ԱՐՑԱԽ. ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ՝ ՕՐ 158. ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Արցախը քաղաքականութիւն չէ, հայրենիք է, տուն է, ընտանիք է, կեանք է, սրբազան հող մըն է: Արցախը մեր կեանքի անբաժան մասնիկն է, մեր ծնողքն է, մեր վաղուան պայծառ օրն է: Առանց Արցախի մեր ծնողներու ապրած կեանքը պիտի դառնայ անիմաստ: Մեր լոյս աշխարհ գալը պիտի դառնայ անիմաստ, քանզի մեր զաւակները պիտի չկարենան ապրիլ:

Ժամանակին յստակ պարզաբանում մը տրուած է. «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, պիտի շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը»: Յիրաւի, առանց Արցախի, առանց Սիւնիքի պիտի չըլլայ Հայաստան: Կարճ ժամանակամիջոցի մը հոլովոյթին պիտի կորսնցնենք Հայաստանը, մայրաքաղաք Երեւանով հանդերձ: Ասոնք լոկ խօսքեր չեն, այլ դառն իրականութիւնը կը ցոլացնեն:

Արցախի ճակատագիրը 1988 թուականին որոշեցին արցախցիները: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ ստանձնեց Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը: Այս բոլորը հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագրով: Լրագրող, հասարակական գործիչ Նայիրի Հոխիկեան կը յիշեցնէ. «Արցախը յանձնելու համար Հայաստանը նախ պէտք է հրաժարի իր անկախութեան հռչակագրէն։ Պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը, պէտք է փոխէ բազմաթիւ այլ արժէքներ: Նոյնիսկ այդ բոլորը կատարելէ վերջ Հայաստանը իրաւունք չունի որոշելու Արցախի ճակատագիրը: Քանզի Արցախի տէրը արցախցիներն են: Արցախը ինք որոշած է չըլլալ հարեւան պետութեան կազմին մէջ»:

Այս բոլորը քաջ գիտակցելով՝ սեւ ուժերը կը փորձեն պառակտել Արցախը ներսէն՝ ժողովուրդը բաժնելով քանի մը մասերու: Կը փորձեն տիրել՝ մասնատելով:

Շրջափակում. օր՝ 158:

Օրերս Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար, արցախեան ազատամարտի մէջ յաղթանակի բաժինը ապահոված Սամուէլ Պապայեանի հանրահաւաքը: Ժամանակին Սամուէլ Պապայեան մահափորձ կազմակերպած էր Արցախի նախագահ Արքատի Ղուկասեանի դէմ: Երկար տասնամեակներ ստուերի տակ մնալէ վերջ դարձեալ մէջտեղ ելած է:

Ի՞նչ կու տայ Սամուէլ Պապայեան Արցախին:

Սամուէլ Պապայեան պատուհաս մըն է Արցախի համար: Մայիսի 15-ին ան հանրահաւաք մը կազմակերպեց Ստեփանակերտի մէջ: Այդ հանրահաւաքին մասնակցեցան մօտաւորապէս երկու հազար արցախցիներ:

Ո՞վ է այսօրուան Սամուէլ Պապայեանը:

Գաղտնիք չէ, որ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարարը կը համագործակցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Մինչեւ հանրաւաքը, փաշինեանական ամբողջ քարոզչամեքենան՝ Հայաստանի առաջին հեռուստաալիքով հանդերձ, լծուեցաւ Պապայեանի գովեստին: Անոնք կ՚ուզեն Արցախի մէջ Պապայեանը բերել իշխանութեան: Ան անձամբ խոստովանած է, թէ դէմ չէ ատրպէյճանցի գործարարներու Արցախ մուտքին: Ան կողմ է Արցախի մէջ համագործակցելու ատրպէյճանցիներու հետ: Պապայեան, միեւնոյն ժամանակ, դժգոհութիւն կը յայտնէ ռուս խաղաղապահներէն:

Արցախի մէջ դժգոհ են Արայիկ Յարութիւնեանի կառավարումէն: Չեն ուզեր, որ ան մնայ իշխանութեան գլուխը։ Սակայն հասարակ արցախցիները կը գիտակցին, թէ ներքին բախումներ ու անկայունութիւն պիտի չըլլայ Արցախի մէջ: Քանզի այդպիսի իրավիճակը կարճ ժամանակի ընթացքին պատճառ պիտի ըլլայ ատրպէյճանական զօրքի Ստեփանակերտ ներխուժման:

Այս բոլորի համատեսքին մէջ, Սամուէլ Պապայեան, բնականաբար, Նիկոլ Փաշինեանի յուշումով ու գումարներով, կը ջանայ մարդիկը իջեցնել փողոց: Նպատակն է հանրային ճնշումի միջոցաւ ստիպել իշխանութիւնը, որպէսզի ան դառնայ պետական նախարար, կամ գուցէ նախագահ:

Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, Սամուէլ Պապայեան կը դառնայ ամենայարմար միջոցը Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր տէրերու պայմանաւորուածութիւնը իրագործելու համար: Այսինքն՝ արցախցիներու ձեռքով Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու: Սեւ ուժերը անգործ չեն մնար, չեն յապաղիր: Անոնք բոլոր միջոցները կը դնեն գործի՝ օր առաջ Արցախէն ազատելու համար: Արցախի ու Հայաստանի վաղուան օրը կախեալ է մի՛միայն արցախցիներէն: Միասնական եւ խոհեմ գտնուելու պարագային Տիրոջ կամօք պիտի կարենանք այս փորձութիւնը յաղթահարել եւ յաղթական դուրս գալ:

Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր երկու հայրենիքներուն, հայոց աշխարհին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023