ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն մը՝ «Հայ Երուսաղէմը» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր բանասէր, հայագէտ, աստուածաբանական գիտնական եւ համալսարանի դասախօս Աբրահամ Տէրեան, որ ծնած է 1942 թուականին, Եաֆա (ներկայիս՝ Թել Աւիւի մօտ, Իսրայէլ), աւարտած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, իսկ 1970 թուականին՝ Միչիկընի համալսարանը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ), եւ վերջապէս 1981 թուականին՝ Պազելի համալսարանը։

Աբրահամ Տէրեան 1979 թուականէն սկսեալ եղած է Էնտրիուս համալսարանի միջկտակարանային եւ վաղ քրիստոնէական գրականութեան ուսուցիչ, իսկ 1984 թուականէն սկսեալ՝ Շիքակօ համալսարանի հայագիտութեան ուսուցիչ։

Աբրահամ Տէրեանին հիմնական ուսումնասիրութիւնները նուիրուած են Փիլոն Ալեքսանդրացիի ժառանգութեան։ Տէրեան հրատարակած է անոր «Ցաղագս բան ունել եւ անասուն կենդանեացդ» գործը (որ 1981 թուականին հրատարակուած է հայերէն, անգլերէն), որու գիտական օրինակը ծանօթ է միայն յունաբան դպրոցին մէջ, հայերէն թարգմանութեամբ։

Տէրեան ուսումնասիրած ու քննած է նաեւ Փիլոն Ալեքսանդրացիի «Այնոցիկ որ յելսն է խնդրոց եւ լուծմանց» աշխատութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը ու կատարած է անոր գործերուն քննական բացատրութիւնն ու մեկնութիւնը, անդրադառնալով յունաբան դպրոցի ժամանակաշրջանին, Վահան Տէրեանի գործունէութեան շրջանին, լեզուի թարգմանութեան ու ոճի հարցերուն եւ այլն։ Տէրեան եղած է շատ մը ամերիկեան գիտական ընկերութիւններու անդամ։

Երեւանեան իր այս դասախօսութեան առթիւ Տքթ. Տէրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արուսեակ Թամրազեանին, ըսելով, թէ Թամրազեանն էր, որ պատճառ հանդիսացաւ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կողմէ զինք հայրենիք հրաւիրելու եւ յառաջիկայ շաբաթ Մատենադարանին մէջ տեղի ունենալիք Նարեկացիական ընթերցումներ աւանդական գիտաժողովին մասնակցելու:

Սփիւռքահայ գիտնականը իր շնորհակալութիւնները յղեց նաեւ Հայ Մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեանին՝ առիթ ստեղծելու եւ Երուսաղէմի մասին դասախօսութիւն մը տալու հայրենի հանրութեան առջեւ:

«Ես հոն՝ Երուսաղէմ մեծցած եմ, թէեւ Եաֆա (Յոպպէ) ծնած եմ, բայց Երուսաղէմը սրտիս, հոգիիս շատ մօտ ծննդավայր է՝ թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ ֆիզիքապէս: Իմ պապերս դարերով Երուսաղէմ ապրած են, ըստ ոմանց, թերեւս, Խաչակիրներու ժամանակէն ի վեր: Սիրով ընդունեցի այս հրաւէրը, որովհետեւ ինծի համար Երուսաղէմի մասին խօսիլը պատրաստութեան չի կարօտիր:

«Ձեզմէ շատեր վստահ շատ բաներ լսած են Երուսաղէմի մասին, իմ պատմածներուս մէջ թերեւս մի քիչ նորութիւններ կ՚իմանաք, շատ կարեւոր կէտեր կ՚ուզեմ շեշտել, որոնք ընդհանրապէս չեն շեշտուիր: Միայն վերապահութիւնս այն է, որ այս նիւթին շուրջ հայերէնով երբեք չեմ խօսած նախապէս, առաջին անգամն է, որ հայ Երուսաղէմի մասին հայերէնով կը խօսիմ:

«Ինչո՞ւ հայ Երուսաղէմը կարեւոր է. պիտի սկսիմ երկու կէտերով, եւ եթէ իմ բոլոր ըսածներս մոռնաք, այս երկու կէտերն ալ յիշէք բաւարար է.

«Նախեւառաջ Երուսաղէմը մեր սփիւռքի հայ գաղութներու մէջ եղած է առաջինը, եւ որ մինչեւ այսօր տակաւին կը գոյատեւէ: Սա շատ կարեւոր կէտ մըն է: Դարերու ընթացքին ունեցած ենք բազմաթիւ գաղութներ, այլեւայլ պատճառներով անհետացած են, բայց Երուսաղէմը, հայ Երուսաղէմը, կը շարունակէ մնալ այսքան դարեր: Միայն այդքանին մասին մտածելն իսկ ինծի համար եւ յուսամ՝ ձեզի համար մեծ բան է:

«Երկրորդ կարեւոր կէտը հետեւեալն է. Երուսաղէմի մէջ կամ Սուրբ Երկրին մէջ չկայ քրիստոնէութեան որեւէ պատմութիւն, առանց հայոց ներկայութեան: Ահա ինչու Երուսաղէմը այդքան կարեւոր է մեր ինքնութեան համար», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ Աբրահամ Տէրեան շուրջ երկու ժամ տեւած դասախօսութեան ընթացքին մանրամասն ներկայացուց հայ Երուսաղէմի պատմութիւնը:

*

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ունեցած իր դասախօսութեան սկիզբը Փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան, խօսելով հայ Երուսաղէմի մասին, անդրադարձաւ ամենավաղնջական շրջանին: Ան ըսաւ.

«Հայոց ներկայութեան սկիզբը Երուսաղէմի մէջ ոմանք կը փափաքին Մեծն Տիգրանով սկսիլ, ես այնքան խանդավառ չեմ այդպէս սկսելու, որովհետեւ ապացոյց չկայ Մեծն Տիգրանի՝ Պաղեստին կամ Հրէաստան գրաւելուն մասին: Ճիշդ է, որ մինչեւ այդ կողմերը հասաւ, բայց Հրէաստանը մաս չէր կազմեր Մեծն Տիգրանի պետութեան կամ կայսրութեան:

«Ուրիշներ կը փափաքին հայոց ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ սկսիլ Քրիստոսի ժամանակակից Յովսէփիոս պատմիչէն, որ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հրէից ապստամբութիւնը Հռոմէական կայսրութեան դէմ, եւ ինչպէ՛ս Երուսաղէմը գրաւուեցաւ եւ առաջին դարու եօթանասունին Երուսաղէմը լիովին կործանեցաւ: Յովսէփիոսը մեզի կը պատմէ, որ Երուսաղէմի անկումէն ետք, իր երկու լեգէոններէն մին Տիտոս արձակեց եւ այդ լեգէոնը հաստատուած էր Տաւրոսի լեռներուն հարաւային կողմը: Իսկ այն լեգէոնը, որ Տաւրոսի լեռներուն հիւսիսը հաստատուած էր՝ չարձակեց, այլ իր մօտ պահեց՝ հետագայ արշաւանքներուն համար: Ըստ ոմանց, անոնք, որոնք Տաւրոսի լեռներուն հիւսիսը բանակած էին, հայ ըլլալու էին, որովհետեւ Մեծ Հայքը կար, Տաւրոսի հիւիսային կողմը: Բայց պէտք է գիտնալ, որ նոյնիսկ եթէ հռոմէական բանակը այդ կողմերը հաստատուած ըլլար, պայման չէր, որ հայեր ըլլային անոր մէջ: Հռոմէական բանակներու կազմութիւնը երբեմն տարօրինակ էր՝ սուրիացի կար, իրաքցի, եգիպտացի, հիւսիսային ափրիկեցի, նաեւ՝ իտալացիներ, եւրոպացիներ, եւ անշուշտ, կային հայեր հռոմէական լեգէոններուն մէջ, երբեմն՝ լրիւ հայ բանակ մը: Ուրեմն, դժուար է Մեծն Տիգրանով սկսիլ, եւ դժուար է նոյնպէս Տիտոսի հռոմէական բանակներով սկսիլ՝ կէտ մը հաստատելու համար, թէ ե՞րբ կը սկսի հայոց ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ»:

«Ըստ իս, մեր ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ կը սկսի քրիստոնէութեան պատմութեամբ:

Անշուշտ, առաջին դարուն, հաւանական է, որ Երուսաղէմի մէջ հայեր գտնուէին, բայց անոնց ովքեր ըլլալը չենք գիտեր, ի՞նչ կ՚ընէին՝ ան ալ չենք գիտեր:

«Երկրորդ դարուն սկիզբը Երուսաղէմը լրիւ հեթանոսական քաղաք մըն էր, եւ այդպէս մնաց մինչեւ Մեծն Կոստանդինի մօր քրիստոնեայ ըլլալը՝ Երուսաղէմ գալը…Կոստանդին կայսր Երուսաղէմի Մակարիոս եպիսկոպոսէն խնդրեց, որ այն վայրը, ուր խաչը գտնուեցաւ, կառուցուի մեծ, ընդարձակ եկեղեցի մը, որ միեւնոյն ատեն պիտի բովանդակէր ոչ միայն Գողգոթան, այլ՝ Քրիստոսի սուրբ գերեզմանը: Այդ ամբողջ շինարարութեան պատասխանատուն Մակարիոս եպիսկոպոսն էր:

«335 թուականին երբ շինարարութիւնը գրեթէ կատարեալ էր եւ Քրիստոսի վաւերացուած խաչը Գողգոթայի բարձունքին պիտի բարձրացնէին, այսինքն, Խաչվերացին օրը, այդ Նաւակատիքի տօնին առթիւ ամբողջ տիեզերական եպիսկոպոսները Երուսաղէմ հրաւիրուած էին: Ներկաներուն մէջ կար հայ կղերականներու խումբ մը: Հաւանական է, որ մեր Վրթանէս հայրապետը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անդրանիկ զաւակը, տարիքին բերումով, կարող չէր ներկայանալ, բայց ներկայ էր այդտեղ այդ առթիւ հայ կղերականներու պատուիրակութիւն մը: Ասոր ապացոյցը հետեւեալն է. երբ հոն էին, այլ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ, մեր հայ կղերականները Մակարիոսին կը պատմեն, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ կամ՝ մեր մօտ, մկրտութեան արարողութիւնները տարբեր ձեւերով կ՚ընթանային, ամբողջովին տարբեր Երուսաղէմի կանոնէն, եւ գալով Սուրբ Հաղորդութեան, նոյնպէս պատարագները նոյն ձեւով չէին մատուցուեր: Մակարիոսէն կը խնդրեն գրաւոր թելադրութիւն մը, թէ ինչպէս այս երկու կարեւոր խորհուրդները պիտի կանոնաւորուին Հայ եկեղեցւոյ մէջ: Եւ Մակարիոս սիրով կ՚ընդունի, մեր Վրթանէս վարդապետին նամակ կը գրէ, ուր կը բացատրէ, որ ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, ձեւով մը սխալ է, աւելի կանոնաւոր ձեւը այսպէ՛ս է: Այս նամակը մեզի հասած է հայերէն թարգմանութիւններով եւ մաս կը կազմէ մեր կանոնագիրքին եւ նամակը ապացոյց է, որ հայ պատուիրակութիւնը Երուսաղէմի մէջ առկայ էր այդպիսի մեծ փառատօնի մը ընթացքին, այսինքն քրիստոնէութեան առաջին օրէն իսկ մենք՝ հայերս հոն էինք»,- քրիստոնէութեան մուտքին հետ հայերուն մուտքը Երուսաղէմ մեկնաբանեց Աբրահամ Տէրեան:

Իր Հայ Երուսաղէմը դասախօսութեան ընթացքին ան քանի մը անգամ շեշտեց Երուսաղէմի կեդրոնական դերը՝ հայոց եկեղեցւոյ ծիսագիտութեան, պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ այլոց մէջ:

Գալով Բիւզանդական շրջանի հայոց գոյութեան կամ ներկայութեան, ան ներկաներուն հաղորդեց, որ չորրորդ դարը չաւարտած, արդէն հայեր խմբովին սկսած են Երուսաղէմ երթալ որպէս ուխտաւորներ:

«Հինգերորդ դարու սկիզբը այնքան հայ ուխտաւորներ եղած են Երուսաղէմի մէջ, որ շատեր ուզած են մնալ որպէս մենակեաց ճգնաւորներ: Բայց միասին ապրելու, միաբանութեան սովորութիւնը չկար, մենակեաց էին, ճգնաւոր էին, առանձին կ՚ապրէին քարայրներու մէջ: 405-ին հայ մը, Մալաթիայէն եկած, Յուդայի անապատին մէջ կը սկսի Սուրբ Երկրին մէջ առաջին վանականութեան, եւ իր մօտ կը հաւաքուին այլ երկիրներէ վանականներ. այս վանքը այնքան կը մեծնայ, որ հետագային՝ Յուդայի անապատին մէջ բազմաթիւ վանքեր կը հիմնուին, բոլորը՝ շնորհիւ մեր այս հայ հիմնադիրին: Անոր աշակերտներէն շատեր Պաղեստինի տարբեր քաղաքներուն մէջ եպիսկոպոսներ եղան», ըսաւ ան:

Աբրահամ Տէրեան, անդրադառնալով այդ աշակերտներուն, յատկանշեց անոնց մէջ եղած երկու եղբայրները, որոնցմէ մին եղաւ լուսարարապետը Սուրբ Մինաս մատ-րան: «Այս մէկը կարեւոր կէտ մըն է, քանի որ Սուրբ Մինաս մատուռը Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի հնագոյն մատուռն է, եւ ունեցած է այսպիսի հայ լուսարարապետ մը: Եթէ այսօր այցելէք Սուրբ Յակոբի Մայր Տաճարը, ճիշդ այդ մատրան կից կայ երկրորդ մատուռ մը, ուր հաւանական է, որ թաղուած ըլլայ նոյնինքն՝ Մակարիոս եպիսկոպոս:

«Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին վայրը պատմականօրէն Երուսաղէմի քրիստոնէութեան վերաբերեալ Սուրբ Յարութեան տաճարէն ետք ամենակարեւոր հաստատութիւնն է: Մենք, որպէս հայ ժողովուրդ, Երուսաղէմի այս վաղ պատմութեան հետեւելով, կրնանք իսկապէս ըսել, որ մեր Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարը այնքան պատմական կարեւորութիւն ունի քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ, որքան՝ Վատիկանը: Ասոր համար, այսօր, թէեւ Երուսաղէմի մէջ կան երեք պատրիարքութիւններ՝ հայ, յոյն եւ լատին, կաս-կած չկայ այս երեք պատրիարքութեանց միջեւ մեր հայ պատրիարքութեան աթոռին առաջնակարգութիւնը, որովհետեւ հոն է մեր աթոռը, որ Սուրբ Յակոբ Տեառն եղբայր առաքեալը կ՚ապրէր եւ ուր Երուսաղէմի կամ Առաքելական ժողովը գումար-ւեցաւ», Երուսաղէմի պատմական կարեւորութիւնը ընդգծեց Աբրահամ Տէրեան:

Ան հանգամանալից ձեով անդրադարձ կատարեց նաեւ Բիւզանդական շրջանին, նաեւ այն շրջանին, երբ պարսիկներ յարձակեցան բիւզանդական Երուսաղէմի վրայ եւ բոլոր բիւզանդական եկեղեցիներն ու վանքերը կործանեցին: «Այդ կործանումին զոհ չգնաց միայն մէկ եկեղեցի: Այդ մէկը Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան եկեղեցին էր, որ վեցերորդ դարու կիսուն շին-ւած է, հաւանական է, որ այդ եկեղեցւոյ ճարտարապետները եւ նկարիչները հայ ըլլային, որովհետեւ պատի յախճապակիներուն մէջ երեք մոգերը գծուած էին՝ պարսից արքաներու զգեստներով, եւ երբ Խոսրով երկրորդ Սասանեան թագաւորը Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարը մտաւ, պատին վրայ պարսիկ արքաներու նկար տեսնելով, կարծեց որ իր նախահայերէն ոմանք հովանաւորած են այդ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը եւ հրաման տուաւ, որ չկործանի: Այդ եկեղեցւոյ կէսը այսօր կը պատկանի հայոց, իսկ միւս կէսը՝ յունաց, եւ սա Սուրբ Երկրի հնագոյն եկեղեցին է, որուն կէսը մերն է:

«Սուրբ գերեզմանը մեր եւ յունաց միջեւ է, լատինաց իրաւունքը գերեզմանին մուտքին վրայ է, լատինները իրաւունք չունին Քրիստոսի սուրբ գերեզմանին վրայ պատարագ մատուցելու, Հռոմի Պապը՝ նոյնպէս, բայց հայ քահանան կրնայ հոն պատարագել», հայոց կարեւորութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Աբրահամ Տէրեան:

Գալով արաբական արշաւանքին, նշեց նոյնպէս, որ հայերը այդ շրջանին ալ շատ կարեւոր դեր խաղացած են: «Առաջին անգամն է, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի Երուսաղէմի հայ պատրիարք մը՝ Աբրահամ անունով, եւ ըստ տեղւոյն պատմութեան, Աբրահամ պատրիարքը ճամբորդած է Արաբիա, հանդիպած է Մուհամմէտի հետ, պաղատելով եւ խնդրելով, որ հայոց ապահովութիւնը խոստանայ եւ այսպէս վաւերագիրով մը վերադարձած է Երուսաղէմ, եւ այդ վաւերագիրը մինչեւ այսօր կը պահուի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանէն ներս: Այդպիսի վաւերագիր մը կայ արաբական արշաւանքի հրամանատարէն եւ իր յաջորդներէն. հայերս այսպիսով շարունակած ենք մեր գոյութիւնը», ըսաւ Աբրահամ Տէրեան։

Դասախօսութեան ժամանակ անդրադարձ եղաւ նաեւ Խաչակիրներու շրջանին, երբ Խաչակիրները Երուսաղէմ մտան, կային հայեր, որոնք մասնակցած են խաչակրաց արշաւանքին: Կարեւոր եղած են նաեւ Կիլիկեան, Օսմանեան շրջանները, որոնց մասին խօսելով, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիւր բանախօսը ըսաւ.

«Հետագային Կիլիկեան արքաներ այցելած են Երուսաղէմ՝ Լեւոն թագաւորը, Վասակ իշխանը, Հեթում երկրորդ թագաւորը, եւ անոնք ալ, անշուշտ, իրենց մնայուն յիշատակները ձգած են Երուսաղէմի մէջ: Երբ օսմանցիները Երուսաղէմին տիրած են, մանաւանդ տասնվերցերոդ դարուն՝ Մեծն Սուլէյմանի օրով, որ բաւական զարգացած սուլթան մըն էր եւ շինարար, եւ բոլորս գիտենք իր գլխաւոր ճարտարապետին՝ Սինանին մասին, որ ոչ միայն Պոլսոյ մէջ բացառիկ ճարտարապետութեամբ շէնքեր թողած է, այլեւ ընկերակցած է սուլթանին, եւ եղած է ճարտարապետը Երուսաղէմի ներկայ պարիսպներուն:

«Երուսաղէմը կարեւոր է մեզի համար Խաչակիրներու շրջանէն, Կիլիկեան շրջանէն մինչեւ օսմանցիներուն ժամանումը: Երուսաղէմը եղած է բարգաւաճ տեղ մը, մանաւանդ հայ մշակոյթին առումով: Արեւելեան Հայաստանէն մեր հայրերը, մեր վարդապետները, որոնք Երուսաղէմ կ՚երթային Կիլիկիոյ ճամբով, իրենց վերադարձին Սիսի մեր կաթողիկոսները կը ստիպէին Սիս մնալ, հոն դասաւանդել…

«Անշուշտ, եղած են ժամանակներ, երբ Սուրբ Յակոբը սնանկացած է, եւ Աստուած կամ նախախնամութիւնը ղրկած է այնպիսի պատրիարքներ, որոնք այնպէս փրկած են կացութիւնը, որ Երուսաղէմի մէջ դարձած են սուրբեր: Օրինակ՝ Սուրբ Երկրի բոլոր պատարագներուն մէջ կը յիշատակենք Գրիգոր Պարոնտէր եւ Գրիգոր Շըղ-թայակիր պատրիարքները: Մէկը՝ տասնեօթերորդ, միւսը՝ տասնութերորդ դարերուն»:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այլ պատրիարքներու, շեշտելով անոնցմէ մանաւանդ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանը, նշելով, որ ան մեր մեծագոյն հեղինակներէն մէկն է, եւ ցաւով նշեց, որ միշտ չէ, որ պատշաճօրէն կը յիշուին անոր անունն ու ժառանգութիւնը: «Անշուշտ, Երուսաղէմի գաղութը շատցաւ Մեծ Եղեռնի ընթացքին եւ բազմաթիւ վերապրողներ հասան Երուսաղէմ, մանաւանդ Վանի շրջանէն կային մեծ խումբով որբեր, որոնցմէ շատեր եղան վանական եւ անոնց մէջ էր նաեւ ապագայ պատրիարքներէն Եղիշէ Տէրտէրեանը», ըսաւ Տէրեան:

ՆՈՐ ՕՐԵՐ

Աբրահամ Տէրեան իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան այսօրուան իրավիճակին, յիշեց ներկայ պատրիարքը, զայն նկատելով կարող պատրիարք մը եւ ըսելով, որ Երուսաղէմը մեծ կարօտ ունի այդպիսի առաջնորդի մը: «Դժուար է ներկայ կացութեամբ այսպիսի պատմական գաղութ մը պահել, կամ աւելի ճիշդը՝ պատմական պատրիարքութիւն մը պահել առանց գաղութի: Գաղութի գոյատեւումը շատ կարեւոր է: Անշուշտ, Երուսաղէմի մեր միաբանութեան առաջին հերթի առաքելութիւնն է մեր սրբավայրերը եւ հայոց իրաւունքները պահել եւ պաշտպանել, բայց առանց գաղութի այդպիսի պատմական պատրիարքութիւն եւ այսքան կարեւոր եւ շատ սրբավայրեր անհնար է պահել: Ներկայ միաբանութիւնը հոն լիովին իսրայէլեան հպատակ չէ, դուրսէն կու գայ, անձնագիրով կը մնայ, իր ապագան ձեւով մը պետութեան ձեռքն է եւ պետութիւնը կրնայ ուզածը ընել…», մեկնաբանեց Աբրահամ Տէրեան:

Ան ցաւով նշեց, թէ քրիստոնեաներուն թիւը նուազած է Սուրբ Երկրին մէջ՝ մի քանի պատճառով: «Ոչ միայն այնտեղ, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնէութիւնը հազիւ հինգ տոկոս է այսօր:

«Երուսաղէմի ապագան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ձեռքն է: Ցաւով կ՚ըսեմ, որ բարձրագոյն ուսման նկատմամբ քիչ մը թերացում կայ, որովհետեւ նախկին պատրիարքը համոզուած էր, որ երբ ուսանողները բարձրագոյն ուսում ստանան, միաբանութիւնը կը ձգեն, կ՚երթան, եւ ափսոս, որ իր պատրիարքութեան շրջանին երկու միաբաններ այդպէս ըրին: Բայց այդպիսի սովորութիւնը տկարութեան կը տանի, որովհետեւ, երբ միաբանութիւնը պէտք եղածին չափ ուսեալ միաբաններ չունի, պատրիարքական ժառանգութիւնը անուս անհատներու ձեռքը իյնալու կը վտանգուի:

«Լաւ կ՚ըլլայ, որ հայ կղերականներ, տարբեր երկիրներէ, մանաւանդ Հայաստանէն, գոնէ մէկ-երկու տարի ծառայելու նպատակով երթան Երուսաղէմ եւ այդտեղի զինուորեալ միաբանութեան կողքը կենան, օժանդակեն իրենց, որովհետեւ մեր սրբավայրերը այնքան շատ են եւ մեր միաբանները ամէն տեղ պէտք է ըլլան, պարտականութիւններ ունին եւ իրենց այդ վայրերը շրջելու եւ պատարագ մատուցելու կարգը կամ հերթը աւելի յաճախ կու գայ, աւելի հանգիստ կրնան ունենալ եւ աւելի արթուն պաշտպանութիւն ընել: Այսօր պէտք ունինք զարգացնելու Երուսաղէմի հայոց միաբանութիւնը:

«Մենք նախախնամութեան եւ Սուրբ Յակոբին կը հաւատանք, թէ մեր ինքնութիւնը, մեր աւանդութիւնը, մեր ժառանգը Երուսաղէմի կայ եւ պիտի մնայ յաւիտեան», լաւատեսական շունչով աւարտեց իր դասախօսութիւնը Փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան՝ ներկաներուն սահիկներով ցոյց տալով նաեւ Երուսաղէմէն արժէքաւոր ու ընտրեալ լուսանկարներ, որոնց պատմութիւնը եզակի է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017