- ի՞նչ կոչում ունիք:

-Ես... յիսնապետ եմ,- ըսաւ տղան:

-Ընկեր յիսնապետ, կը հրամայեմ թողնել՝ ձեզի վստահուած պահակէտը:

Տղան լռեց, քիթը վեր քաշեց, եւ ըսաւ.

-Իսկ դուք ի՞նչ կոչում ունիք: Ես չեմ տեսներ ձեր աստղերու թիւը:

-Ես հազարապետ եմ,- պատասխանեց հրամանատարը:

Եւ այդ ժամ տղան դրաւ ձեռքը իր մոխրագոյն գլխարկի լայն հատուածին ու ըսաւ.

 -Այո՛, ընկեր հազարապետ: Հրամայուած է թողնել պահակէտը:

Եւ ան այդ ըսաւ այնքան բարձրաձայն ու ճարտար, որ մենք երկուքս չդիմացանք ու ծիծաղեցանք: Տղան նոյնպէս ուրախ ու թեթեւցած խնդաց:

Մենք՝ երեքս հազիւ հասանք ճեմապարտէզէն դուրս գալ, երբ մեր ետեւէն գոցուեցան դարպասները ու պահակը քանի մը անգամ դարձուց բանալին կղպանքի անցքին մէջ:

Տղան բաներ մը փնթփնթաց ու ըսաւ. «Ցտեսութիւն»:

Իսկ հրամանատարը մեր երկուքն ալ պատուեց ու տեսնելով, որ իրեն հանրակառքը կրկին կը մօտենայ, վազեց դէպի կանգառ:

Ես նոյնպէս հրաժեշտ տուի մանչուկին ու սեղմեցի անոր ձեռքը:

-Կ՚ուզե՞ս, ուղեկցե՞մ քեզի,- հարցուցի:

-Ոչ, ես մօտ կը բնակիմ, չեմ վախնար,- ըսաւ տղան:

Ես նայեցայ անոր փոքրիկ պեպենոտ քիթիկին ու խորհեցայ, որ ան իսկապէս վախնալու բան մը չունի: Տղայ մը, որ ունի այդքան ուժեղ կամք եւ այդքան ազդու խօսք, մութէն չի վախնար, աւազակներէն չի վախնար, չի վախնար նոյնիսկ առաւել սարսափելի բաներէ:

Իսկ երբ ան մեծնայ... Տակաւին պարզ չէ, թէ երբ մեծնայ ինչ բանի մասնագէտ կը դառնայ, սակայն ինչ որ ալ դառնայ, վստահաբար կարելի է ըսել, թէ ան կ՚ըլլայ իսկական մարդ:

Ես այսպէս խորհեցայ… Խորհեցայ նաեւ, որ ինծի համար շատ հաճելի էր այս մանչուկին հետ ծանօթանալը։

Ու ես կրկին, մեծ հաճոյքով սեղմեցի անոր ձեռքը:

ԱԼԵՔՍԷՅ ԻՒԱՆՈՎԻՉ ՓԱՆԹԵԼԷԵՒ

Ռուսերէնէ թարգմանեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020