ՀԱՅՈՑ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴԻՆ ՍՈՒԳԸ

Ատրպէյճան-Հայաստան 44 օրուան մղձաւանջային պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անոր պայմաններուն մէկ մասին գործադրումը աւելի մղձաւանջային իրականութեան առջեւ կեցուց հայ մարդը:

Այսօր հայը կրկին բռնած է գաղթի ճամբան: Մինչ վերջնականօրէն կը յստականայ ինկած Շուշիի բնակիչներուն ճակատագիրը, այժմ բոլորին հայեացքը ուղղուած է դէպի կորսուած ուրիշ շրջան մը՝ հայոց Քարվաճառը, որ հակառակորդին առաջին յանձնուած շրջանը պիտի ըլլայ… Քարվաճառը լքող եւ իրենց գոյքը ինքնաշարժներով փոխադրող մարդոց շարքերը անվերջ են, կարծես վատ երազ մը ըլլայ, որ ահաւասիկ պիտի աւարտի եւ մենք պիտի արթննանք խոր քունէն: Բայց, ցաւ ի սիրտ, դաժան իրականութիւն է եւ ոչ՝ երազ…

Քարվաճառը այս պահուն դարձած է հայոց նոր ողբը եւ այդ ողբին բոլոր պատկերները խտացուած են Դադիվանքի պատերուն կառչած եւ Դադիվանքը վերջին անգամ այցելող մարդոց արցունքներուն եւ յոյզերուն մէջ:

Արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին, հայ ռազմական գործիչներուն համար, առաջնայիններէն մէկը եղած է Քարվաճառի շրջանի ազատագրումը ատպրէյճանական տիրապետութենէն:

Իր դիրքով չափազանց կարեւոր էր Քարվաճառը, ուրկէ կը հրետանակոծուէր Մարտակերտը. Քարվաճառի մէջ տեղակայուած հակառակորդին զինորուական ուժը մեծ վտանգ էր Շահումեանի պարտիզանական ջոկատներուն համար համալրում հասցնող օդանաւերուն: Հայկական ուժերուն կողմէ 1993 թուականին Քարվաճառի ազատագրումը եղաւ Արցախի գոյամարտի բեկումնային յաղթանակներէն մէկը, որով պայմանաւորուած էին Արցախի առաջին պատերազմի յետագայ յաղթանակները: Քարվաճառի ազատագրումը մեծ ձեռքբերում էր ոչ միայն Շահումեանի շրջանի ու Արցախի, այլ համայն հայութեան կեանքէն ներս: Ազատագրումէն ետք դադրեցան հրետակոծութիւնները Հայաստանի Վարդենիս եւ Քարվաճառին յարակից տարածքին վրայ: Այդ ազատագրումով հայերը ունեցան Արցախին կապող ճանապարհ մը եւս, Արցախէն ներս ջուրի հարցերը լուծուեցան, քանի որ բարձրադիր Քարվաճառէն սկիզբ կ՚առնեն Արցախի գրեթէ բոլոր գետերը, իսկ Քարվաճառի պատմական նշանակութիւնը անքննարկելի է. հոս կը գտնուի Արցախի հայկական ճարտարապետութեան թագուհին՝ Դադիվանքը:

Միջնադարեան այս վանական համալիրը հիմնադրուած է Ա. դարուն՝ Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ: Քարվաճառը, իր եզակի նշանակութեան առումով, հայոց նորօրեայ պատմութեան մէջ կրկին վերագտած էր իր դերը: Դէպի Քարվաճառի կեդրոնը տանող ճանապարհին «Քարվաճառը հայոց միջնաբերդն է» ցուցանակը պատահական ցուցանակ մը չէ…

Գաղթի ճամբան բռնած հազարաւոր մարդիկ վերջին անգամ կը լուսանկարուին այդ ցուցանակին քով, ինչպէս նաեւ՝ մեր հողերուն հրաժեշտ տալու գացած բազմաթիւ հայաստանցիներ, սփիւռքահայեր, իրենց սրտերուն մէջ դրոշմած կը պահեն այդ գրութիւնը…

Քարվաճառը հայոց միջնաբերդն է… Հայոց միջնաբերդի դերը Քարվաճառը կատարած է նաեւ անցեալին, երբ արշաւանքներու ենթարկուած Հայաստանի միւս գաւառներէն հայ բնակչութիւնը գաղթած եւ պատսպարուած է հին Քարվաճառի հայոց իշխաններու տէրութեան տակ գտնուող այս բնակավայրին մէջ:

1993 թուականի ազատագրումէն ետք հայոց պատմական գաւառը կրկին հայացած էր: Վերաբնակեցման հետեւանքով Քարվաճառը հայկական շէն աւան էր եւ մինչեւ այս պատերազմին սկիզբը հոն կը բնակէր 3500 հայ, որ տեղաաւորուած էին Քարվաճառի 16 գիւղերուն մէջ: Գիւղերը ունէին դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հայկական կեդրոններ, ենթակառուցուածքներ եւ մարդիկ բնութեան հետ միաձուլուած կը բնակէին խաղաղ ու անվրդով, ունենալով պատմական Դադիվանքի տարածքին բնակելու առաւելութիւնն ու հպարտութիւնը: Քարվաճառը նաեւ զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոն էր, որ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՚ընդունէր: Անոնք կը հիանային բնութեամբ, գետերով, խաչքարերով, Դադիվանքի անառիկութեամբ եւ այդ վայրերուն բերքն ու բարիքը կը վայելէին: Ազատագրումէն ետք Դադիվանքի վերականգման մասնակցած էին բազմաթիւ մարդիկ՝ ճարտարապետներ, պատմաբաններ, վերականգնողներ, հոգեւորականներ… Անոնցմէ մէկը Տ. Յովհաննէս Քահանայ Յովհաննիսեանն է՝ Արցախեան ազատամարտի մասնակից հոգեւորական մը, որ իր ձեռքերով լուացած է մրոտած պատերը, մաքրած՝ 800 տարուան ասեղնագործ խաչքարերը: Այսօր ան արցունքն աչքերուն կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս զանգակատան վարը տեղադրուած 800-ամեայ խաչքարերը կը տեղահանուին եւ կը փոխադրուին Մայր Աթոռ: «Աղօթենք, որ չպատժուինք՝ 800 տարի անց գանձերը տեղաշարժելու համար», կ՚ըսէ ան, հաւատացնելով, որ ինք պիտի չհեռանայ վանքէն: Հակառակ իր մնալուն, խաչքարերը աւելի ապահով վայր փոխադրելու որոշումը, այնուամենայնիւ գործադրուեցաւ: Իջեցուցին նաեւ զանգերը, փոխադրուեցան նաեւ Քարվաճառի շրջանէն ուրիշ քրիստոնէական մասունքներ: Քարվաճառը յանձնելու լուրէն ետք ամէն օր բազմահազար ուխտաւորներ կը շտապեն Դադիվանք: Անոնք կը ջանան յիշատակ մը վերցնել Դադիվանքի տարածքէն՝ հող, քարեր, փայտի կտոր մը կամ հոն վառած մոմ մը: Իւրօրինակ ուխտագնացութիւն մըն է: Ուխտաւորները վանահօր օրհնութիւնը կը ստանան, ոմանք իրարու նշանի ու պսակի մատանի անցուցին յանձնուող Դադիվանքի խորանին առջեւ, իսկ վանահայրը օրական քանի մը տասնեակ մկրտութիւն կատարեց՝ արցունքն աչքերուն, վիրաւորանքը սրտին մէջ:

Արցախի յանձնուող հողերուն վրայ, ըստ եռակողմ համաձայնութեան, արդէն տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, որոնք յառաջիկայ հինգ տարին պիտի հսկեն տարածքը: Անոնք զրահամեքենաներ, մարդուժ եւ անհրաժեշտ ամէն ինչ տարած են: Ռուսական զինուորական կէտերէն մէկը Դադիվանքին քովն է: Այս հանգամանքը նկատի առնելով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաղորդագրութիւն մը տարածեց, հանգստացնելով հաւատացեալները, թէ Դադիվանքին վտանգ չի սպառնար, քանի որ վանական համալիրը յետայսու կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ: Մայր Աթոռէն տեղեկացուցին նաեւ, որ ներկայիս վանքէն ներս կան քանի մը եկեղեցականներ, որոնք պիտի շարունակեն սրբավայրին մէջ տարածել իրենց աստուածպաշտութիւնը եւ կանոնաւոր արարողութիւններ կատարել: Առայժմ պարզ չէ, թէ հաւատացեալներուն այցելութեան համար ի՛նչ պայմաններ պիտի գործեն: Ամէն ինչ տակաւին մշուշի եւ անորոշութեան քօղին տակն է:

Կամաւորական ջոկատ մը յայտարարած է, որ ինք նոյնպէս կը մնայ վանականներուն հետ: Ջոկատի անդամները մահապարտներ են, որոնք որոշած են մնալ, ինչ գնով ալ ըլլայ… Վանահայրը կ՚ըսէ, թէ Աստուծոյ հրաշքին կը սպասէ…

Ծանր ու ողբերգական այս տրամադրութիւններուն տակ Քարվաճառի բնակիչները կը լքեն իրենց տուները՝ իրենց ետեւէն այրելով զանոնք: Ինչ կրցան ՝ կը հանեն, իսկ տունը կրակի կու տան, կ՚այրեն նաեւ դպրոցները, ուրիշ կառոյցներ: Գաղթի ճամբան աղիողորմ պատկերներու դուռ բացած է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ: Ամօթի, վիրաւորանքի, կորուստի, անորոշութեան, ցաւի եւ ողբի զգացողութիւնները մէկ վայրկեան իսկ չեն լքեր մեզ:

ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄԱՐԳԱՐԻՏԸ

Աւանդութեան համաձայն, Դադիվանքը հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ՝ Ա. դարուն։ Դադիվանքի վերանորոգման ծրագիրէն ներս իրականացուած պեղումներուն ընթացքին՝ 21 յուլիս 2007 թուականին, վանական համալիրի եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են Սուրբ Դադէ առաքեալի մասունքները։ Գտնուած է նաեւ այլ դամբարան մը, որ, ըստ մասնագէտներուն, հայկական քրիստոնէական աւանդոյթներուն բնորոշ չէ. այնտեղ թաղուած մարդը նստած է աթոռին, գտնուած այդ նմոյշը այժմ Ստեփանակերտի թանգարանին մէջ է։ 9-րդ դարուն կառուցուած են վանական համալիրի առաջին կառոյցները՝ ի դէմս Սուրբ Դադէի միանաւ վանքին։

1145 թուականին համալիրը աւերած են սելճուքները, սակայն 1170 թուականին վերանորոգուած է: 12-րդ դարուն Մխիթար Գօշ որոշ ժամանակ բնակած է այստեղ եւ աշխատած է իր «Դատաստանագիրք»ին վրայ։ Վանական համալիրէն ներս եղած են զանազան շինութիւններ՝ 2 ժամատուն, 2 հնագոյն եկեղեցի, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատուն, գրատուն եւ այլն, որոնց հիմնական մասը կառուցուած է Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն։ Հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ Հասան Ճալալի ապարանքը կը գտնուի, առաջին յարկին վրայ՝ հնձանն ու մառանը։

Դադիվանքի կեդրոնական կառոյցը Սուրբ Աստուածածին կաթողիկէն է, որ 1234 թուականին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու Խաթունը՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Վախթանգ Վախթանգեանի եւ երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Գրիգորի: Կառոյցին համահունչ է երկյարկանի զանգակատունը, որուն արեւմտեան մասը պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած վարպետ Աթանասի կողմէ 1283 թուականին։ Ատոնք, ինչպէս նաեւ պատերուն կատարուած արձանագրութիւնները կը պատմեն 12-13-րդ դարերու դէպքերը։

Դադիվանքը ուշ միջնադարուն եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններուն կազմին մէջ: 19-րդ դարու ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին հետեւանքով Արեւելեան Հայաստանի Գուգարք, Ուտիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ՝ Սիւնիքի հարաւային հատուածը՝ Զանգեզուրը, կը մտնէին Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ եւ յետագային կը միաւորուէին Թիֆլիզի եւ Ելիզաւետփոլի նահագներուն մէջ։

Դադիվանքը ունեցած է մեծ տարածքի վրայ սփռուած կալուածներ, սակայն 1920 թուականին, Արցախը Խորհրդային Ատրպէյճանին բռնակցուելէն ետք, կորսնցուցած է ամէն ինչ, մինչեւ Արցախեան շարժումը, երբ փոխուած է անոր կարգավիճակը:

8 հոկտեմբեր 2001 թուականին, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի 16 անդամներուն կողմէ, որոնց կազմին մէջ էին Հայաստանի, Յունական Կիպրոսի, Իտալիոյ, Ռումինիոյ, Յունաստանի, Ռուսաստանի ներկայացուցիչները, ստորագրուեցաւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող թիւ 9256 փաստաթուղթը, որուն համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական քաղաքականութեան զոհ գացած աղաղակող օրինակներէն է Դադիվանքի աւերումը:

Եկեղեցւոյ հարաւային պատին վրայ Քրիստոսը Աւետարան կը պարզէ Դաւիթ Սքանչելագործին, իսկ Աստուածածինը՝ խաչազարդ ուրար։ Ըստ Կ. Գանձակեցիի «Հայոց պատմութիւն» աշխատասիրութեան՝ Դաւիթ Ծարեցին՝ Սքանչելագործը, իր գործունէութիւնը ծաւալած է Հանդաբերդ ամրոցին կից Ծար Ջերմուկին մէջ՝ «Բաղնիք-արքունաք»ը։ Պատմիչը կը վկայէ, որ Քրիստոսը Դաւիթ Ծարեցիին «երեւցած եւ ըսած է՝ վերափոխէ՛ աշխարհը, բուժէ՛ մարդիկը», եւ ան հանքային ջուրի միջոցաւ բուժած է մարդիկը։ Արզու Խաթունը Սքանչելագործին տեսիլքը պատկերած է իր կառուցած եկեղեցւոյ պատին։ Դաւիթ Ծարեցիի տեսիլքին որմնանկարը կատարուած է 12-րդ դարու երկրորդ քառորդին՝ Արզու Խաթունի կենդանութեան ընթացքին։ Կ. Գանձակեցին կը վկայէ, որ հարաւային պատի բարձրարժէք որմնանկարին հեղինակը Արզու Խաթունն է. «Բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնէին այդ աշխատանքները, Աստուծոյ օրհնութիւն կու տային, որ կիներուն ոստայնանկութեան, իմաստութեան եւ նկարակերտութեան հանճար տուած է, մանաւանդ՝ այդ բարեպաշտ կնոջ»։ Փաստօրէն, Արզու Խաթունը արուեստագէտ կին մըն էր, գիտէր ներկերու գունային երանգները, քանդակաձեւ զարդանախշերը, ինչպէս նաեւ՝ հագուստի հիւսածոյ նախշեր ստեղծելը։ Մատենագրութենէն յայտնի է, որ Արզու Խաթուն իր դուստրերուն հետ վարագոյրներ գործած է Նոր Գետիկի, Հաղբատի, Մակարավանքի, Դադիվանքի եկեղեցիներուն համար։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020