ԱՆԱԽՈՐԺ ԲԱՆԵՐ

Շատ հաւանաբար ձեզի հետ ալ նման անախորժ միջադէպ մը պատահած ըլլալու է: Դէպք մը, որ անկախ քու կամքէդ, յանկարծ ծնունդ առնելով, վայրկեանին տրամադրութիւնդ քանդած, դանակոտելով ուղեղիդ բոլոր ուրախ թելերը եւ անջատելով անոնց դրական հոսանքները:

Արդ, ի՞նչ «տեսակ» դէպքի կամ դէպքերու մասին են այս տողերս.- պարզեմ:

Այսպէս.- օր մը, երբ քեզ հրաւիրած են հրապարակային ձեռնարկի մը, հանդիսութեան մը, կամ հարսանիքի մը, կամ ներկայ գտնուած ես բարեկամներէդ մէկուն մկրտութեան խրախճանքին եւ կամ «հեռու տուներէ» թաղումի մը եւ անկէ ետքն ալ անպայման՝ անոր հոգեճաշին ու երբ կը պատրաստուիս սրահին կամ եկեղեցւոյ դրան սեմին կեցած ներս մուտք գործել, կը նշմարես, որ քեզմէ քանի մը քայլ անդին, մէկը, մարդ մը, իր ակնոցին տակ լողացող մանր աչքերովը, քու նայուածքդ կ՚որոնէ: Հաստատապէս, աչքերը հետաքրքրութեամբ լեցուած ըլլալու են: Մէկ խօսքով, քեզի անծանօթ կամ տակաւին չճանչցած մէկը, երկար-բարակ քեզ կը դիտէ, կարծես քեզ «կը չափէ»:

Նախ պիտի կարծես, որ «թերեւս մարդը սխալելով, քեզ ուրիշի մը նմանցուցած ըլլայ եւ կամ մէկը փնտռելու ճիգ մըն է ըրածը եւ կամ՝ քու հեռաւոր զարմիկներէն մէկը ըլլալու է...», որուն անուան հետ, դէմքն իսկ մոռցած ես: Այսինքն, այդ վայրկեանին քեզի համար բոլորովին անծանօթ մէկը, փորը աշխարհի դէմ տնկած նպարավաճառներու նման, երեսը գաղտնիքով մը կարծրացած, ժանգոտած պղինձէ դէմքով, քեզի կը նայի զարմացած եւ նոյնքան ալ՝ ապշահար:

Վայրկեանին կը փորձես զինք անտեսել: Ու կը ձախողիս, որովհետեւ անծանօթը դէպի քեզի սկսած է յառաջանալ: Քեզի մօտենալ: Եւ ահա... ա՛ն արդէն իսկ, քու դիմացդ է, ու իր բաց բերանովը, կը փորձէ տեսակ մը ջերմութեամբ ժպտալ, իսկ դուն ալ, առ ի քաղաքավարութիւն, խոնարհ ժպիտով մը կը փորձես պատրաստուիլ փոխադարձել:

Անմիջապէս, առանց սովորական եւ ընթացիկ նախաբանի, անծանօթը «գլխուդ կը թափէ» իր մտքին մէջ պահ դրուած, անկանոն շարած բոլոր հարցումները.-

-Լա՛ն..., դո՛ւն հոս ի՞նչ գործ ունիս..., դո՛ւն ուրկէ՜ ուր..., հո՞ս..., որո՞ւ կողմէ՞ն..., մեղաաա՜յ..., զարմանալի..., փեսա՞ն կը ճանչնաս, թէ ո՛չ հարսը..., կնքահայրը..., լա՛ն աչքերուս չեմ հաւատար..., դո՛ւն... խէ՞ր է..., ներսը մկրտուողը քու ի՞նչդ կ՚ըլլայ..., ծանօ՞թդ է..., բարեկա՞մդ..., վա՜յ... վա՜յ..., կեանքը քեզի… ուրկէ՞ կը ճանչնայիր հանգուցեալը... Է՜հ... աշխարհը ի՜նչ պզտիկ է եղեր... լա՛ն..., չեմ հաւատար կոր... Աստուած վկայ... դո՛ւն ուրկէ՜ ուր հոս...:

Հարցումներու տարափ: Աւելի ճիշդ, բառերու անժամանակ հեղեղ, որ միաժամանակ ծնունդ պիտի տայ շփոթ տրամադրութեանդ: Անծանօթը մտահոգ աչքերով, միտքը անղեկ նաւակի նման երերալով, անհամբեր քեզմէ իր հարցումներուն պատասխաններուն պիտի սպասէ: Յայտնի է: Դէմդ քեզի համար բոլորովին անծանօթ մէկը կեցած է, ձեռքերը գրպանը, հոգին ու միտքը կասկածով մը պաշարուած, իր խղճալի տեսքով եւ անորոշ սրտով եւ քեզ տակն ու վրայ ընող հոգեվիճակով, իսկ գանկին մէջ ալ անսահման ու մեծ հետաքրքրութեամբ:

Կռահելով գալիքը, նախ կը բարեւես, ապա կը փորձես անկոչ տագնապդ պահել: Գիտես, որ իր մօտ անհանգիստ ջիղ մը կայ, որ անկանոն կը տրոփէ: Աւելի ճիշդ, մտքին մէջ պահած ցանկութիւն մը ունի, որուն հասնելու համար քու պատասխաններուդ կը կարօտի:

«Թերեւս... ուրիշի մը հետ շփոթած ըլլալու է...».- դուն քեզ աւելի հանդարտ պահելու համար, կը փորձես մտովի նման պատճառաբանութիւնով ինքզինքդ համոզել, ու կ՚աւելցնես.- «ան իր հարցումներովը կ՚ուզէր փորել իր իսկ յոգնած յիշողութեան հողը... բայց ի՞նչ կ՚ակնկալէր, արդեօք բա՞ռ մը, խօ՞սք մը, շօշափելի ապացո՞յց մը, թէ ո՛չ երկուքս միացնող համակրութի՞ւն մը»:

Բարդ վիճակ: Չես գիտեր: Միայն այն գիտես, որ լաւ տրամադրութիւններդ «սատկեցուցած էր»: Իր այսքա՜ն մեծ համարձակութիւնն ալ լափած էր համբերութիւնդ եւ մտածելու թափդ ալ կորսուած: Սեւն ու ճերմակը իրարու խառնուած: Վայրկեանին կը զգաս, որ թէեւ իր հոգին անհաշտ էր, սակայն մօտդ ալ քու հոգիիդ «շէնքը» փուլ եկած ու միտքդ ալ շուարած:

Կը մտածես ճիշդ իր ոճով պատասխանել... «լան... քեզի՛ ի՜նչ...».- կամ «դուն ո՞վ ես, որ...»:

Թէեւ մարդուն բառերը մնացած էին մերկ եւ անգոյն, սակայն անպայման տեսակ մը զարտուղի հետքեր ձգած էին մտքիդ վրան: Հարցում-հարցումի ետեւէ: Նախ կը տատամսիս խաբուածի նման, կարծես ինք քեզի համար հարցաքննիչ մը եղած ըլլար: Ոստիկան մը, որ նման անհամ հարցումներով, կը ստիպէր քեզի... եւ կամ... քու լուսաբանական պատասխաններուդ սպասող մը, որպէսզի ինք անձնապէս բաւարարուելով օձիքէդ «իջնէր» վար:

Քու կարգիդ, գլուխդ շարժելով, ենթագիտակցութեանդ քեզի պարտադրած քաղաքավարական օրէնքին հնազանդ, դիմացինդ «խենթ»ի մը տեղը դնելով ու անպատասխան ձգելով կ՚որոշես հեռանալ:

Եւ լաւ կ՚ընես:

***

Արդ, երբ կը փորձեմ նման անհաճոյ նկատած այս «բաներու» մասին ապրումներս ժողվել, յաճախ յուսախաբ եւ նոյնքան ալ տխրութեամբ կը մտածեմ: Ու կ՚եզրակացնեմ.- «որքա՜ն հասուննանք, որքա՜ն խորանանք մեր իրականութեան մէջ, կը տեսնենք ու կը հանդիպինք մեր ներկայ յաճախ անախորժ իրավիճակին: Տեսակ մը անհամ «բան»: Անպայման բան մը փլած ըլլալու է հոգիներուն մէջ: Որովհետեւ, յաճախ բացակայ է առողջ մտածող ուղեղը: Թէեւ շատեր կան, որոնց կեցուածքը օրինակելի եւ մանաւանդ ծափահարելի է ու իրենց գիտակցութիւնն ալ՝ նախանձելի: Սակայն ուրիշներու մօտ տեսանելի է, թէ որքա՜ն մերկ են իրենց մտքերը, կարծես մաշած բառերու թումբով է, որ պաշպանուած են: Հին, միամիտ, անփափկանկատ ու անշրջահայեաց: Մարդիկ, կարծես կորսնցուցած ըլլան իրենց խօսելու շրջագիծն եւ իրաւունքի սահմանը: Անվստահելի եւ իմաստազուրկ, նոյնպէս ալ շատախօս դարձած են, իրենց չափէն աւելի հետաքրքիր, անպատասխանատու եւ անզուսպ խօսքերով ու բառերով:

Գիտեմ, որ օրինակներ շատ կան: Տակաւին մտքիս մէջն է անցեալ տարուան «Օսքար»ի տուչութեան հրապարակային շքեղ հանդիսութեան, օրուան հանդիսավարին հանրայայտ դերասանին կողմէ անոր տուած խիստ ապտակը: Յիշենք.- որքա՜ն որ լաւ բաներ կատարած ըլլանք մեր ժողովուրդի փոքր ածուին մէջ, բայց երբ մեր խօսքերն ու արտայայտութիւնները ատելութենէն ծնունդ առած ըլլան, խոցելի կը նը-կատուինք:

«Մարդ պէտք է խօսի միայն ա՛յն ժամանակ, երբ լռելը անհնար է» թելադրած էին մեր ուսուցիչները:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023