ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ. ՄԱՀՈՒԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ

Քառասուն տարի առաջ՝ 18 մայիս 1981 թուականին, Ֆրեզնոյի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մահացաւ աշխարհահռչակ հայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան: Իր կտակին համաձայն՝ աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան եւ թաղուած «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։ Աճիւնին մնացեալը թաղուած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայոց գերեզմանատան մէջ, որուն մօտ թաղուած է նաեւ դուստրը՝ դերասանուհի Լուսին Սարոյեան:

Այս երկու գերեզմանները Սարոյեանի յիշատակը յարգելու վայրերն են, յիշատակի վայրերուն գումարուած է նաեւ իր տուն-թանգարանը՝ բացուած Ֆրեզնօ 2018 թուականին, իր ծննդեան 110-ամեակին:

Սարոյեանի մահէն շատ տարիներ առաջ տեղեկութիւններ պարզուեցան, թէ անոր ցանկութիւնն էր, որ իր մարմինը ամփոփուի Պիթլիսի մէջ, սակայն այդ տարիներուն թրքական իշխանութիւններու կողմէ նման արտօնութիւններ չկային: Ամերիկեան փոքրիկ քաղաքի մը մէջ ծնած եւ մահացած գրողին Պիթլիսի մէջ թաղուելուն ցանկութիւնը անշուշտ պատճառ մը ունէր: Սարոյեանի արմատները Անատոլուէն են՝ Պիթլիսէն: Պիթլիսը մեծ տեղ գրաւած է իր գրականութեան եւ կեանքին մէջ: Յայտնի է, որ 1964 թուականին ան այցելած է Պիթլիս. այդ հռչակաւոր այցելութեան մանրամասնութիւնները տեղ գտած են ժամանակի մամուլին մէջ, գրուած են յօդուածներ, գիրքեր, իսկ այդ մասին յուշերուն հիման վրայ Լուսին Տինքի պատրաստած շարժանկարը՝ «Սարոյեանի երկիրը» խորագրով, արդէն հասանելի է համացանցի միջոցով։

Օրին Սարոյեանի մահուան անդրադարձած են օտար եւ հայկական թերթեր. ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը գրողի մահէն ետք մէկ շաբաթէն աւելի գրութիւններ ներկայացուցած է Սարոյեանի մասին, քաղելով նաեւ թրքական թերթերու արձագանգները:

Մեծ գրողին մահուան 40-րդ տարուան առթիւ, անշուշտ, ոգեկոչումներ պիտի ըլլան անոր անունով յիշատակի վայրերուն մէջ, այցելութիւն՝ իր երկու շիրիմներուն: Գրողին յիշատակը յարգելու ամենակարեւոր քայլերէն մէկն ալ անշուշտ, անդրադարձն է անոր գրականութեան, որ ժամանակի եւ յաւերժութեան մէջ կ՚ապրի անկախ ամէն ինչէ: Մահուան 40-րդ տարելիցի առթիւ կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերէն:

ԿՈՅՐԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Էրիկ կնիկ, իրենց էշը հեծած՝ լեռնային ճանապարհով դէպի Պիթլիս կ՚երթային, երբ անոնց դիմաց ելաւ կոյր տղամարդ մը, որ առաջ կ՚երթար շօշափելով:

Ամուսինը կնոջ ըսաւ.

-Աստուած քեզի երկու աչք տուած է, ցած իջիր եւ ոտքով գնա՛, կոյրը թող էշը նստի:

Կինը կը պատասխանէ.

-Կոյրը խորամանկ կ՚երեւի, եկուր լուռ անցնինք քովէն:

Բայց ամուսինը կը խղճայ կոյր մարդուն եւ կ՚ուզէ, որ ան էշով երթայ:

-Կը տեսնե՞ս, արդէն ոտքը վնասած է: Իջի՛ր, թող իշուն վրայ ելլէ,- ըսաւ ամուսինը։

Կինը էշէն իջաւ, եւ կոյրը տեղաւորուեցաւ մարդուն կողքը: Կինը քալելով, իսկ մարդիկը էշը հեծած գացին, մինչեւ վերջապէս քաղաք հասան:

Տեղ հասնելէն ետք, ամուսինը կը դիմէ կոյրին ըսելով.

-Հասանք Պիթլիս, հիմա պէտք է բաժնուինք, իջի՛ր:

-Իջնե՞մ,- զարմացաւ կոյրը:- Ի՞նչ է, կ՚ուզէք էշս ձեռքէս առնե՞լ:

Կինը կը զգայ կոյրին խորամանկութիւնը եւ կը պոռայ.

-Յիմա՛ր ամուսինս:

-Իջի՛ր, հաճիս,- կը կրկնէ մարդը,- քեզի մեղքցայ եւ իմ էշովս մինչեւ քաղաք բերի: Հիմա քու ճամբովդ գնա՛:

Կոյրը կը սկսի պոռալ, մարդիկ կը հաւաքուին, եւ ան կը սկսի մարդոց պատմել իր սուտ պատմութիւնը:

Ամուսինը կը զգայ, որ մարդիկ կոյրին խղճալով աւելի շատ անոր կը հաւատան, կնոջը կ՚ըսէ.

-Դուն ճիշդ էիր, ես սխալեցայ, էշը թող իրեն մնայ, եկուր երթանք:

-Ճի՛շդ ես,- պատասխանեց կինը,- երթա՛նք:

Այս լսելով՝ կոյրը անմիջապէս բղաւեց.

-Սկիզբը կ՚ուզէիր էշս գողնալ, հիմա ալ որոշած ես կի՞նս գողնալ, կինս ալ առողջ տղամարդ տեսած է եւ այլեւս չ՚ուզեր կոյր ամուսին ունենալ:

Կինը վախէն ուշաթափեցաւ: Ամուսինի լեզուն կապուեցաւ:

Մարդիկ կոյրին խղճալով՝ կը հաւատային անոր ըսածներուն:

Կինը սկսաւ լալ: Ամուսինը առանց իր կնոջ չէր հեռանար:

Հարցը լուծելու համար, բոլորը միասին գացին դատաւորին քով։

Կոյրը դատաւորին բացատրեց, որ ինքն ու իր կինը իրենց էշով Պիթլիս կու գային, երբ էշը սկսաւ յամառիլ եւ այլեւս տեղէն չէր շարժեր, յանկարծ յայտնուեցաւ այս մարդը, որ ջանաց էշը հանդարտեցնել եւ իրենց հետ քաղաք երթալ, իսկ յետոյ փորձեց իշուն տիրանալ, հիմա ալ կինը ձեռքէն առնել կ՚ուզէ:

Կոյրէն վերջ ամուսինը ինքզինք անիծելով պատմեց ճշմարտութիւնը:

Յետոյ կինը լալով պատմեց եղածը:

Դատաւորը տեսաւ, որ անոնց պատմածէն դժուար է գիտնալ, թէ ո՛վ սուտ կը խօսի՝ ուստի հրամայեց.

-Տարէ՛ք եւ զիրենք առանձին սենեակներու մէջ դրէք: Ուշադիր հետեւեցէք անոնց, իսկ առաւօտեան կը զեկուցէք, թէ ի՛նչ եղած է:

Հրամանը անմիջապէս կատարուեցաւ:

Երբ կոյրը զգաց, որ մինակ է, սկսաւ ժպտիլ: Յետոյ յօրանջեց, մկանները ձգեց, պարեց ու ինքն իրեն ըսաւ.

-Էշի տէր դարձայ, եթէ կնոջն ալ տիրանամ, կեանքը իմս կ՚ըլլայ:

Ամուսինը առանձին մնալով, դարձեալ կ՚անիծէր իր յիմարութիւնը, որ փափաք ունեցաւ օգնել կոյրին:

Իսկ կինը անվերջ կու լար:

Առաւօտեան այս բոլորի մասին զեկուցեցին դատաւորին:

Դատաւորը կոյրը բանտ դրաւ: Իսկ էրիկ կնիկ իրենց աւանակին հետ ուրախ-ուրախ հեռացան:

ԱՆՑԵԱԼԻ ՄՇՈՒՇԷՆ

Օր մը աշխարհի մեծ հայերէն մէկը անցաւ Ֆրեզնոյի փողոցներէն. վայելչօրէն հագուած մարդ մը, որուն տեղացի չըլլալը ակնթարթի մը մէջ յայտնի էր: Գուցէ 34 տարեկան էր. ես ինը կամ տասը տարու էի: Հայ էր, այդ մասին կարելի չէր սխալիլ, սակայն միաժամանակ յայտնօրէն մեր շրջապատի հայ չէր. ըսեմ՝ մեր ամբոխի տեսակէն հայ չէր. -անձ մըն էր, որ իր դիմագիծն ու անհատականութիւնը չէր կրնար կորսնցնել որեւէ խմբակի, ընտանիքի, ազգի, հասարակութեան, մշակոյթի կամ կրօնքի մէջ: Ինք, ի՛նք էր միայն ու այնպիսի հով մը ունէր, որ զինք տեսնողը կը ստիպուէր կա՛մ հաճոյք զգալ եւ կամ բարկանալ: Արագաշարժ էր, գրեթէ գոռոզի տպաւորութիւն ձգող: Կակուղ մոխրագոյն ֆէօթր գլխարկ մը գլխուն, քղամիդի նմանող սեւ բուրդէ վերարկու մը ուսերուն, ադամանդեայ զարդասեղ մը փողկապին վրայ, տաբատը գծաւոր, կօշիկները բարձրորակ կաշիէ շինուած, օփերայի մուճակներու ոճով, կը ճեմէր փողոցները, իր գեղեցիկ գաւազանը շքաւոր ձեւերով օրօրելով:

Օր մը, 1919-ին էր, եկաւ ինծի, երբ թերթ կը ծախէի Ռիփապլիքըն շէնքին անկիւնը, փօսթ-օֆիսի առաքման շէնքին դիմաց փողոցը, ու այս խօսքերը ըսաւ. «Վաղը առաւօտ ժամը ութին «0» փողոցի թիւ 848 տունը գնա՛. հոն 100 օրինակ «Ցախաւել» պիտի ստանաս: Ա՛ռ, քաղաք բեր եւ կէս ժամէն ծախէ, հատը հինգ սէնթի»:

Եւ հեռացաւ:

Բայց պողոտային միւս կողմը կեցաւ նորէն, Էտտի Էմէրեանին հետ խօսելու համար, ու ճիշդ այդ վայրկեանին Ռոուըլ շէնքին անկիւնէն Հափ Ֆարմանեանը վազելով ինծի մօտեցաւ:

«Ո՞վ է այդ մարդը», հարցուց:

Մարդը նոյն րոպէին սկսաւ քալել նորէն, իր գաւազանը շարժելով, կարծես Եւրոպան ի՛նքն էր, որ կը ճեմէր Վան Նէս փողոցն ի վեր, իր լիօրէն ծաղկած իմաստութեամբ եւ նշանակութեամբ. կարծես թէ 1919 թուականի այդ ապրիլին հին Եւրոպան յուսահատական պայքար մը չէր մղեր, ինքզինքը վերագտնելու համար, Համաշխարհային պատերազմէն ետք. պատերազմ մը, որ մարդկային ցեղին այդչափ հարստութիւն եւ կեանք արժած էր:

Ով ըլլալը չէինք գիտեր ուրեմն. սակայն որոշեցինք, որ կ՚արժէր 484 «0» փողոց երթալ ու ճանչնալ զինք: Բայց երբ մենք՝ երեք տղեկներս, յաջորդ օրուան առաւօտեան ժամը ութին հասանք տրուած հասցէին, մարդը հոն չէր: Ծերուկ ֆրեզնոցի կին մը մեզի մեր ստանալիք թերթերը տուաւ. կին մը, որ կը հաւատար, որ անանուն մարդը թէ՛ «Ցախաւել»ին խմբագիրն էր, թէ՛ աշխարհի մեծ մարդոցմէն մէկը:

Ես ալ պատճառ չունէի այս արժեւորումին հետ վիճելու, թէեւ միաժամանակ տարտամ ձեւով կը հասկնայի, որ անընդունելի բան մը կար մարդուն վրայ. շատ հպարտ էր, շատ ինքնավստահ, նոյնիսկ Պուքրէշէն, Սօֆիայէն, Հռոմէն, Վիեննայէն, Փարիզէն, Պերլինէն, Լոնտոնէն եկողի մը համար. եւ կամ ո՛վ գիտէ, Աթէնքէն, Պոլսէն, Տրապիզոնէն կամ Էրզրումէն եկողի մը համար: Անկասկած, ուղն ու ծուծով հայ էր մարդը, բայց եւ այնպէս, ամէն մէկ վայրկեանի ընթացքին, երբ տեսայ զինք, Պուքրէշ բառը եկած էր միտքս: Ա՛յդ տեսակի հայ մըն էր: Հեռաւոր, անծանօթ քաղաքի հայ:

«Ձեր թերթերը ծախեցէ՛ք»,- ըսաւ ծերուկ կինը,- «եւ վերադարձէ՛ք ուրիշ օրինակներ ստանալու համար»:

Երեք ժամ ետք, ժամը 11-ին, հայ թերթ ծախողներէն ոչ մէկը կրցած էր նոյնիսկ մէկ օրինակ վաճառել, հակառակ անոր որ անանուն մարդը մեզմէ եօթը կամ ութը տղեկ զօրաշարժի ենթարկած էր:

Կէսօրին, երբ թերթերը վերադարձուցի կնոջ «0» փողոցի 484 թիւ տան մէջ, ըսի, «Այմ սորի, կը ցաւիմ, բայց բոլոր սրճարանները գացի, «Արարատ», «Հայրենիք», «Մասիս», ոչ ոք ուզեց հինգ սէնթ ծախսել: Ո՞վ է այդ մարդը, խնդրեմ ըսէ՛ք»:

«Մեծ մարդ մըն է», ըսաւ կինը: Ուրիշ ոչ մէկ խօսք:

Իսկ ես պատասխանեցի. «Պիտի ուզէի այս թերթէն օրինակ մը տուն տանիլ, մօրս համար, ընթերցող է, կը սիրէ թերթ կարդալ»:

«Հատը հինգ սէնթ է», ըսաւ ծեր կինը:

«Ես դրամ չունիմ», ըսի ու վարանեցայ աւելցնելու որ չորս ժամ անվճար աշխատած էի: Այդ տեսակի խօսքեր չէինք ըսեր այդ օրերուն: Կամ կ՚ընէինք մեր ստանձնածը, կամ ոչ:

«Շատ լաւ»,- ըսաւ կինը,- «Ա՛ռ օրինակ մը: Երբ հինգ սէնթ ունենաս, կը վճարես»:

Թերթը առի, տարի տուն: Երբ մայրս վերադարձաւ Ցուկընհայմէն, ուր թուզերը տուփերու մէջ տեղաւորելու գործը կ՚ընէր, առաւ թերթը, նայեցաւ ծալլուած, սպիտակ էջերուն եւ աչք մը նետեց ծաղրանկարներուն վրայ: Յաջորդ օրը համարձակեցայ հարցնել իրեն. «Ի՞նչ է այդ թերթը, «Ցախաւել» բառը ի՞նչ կը նշանակէ»:

Մայրս բացատրեց, որ երգիծաթերթ մըն էր թերթը, եւ անոր բառը անգլերէնով կարելի չէր ճշգրիտ թարգմանել. Րոնկ Պրում, «սխալ աւել»ի պէս բան մըն էր «ցախաւել»ը ըստ իրեն: Հարցուցի, թէ թերթը որակ ունէ՞ր, պարունակութիւնը լա՞ւ էր:

«Օ՜, այո», ըսաւ մայրս: «Շատ լաւ է, շատ սրամիտ»: Ու այդպէս փակուեցաւ նիւթը:

Երեւի թէ «Ցախաւել»ի գնորդներու պակասը հայ մեծ մարդուն թելադրած էր որ 1919-ի Ֆրեզնոն տնտնալիք տեղ մը չէր իրեն համար: Ի վերջոյ մէջտեղ ելաւ որ մէկ տղեկ յաջողած էր մէկ օրինակ ծախել. Բայց որո՞ւն. Ամերիկացիի մը: «Գինո՞վ էր գնորդը», հարցուցի այդ տղեկին, քանի որ ամէն լակոտ որ թերթ ծախած է, գիտէ որ գինետունը լաւ յաճախորդ կը հայթայթէ իրեն. խմած մարդը յաճախ ծախսող մարդ է:

«Ոչ», ըսաւ ան (Հափ Ֆարմանեանն էր): «Գինով չէր, իմ կարծիքով՝ համալսարանի փրոֆեսէօրներէն էր: Վճարեց, թերթը բացաւ, ծաղրանկարներուն նայեցաւ յետոյ նորէ՛ն զննեց էջերը, ծալլեց ու գրպանը դրաւ խնամքով. կարծես թէ գիտէր որ կ՚արժէ պահել»:

Հիմա ես հարցում մը ունիմ ընթերցողներուն: Արդեօք կա՞յ մէկը, որ գիտէ, թէ ո՛վ վաթսուն տարի առաջ Ֆրեզնոյի մէջ «Ցախաւել» անունով թերթ մը հրատարակեց: Պիտի ուզէի գիտնալ:

Յաւելեալ, 1919-ի այս վաթսունամեակին պիտի ուզէի գիտնալ որ արդեօք կա՞ն ընթերցողներ, որոնք Խոսրով Բագրատունի կոչուող անձի մը մասին տեղեկութիւն ունին. անձ մը, որ 1919-ի մօտ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ձայնապնակ մը պատրաստած է, որուն վրայ արձանագրուած էին «Բարձր սարեր» եւ «Սեւ կաքավիկ» երգերը: Անցեալին, այս երկուքը մեծ մարդ թուեցան ինծի, ու տակաւին այդպէս կը թուին:

Մանրամասնութիւններ կ՚ուզեմ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021