Եղիշէ ԹադԷոսեան. Տպաւորապաշտ Գեղանկարչութեան Հայ Նախակարապետը

12 ­Սեպ­տեմ­բե­րին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ղան­դա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեա­նի (1870-1936), որ խո­րա­պէս ար­տա­յայտ­չա­կան իր տպա­ւո­րա­պաշտ կտաւ­նե­րով՝ ինք­նու­րոյն դէմք մը կը հան­դի­սա­նայ հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ։

1870-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 12-ի օ­րը ­Վա­ղար­շա­պատ՝ Էջ­միա­ծին ծնած հայ մեծ նկա­րի­չը ի­րեն շնոր­հո­ւած կեան­քի 66 տա­րի­նե­րը, յատկա­պէս ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին մեծ մա­սը ապ­րե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու, ­Մոս­կո­ւա­յի եւ ­Թիֆ­լի­զի մէջ, բայց միշտ ալ թէ՛ գե­ղան­կար­չա­կան իր նե­րաշ­խար­հին կի­զա­կէ­տը դար­ձուց Հա­յաս­տանն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը, թէ՛ իր ծա­ւա­լած հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ շնչեց ու ծա­ռա­յեց ազ­գա­յին իր ար­մատ­նե­րուն հա­ւա­տար­մու­թեամբ։

Հայ­կա­կան կեր­պա­րո­ւես­տի վար­պետ­նե­րէն Ե­րո­ւանդ ­Քո­չա­րի վկա­յու­թեամբ՝ Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեան «…­­Նա ին­քը մեծ հո­գու տէր էր եւ խո­րունկ կուլ­տու­րա­յով (մշա­կոյ­թով) հարս­տա­ցած. նա մօտ բա­րե­կամ էր ­Յովհաննէս ­Թու­մա­նեա­նին, ­Թո­րոս Թո­րա­մա­նեա­նին, ­Կո­մի­տա­սին եւ գրե­թէ բո­լոր մեծ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րին։ ­Նա մեծ ե­րախ­տա­ւոր էր թէ՛ իր ա­րո­ւես­տով, թէ՛ իր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ»։­

Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան շատ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն մուտք գոր­ծեց ա­րո­ւես­տի աշ­խար­հէն ներս եւ իր յա­խուռն ար­տա­յայտ­չա­կան գոր­ծե­րով ան­մի­ջա­պէս ոչ միայն գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի վար­պետ­նե­րուն եւ քննա­դատ­նե­րուն, այ­լեւ թի­րախ դար­ձաւ հա­կա­դիր բուռն գնա­հա­տում­նե­րու՝ բո­լոր ի­րա՛ւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն պէս ու­նե­նա­լով իր ջերմ պաշտ­պան­ներն ու ան­հաշտ ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը։

Մա­նուկ տա­րի­քէն հե­տե­ւե­ցաւ ա­րո­ւես­տա­գի­տա­կան ուս­ման՝ նախ ­Թիֆ­լի­զի մէջ, 1879-1881 տա­րի­նե­րուն, ա­շա­կեր­տե­լով ­Տէր-­Յա­կո­բեան ­Պան­սիո­նին, ա­պա՝ Մոս­կո­ւա, 1881-1885 տա­րի­նե­րուն, ­Լա­զա­րեան ­ճե­մա­րա­նէն ներս։ Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ 1894 թո­ւա­կա­նը, շնոր­հա­լի հայ պա­տա­նի-ե­րի­տա­սար­դը ա­րո­ւես­տից բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Գե­ղան­կար­չու­թեան, ­Քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան եւ Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու­սում­նա­րա­նին մէջ, ուր ա­շա­կեր­տեց մե­ծա­նուն ռուս գե­ղան­կա­րիչ­ներ Ն. ­Նեւ­րե­ւին, Վ. ­Մա­կովս­կիին եւ Վ. ­Պո­լե­նո­վին։ Յատ­կա­պէս վեր­ջի­նին հետ, ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն, Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան ու­նե­ցաւ սերտ ու մտե­րիմ կապ, ո­րուն հիմ­քը ­Պո­լե­նո­վի ա­րո­ւես­տին նկատ­մամբ հայ ե­րի­տա­սարդ նկա­րի­չին պաշ­տա­մուն­քի աս­տի­ճան հիաց­մունքն էր եւ նոյն ու­ղիով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան սե­փա­կան ո­ճը գտնե­լու մղու­մը։ Այդ կա­պը նաեւ ըն­տա­նե­կան մտեր­մու­թեան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ու եր­կար տա­րի­ներ հիմք դար­ձաւ աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան. 1898-ին Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեան ըն­կե­րա­ցաւ ­Պո­լե­նո­վին՝ դէ­պի ­Պա­ղես­տին ա­նոր կա­տա­րած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հե­տա­խու­զու­թեան ար­շա­ւա­խում­բին հետ։

Մոս­կո­ւա­յի գե­ղան­կար­չա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ իր հաս­տա­տած սերտ կա­պե­րը օգ­նե­ցին հայ նկա­րի­չին, որ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր հո­րի­զո­նը ընդ­լայ­նե­լու նպա­տա­կով ճա­նա­չո­ղա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւն­ներ կա­տա­րէ դէ­պի Եւ­րո­պա եւ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տար­բեր եր­կիր­ներ, մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու ժա­ռան­գու­թեան, ինչ­պէս նաեւ գե­ղան­կար­չա­կան նո­րա­րար շար­ժում­նե­րուն։ Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն՝ Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան որ­քան բա­ցո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին այլ մշա­կոյթ­նե­րու եւ ժա­ռան­գու­թեանց, այն­քան խո­րա­ցուց իր ճա­նա­չո­ղու­թիւնն ու ըն­կա­լու­մը հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չա­կան ժա­ռան­գու­թեան եւ հա­րուստ ա­ւանդ­նե­րուն։

Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը ­Վա­ղար­շա­պա­տի ծնունդ ե­րի­տա­սարդ նկա­րի­չին հրա­ւի­րեց դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօ­նի, բայց ­Թա­դէո­սեան միայն 1894-1895 տա­րի­նե­րուն դա­սա­ւան­դեց ­Ճե­մա­րա­նի մէջ եւ վե­րա­դար­ձաւ ­Մոս­կո­ւա, ուր բե­ղուն ստե­ղա­գոր­ծա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան աշ­խա­տանք ծա­ւա­լեց՝ տա­լով անձ­նա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ մեծ հռչա­կի տի­րա­նա­լով։

1901-ին, ­Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան վերջ­նա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց ­Թիֆ­լիզի մէջ, ուր ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց մին­չեւ 22 ­Յու­նո­ւար 1936-ի իր վախ­ճա­նը, տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ ետք։

Գէոր­գեան ­ճե­մա­րա­նի մէջ իր դա­սա­ւան­դու­թեան շրջա­նէն ըս-կըսեալ Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան ըս-տեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր յու­զաշ­խար­հին կի­զա­կէ­տը դար­ձուց լու­ծի տակ հիւ­ծող հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժան կեան­քը, ինչ­պէս նաեւ հա­յոց ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան ձգտու­մը։ Այդ շրջա­նին ստեղ­ծո­ւած ­Թա­դէո­սեա­նի «­Դէ­պի պանդխտու­թիւն» կտա­ւը կը հան­դի­սա­նայ հայ­կա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան ե­զա­կի նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը։

Թիֆ­լի­զեան ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ իր կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Թա­դէո­սեան պսա­կեց եր­կու մեծ ի­րա­գոր­ծում­նե­րով.- Ա­ռա­ջի­նը՝ կազ­մու­թիւնն էր, 1916 թո­ւա­կա­նին, ­Հայ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ­միու­թեան, ո­րուն նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նեց եր­կար տա­րի­ներ։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ հիմ­նադ­րու­թիւնն էր Վ­­րաս­տա­նի ­Գե­ղա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­միա­յին, ո­րուն ա­ռա­ջին փրո­ֆէ­սէօր­նե­րէն ե­ղաւ եւ սե­րունդ­ներ հաս­ցուց գե­ղան­կար­չու­թեան մար­զին մէջ։

Իր կտա­կին հա­մա­ձայն՝ Ե­ղի­շէ ­Թա­դէո­սեան թա­ղո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը ­Թիֆ­լի­զէն Ե­րե­ւան տե­ղա­փո­խե­ցին հայ մեծ նկա­րի­չին ան­կեն­դան մար­մի­նը, վրա­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը օ­րին ստանձ­նե­ցին յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը եւ 29 ­Յու­նո­ւար 1936-ին Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեան իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Ե­րե­ւա­նի Ա­րո­ւես­տի եւ գի­տու­թեան ­գոր­ծիչ­նե­րի ­պան­թէո­նին մէջ։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ա­ռու­մով յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած են տպա­ւո­րա­պաշտ ո­ճով նկա­րո­ւած ­Թա­դէո­սեա­նի բնա­պատ­կեր­նե­րը՝ «Ա­րա­գած»ը (1917) եւ «Ա­րա­րատ»ը (1934)։­ Ա­նոր փայ­լուն դի­ման­կար­նե­րու շար­քին յի­շա­տա­կե­լի են «Ա. ­Շիր­վան­զա­դէ»ն (1933) եւ «Յ. Թու­մա­նեան»ը (1935)։­ Ու­նի նաեւ խո­հա­կան դի­մա­պատ­կեր­ներ, ո­րոնց շար­քին հռչա­կա­ւոր է «­Կո­մի­տաս» մե­ծար­ժէք կտա­ւը (1935)։

­Հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կած է նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­րուստ ան­ցեա­լը ար­տա­յայ­տող կտաւ­ներ, ինչ­պէս՝ «­Տորք Ան­գեղ»ը (1910) եւ «Ար­շակ եւ ­Փա­ռան­ձեմ» (1921) կտաւ­նե­րը։ Նոյն­պէս յայտ­նի եւ ար­ժէ­քա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ են՝ «­Հան­ճա­րը եւ ամ­բո­խը» (1909), «Ք­­րիս­տո­սը եւ ­փա­րի­սե­ցի­նե­րը» (1919), «­Քա­րոզ ուղ­ղա­փառ­նե­րին» (1896) եւ «­Տի­րա­մայր» (1917) կտաւ­նե­րը։

Ինչ­պէս որ ­Մեծն ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեան ընդգ­ծած է Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեա­նի նո­ւի­րո­ւած իր վկա­յու­թեան մէջ՝ «­Նա ստեղ­ծեց իր հրա­շա­լի է­տիւդ­նե­րը, ո­րոնց մէջ ա­րո­ւես­տի իս­կա­կան գո­հար­ներ կան։ ­Գոյ­նի նուրբ զգա­ցո­ղու­թիւն ու­նէր ու կա­րո­ղա­ցաւ մեր­ձե­նալ իմպ­րե­սիո­նիզ­մի (տպա­ւո­րա­պաշ­տու­թեան) սկզբունք­նե­րին, կա­րո­ղա­ցաւ լու­սա­յին, գու­նա­յին մա­քուր թռթռում­նե­րով փոքր չա­փի է­տիւդ­նե­րի մէջ ար­տա­ցո­լել հայ­րե­նի բնու­թեան գողտ­րիկ ան­կիւն­նե­րը, այն­քա՜ն վճիտ ու հայ­կա­կան»…

Նա­զա­րէթ Պէր­պէ­րեան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015