ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐ

Այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու համաշխարհային օրը, որ քառասուն տարուան պատմութիւն ունեցող աւանդաբար նշուող ամէնամեայ օր մըն է: Այդ օրը աշխարհով մէկ զանազան միջոցառումներ կ՚իրականացուին, յուշարձաններու այցելութիւններ կը կատարուին, համաժողովներ, ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին, կը մաքրուին պատմական, մշակութային, եկեղեցական կոթողներն ու անոնց շուրջը: Այս եւ զանազան այլ ձեռնարկներով անգամ մը եւս կը հռչակուին համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող վայրերը: Օրը առիթ մըն է՝ մեծցնելու հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութեան, անոր պահպանութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն վերաբերեալ։ Մշակութային ժառանգութիւնը բոլոր ժամանակներուն խոցելի եղած է. պատերազմներու, հակամարտութիւններու, բնական աղէտներու, մարդկային անտարբերութեան զոհ կը դառնան նաեւ յուշարձաններ, եկեղեցիներ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ ընդգրկուած նիւթական ժառանգութեան նմոյշներ: Ամէն տարի Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը կ՚առաջադրէ այս օրուան խորհուրդին առընչուող որեւէ ինքնատիպ թեմա, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ շեշտելու համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութիւնը, իսկ մանաւանդ վերջին տարիներուն ալ՝ պահպանելու այդ ժառանգութիւնը մարդածին եւ բնածին աղէտներէ: Այս տարուան թեման է՝ «Ժառանգութեան փոփոխութիւնները»:

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու համաշխարհային օրը նշելը առաջարկած է Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը (ICOMOS) 18 ապրիլ 1982 թուականին։ 1983 թուաանին ընդունուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գլխաւոր ժողովի որոշմամբ։

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը կը գնահատէ նաեւ մշակութային կոթողները՝ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ մտնելու համար:

Այժմ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը կազմուած է աւելի քան 7500 անդամէ, որոնք յատուկ որակաւորումներ ունին՝ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ասպարէզին մէջ, ըլլայ ատիկա ճարտարապետութիւն, բնավայրերու ձեւաւորում, հնագիտութիւն, քաղաքաշինութիւն, ճարտարարուեստ, արուեստագիտութիւն եւ այլն: Խորհուրդի գրասենեակը Փարիզ կը գտնուի եւ կեդրոնակայանէն զատ կազմակերպութիւնը ունի նաեւ ազգային կոմիտէներ:

Հայաստանը նոյնպէս միջազգային այդ կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ է, եւ Հայաստանի մէջ նոյնպէս ամէն տարի կը նշուի Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու համաշխարհային օրը: Հայաստանը ունի նաեւ պետական ցանկ, որուն մէջ ներառուած են պետութեան կողմէ պահուող եւ հսկուող յուշարձանները, կոթողները: Ատոնք ցրուած են Հայաստանի բոլոր մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կան նման յուշարձաններ: Օրուան առիթով կը կատարուին այցեր, իրազեկման եւ այլ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան:

Ապրիլ 18-ը նաեւ կը նկատուի յուշարձաններ հետազօտողներու, վերականգնող ճարտարապետներու, վերականգնող շինարարներու, յուշարձաններու պահապաններու, զբօսավարներու տօնը: Օրը կը կարեւորուի նաեւ յուշարձաններու պղծման, քանդման, ձեւափոխման դէմ պայքարողներուն համար եւ անոնք այս օրը պայքարի միջոցառումներ կ՚իրականացնեն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ կայ աւելի քան 24 հազար պատմական յուշարձան: Ատոնց մէկ մասը բաւականին ծանօթ է թէ՛ տեղացիներուն, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն: Հայաստանը նոյնպէս ունի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած յուշարձաններ, որոնցմէ են Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Զուարթնոցը, Ազատ գետի հովիտը եւ այլն: Կան նաեւ յուշարձաններ, որոնք այդ ցանկին մէջ ընդգրկուելու թեկնածու են. ինչպէս՝ Դուինի աւերակները, Երերոյքի տաճարի աւերակները, Տաթեւի վանքն ու Տաթեւի անապատը, Որոտանի հովիտը, Նորավանքը, Ամաղու հովիտը եւ այլն:

Հայաստանի յուշարձան նկատուող կոթողներուն մէկ մասը պարզապէս թաքնուած է հեռաւոր գիւղերու մէջ եւ ոչ բոլորը գիտեն պատմութեան եւ բնութեան այդ վայրերուն մասին: Անոնք թէ՛ եկեղեցական, մշակութային, պատմական կառոյցներ են, թէ՛ ալ բնութեան կերտումէն ստեղծուած հիասքանչ հովիտներ, դաշտեր, կիրճեր, սարեր եւ այլ բնավայրեր: Մանաւանդ բնական կոթողները կարծես դաշտանկարներ ըլլան՝ մխրճուած Հայաստանի լեռնոտ եւ քարքարոտ բնութեան խորքերը: Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ կը ներկայացնենք Հայաստանի կարգ մը եկեղեցական, պատմական եւ մշակութային յուշարձաններ, որոնք քիչ յայտնի են:

ԹԱՆԱՀԱՏ

Թանահատի վանքը վաղ միջնադարեան եկեղեցական համալիր է Վայոց ձորի մարզի Վերնաշէն գիւղէն մօտաւորապէս 7 քիլօմէթր հարաւ-արեւելք։ Պատմիչները այս վանքը կը յիշատակեն տակաւին 8-րդ դարէն։ Կոչուած է նաեւ Կարմիր վանք՝ կարմիր քարէ կառուցուած ըլլալու պատճառով։ Վանքը կառուցուած է հեթանոսական մեհեանի տեղը, որ նուիրուած եղած է հայոց աստուածուհի Անահիտին։ 5-րդ դարուն այստեղ հիմնադրուած է քրիստոնէական տաճար։ Վանքին կից սփռուած է վաղ միջնադարեան գերեզմանատուն։ Թանահատի վանքը գործած է մինչեւ ուշ միջնադար եւ այժմ լաւ վիճակի մը մէջ կը գտնուի:

ՍԵԼԻՄԻ ՔԱՐԱՒԱՆԱՏՈՒՆ

Սելիմի իջեւանատունը կամ քարաւանատունը Հայաստանի թաքնուած հրաշալիքներէն մէկն է: Կը գտնուի Վարդենեաց (Սելիմի) լեռնացքը՝ Եղեգնաձոր-Մարտունի ճանապարհին, իսկ պատմականօրէն կը պատկանի Մեծ Հայքի Սիւնիք աշխարհի Վայոց ձոր գաւառին, ուր ալ կառուցուած է 14-րդ դարուն։ Անոր շուրջը կը գտնուի նաեւ Արմաղան լեռը:

Միջնադարին շինութիւններու մեծ մասը կը կառուցուէր առեւտրային ճանապարհներու վրայ եւ այդ կառոյցներէն կ՚օգտուէին ճանապարհորդներ: Սելիմի քարաւանատունը հիւրընկալութիւն եւ գիշերակաց առաջարկած է ճանապարհորդներուն, ովքեր անցած են մայրուղիի երկայնքով եւ Վարդենեաց լեռնանցքով։ Այս լեռնանցքը Հայաստանի միջնադարեան բոլոր լեռնանցքներէն լաւագոյն պահպանուածն է, եւ ուղի եղած է Մետաքսի ճանապարհի՝ Հայաստանի մասով անցնող առեւտրականներուն համար:

Ծանօթ է, որ իտալացի նշանաւոր գրող, ճանապարհորդ եւ վաճառական Մարքօ Փոլօ անցած է այդ տարածքով եւ նկարագրած է, թէ ինչպէ՞ս հայերը կ՚ապրին դժուարանցանելի լեռներու մէջ։ Քարաւանատունը կառուցուած է 1332 թուականին՝ իշխան Չեսար Օրբելեանի միջոցներով: Աւերուած է 15-16-րդ դարերուն, հիմնովին նորոգուած՝ 1956-1959 թուականներուն։ Ամբողջովին վերականգնուած է կտուրի սալածածկը, նորոգուած են հարաւային պատը, ներսի խարխլուած պատերն ու կամարները։ Այժմ այն կը կոչուի Օրբելեաններու իջեւանատուն եւ կը ծառայէ միայն իբրեւ պատմական տեսարժան վայր:

ՄԱՆԹԱՇԱԲԵՐԴ

Մանթաշաբերդը Հայաստանի Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքէն 7 քիլօմեթր դէպի հարաւ, Աղստեւ գետի աջ ափին անտառապատ լերան գագաթին գտնուող ռազմական հին ամրոց մըն է, որ կոչուած է նաեւ Մանթաշ ամրոց, Մանթաշ քալա, Քարա-Քալա: Այն կը պատկանի Բագրատունիներու ժամանակաշրջանին։ Պատմական աղբիւրներու մէջ եղած որոշ յիշատակութիւններէ ուսումնասիրողներ ենթադրած են, որ բերդը կառուցուած է 10-րդ դարու առաջին քառորդին։ Ժողովրդական բանահիւսութիւնը կ՚ըսէ, թէ զայն կառուցած է Մանթաշ անունով իշխան մը, որ սիրահարուած է դիմացի բերդին մէջ բնակող աղջկան մը, որ նոյնպէս բերդ ունեցած է, եւ իշխանը, զօրք հաւաքելով իր բերդին մէջ, փորձած է բռնի կերպով տիրանալ աղջկան, որ կը մերժէր բոլոր երիտասարդները:

ՄԱԿԷԼԻ ՔԱՐԱՆՁԱՒ

Մակէլի կամ Մակէլանի քարանձաւը ապարային ծագում ունեցող քարանձաւ մըն է Վայոց ձորի Ուփի ձորին մէջ, Նորավանքի ձոր տանող ճանապարհին: Մակէլ կոչուած է որսորդ Մակէլան Առաքելեանի անունով, որ 1980 թուականին որսի ժամանակ գտած է քարանձաւը եւ այդպէս բացայայտուած է բնութեան այդ հրաշքը: Մակէլի անձաւը Հայաստանի ամենամեծ քարանձաւներէն է։ Ուսումնասիրուած է անոր մինչեւ 2 քիլօմեթր խորութիւնը։ Ունի բազմաթիւ հատուածներ, որոնք տակաւին ուսումնասիրուած չեն, ուստի յայտնի չէ անոր խորութեան չափը:

Այս քարանձաւը նոր քարի դարուն բնակեցուած եղած է, ինչ որ կը հաստատեն այնտեղ գտնուած արջի ոսկորները, քարէ գործիքներն ու այլ առարկաներ։

Քարանձաւի մուտքը այնքան նեղ է, որ մէկ մարդ հազիւ կը մտնէ։ Հոն կը բնակին չղջիկներու ութ տեսակներ, որոնցմէ վեցը արձանագրուած են Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ։ Առանց փորձառու ուղեկցորդի քարանձաւ երթալը շատ վտանգաւոր է, քանի որ կան բազմաթիւ չբացուած եւ չքարտէսագրուած մասեր եւ դժուարանցանելի անցուղիներ։

ՅՈՒՇԿԱՊԱՐԻԿ

«Յուշկապարիկ»ը բարձրաքանդակ մըն է, որ կը գտնուի Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի շէնքին առջեւ: Քանդակը Մայր թատրոնին առջեւ տեղադրուած է 1976 թուականին եւ կը խորհրդանշէ առասպելական ոգի մը՝ մարդացուլ, որ, ըստ սնոտիապաշտական պատկերացումներու, կը բնակէր աւերակներու մէջ:

ՍԵՒՍԱՐԻ ԱՍՏՂԱԴԻՏԱՐԱՆԸ

Սեւսար (Սեւքար) լերան հիւսիսային լանջին՝ 2700 մեթր բարձրութեան վրայ, պահպանուած է հնագոյն ժամանակներու մարդու տիեզերագիտական իմացութիւնները պատկերող «աստղադիտարան» մը: Այն դասական իմաստով աստղադիտարանի շէնք մը չէ, այլ քարերու զոյգ մը, որոնց վրայ պատկերուած են կենդանակերպի համաստեղութիւնները: Ժայռապատկերները դրոշմուած են երկու մեծ, իրարու քով դրուած սալաքարերու վրայ: Պատկերներու կեդրոնը արեւու ժամացոյցն է, որուն շուրջ զետեղուած են կենդանակերպի համաստեղութիւններու եւ երկնային այլ մարմիններու խորհրդանշական պատկերներ: Այստեղ կան նաեւ մարդ-հսկաներու սեպագրուած կերպարներ: Ուշագրաւ է արեգակնային ժամացոյցի՝ օրը 12 մասերու բաժնուած ըլլալը, որ կը խորհրդանշէ գիշերուայ եւ ցերեկուայ 12 ժամերը:

ՆՈՐԱՅՐ ՍԻՍԱԿԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Պատմաճարտարապետական արժէք ունեցող այս թանգարանը անուանի կենսաքիմիկոս, տիեզերական կենսաբանութեան հիմնադիրներէն ակադեմիկոս Նորայր Սիսակեանի (1907-1966թթ.) կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած շէնք մըն է Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ։ Թանգարանի շէնքը հիմնադրուած է 19-րդ դարուն վերջը։ 1986 թուականէն ի վեր կը գործէ որպէս Նորայր Սիսակեանի տուն-թանգարան: Հոն կը պահուին 350 ցուցանմոյշներ՝ գիտնականի անձնական իրերը, ձեռագրեր, փաստաթուղթեր, գիրքեր ու լուսանկարներ:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ

Հայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, մանկավարժ Վահան Թէքէեանին նուիրուած յուշարձանը կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Կարպի գիւղի համանուն դպրոցին առջեւ։ Գրողին յուշարձանը տեղադրուած է 1991 թուականին: Քանդակագործը Լեւոն Թոքմաճեանն է, որ Թէքէեանի ուրիշ արձան մըն ալ քանդակած է, այն ալ դրուած է Երեւանի թիւ 92 դպրոցին առջեւ, որ նոյնպէս Վահան Թէքէեանին անունը կը կրէ:

ՄԵԼԻՔ ԹԱՆԳՈՒ ԿԱՄՈՒՐՋ

Մելիք Թանգու կամուրջը Սիւնիքի մարզին մէջ է՝ Սիսիանէն մօտաւորապէս 20 քիլօմեթր դէպի արեւելք։ Կառուցուած է 1855 թուականին՝ Սիւնիքի Մելիք Թանգուի կողմէ՝ Որոտան գետի վրայ, Որոտնաբերդի փլատակներէն ներքեւ գտնուող կիրճին մէջ։ Որոտնաբերդը բազմիցս գրաւուած եւ վերջապէս ազատագրուած է 450 թուականին՝ Վարդան Մամիկոնեանի կողմէ: Կամուրջը կանգուն է եւ զբօսաշրջիկներ անոր վրայէն քայլարշաւներ կը կատարեն:

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՍՏՂԱԴԻՏԱՐԱՆԸ

Բացի Բիւրականի աստղադիտարանէն, կան նաեւ այլ վայրերու մէջ աստղադիտարաններ, որոնցմէ մէկը մայրաքաղաք Երեւանի Ուսանողական այգիի մէջ կը գտնուի: Այն նոյնպէս յուշարձան կը նկատուի եւ յատուկ կը պահպանուի պետութեան կողմէ: Երեւանի Պետական համալսարանի գիտաուսումնական հիմնարկութիւնն է այն, ունի 6 սմ. տրամագիծով աստղադիտակ, դիտողական եւ չափիչ գործիքներ ու սարքեր։ Անոր մէջ ուսումնական դիտումներ կ՚իրականացնեն համալսարանի գիտական բաժնին ուսանողները, իսկ աստղադիտարանի շէնքը պատմական կառոյց մըն է նաեւ այն առումով, որ նախագծած է Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի հեղինակ Ալեքսանտր Թամանեանը՝ 1921 թուականին: Աստղադիտարանը անոր նախագիծով կառուցուած է շատ աւելի ուշ՝ 1933 թուականին:

«ԸՆԿԵՐՈՒՀԻՆԵՐ» ՔԱՆԴԱԿ

Երկու ընկերուհիներու մտերմութիւն արտայայտող քանդակը կը գտնուի Կիւմրիի կենցաղի թանգարանին բակը, տեղադրուած է 1984 թուականին։ Յուշարձանը ընդգրկուած է Կիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ: Քանդակագործը հայ կին լաւագոյն քանդակագործներէն մէկն է՝ ժողովրդական նկարիչ Հռիփսիմէ Սիմոնեան:

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ

Արեւմտահայ մեծ երգիծաբան, խմբագիր եւ գրող Յակոբ Պարոնեանի ինքնատիպ յուշարձանը դրուած է Երեւանի Ազատութեան պողոտայի 12 եւ 14 բնակելի շէնքերուն միջեւ: Արձանը հոս դրուած է 1965 թուականի յուլիս ամսուն։ Անոր հեղինակը նշանաւոր քանդակագործ՝ Սարգիս Պաղտասարեանն է, նոյն ինքը՝ Արցախի յայտնի Տատիկ-պապիկի քանդակին հեղինակը:

ՍԻՐՈՒՆ ԽԱՉ

Սուրբ Տէրունական եւ Սիրուն խաչ անուններով խաչքարը կանգնեցուած է Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղի հիւսիս-արեւելեան հատուածի հարթակի եզրին, եռաստիճան պատուանդանի վրայ։ Յուշարձանը կը թուագրուի 13-րդ դարուն եւ այդքան հին ըլլալով, համեմատաբար բարւոք վիճակի մէջ է, վնասուած է միայն խաչաքանդակի ձախ թեւի ստորին հատուածը։

Ծաղկեալ խաչքար մըն է, որ ստացած է «Սիրուն խաչ» անուանումը, անոր վրայ քանդակուած է երկրագունդի խորհրդանիշը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2023