ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՐԿՍԱՅՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային ցանցերը դարձած են գրեթէ ամբողջ մարդկութեան հասարակաց «կախեալութիւնը»։ Ընկերային ցանցերը, որոնք դեռ քանի մը տարի առաջ սկսան գործածուիլ, դարձան մեր կեանքի անբաժանելի մէկ մասը, որմէ հրաժարիլ անկարելի կը թուի այսօր։ Մենք այժմ հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր մեզմէ ոմանք պարզապէս կ՚ապրին եւ իրենց կեանքը կը ձեւաւորեն ընկերային ցանցերու մէջ «երեւելի» դառնալու եւ անոնց պարտադրած չափանիշներու յարմարելու համար։ Անոնք կ՚այցելեն ընկերային ցանցերու մէջ ամենասիրուած վայրեր, կը կրեն  «հանրածանօթ» հագուստներ եւ կը փորձեն համացանցէն հետեւիլ նորաձեւութիւններու, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւեն։  

Կարելի է ըսել, որ ընկերային ցանցերը դարձած են մեր առօրեայ կեանքի մէկ մասը։ Մենք մեր ժամանակի մեծամասնութիւնը կը յատկացնենք ընկերային ցանցերու՝ փորձելով հետեւիլ անոնց ներկայացուցած ուղղութիւններուն։ Կարելի չէ անտեսել, թէ ընկերային ցանցերը մէկ կողմէ զարգացուցին մարդկային յարաբերութիւնները, բայց, միւս կողմէ՝ սկսան գերեվարել մարդկութիւնը եւ փոխել զանգուածներու աւանդութիւնները։ Փորձագիտութիւններու եւ համացանցի դարաշրջանով մեր կեանքերուն մուտք գործած ընկերային ցանցերը՝ հակառակ հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան տեսանկիւնէ իրենց օգտակարութեան, ունին նաեւ անդառնալի վտանգներ։ «Netflix»ի յայտնի «Ընկերային երկսայրաբանութիւն» (Social Dilemma) վաւերագրական ժապաւէնը կը վերաբերի ճիշդ այս խնդրին։ Նշեալ վաւերագրականը կը փոխէ դիտողներու հայեացքը ընկերային ցանցերու նկատմամբ՝ կեդրոնանալով անոնց մարդոց վրայ ունեցած բացասական ազդեցութիւններուն վրայ։ 

Վաւերագրականի մէջ կան շատ մանրամասնութիւններ՝ սկսեալ այն հանգամանքէն, թէ ընկերային ցանցերը եւ մետիայի հարթակները ինչպէս մարդիկը կը դարձնեն «խամաճիկ»ներ եւ կը պատճառեն կախեալութիւն, մինչեւ համացանցի մէջ մեր հանդիպած ազդերու ալկորիթմները (algorithm)։ Աւելի՛ն, այս բոլորը կը բացատրուին ընկերային ցանցերէ եւ զանազան մետիայի հարթակներէ ներս բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած մարդոց կողմէ։ Անոնք լոյս սփռած են ընկերային ցանցերու վերաբերեալ զանազան հարցականներու վրայ. ի՛նչպէս ընկերային ցանցերը կը «հիմնաւորեն» մարդոց վարքը՝ անոնց պարտադրելով պահպանել որոշ կանոններ, ի՛նչպէս կ՚որոշեն մեր էջերուն վրայ զուգադիպած ազդերը, անոնց ալկորիթմները եւ շատ այլ հետաքրքրական նիւթեր։ Ինչպէս վերեւ նշեցի, փաստավաւերագրական ժապաւէնի ամենաուշագրաւ մասն է, թէ այս բոլորը, անձամբ կը հաղորդուին ընկերային ցանցերու եւ զանազան համացանցային հարթակներու մէջ նախապէս աշխատակցած մարդոց կողմէ։ Նոյնիսկ այն «փորձագիտական հանճարներ»ը, որոնք աջակցած են այդ «ծառայութիւններու» առանձնայատկութիւններու զարգացման, ունեցած են ընկերային ցանցերէ կախեալութիւն. ուստի, անոնք իրենց երեխաներուն թոյլ չեն տար օգտագործել այդ ցանցերը մինչեւ որոշ տարիք մը։

2015 թուականին Սթենֆըրտի համալսարանի հետազօտող տքթ. Միխալ Քոզինսքի արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence) վերաբերեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակեց հետեւեալ տեսութեամբ. «Այժմ ալկորիթմներ աւելի լաւ կ՚ընկալեն ձեր անհատականութեան գիծերը, քան ձեր ընկերները»։ Քոզինսքիի հետազօտութեան համաձայն, արհեստական բանականութիւնը կրնայ աւելի ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգիլ ձեր մասին, քան ձեր մտերիմ ընկերները, նոյնիսկ ձեր ընտանիքի անդամները։ Քոզինսքի յանգած է այս արդիւնքին, որովհետեւ համակարգչային ալկորիթմներ կրնան մանրամասն վերլուծութիւն կատարել՝ զննելով ընկերային ցանցերու մէջ ձեր հետաքրքրուած լրատուութիւնները, լայքերը եւ մեկնաբանութիւնները։ Արհեստական բանականութեան եւ մեքենական ուսուցման օր ըստ օրէ զարգացման եւ յառաջընթացին զուգահեռ, համակարգիչները այժմ մեծ առաւելութիւններ ունին օգտատէրերու անհատականութեան վերլուծութեան կապակցութեամբ։ Զարգացած համակարգիչները ճի՛շդ ալկորիթմներով կ՚ուսումնասիրեն մեծ քանակութեամբ տուեալներ եւ շատ աւելի ճշգրիտ վերլուծութիւններ կու տան՝ իմաստաւորելու համար անձի մը հոգեբանութիւնը, որ յաճախ չ՚արտայայտեր իր շուրջիններուն։ Այստեղ հարկ է նշել, որ վերլուծութիւնը կը կատարուի հաշուի առնելով անձի մը մանրամասն «թուային հետք»երը. օրինակ՝ համացանցի վրայ բոլոր հրապարակումները, ժողովրդագրական տուեալները, ընկերները, հետեւած էջերը, բաժանորդագրութիւնները… Այսինքն՝ զարգացող արհեստական ​​բանականութիւնը ալկորիթմները կը «դաստիարակէ» տուեալներու մեծ հաւաքածոներով, համապատասխանաբար՝ օգտատէրի նախորդ նախասիրութիւններուն համահունչ վերլուծութիւն կ՚ընէ եւ զայն կ՚առաջնորդէ յօգուտ այդ համակարգի շահերուն։  

«Եթէ ապրանքի մը համար չէք վճարեր, ուրեմն ապրանքը դուք էք»։ Բազմաթիւ ընկերային ցանցերու աշխատանքային մոտելը հիմնուած է անձը աւելի շատ հեռաձայնի պաստառին դիմաց պահելու վրայ։ Ուստի, պէտք է աւելի մանրամասն եւ լրջօրէն դիտարկել փորձագիտութեան ընկերային եւ հասարակական ազդեցութիւնները, մինչ փորձագիտութիւնը հետզհետէ աւելի կը «մտերմանայ» մեր առօրեայ կեանքի հետ՝ մանաւանդ քորոնաժահրի համաճարակի այժմու շրջանին։ Փորձագիտութեան ընձեռած «հնարաւորութիւնները» կրնան թէ՛ հրեշտակ եւ թէ սատանայ ըլլալ, այս նախընտրութիւնը անձէն կախեալ է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021