ՀԱՐՍ ՈՒ ԿԵՍՈ՞ՒՐ, ԹԷ՞ ՄԱՅՐ ՈՒ ԱՂՋԻԿ

Ամուսնութիւնը կեանքի կարեւորագոյն ու ամենէն գեղեցիկ փուլերէն մին է։

Կայուն ընտանիք, յաջող ամուսնութիւն՝ ահաւասիկ երջանիկ ապագայի գրաւականը։ Իւրաքանչիւր առողջ ընտանիք իւրայատուկ է իր ընտանեկան պարագաներով։ Որքան ընտանիքի արմատները խոր ու տարածուն ըլլան, այնքանով ան կը փայլատակէ։ Բաց աստի, կը դիմակայէ տարատեսակ հողմերուն ու բնական արհաւիրքներուն։

Ըստ իս, աւանդական հայկական ընտանիքը պէտք չէ որ սահմանափակ-ւած ըլլայ հայրիկ-մայրիկ եւ մէկ կամ երկու զաւակներով։ Մեր ընտանիքներուն կարեւորագոյն մասը՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան, պէտք է կազմեն մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք մեր ընտանիքներուն գլխաւոր յենակէտերն են։ Յաճախ այդ յենասիւներէն կախեալ կ՚ըլլայ նորաստեղծ ընտանիքի մը երջանիկ ապագան։

Ներողամտութիւն, փոխըմբռնում ու հանդուրժողականութիւն՝ ասոնք են նորաթուխ ընտանիքի մը երջանիկ ապագայի գաղտնիքները։ Իսկ իմ բոլոր այս թուածներու բանալին՝ կղպանքը, կը գտնուի ընտանիքի մօր՝ կեսրոջ գրպանը։ Տուեալ պարագային կեսուրը կը ստանձնէ ճարտարապետի պաշտօնը։ Եթէ ան կառոյցի ամուր ու հաստատուն հիմը դնէ, հետեւողական ըլլայ, ապա՝ ի վերջոյ, կը ստանայ սքանչելի արդիւնք մը։

Սիրելի կեսուրներ, այդ իսկ պատճառաւ, երբ աղջիկ մը ձեր տունը հարս գայ, պէտք է դառնայ ձեր՝ կեսուրի աղջիկը։ Բնական է, որ երբեմն զիրար պիտի չհասկնաք, անհամաձայնութեան պատճառաւ ձեր ընտանիքի յարկէն ներս պիտի ըլլան վիճաբանութիւններ. ո՞վ ըսաւ, թէ մայր ու աղջիկ միշտ զիրար կը հասկնան…

Շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր կեսուր ունենայ հետեւեալ գիտակցութիւնը. երբ աղջիկ մը իրենց տուն հարս կու գայ, ինքնըստինքեան կը դառնայ իր աղջիկը, իր որդւոյն երկրորդ կէսը, իրենց նորոգեալ ընտանիքի լոյսը։

Ինչո՞ւ լոյս։

Քանզի երեխան լոյս է, իսկ ան կը դառնայ ձեր տուն լոյս բերողը, ձեզ երիտասարդացնողը, խինդ ու ծիծաղ պարգեւողը։ Ձեր զաւկի պսակադրութեան օրը՝ մաքրութեան, պարզութեան ու անմեղութեան խորհուրդ ունեցող այդ ճերմակ զգեստը կրող փխրուն ու անմեղ էակը կը դառնայ ձեր ընտանիքի նոր անդամը։ Ձեր ընտանիքի եւ ձեր մասին հոգացողը։ Ձեր դիմաց սիրով ու առանց տրտունջի սեղան շտկողը։

Սիրելի կեսուրներ, ժամեր առաջ օտարի աղջիկը, որ այլեւս ձե՛ր աղջիկն է, կը դառնայ ձեր տան երջանկութիւնը կրկնապատկողը։ Քանզի, ձեր զաւակը այլեւս մինակ պիտի չմնայ։ Չէ՞ որ ձեր տան ծաղիկն ալ՝ ձեր հարազատ աղջիկը ուրիշի մը օճախը լուսաւորած է, կամ պիտի լուսաւորէ։ Իսկ ան՝ ձեր որդւոյն սիրեցեալը եկաւ ձեր տուն, որպէսզի իր նոր օճախը լեցնէ լոյսով ու սիրով։

Հաճելի կ՚ըլլայ, եթէ դուք ալ զինքը ձեր հարազատ դստեր պէս ընդունիք. որպէսզի իր մօրմէ, իր ընտանիքէն պոկուած ծաղիկը ձեզ ի սրտէ՝ որպէս երկրորդ մայր ընդունի, ու երբ տունէն թէկուզ քանի մը ժամով դուրս ելլէք, ան ձեր բացակայութիւնը անմիջապէս զգայ։

Սիրելի հարսեր եւ կեսուրներ, պէտք է զիրար յարգէք ու սիրէք, թէկուզ յանուն ձեր ճանչցած միակ տղամարդու, զոր երկուքդ ալ կը սիրէք անսահման սիրով։ Անոր շնորհիւ է, որ միասին էք…

Սիրելի կեսուրներ, յիշեցէք այն դժուար օրը, երբ բաժնուեցաք ձեր հարազատ ու տաքուկ օճախներէն ու եկաք ձեր ամուսնոյն տունը, դարձաք այդ ընտանիքին լոյսը։ Սակայն, որքա՜ն բարդ ու դժուար էր ձեզի համար սկզբնական շրջանին։

Պահ մը յիշեցէք ձեր կեսուրի տրտունջը, երբ բան մը չգիտցած ատեն ձեզի ուղիղը կը սորվեցնէր…

Յարգելիներս, դուք ձեր կեսուրներուն սխալները մի՛ կրկնէք, եղէ՛ք հանդուրժող։ Չէ՞ որ ձեր դիմաց՝ ձեր աղջիկը կայ։ Յիրաւի, երբեմն ալ կը վիճիք. ո՞վ ըսաւ, թէ մայր ու աղջիկ միշտ կ՚ըլլան հաշտ ու համերաշխ։

Սակայն մի՛ թոյլատրէք, որ ձեր հարսը երբեւէ ձեզմէ հիասթափուի. գուցէ իր սրտին մէջ կարօտ ունի, գուցէ տակաւին չէ յարմարած իր նոր ընտանիքին… Պահ մը յիշեցէք ձեր դստեր ամուսնութեան սկզբնական շրջանները։

Արդարեւ, որքան հաճելի է, երբ ընտանիքի մը մէջ տիրէ անդորրը։ Երբ կայ յարգանք, սէր ու փոխադարձ դրական զգացումներ…

Որքա՜ն գեղեցիկ է, երբ հարս ու կեսուր կ՚ըլլան հարազատ մայր ու աղջկայ պէս։

Կը յղիանայ, շուտով ձեր տան լոյսին կեանք կը պարգեւէ։

Սիրելի կեսուր մայրիկներ, մասնաւորապէս յղութեան ընթացքին յաճախ ժպտացէք ձեր հարսերուն։ Ինքզինքը շոյուած ու սիրուած զգացող ձեր հարսն ալ փոխադարձաբար՝ ամենագեղեցիկ ու ազնիւ ժպիտով կը ժպտի ձեզի, քանզի ան այդ շրջանին երկու անձի փոխարէն պիտի ժպտի։

Յղի կինը անկախ իր արտաքին տեսքէն, միշտ շատ գեղեցիկ կ՚ըլլայ։ Քանզի իր սրտին տակ, իր հետ միասին մշտապէս կը պտըտցնէ անմեղ հրեշտակ մը, որ գտնուելով իր մայրիկին որովայնին մէջ հաղորդ կը դառնայ անոր զգացումներուն։

Սիրելի կեսուրներ, մի՛ վշտահարիք ձեր հարսերուն, չէ՞ որ ան իր փորիկի մէջ կը կրէ ձեր փոքրիկ հրեշտակը… Յղի կինը անսահման սիրոյ ու քնքշանքի կարիք ունի։

Ի վերջոյ, երբ Բարձրեալը ձեր օճախը լուսաւորէ, պահ մըն ալ ձեր հարսերուն ժպտացէք ու շնորհապարտ եղէք, ձեր սրտի մէջ տեղ գտած անսահման երջանկութիւնը կիսուեցէք անոր հետ, մի՛ մոռնաք անոր յայտնել, որ այսօր դուք երջանիկ ու օրհնուած էք շնորհիւ իրեն։ Հաւատացէք, ձեր անկեղծ ժպիտն ու սրտաբուխ խօսքերը զայն աւելի ու աւելի կ՚ոգեւորեն, ան ինքզինքը կը զգայ սիրուած ու ձեր ընտանիքի լիարժէք անդամը։

Մտաբերէք, որքա՜ն գեղեցիկ, առողջ ու աննկարագրելի հէքեաթային կ՚ըլլայ տունի մը մթնոլորտը, երբ այնտեղ կ՚իշխէ միմիայն սէրը…

Ուստի, սիրելի հարսներ ու կեսուրներ, յարգեցէք ու սիրեցէք զիրար, յանուն ձեր երկուստեք սիրելի տղամարդու։

Թո՛ղ ձեր օճախին մէջ լոյս ճառագէ։ Իսկ դուք մնացէք այդ օճախին մայրը, աւելին՝ մեծ մայրիկը, ամենէն կարեւորը՝ զաւակ մըն ալ աւելցուցէ՛ք ձեր ընտանիքին մէջ…

Ամէն բան մեծէն կախեալ է, ձեր փայլուն օրինակով սորվեցուցէք ձեր հարսերուն, թէ ինչպէս պէտք է սէր բերել ընտանիքին։ Չէ՞ որ առողջ, սիրով ու փոխադարձ յարգանքով շաղախուած ընտանիքները մեր հզօր ու կայուն ապագայի հիմն են։

Մնացէք սիրո՛վ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019