ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱՅԻՆ ՕՐՆ Է

Այսօր աշխարհի մէջ կը նշեն Նելսըն Մանտելայի միջազգային օրը, որ 2010 թուականին ՄԱԿ-ի որոշումով հաստատուած է եւ կը յիշատակուի ամէն տարի անոր ծննդեան օրը՝ 18 յուլիսին: Այս օրը որոշուած է յարգանքի տուրք մատուցելու Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահին, որ պայքարած է խաղաղութեան, ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար եւ խորհրդանիշ դարձած է ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան: Իր անունը հռչակաւոր է աշխարհի չորս կողմերը եւ բազմաթիւ երկիրներու առաջնորդները անարդարութեան դէմ պայքարի ելած են՝ իրենց աչքին առջեւ ունենալով Մանտելայի պայքարին օրինակը:

Մանտելայի կերպարը շատ-շատերուն համար կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն եւ մարդկային արժանապատուութիւն եւ կը մարմնաւորէ աննկուն պայքար եւ կարեկցանք:

1993 թուականին Նոպելեան մրցանակ ստացած Մանտելա նաեւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան ամենատարեց եւ երկարակեաց նախագահն էր․ ապրած է 95 տարի եւ իր մահկանացուն կնքած է 5 դեկտեմբեր 2013-ին՝ 95 տարեկանին: Մանտելա պատուաւոր անդամ եղած է աւելի քան յիսուն միջազգային հիմնարկներու եւ քսանէ աւելի պատուաւոր պարգեւատրումներ ստացած է: Իր կարգախօսն էր. «Մենք պէտք է ճիշդ օգտագործենք ժամանակը եւ միշտ յիշենք, որ արդար գործի կարելի է սկսիլ որեւէ ատեն»:

Պէտք է յիշել, որ Մանտելա Նոպելեան մրցանակը ստացած է Ֆրետերիք տը Քլեքի հետ, որ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան վերջին ճերմակամորթ նախագահն էր: Քլեքն էր, որ 1990 թուականին օրինականացուց Ափրիկեան ազգերու քոնկրէսի երիտասարդական լիկան, եւ այդ օրինականացումէն ետք Մանտելան ազատ արձակուեցաւ:

Մանուկ հասակէն Մանտելա, լսելով պատերազմներու ժամանակ իր նախնիներու կատարած սխրագործութիւններուն մասին, միշտ փափաքած է ներդրում ունենալ իր ժողովուրդի ազատագրման պայքարին:

Նախնական եւ երկրորդական ուսումը զանազան վարժարաններու մէջ ստանալէ ետք, իրաւագիտութիւն ուսանած է Հեր եւ Ուիթուոթըրսրանտ համալսարաններուն մէջ: Որպէս իրաւաբան՝ բազմիցս ձերբակալուած է իր քաղաքական համոզումներու ու հակապետական կեցուածքի համար:

Իսկ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան էութիւնը անոր մէջ էր, որ սեւամորթները գրեթէ զրկուած էին բոլոր քաղաքացիական իրաւունքներէ: Սեւամորթներուն կ՚արգիլուէր այցելել ճերմակամորթներուն քաղաքները: Կը յաճախէին նաեւ զատ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, լողափներ, հասարակական փոխադրամիջոցներ, եւ սպասարկման որակը սեւամորթներուն համար նախատեսուած հաստատութիւններուն մէջ չափազանց վատ էր: Ոչ սպիտակամորթներու համար հիւանդանոցները քիչ էին, իսկ գրադարան, թատրոն, շարժանկարներու սրահներ, սրճարաններ ու ճաշարաններ ընդհանրապէս չկային:

Մանտելա, ի սկզբանէ, ոչ բռնի միջոցներով պայքարած է ցեղային խտրականութեան դէմ, սակայն խաղաղ ցուցարարներու գնդակահարութիւններէն ետք ան ղեկավարած է Ափրիկեան ազգերու քոնկրէսի երիտասարդական լիկայի զինեալ թեւը:

1956-1961 թուականներուն Ափրիկեան ազգային քոնկրէսի ղեկավարներուն հետ դատուած է իբրեւ հայրենիքի դաւաճան: 1961 թուականէն սկսեալ, Ափրիկեան Համայնավար կուսակցութեան հետ, ան հիմնած է յեղափոխական կազմակերպութիւն՝ խափանարարական միջոցներով պայքարելու համար Հարաւային Ափրիկէի բաժանիչ, ցեղապաշտ պետութեան դէմ: 1962 թուականին կրկին ձերբակալուած է՝ մեղադրուելով պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով եւ դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան: Այս վճիռով ան 27 տարի բանտը մնացած է եւ միջազգային երկարատեւ ճնշումներն ու ներքին պայքարը պատճառ դարձած են, որ Մանտելա ազատ արձակուի 11 փետրուար 1990 թուականին: 27 տարուան բանտարկութեան 18 տարին ան անցուցած է Ռոպէն կղզիի բանտին միայնակ խուցին մէջ, ուր նոյնպէս մորթի գոյներու տարանջատում կար:

Ազատ արձակուելէն չորս տարի ետք՝ 1994 թուականին տեղի կ՚ունենայ առաջին ժողովրդավարական բազմազգ նախագահական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին Ափրիկեան ազգային քոնկրէսը յաղթանակ կը տանի, եւ Մանտելա կ՚ընտրուի Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը։ Անոր կառավարութիւնը կը ճանչցուի որպէս ազգային միասնութեան կառավարութիւն:

Անոր օրով կազմուած նոր սահմանադրութեամբ է, որ երկրին մէջ ընդմիշտ կը վերանայ ցեղային խտրականութիւնը եւ հիմք կը դրուի ժողովրդավարական պետութեան: Ան չեղեալ յայտարարած է աշխատանքի ընդունուելու ժամանակ առկայ խտրականութիւնը, երկրին բոլոր բնակիչներուն համար հաւասար թոշակներ սահմանած է: Մանտելայի օրով բազմաթիւ հիւանդանոցներ, նոր բնակարաններ կառուցուած են, միլիոնաւոր մարդիկ ջուր, ելեկտրականութիւն, հեռաձայն ունեցած են, դեղերը հասանելի դարձած են սեւամորթներուն:

Նելսըն Մանտելան ծնած է 18 յուլիս 1918 թուականին՝ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան Ումտատա քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող Քումուէզօ գիւղը: Անոր ընտանիքը կը պատկանի թեմպու տոհմի կրտսեր ճիւղին (Քհոսա ենթաէթնիք խումբ, թարգմանաբար կը նշանակէ «անախորժութիւն»), որ այդ ժամանակին կը կառավարէր Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան Քէյփ Թաունի Թրանսքէյ շրջանը: Անոր մայրը արմատներով Քհոսա խումբին կը պատկանի: Մանտելայի մեծ հայրը (հօր կողմէ)՝ Նկուպենկցուկան, Թեմպուի առաջնորդն էր, որուն տղոցմէ մէկը՝ Մանտելան, Նելսըն Մանտելայի մեծ հայրն էր, որմէ ալ կը յառաջանայ անոր մականունը:

Մանտելայի հայրը՝ Քաթլա Հենրի Մփականիսուան, Քումուէզօ գիւղի առաջնորդն էր: Ան 1915-ին նշանակուած էր այդ պաշտօնին: Գաղութային իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն վատթարացումէն ետք Մանտելան հեռացուցին իր պաշտօնէն, ան ստիպուեցաւ ընտանեօք Քունու տեղափոխուիլ եւ մնալ Թեմպուի գաղտնի խորհուրդի կազմի անդամ:

Մանտելայի հայրը ունէր չորս կին, որոնք իրեն պարգեւած էին տասներեք զաւակ (4 տղայ, 9 աղջիկ) եւ Մանտելան Քաթլայի երրորդ կնոջ՝ Մոնկապի Նոսեկէնիի զաւակն էր, զայն կ՚անուանէին Րոլիհլահլա (խոշերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «ծառի ճիւղ պոկող» կամ խօսակցական՝ «ծառ մագլցող»): Րոլիհլահլա Մանտելան ընտանիքին մէջ առաջին դպրոց յաճախողն էր, ուր ուսուցչուհին տուաւ անոր անգլիական անունը՝ «Նելսըն»: Մանտելան այդ փաստը կը յիշէ.

«Դպրոցի առաջին օրը ուսուցչուհին՝ Տիկ. Մտինկանէն բոլոր աշակերտներուն տուաւ անգլիական անուններ: Այդ ժամանակ ատիկա աւանդութիւն էր ափրիկէցիներուն մէջ, եւ, անկասկած բրիտանական ձեռագիրը կրթութեան գլխաւոր նիւթերէն էր»:

Նելսըն Մանտելա ծանօթ էր նաեւ Մաթիպա անունով, որ Քոսա ցեղին ցեղային անուններէն էր եւ, փաստօրէն՝ անոր ունեցած երեք անուններէն մէկը:

Մանտելա ինն տարեկան էր, երբ հայրը մահացաւ եւ անոր խնամակալ դարձաւ Ճոնկինտապան: Երիտասարդ հասակին Նելսըն կը յաճախէր խնամակալին տունէն ոչ հեռու գտնուող մեթոտաբանութեան հիմնական դպրոցը: Տասնվեց տարեկանին, ըստ Թեմպուի աւանդոյթներուն, ան յաղթահարեց «յարութեան» արարողակարգը: Աւելի ուշ ուսում ստացաւ Քլարքպերի գիշերօթիկ հաստատութենէն ներս, ուր երեք տարուան փոխարէն, ան երկու տարիէն ստացաւ միջնակարգ կրթութեան հաւաստագիր: 1937 թուականին Նելսըն, որպէս Գաղտնի ժողովի մէջ իր հօր՝ Քաթլայի ժառանգորդ, տեղափոխուեցաւ Պորտ Պոֆորտ, ուր ալ ընդունուեցաւ այն մեթոտաբանական ճեմարաններէն մէկը, զոր աւարտած էին Թեմպու գերդաստանի իշխող անդամներուն մեծամասնութիւնը: Տասնինն տարեկանին ազատ ժամանակ մարմնամարզութեան կը հետեւէր:

1939 թուականին Մանտելա կ՚ընդունուի Ֆորտ-Հէյր համալսարանը: Այդ մէկը Հարաւային Ափրիկէի միակ համալսարանն էր, ուր կրնային յաճախել ոչ միայն ճերմակամորթները, սակայն շուտով Մանտելա կը մասնակցի ուսանողներու դասադուլին եւ կը լքէ համալսարանը: Ատկէ ետք, անոր խնամակալ Ճոնկինտապան բռնի կերպով կը փորձէ երկու հարսանիք կազմակերպել` փորձելով ամուսնացնել թէ՛ Մանտելան, թէ՛ իր որդին: Սակայն երիտասարդները մէկու մը հետ չէին փափաքեր իրենց կեանքը կապել եւ կը դիմեն փախուստի դէպի Եոհանեսպուրկ: Այստեղ Մանտելա նախ հանքի մը մէջ իբրեւ պահակ կ՚աշխատի, ապա իրաւաբանական ընկերութեան մը մէջ՝ իբրեւ գրագիր եւ հեռակայ կարգով պսակաւոր արուեստի գիտութիւններու պաքալորէայի կոչում կը ստանայ Հարաւային Ափրիկէի համալսարանէն ներս:

Իր ողջ կեանքին ընթացքին Մանտելա ամուսնացած է երեք անգամ: Անոր վերջին կինը դարձած է Քրասա Մաշելը՝ Մոզամպիքի նախագահին այրին, որուն հետ Մանտելա ամուսնացած է 80 տարեկանին. Մաշել 27 տարի իրմէ փոքր էր: Քրասա Մաշել միակ այրին է, որ երկու երկիրներու առաջին տիկինը եղած է, ան կ՚ուղեկցէր Մանտելայի արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն ընթացքին, բայց ամէն պարագայի որոշակի անկախութիւն կը պահպանէր եւ իր ժամանակը նաեւ Մոզամպիքին կը տրամադրէր: Երբ HIV հիւանդութենէն կը մահանայ Մանտելայի կրտսեր որդին, ան կանգնած է այդ հիւանդութեան դէմ պայքարին կողմը:

2001 թուականին Մանտելայի մօտ յայտնաբերած են քաղցկեղ: Ան բուժման հանգամանքներէ անցած է: Վերջին տարիներուն հանրութեան առջեւ քիչ կը յայտնուէր, այդ իսկ պատճառով անոր մահուան մասին լուրերը կը տատանէին, եւ 2004 թուականին CNN-ը պատահաբար մահախօսական մը հրապարակած է անոր մահուան մասին:

76 տարեկանին ան տարբեր հիւանդութիւններ կը կրէր, թէեւ կը շարունակէր աշխուժօրէն աշխատիլ, սակայն կը զգացուէր, որ մեկուսացած է: Մանտելա յաճախ յայտնի մարդիկ կը հիւրընկալէր, ինչպէս՝ Մայքլ Ճեքսընը, Ուոպի Կոլտպերկը, անգլիացի Հարի Օփենհայմըրը, ինչպէս նաեւ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։ Չնայած իր հարուստ շրջանակին, Մանտելան ապրած է շատ պարզ, նուիրաբերելով իր հարաւափրիկեան 552 հազար րանտ տարեկան եկամուտին երրորդ մասը՝ Նելսըն Մանտելայի մանկական հիմնադրամին, որ հիմնադրուած է 1995 թուականին:

Մանտելայի օրը ՄԱԿ-էն ներս նախատեսուած են ձեռնարկներ. ժողովրդավարութեան միջազգային կառոյցներն ալ պիտի նշեն օրը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը սովորաբար ուղերձ մը կը հրապարակէ, որուն հիմնական ըսելիքը կոչ մը կ՚ըլլայ՝ աշխարհը աւելի լաւ դարձնելու համար ըլլալ Մանտելայի շարժման մէկ մասը:

Մանտելայի օրը կը նշուի նաեւ իր ծննդավայրին մէջ: Մանաւանդ բազմութիւն կ՚ըլլայ Մանտելայի թանգարանը: Հարաւ Ափրիկէի մէջ գործող Նելսըն Մանտելայի ազգային թանգարանը յաճախ կը կոչեն նաեւ Մանտելայի տուն: Սոուէտօ քաղաքի Օրլանտօ Ուեսթ շրջանի Վիլաքազի փողոցին վրայ գործող այդ տան մէջ Մանտելա ապրած է 1946-1962 թուականներուն:

1997-ին Մանտելա տունը նուիրաբերած է Սոուետոյի ժառանգութեան խնամակալութեան (որուն հիմնադիրը ինքն էր), որպէս թանգարան գործարկելու համար:

1999 թուականին թանգարանը դարձած է Ազգային ժառանգութեան կառոյց:

2009 թուականէն ի վեր հաստատութիւնը ունի այցելուներու կեդրոն մը եւ փոքր թանգարան: Տունը մէկ յարկանի կարմիր աղիւսէ շինութիւն մըն է՝ կառուցուած 1945-ին: Պատերուն վրայ կան փամփուշտներու անցքեր, իսկ ճակատային մասը՝ հրդեհի հետքեր՝ շշառումբով՝ (մոլոթոֆ քոքթէյլ) յարձակման հետեւանքով: Ներսը կայ իւրօրինակ կահոյք եւ յուշանկիւն մը, այդ կարգին՝ լուսանկարներ, Նելսըն Մանտելային ուղղուած մէջբերումներ եւ Շուկար Ռէյ Լէոնարտի կողմէ Մանտելային տրուած աշխարհի առաջնութեան գօտին:

1999 թուականին Սոուէտոն Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան զբօսաշրջիկներուն համար 16-րդ ամենանշանաւոր վայրն էր, որ մասամբ կը վերագրուէր 1997 թուականի դեկտեմբերին Մանտելայի տան բացումով: 1990 թուականին, բանտէն ելլելէն ետք, Մանտելան վերադարձած է տուն, հակառակ կառավարութեան պաշտօնեաներու առաջարկներուն, որ ան աւելի ապահով տունի մը մէջ գտնուի: Դէպի Սոուէտոյի տունը տանող ճամբուն վրայ զինք ողջունող ամբոխին Մանտելան ըսած է. «Վերջապէս տուն եկած եմ»: Տասնմէկ օր տան մէջ անցընելէ ետք ան կրկին վերադարձած է: Հանրութեան առջեւ այս տունը վերաբացուած է 19 մարտ 2009 թուականին:

Պատմութեան մէջ յիշարժան եղած է նաեւ Մանտելայի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցած է 91 երկրի ղեկավար, աշխարհի ամենայայտնի սեւամորթ գործիչին հրաժեշտ տալու գացած է աւելի քան հարիւր հազար հոգի։ Հրաժեշտի արարողութիւնները տեւած են տասներկու օր: Յուղարկաւորութեան պաշտօնական մասէն ետք անոր մարմինը փոխանցուած է Թեմպու ցեղի թագաւորին՝ խոսա ազգութեան աւանդոյթին համաձայն զայն թաղելու համար: Առաջնորդին հարազատներուն խնդրանքով, ըստ ցեղային աւանդոյթներուն, արգիլած են արարողութեան նկարահանումները, քանի որ թաղումը իրականացուած է աւանդական ցեղային կարգով: Այնուհանդերձ, տեղական հեռատեսիլի ընկերութիւնը ուղիղ եթերով հեռարձակած է արարողութիւնը: Մանտելա յուղարկաւորուած է իրեն հարազատ Քունու գիւղին մէջ՝ իր երեք երեխաներուն քով: Իր միւս ժառանգներուն ան ձգած է 4 միլիոն տոլար, մեծ գումարներ ձգած է նաեւ Նելսըն Մանտելայի անուան հիմնադրամի աշխատակիցներուն եւ ուրիշ կառոյցներու:

Մանտելայի օրը այսօր կը նշուի նաեւ Փարիզի Մանտելայի անուան այգիին մէջ:

Մանտելա ըսած է.

- Ես կ՚երազեմ ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութեան մասին, ուր բոլոր քաղաքացիներ ունին հաւասար իրաւունքներ: Ես յոյսով եմ, որ պիտի ապրիմ եւ պիտի իրականացնեմ երազանքս, սակայն հարկ եղած պարագային, ես պատրաստ եմ մեռնիլ յանուն այդ երազանքին:

- Ոչ ոք ի ծնէ կ'ատէ ուրիշ մէկը՝ անոր մորթին գոյնին, ծագումին կամ կրօնքին պատճառաւ: Մարդիկ կը սորվին ատել, եւ եթէ անոնք կարող են սորվիլ ատել, անոնց կարելի է սորվեցնել նաեւ սիրել:

- Ազատ ըլլալու համար բաւական չէ ձերբազատուիլ քեզ կաշկանդող շղթաներէն, պէտք է այնպէս ապրիլ, որ քու կեանքովդ զօրացնես միւսներուն ազատութիւնը:

- Եթէ կը փափաքիս հաշտութիւն կնքել թշնամիիդ հետ, պէտք է անոր հետ համագործակցիս: Այդ ժամանակ ան կը դառնայ գործընկերդ:

- Խիզախութիւնը ոչ թէ վախի բացակայութիւնն է, այլ անոր յաղթահարումը. ուստի խիզախ մարդը ան չէ, որ չի վախնար, այլ ան է, որ կը յաղթահարէ իր վախը:

- Կրթութիւնը ամենահզօր զէնքն է, որ կարող է կիրարկուիլ աշխարհը փոխելու համար:

- Գերագոյն փառքի կը հասնին ոչ թէ երբեք չսայթաքելու, այլ ամէն սայթաքումէ ետք բարձրանալու շնորհիւ:

- Դէպի ազատութիւն տանող ճանապարհը հարթ չէ. մեզմէ շատեր մեր երազանքները իրականացնելու համար ստիպուած պիտի ըլլան բազմիցս անցնիլ մահուան խաւարչտին արահետներով:

- Երբ մարդը կը զրկեն իր երազած կեանքով ապրելու իրաւունքէն, անոր ուրիշ ելք չի մնար, քան՝ օրինազանց դառնալը:

- Սխրագործութիւնները անիրագործելի կը թուին այնքան ատեն, երբ անոնք չեն իրագործուած:

- Երբ բանտէն դուրս կու գայի այն դարպասէն, որ ինծի դէպի ազատութիւն կը տանէր, ես գիտակցեցայ, որ եթէ բանտին մէջ չձգեմ իմ ողջ դառնութիւնս ու ատելութիւնս, ես բանտարկեալ կը մնամ՝ նոյնիսկ ազատութեան մէջ:

- Նախ եւ առաջ պէտք է ազնիւ ըլլաս դուն քու անձիդ հետ: Կարելի չէ որեւէ ազդեցութիւն գործել հասարակութեան վրայ, եթէ չես կրնար փոխել դուն քեզ:

- Կարելի չէ ազգի մը մասին հաւաստի պատկերացում կազմել՝ առանց այդ ազգին բանտերը այցելելու: Ազգի մը մասին դատելու ժամանակ նկատի առէք ոչ թէ այն, թէ ինչպէս կը վերաբերին այդ ազգին ամենաբարձր խաւի քաղաքացիներուն հետ, այլ ստորին խաւի քաղաքացիներուն հետ:

- Ոեւէ մարդ կամ կազմակերպութիւն, որ կը փորձէ գողնալ իմ արժանապատուութիւնս, դատապարտուած է պարտութեան:

- Ոչ մէկ երկիր կրնայ զարգանալ, եթէ անոր քաղաքացիները կրթուած չեն:

- Մէկ անհատը չի կրնար ազատագրել երկիրը: Երկիրը կ՚ազատագրեն հաւաքականօրէն գործելով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019