հացը

Առտու կանուխ աքաղականչի հետ մեծ մայրս կ՚արթննար։

Երբ ամբողջ ընտանիքը տակաւին խորունկ-խորունկ կը քնանար, ան կը սկսէր օրուան կարեւոր իրադարձութեան՝ թոնիրի մէջ հաց թխելու նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Մազերը ժանեակով մը ժողվելէ ետք՝ կը կապէր իր բազմապիսի գոգնոցներէն մին եւ գործի կ՚անցնէր։

Թոնիրի հացի պատրաստման ամբողջ ընթացքը շատ գեղեցիկ ընտանեկան աւանդութեան եւ կամ սովորութեան մը վերածուած էր մեր տան կտուրէն ներս, ուր գլխաւոր հերոսուհին կը հանդիսանար մեծ մայրս։ Մինչ ան կը պատրաստէր խմոր շաղուելու համար անհրաժեշտ բոլոր պարագաները, մայրս կ՚արթննար ու կը փութար անոր օգնութեան։ Խոշոր ամանի մը մէջ կը լեցնէր ալիւր, ալիւրի ճիշդ կեդրոնին պզտիկ փոս մը կը բանար եւ այդ փոսին մէջ՝ աղ, խմորիչ կը թափէր եւ կը սկսէր զանոնք իր բազմաչարչար, կնճռոտ, բայց միեւնոյն ատեն նուրբ ու բարակ մատներով միախառնել ալիւրին, մայրս ալ կամաց-կամաց քովէն ջուր կ՚աւելցնէր։ Մեծ մայրս խմորը շաղուած ատեն՝ աղէն, խմորիչէն, ջուրէն զատ ալիւրի հետ կը շաղախէր նաեւ իր սէրը. թէ՛ կը շաղուէր, թէ անդադար կը զրուցէր մօրս հետ, խրատ կու տար, իրարու ինչեր-ինչե՜ր կը պատմէին, մինչեւ որ մէջերնին պարպէին եւ պատրաստ ըլլային նոր օրուայ նոր հոգերուն եւ անակնկալներուն։

Այդ միջոցին կ՚արթննայինք մենք՝ ժիր ու անհոգ մանուկներս, եւ առանց աւելորդ վայրկեան մը կորսնցնելու կ՚աճապարէինք ներկայ գտնուիլ խմոր շաղուելու ընթացքին։ Ոգեւորութեամբ լի կու գայինք եւ կը շարուէինք մեծ մօրս առջեւ, քիչ մը դիտելէ ետք, կ՚աղաչէինք մեզի ալ ընդգրկել այնչափ հաճելի գործին մէջ, սակայն մեծ մայրս բարի ժպիտը դէմքին կը մերժէր՝ աւելցնելով, որ քիչ մըն ալ մեծցէք, այն ատեն կ՚օգնէք, հիմա գացէք, եւ ձեր ուզածին չափ խաղացէք։ Սակայն մենք կը փափաքէինք մնալ եւ դիտել զանոնք։ Երբ այլեւս խմորը պատրաստ կ՚ըլլար, մեծ մայրս կը սկսէր խմորը վրայ վրայի բերելով կոկել, վերջաւորութեան ալ կը խաչակնքէր խմորին վրայ եւ շատ ցած ձայնով կը շշնջար. «Յիսուս Քրիստոս»։ Մենք չէինք հասկնար, թէ ինչո՞ւ մեծ մայրս ամէն անգամ կը խաչակնքէր հացին վրայ, օր մըն ալ այլեւս հետաքրքրութիւնս չզսպելով հարցուցի։ Ան պատասխանեց. «Որպէսզի Աստուած օրհնէ մեր հանապազօրեայ հացը եւ չձգէ, որ հացը թոնիրի պատերէն իյնայ»։ Երբ արդէն խմորը լաւ մը շաղուած կ՚ըլլար, մեծ մայրս զայն կը գոցէր կերպընկալէ տոպրակով մը, վրան որեւէ կտորով ու բուրդով կը փաթթէր, որպէսզի մեր խմորը չմսի եւ հնարաւորինս շուտ հասուննայ։ Մինչ խմորը քանի մը ժամուան մէջ կը հասուննար, ան կը զբաղէր ամէնօրեայ գործերով, քանի մը անգամ կ՚երթար-կու գար, կը ստուգէր, որ արդեօք հասունցա՞ծ էր, թէ ոչ։

Երբ այլեւս հասուննալու ատենը կը մօտենար, ընտանիքին մօտ կը սկսէր եռուզեռը։ Մեծ հայրս կը փութար մեր տան պարտէզին մէջ գտնուող թոնրատունը՝ թոնիրը վառելու, մեծ մայրս ալ սեղանի ամբողջ երկայնքով կը փռէր՝ յատուկ հացի համար նախատեսուած կերպաս մը, զոր «մեզար» կը կոչէինք, եւ կը սկսէր ծհանով (խմոր կտրելու գործիք մը) խմորը կտրել եւ իր կնճռոտ ու փխրուն ձեռքերով իրերահաւասար խոշոր գնդիկներ սարքելով քով քովի շարել։ Այս պահը եւս պզտիկներուս համար ամենահետաքրքրականներէն մին կը հանդիսանար՝ այս պատճառով ալ մենք կիսատ ձգելով մեր խաղը կը վազէինք մեծ մօրս մօտ։ Այդ պահուն ան թոռնիկներուն աչուկներէն հասկնալով անոնց փափաքը եւ աղերսանքը՝ մէկ-մէկ կտոր խմոր կու տար մեզի։ Կրնա՞ք երեւակայել այդ պահուն մեր ուրախութիւնն ու ոգեւորութեիւնը։ Ուրախութենէն կը ցատկռտէինք, կը պարէինք, անոնք ալ աչքի ծայրով տեսնելով մեր ուրախութիւնը՝ կը գոհանային։ Մենք այդ խմորին հետ շատ երկար կը խաղայինք, անոր զանազան ձեւեր կու տայինք, ամենէն վերջ ալ, երբ այլեւս տրուելիք ձեւ մնացած չէր ըլլար՝ կը փորձէինք մեծ մօրս օրինակին հետեւելով գեղեցիկ գունդերու վերածել մեր խմորները, սակայն միշտ չէ, որ կրնայինք յաջողիլ։

Երբ բոլոր խմորէ գնդիկները պատրաստ ըլլային, տասն վայրկեան մը հանգչելու կը ձգէին, որպէսզի հացը փափուկ ու փխրուն ըլլայ։

Խմորի ամանի մաքրութեան գործը մեզի կը պատկանէր։ Կը հաւաքուէինք մեր մանկական աչքերուն այնքան խոշոր երեւցող ամանին շուրջ եւ քանի մը վայրկեանի մէջ կը մաքրէինք զայն՝ մեր պզտիկ մատներով քերելով եւ ուտելով հում խմորի մնացորդները։

Ահաւասիկ մօտեցաւ հաց թխելու պահը, մեծ մայրս գաւազանին յենուած կամացուկ եւ զգոյշ քայլերով, առանց աճապարանքի մեր առանձնատան երկրորդ յարկի սանդուխներէն կ՚իջնէր եւ կը մօտենար պարտէզի թոնրատան։ Երբ թոնրատուն կը հասնէր, ոտքի ցաւերու պատճառաւ մեծ հօրս օգնութեամբ հազիւ կը ծնրադրէր թոնիրի առջեւ, շուտով կը հասնէր մայրս, յատուկ տախտակի մը վրայ շարուած խմորէ գնդիկները՝ ուսին վրայ բերելով։

Մեծ մայրս մոռնալով ոտքերուն ցաւը կը սկսէր գնդիկները մէկիկ-մէկիկ առնելով հաց թխել։ Ան հացերը այնքան գեղեցիկ կը ձեւաւորէր, որ թխուելէ ետք, կարծես երեսիդ կը ժպտային։ Մենք ալ պարտէզի սանդուխներուն նստած թէ՛ կը դիտէինք այդ գեղեցիկ տեսարանը եւ թէ սրտատրոփ կը սպասէինք մեր հացերու թխուելուն։ Մեծ մայրս խմորները թոնիրի պատերուն տեփով (յատուկ բարձ, որու վրայ կը բանան հացը եւ թոնիրի պատին կը փակցնեն) քով քովի կը փակցնէր, մայրս ալ զանոնք մեծ ծհանի մը օգնութեամբ կը հաւաքէր ու կը շարէր թոնրատան դարաններուն փռուած «մեզար»ին վրայ։

Շատ յաճախ դրացի մը կու գար եւ կը խնդրէր մեծ մօրմէս՝ որպէսզի իր հացերն ալ թխէ։ Ան ալ պահ մը մոռնալով իր պատկառելի տարիքը, յոգնութիւնն ու առողջական վիճակը, սիրով կը համաձայնէր։ Երբեմն ալ նոյնիսկ մասնաւորապէս մեր դրացիներուն համար, մեր թոնրատան մէջ հաց կը թխէր։

Շատ գեղեցիկ աւանդութիւն մը եւս ունէինք։ Երբ ուրիշ մէկու մը համար հաց կը թխէր, ի նշան երախտագիտութեան քեզի մէկ-երկու հաց կու տային եւ կամ երբ հացը յատուկ տախտակի մը վրայ դիզած, ուսիդ վրայ տուն կ՚երթաս, ճամբան եթէ մէկու մը հանդիպիս՝ պարտաւոր ես կտոր մը հաց հրամցնել։

Թոնիրի հացի թխուելու աւարտը վերիվարոյ կը համընկնէր թէյի ժամուն. մայրս տուն կ՚ելլէր՝ պանիր, կանաչեղէն ու թէյ կը բերէր եւ մենք թոնրատան մէջ կը վայելէինք թարմ ու տաք թոնիրի հացը։

Այսօր… երանութեամբ ու սրտի խոր կսկիծով կը յիշեմ, երբեմն ալ կարծես քիմքիս վրայ կը զգամ մեր թոնիրի հացի համն ու բոյրը։ Կը վերապրիմ անցեալի քաղցր յուշերն ու ակնթարթները։ Կը յիշեմ մեր պարտէզի գողտրիկ թոնրատունը, մեծ մայրս ու մեծ հայրս…

Տարիները անցան, մեծ մայրս գնաց եւ կարծես, թէ ան իր հետ տարաւ նաեւ բոլոր ուտելիքներու համն ու հոտը։

Այստեղ ալ ակամայ յիշեցի Միքայէլ Նալպանտեանի «Մանկութեան օրեր» բանաստեղծութեան առաջին քառեակը.

Մանկութեա՜ն օրեր, երազի նման

Անցաք գնացիք, այլ չէք դառնալու

Ո՜հ դուք երջանիկ, ո՜հ անհոգ օրեր

Ընդունակ միայն ուրախացնելու…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2018