ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ»։ Սա իսկապէս հետաքրքրական հրատարակութիւն մըն է, որովհետեւ աշխարհի մեծագոյն սփիւռքներէն մէկուն՝ հայոց սփիւռքի մասին ազգային շունչով գրուած յօդուածներու շարք մը կը ներկայացնէ։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ անհատներու, ընտանիքներու, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններու ամենօրեայ կեանքը, անոնց պայքարը հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման համար։ Յօդուածներու ընդգրկած աշխարհագրութիւնը կը հասնի Ատիս Ապապայէն մինչեւ Հալէպ, Թալինէն մինչեւ Նիւ Եորք, Սան Տիակոյէն մինչեւ Շիլի եւ այլն։

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան 2011-2017 թուականներուն գրած է յօդուածներ, որոնք լաւագոյն վկան են անոր առողջ տեսլականին բացառիկ եռանդին, խիզախ վերլուծումներուն, հասուն մտածելակերպին եւ հաստատ հաւատքին։ Շուրջ եօթ տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ գրի առնուած այդ յօդուածներուն մէջ կը ցոլանան նաեւ շարք մը սկզբունքներ։ Հեղինակը միշտ առաջնահերթ դասած է հայու ինքնութեան պահպանման փշոտ բայց անսակարկելի ճանապարհը, գոյապայքարը։ Աւելի քան հարիւր լուսանկարներով ճոխացուած, 550 էջէ բաղկացեալ այս գիրքը վկայութիւն մը կը համարուի ազգի մը վերապրելու, գոյատեւելու կամքին տեսակէտէ՝ հայ ժողովուրդի օրինակով։

Հրայր Ճէպէճեանի գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018