ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Ա.)

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։ Ի տարբերութիւն տեղական ժողովներուն, որոնք արդէն Բ. դարէն (Առաքելական շրջան) գումարուած են, Տիեզերական Ժողովները տեղի ունեցած են քրիստոնէութիւնը Հռոմէական կայսրութեան կողմէ պաշտօնապէս ընդունուելէն ետք։

Այս ժողովներու մասնակցելու հրաւիրուած են Հռոմ, ապա՝ բիւզանդական կայսրերու հրամանով, որոնք յաճախ այդ ժողովներուն նախագահած են եւ անոնց համաձայնութեամբ եւ հաւանութեամբ այս կամ այն վարդապետութիւնը յաղթանակած է։ Տիեզերեկան Ժողովներ տեղի ունեցած են այն ժամանակ, երբ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ միասնութեան վտանգ սպառնացած է, որուն վէճերը նոյնպէս կայսրութեան ամբողջականութեան սպառնալիք դարձած կ՚ըլլար։ Տիեզերական Ժողովները նուիրուած են դաւանութեան, հաւատքի մաքրութեան եւ ուղղափառութեան պաշտպանութեան, աղանդաւորներու դէմ պայքարի խնդիրներուն…։ Քննարկուած են նաեւ պաշտամունքի, Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան վերաբերող հարցեր, որոնք կանոնական իրաւունք ստացած են։

Տիեզերական Ժողովներուն մասնակցութիւն բերած են ոչ միայն եպիսկոպոսներ, այլեւ՝ երէցներ, քահանաներ, սարկաւագներ, որոնք, սակայն, վճռական ձայնի իրաւունք չեն ունեցած, այլ հանդէս եկած են որպէս եպիսկոպոսներու օգնականներ կամ խորհրդականններ։

Դ. դարու Սոկրատ Սքոլատիկոսը կը վկայաբանէ՝ ըսելով. «Այն ժամանակուընէ, երբ կայսրերը քրիստոնեայ դարձան, Եկեղեցւոյ գործերը եւ մեծ ժողովները անոնցմէ կախեալ էին եւ անոնց կամքո՛վ միայն մեծ ժողովները կը գումարուէին»։ Առաջին Տիեզերական Ժողովէն սկսեալ, բոլոր անոնք՝ որոնք նզովուած էին եւ հերետիկոս հռչակուած էին, անոնց հետապնդումները պետութեան պատժիչ գործողութիւններով ուղեկցուած են։ Տիեզերական Ժողովներու որոշումները պետական օրէնքի ազդեցութիւն ունէին։

Ժողովներու Տիերեզական կոչման, հրաւիրման, Եկեղեցիներու պարտադիր մասնակցութեան, որոշումներու վաւերացման հարցերը սկզբնապէս կանոնացուած չեն։ Ոչ մէկ ժողովի տիեզերականութիւնը ի սկզբանէ երաշխաւորուած եւ որոշուած չէ, այսինքն՝ ժողովները Տիեզերական հռչակուած են ոչ թէ անմիջապէս, այլ՝ աւելի ուշ, ինչպէս օրինակ՝ Կ. Պոլսոյ Բ. (381) եւ Ե. (553) Ժողովները։ Եւ հակառակը. ժողովներ կան, որոնք նախապէս որպէս տիեզերական գումարուած են, սակայն նման տիտղոսի չեն արժանացած, օրինակ՝ Հռոմի (341), Սարդիկայ Բ. (347), Եփեսոսի Բ. (449) ժողովները…։ Այստեղ պէտք է նշել, որ Տիեզերական Ժողովին բոլոր Եկեղեցիներու մասնակցութիւնը պարտադիր չէր։ Կ. Պոլսոյ 381-ի ժողովին Հռոմի Եկեղեցին եւ ողջ Արեւմուտքը ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունեցած են, սակայն այդ ժողովի Տիեզերական հեղինակութիւնը բոլոր Եկեղեցիները ճանչցած են։ Ժողովը Տիեզերական կոչուելու համար վճռական պայման մը չէր, որ կայսրը կամ Հռոմի Պապը վաւերացնէր զայն։ Այսպէս, Եփեսոսի 449-ի կամ Կ. Պոլսոյ 754-ի պատկերամարտութեան դէմ ժողովները թէեւ ժամանակի կայսրերը հռչակած են իբրեւ Տիեզերական Ժողով, բայց Եկեղեցւոյ հայրեր մերժած են այդ ժողովներու նման տիտղոսաւորումը։ Իսկ Կ. Պոլսոյ 381-ի Ժողովը Տիեզերական ճանչցուած է առանց Հռոմի Պապի վաւերացումին։

Տիեզերական Ժողովը ճանչնալու համար, կան ոչ կանոնացուած երկու կէտեր եւս.

Սուրբ Հոգիի ներշնչումի սկզբունքի հետ կապուած ըլլալը։ Դաւանաբանական-աստուածաբանական տեսակէտէ՝ Տիեզերական Ժողովները Եկեղեցւոյ մէջ ապրող Ս. Հոգիի մասն են։ Եկեղեցւոյ հայրերը հաւաքուած են Ս. Հոգիին թելադրանքով եւ Անոր ոգեկոչումով՝ հաւատալով, որ Ս. Հոգին այդ ժողովի ընթացքին զիրենք կը ներշնչէ, իսկ դաւանաբանական որոշումները Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ կ՚ընդունուին։

Յետագայ ժողովներու ցուցաբերած վերաբերմունքը տուեալ ժողովի եւ անոր ընդունած որոշումներու հանդէպ։

Տիեզերական Ժողովները մինչեւ Ը. դար կոչուած են նաեւ Արեւելեան, քանի որ Արեւելքի քաղաքներու (Նիկիա, Կ. Պոլիս, Եփեսոս, Քաղկեդոն) մէջ գումարուած են, եւ մասնակից եպիսկոպոսները ընդհանրապէս կամ բացառապէս Արեւելքէն եւ Արեւելքի Եկեղեցիները ներկայացուցած են։ Միւս ժողովները կոչուած են Արեւմտեան, որովհետեւ միայն Արեւմուտքի մէջ գումարուած են, եւ մասնակիցներն ալ արեմտեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու եպիսկոպոսները եղած են։ Ուղղափառ երկաբնակ Եկեղեցիները առաջին եօթ ժողովներու Տիեզերական հեղինակութիւնը կը ճանչնան։

Լատին եւ Յոյն Եկեղեցիներու բաժանումէն (1054) ետք, Հռոմի Պապերը վերականգնած են Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն հոգեւորականութեան հաւաքները՝ շարունակելով զանոնք Տիեզերական Ժողով կոչել։

Հայ Եկեղեցին կ՚ընդունի միայն երեք Տիեզերական Ժողովները՝ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովը (325), Կոստանդնուպոլսոյ Բ. Տիեզերական Ժողովը (381), Եփեսոսի Գ. Տիեզերական Ժողովը (431), որոնց ընդունած աստուածաբանական-քրիստոսաբանական սկզբունքները Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմքը կը կազմեն։ Այս երեք Տիեզերական Ժողովներուն մէջ Աղեքսանդրեան դպրոցի աստուածաբանութիւնը յաղթանակած է։

Նշենք, որ Աղեքսանդրեան դպրոցը հիմնուած է առաւելապէս քրիստոնէութեան քարոզութեան նպատակով, ունեցած է կանոնաւոր շրջաններու բաժնուած դասընթացքներ, ուսուցման որոշ եղանակ ու ծրագիր թէ՛ հեթանոս եւ թէ նորադարձ քրիստոնեայ ուսանողներու համար։ Աղեքսանդրեան դպրոցի քրիստոսաբանութիւնը խարսխուած է «մի բնութիւն Բանին Աստուծոյ մարդացելոց» բանաձեւին վրայ։ Քրիստոսը կատարեալ Աստուած է եւ կատարեալ մարդ։ Աստուածութիւնը եւ մարդեղութիւնը անփոփոխելի, անշփոթելի եւ անբաժանելի կերպով միացած են «մի բնութեան» մէջ։ Այս միութիւնը էական է եւ բնական միութիւն է եւ, միեւնոյն ժամանակ՝ անճառելի եւ անհասանելի մտքի համար։ Աղեքսանդրեան աւանդութիւնը կը մերժէր Քրիստոսի մէջ որեւէ բաժանութիւն եւ երկուութիւն։ Մէկ է Քրիստոս՝ Մարմնացեալ Բանը, մէկ աստուածամարդկային բնութիւն, մէկ անձ, մէկ դէմք, մէկ կամք եւ մէկ ներգործութիւն։

Այս Երեք Ժողովները վճռած են Քրիստոսի աստուածութիւնը, այսինքն՝ Հայր Աստուծոյ համագոյ եւ էակից ըլլալը (ընդդէմ Արիոսի, Նիկա - 325), Որդիի մշտնջենաւորութիւնը, Ս. Հոգիի աստուածութիւնը, Ս. Երրորդութեան խորհուրդը, մարդեղութեան իսկութիւնը, որ է աստուածութեան եւ մարդկութեան միաւորութիւնը (ընդդէմ Փոտինոսի, Մակեդոնի, Ապողինարիոսի, Կ. Պոլիս - 381), Քրիստոսի բնութեանց փոխյարաբերութիւններու եւ անձնաւորութեան, աստուածամարդու եւ Անոր մէջ աստուածայինի առաջնայնութեան հարցը (ընդդէմ Նեստորի, Եփեսոս - 431)։ Երեք Ժողովներու վճիռներով ամբողջացած են քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր սկզբունքները, որոնք ուղղափառ հաւատքի հիմքը կը կազմեն, այն է՝ Սուրբ Երրորդութիւն, մարդեղութիւն եւ փրկագործութիւն։ Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատոյ Հանգանակը» կամ «Հաւատամքը» այդ դաւանաբական վճիռներու բիւրեղացումն է։ Դ. դարու վերջին եւ Ե. դարու սկզբին Զենոն կայսրի «Հենոտիկոնի» ընդունումով, ուր կը յիշուին եւ կ՚ընդունուին միայն Ուղղափառ Երեք Ժողովները, Հայ Եկեղեցին անոնց Տիեզերական հեղինակութիւնը ճանչցած է։ Իսկ Ե. դարու կէսէն ետք արդէն հայ դաւանաբանական գրութեանց մէջ այդ Երեք Ժողովները կը յիշուին միասին՝ որպէս Սուրբ Ժողովներ, իսկ անոնց վճիռները՝ որպէս ուղղափառ դաւանութեան սահման եւ Քրիստոսի Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հաւատքի արտայայտութիւն։

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

- Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողով (325)

- Կ. Պոլսոյ Բ. Տիեզերական Ժողով (381)

- Եփեսոսի Գ. Տիեզերական Ժողով (431)

«ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ» ԱՆՈՒԱՆՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

- Քաղկեդոնի Ժողով (451)

- Կ. Պոլսոյ Բ. ժողով (553)

- Կ. Պոլսոյ Գ. ժողով (680-681)

- Նիկիոյ Բ. ժողով (787)

- Կ. Պոլսոյ Դ. ժողով (869-870)

- Լատերանի Ա. ժողով (1123)

- Լատերանի Բ. ժողով (1139)

- Լատերանի Գ. ժողով (1179)

- Լատերանի Դ. ժողով (1215)

- Լիոնի Ա. ժողով (1245)

- Լիոնի Բ. ժողով (1274)

- Վիեննայի ժողով (1311-12)

- Կոստանցի ժողով (1414-18)

- Պազէլի ժողով (1431-49), երբեմն կաթոլիկ պատմագրութիւնը Ֆլորենսիայի ժողովը տիեզերական կը համարէ, իսկ Պազէլի ժողովի առաջին 25 նիստերը կը դիտարկէ որպէս անոր սկիզբը։

- Լատերանի Ե. ժողով (1512-17)

- Տրիդենտի (Տրիէնտի) ժողով (1545-1563)

- Վատիկանի Ա. ժողով (1869-70)

- Վատիկանի Բ. ժողով (1962-65)

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018