ԻՆՉՊԷ՛Ս ՏՊՈՒԱԾ Է «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱ» ԹԵՐԹԸ

«Հայկական սինեմա» երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթը լոյս տեսած է 1925-1926-ին՝ Գահիրէի մէջ։ Արտօնատէր-հրատարակողը եղած է մեծանուն հայ երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխան, խմբագիրները՝ Վարդան Չաքարեան, Երուանդ Օտեան։ Թերթը լուսաբանած է սփիւռքի հայ հասարակութեան կեանքը, կարեւոր տեղ յատկացուցած՝ ազգամիջեան-միջկուսակցական յարաբերութիւններուն։ Դատապարտած է օտարամոլութիւնը, հայ որբերու նկատմամբ ցուցաբերուող անտարբերութիւնը։ Թերթը կոչ ըրած է օգնել Հայաստանին՝ ներկայացնելով անոր տնտեսական եւ մշակութային կեանքը։ Հայ մամուլի պատմութեան մէջ 50 թիւ ունեցած այս թերթին հիմնումը հետաքրքրական պատմութիւն ունեցած է, մանաւանդ յատկանշական եղած են վէճերը արտօնատէրին եւ խմբագրին միջեւ: Կը պատմէ արտօնատէրը՝ Սարուխան: Այս պատմութիւնը լոյս տեսած է անոր յուշագրութեան մէջ:

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՆԵՄԱ» ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

(24 յունուար 1925 - 12 մարտ 1926)

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ

Այս անգամ հայ մըն էր բարիքս ցանկացողը, որ իրականին մէջ փետտուելիք հաւ մը գտած ըլլալ կը կարծէր՝ յանձինս «ծանօթ եւ կարող երգիծանկարիչ»ի մը։

Մանկութենէս ի վեր մասնաւոր սէր ունեցած էի հանդէպ լրագրութեան։ Մշտական երազս եղած էր հրատարակել հայերէն լեզուով, գունաւոր երգիծանկարներով զարդարուած շաբաթաթերթ մը, որուն շնորհիւ ընդլայնէի բարեկամական շրջանակս, ամէնուն համակրանքը շահէի, խնդացնէի։ Արկածախնդիրներն ու բախտախնդիրները մասնաւոր հոտառութիւն մը ունին. կասկած չի վերցներ։ Սովորութիւն ունէի ճաշելու «Երեւան» ճաշարանը, որ ժամադրավայրն էր այդ օրերուն Թուրքիայէն նոր հասած երիտասարդ ամուրիներուն, որոնք եկած էին իրենց բախտը փորձելու Եգիպտոսի մէջ։ Օրին մէկը, երբ սովորականին նման խումբով նստած ճաշելու վրայ էինք, յանկարծ բարձրաձայն ծիծաղի մը ձայնը լսուեցաւ դուրսէն, որմէ անմիջապէս ետք ճաշարանին դրան առջեւ երեւաց 50-ի մօտ, աղ-պղպեղ մազերով մէկը, եւ զիս քովինին ցոյց տալով, գոչեց.

-Նա՛, հոն նստողն է։

Եւ առանց այլեւայլի՝ յառաջացաւ դէպի սեղանս, տեղաւորուեցաւ դիմացի աթոռին՝ սկսաւ խօսիլ։ Եւ ի՜նչ խօսիլ։ Խօսքի հեղեղ, ուրիշ ոչինչ։ Ամէն մէկ խօսքին ալ բարձրաձայն խնդուք մը։

-Սարուխանն ես, այնպէս չէ՞։ Անմիջապէս ճանչցայ։ Հաւնած եմ գծածներդ։ Ճիշդ քեզ նման մէկու մը անմիջապէս պէտք ունիմ։ Լաւ դիմացս ելար։ Դուն ինծի պէտք եղած մարդն ես, ես ալ՝ քու։ Ես այս քաղաքին միակ իսկական լրագրողն եմ, ամենէն զօրաւոր երգիծագիրը։ Լսեցի, թէ երգիծաթերթ մը հրատարակելու մտադիր ես։ Հիմակուընէ ըսեմ, որ առանց ինծի այդպիսի ձեռնարկ մը չես կրնար յաջողցնել։ Ես այդ ուղղութեամբ միակ փորձառութիւն ունեցող մարդն եմ... Ուրիշ մը փնտռելու չելլես, չես յաջողիր...: Հա՜, հա՜, հա՜։ «Մարտիկ աղա» անունով երգիծաթերթ հանած եմ, ամէնուն խէրը անիծած եմ։ «Մարտիկ աղա»ն,- կրկնեց։- Չե՞ս տեսած, ամբողջ աշխարհ կը ճանչնայ զայն։

Կը խօսէր ու կը խօսէր, երբեմն գոհ ու հպարտ ակնարկ մը նետելով ճաշարանը նստողներուն երեսին եւ բարձրաձայն խնդալով, հակառակ որ իրմէ զատ ուրիշ մէկու մը դէմքին ժպիտ չէր ուրուագծուեր։ Վերջ չունէին իր ինքնագովութիւնն ու մեծխօսիկութիւնը։ Ոչ իսկ երկվայրկեանի դադար մ՚ուր առիթ ունենայի գէթ բառ մը տեղաւորելու։ Ի՛նք կ՚ըսէր, ի՛նք կը պատասխանէր, ի՛նք կը խնդար։ Առանց որ հաւանութեան կամ մերժումի ամենադոյզն արտայայտութիւն մը ելած ըլլար բերնէս, արդէն իսկ գրպանէն հանելով առջեւ դրած էր իր գլուխ-գործոցէն օրինակ մը՝ «Մարտիկ աղա»։ Եւ, խնդուքով մը, բացատրեց անունը բնորոշող նկարին իմաստը։

-Ասիկա՛ Մարտիկն է, այսինքն յեղափոխականը, կռուողը, պայքարողը։ Որո՞ւն դէմ։ Աղային։ Թերեւս այս երկու հոսանքներուն բախումին արտացոլացումն է։ Հա՜, հա՜, հա՜։ Մէկը միւսին դէմ կը հանեմ, խորոզներու պէս կռուիլ կու տամ անոնց ու ես ալ հեռուէն կը խնդամ...։ Եւ գործը միացնելով խօսքին՝ ամբողջ ճաշարանը իր խնդուքով լեցուց։

Խածան շուն եմ, հա՜, գիտցած ըլլաս, դուն ալ պատկերներով պիտի ճոխացնես գրութիւններս...։ Երգիծանքի մասին իմ ունեցած ըմբռնումիս ճի՛շդ հակառակը։ Երգիծանքը, ինծի համար կը կայանար մարդոց թերութիւնները հեգնելով, զանոնք ի կարգ հրաւիրելու մէջ։ Բայց մարդ խայթել, վիրաւորել, թունաւորել՝ խառնուածքիս մէջ չկային։ Ոչ ալ մարդիկ ահաբեկել եւ վախցնել։ Այս քանի մը խօսքերն են, որոնք յաջողեցայ լսելի ընել իր քահքահներուն եւ խօսքերուն տեղատարափին տակ։ Ընդվզեցաւ։

-Ի՞նչ տղայական մտայնութիւն,- գոչեց,- երգիծաթե՞րթ պիտի հանենք, թէ՞ կրօնաթերթ։ Աղաները ազգին փարան բռնած՝ մէկ ծայրէն կ՚ուտեն, իւղ կը կապեն կոր, իսկ մենք շատ քարոզ կարդալով պիտի գոհանա՞նք... Պէտք է տա՛լ անոնց գլխուն, որքան ուժով՝ այնքան լաւ։ Երգիծանքը այսպէ՛ս կը հասկնամ ես։ Եթէ պառաւական բամբասանք պիտի ընեմ, ինչո՞ւ թերթ հանեմ։

Ողբալին չէր անդրադառնար, թէ այդ միջոցին իր ամբողջ ըրածը ուրիշ բան չէր, եթէ ո՛չ՝ պառաւական բամբասանք...։

-Դուն ինծի մտիկ ըրէ, ես «Մարտիկ աղա»ն հանած եմ։ Ձեռքէ-ձեռք կը խլուէր։

-Ինչո՞ւ չշարունակուեցաւ։

-Այդ ուրիշ հարց է։ Օր մը կը բացատրեմ։

-Թերեւս շատ խածնելէդ ակռաներդ թափեցան..., ըսի։

-Անոնք շատ զօրաւոր են եւ այդպէս ալ կը մնան։

-Իմ անձնական իտէալս թերթ հանել եւ բարեկամ շահիլ էր։ Թշնամի շահելէն ի՞նչ օգուտ։ Առանց անոր ալ բաւական ունի ամէն մարդ։

-Հայաստանէն փախող նախարարները եղածով հոս են։ Ինչ մոսթուրա (նմոյշ-խմբ.) ըլլալնին ցոյց տուին։ Անո՞նց ալ գլխուն չտամ...

-Քննադատել, բայց՝ ո՛չ մեռցնել։ Ուղղել, բայց՝ ո՛չ կոտրել։ Ա՛յս է իմ համոզումս, ըսի։

Իբրեւ թէ ոչինչ ըսած ըլլայի, վճռական կերպով եզրակացուց.

-Հիմա դուն ինծի՛ նայէ։ Թերթը միասին պիտի հանենք, որոշուած լմնցած բան է։ Դուն անփորձ եւ դեռ երիտասարդ մէկը կ՚երեւաս։ Փորձառութիւնը ե՛ս ունիմ, ջանա՛ որ օգտուիս ինձմէ։ Ես միայն քու արուեստիդ պէտք ունիմ, ոչ թէ խորհուրդիդ։ Ես Պոլսոյ մէջ «Վերջին լուր»ը հիմնողներէն եմ։ Գրաշարութիւն ալ գիտեմ։ Տպարան ունիմ, որ կրնայ իբրեւ խմբագրատուն ալ ծառայել։ Ուրկէ՞ պիտի գտնաս այս բոլորը...։ Փարա՛ շա՞տ ունիս։ Վերջնական։ Ես կը գրեմ՝ դուն կը գծես։ Ե՞րբ պիտի սկսինք գործի։

Պարզուած հեռապատկերին մէջ, եթէ նպաստաւոր կէտեր կային, սակայն, միւս կողմէն, զիս խրտչեցնող շատ բաներ կային։ Գտնուած վիճակիս մէջ՝ այսպիսի պատեհութիւն մը ձեռքէ հանելը որքա՞ն խելացի բան էր։ Վերջ ի վերջոյ, հաւանաբար փոքրիկ շահ մ՚ալ ապահովէր ինծի, բան մը, որուն այնքան պէտք ունէի այդ օրերուն։ Յետոյ՝ կար անուն շինելու հարցը։ Յետոյ ո՞վ կ՚ըսէր, թէ մեր միասին գործակցութեան ընթացքին՝ իր վրայ բարերար ազդեցութիւն մը պիտի չյաջողէի գործել։ Այս մասին այնքան ալ վստահ չէի կրնար ըլլալ, տրուած ըլլալով իր հրամայողական եւ տիրական ձեւերը։

-Երկար մ՚ըներ։ Վաղուընէ թերթին արտօնագիրը ձեռք բերելու գործողութիւններուն ձեռնարկէ։ Ես ծանօթներ շատ ունիմ։ Շուտով մը լմնցնենք գործը։

Այս թոնով խօսող մարդուն հետ գործակցութեան գաղափարը չէր ժպտեր ինծի։ Ապտէլքատէրէն հազիւ օձիքս ազատած՝ նորի մը զոհը ըլլալը սարսափ կ՚ազդէր ինծի։ Միակ տարբերութիւնը պիտի կայանար Ապտէլքատէրին սակաւախօսութեան եւ խորհրդաւորութեան եւ այս նոր փորձանքին՝ Վարդան Չաքարեան կոչեցեալին յորձանուտ խօսակցութեան եւ պէտք եղածէն աւելի մեծխօսիկութեան միջեւ։ Ասիկա ալ առաջարկեց առաջնորդել զիս «իր» տպարանը։ Բայց լեռ եւ ձոր կար Ապտէլքատէրին եւ Վարդանին «Փարոս» տպարաններուն միջեւ։ Ասիկա քաղաքին ամենէն պատուական թաղին՝ Սոլիման փաշա փողոցին վրայ, թէպէտ փոքր, բայց տպագրական նոր մեքենայով օժտուած, մաքուր, կոկիկ ու լուսաւոր սրահ մըն էր։ Գիրերու կանոնաւոր սնտուկներով, մարմարէ սեղանով, իսկ մեքենային գլուխը՝ երիտասարդ, կոկիկ հագած հայ արհեստաւոր մը։ Անցքի մը մէջ էր, որմէ 2-3 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր «Յուսաբեր»ի տպարանը, միւս քովը, յոյնի մը լիթօկրաֆիի հիմնարկութիւնը։ Մէկ խօսքով «տպարանական» թաղ մը։ Փայտաշէն, երկյարկանի շէնքի մը մաս կը կազմէին, որուն վերեւի յարկը գրասենեակներ էին։ «Յուսաբեր»ի թէ՛ խմբագրութիւնը եւ թէ՛ սրահը Բ. յարկի վրայ էին, իսկ մեր դիմացը գտնուող տպարանին մէջտեղը՝ թերթերով եւ թուղթերով լեցուն սեղանի մը ետին կորսուած՝ նստած էր գիսախռիւ, թաւ յօնքերով, խիստ արտաքինով մէկը։ Ի՜նչ մեծ պատիւ ինծի համար, որովհետեւ պիտի վայելէի դրացնութիւնը Հայաստանէն նոր փախած, պարլամենտի անդամ, մեծանուն Վահան Նաւասարդեանին՝ խմբագրապետը «Յուսաբեր»ի։ Աւա՜ղ, շատ ժամանակի պէտք չմնաց պատիւին ամբողջ գոյնը երեւան գալու համար։ Ցոյց տալով մարմարէ սեղանը, ըսաւ.

-Ասոր վրայ պիտի աշխատիս։ Լիթօկրաֆն ալ ճիշդ քովերնիս կը գտնուի, վարպետ մարդ է։ Ան է, որ կը տպէ արաբական քառագոյն երգիծաթերթ «Խայալ ԷլՏըլ»ը, որ մրցակիցն է համբաւաւոր «Էլ-Քաշքուլ»ին։

Ցոյց տուաւ «Խայալ ԷլՏըլ»ի տպագրուած օրինակ մը։ Ներկայանալի գործ էր, ամէն տեսակէտով։ Մեքենան բանեցնող գեղադէմ երիտասարդը՝ աշխատանքը առանց ընդհատելու՝ լուռ կը հետեւէր խօսակցութեան, պարբերաբար փորձառուի ակնարկ մը նետելով վրաս. «Նոր որս մըն ալ գտեր է»՝ կը խորհէր ապահովաբար։

-Վաղինակ Ռաֆայէլեան, Պոլսոյ ծանօթ տպագրիչներու սերունդէն։ Լաւ արհեստաւոր է։ Երկու տարի է հոս կ՚աշխատի, ներկայացուց զայն ինծի։

Երկու տարի՛ աշխատիլ Վարդան Չաքարեանի ձեռքին տա՞կ...։ Ինչո՞ւ զարմանալ, եթէ մունջ էր մարդը։ Արդեօք խօսելու կարգ տուա՞ծ էր իրեն...։

Մօտ երկու ամիս անցաւ մինչեւ թերթին արտօնութիւնը ձեռք բերինք։ Անշուշտ՝ իմ անունովս։ Իսկ խմբագրապետը՝ Վարդան Չաքարեան։ Այդքան ժամանակ՝ առիթը ունեցայ լայնօրէն եւ շա՜տ մօտէն ճանչնալու ապագայ գործակիցս։ Առանց աշխատելու, առանց յոգնելու, դիմացինին ճակատին քրտինքով ապրելու գաղտնիքը գտած էր։ Իր կիրարկած մեթո՞տը․ դիմացինին մէջ սպաննել անհատականութեան զգացումը, ձեռներէցութեան ամէն ոգի, արժանապատուութիւնը, զայն վերածել քուրջի կտորի մը, ուզածին պէս զայն քամելու նպատակով։ Առանց ամենադոյզն կերպով քաշուելու, անոր ներկայութեան իսկ ծաղրուծանակ կ՚ընէր զայն, աչքիս առջեւ կարելի եղածին չափ նսեմացնելու համար զինք։

-Սա մարդը կը տեսնե՞ս,- կ՚ըսէր,- լաւ արհեստաւոր է, բայց բնաւ գործի մարդ չէ։ Եթէ ես չըլլամ՝ անօթի կը մնայ։ Ես եմ, որ շուկան կը շրջիմ, հրապարակէն գործ կը ճարեմ։ Եթէ «լոխմա» (պատառ) մը հաց կ՚ուտէ՝ այն ալ ինծի կը պարտի։

Ինչ որ զարմանալի էր` Վաղինակին ընթացքն էր։ Ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն, ո՛չ մէկ դիտողութիւն, ո՛չ մէկ դէմքի արտայայտութիւն։ Գլխուն բաւական կերած պէտք է ըլլար։

Որոշ էր։

Սակայն, ապուշ մը չէր Վաղինակ։ Երեւի մտքով ծրագիրներ կը մշակէր։ Մանաւանդ որ, Չաքարեան՝ հակառակ իր բոլոր յոխորտանքներուն, գործ իսկ բերած չունէր։ Վաղինակը ճանչցող մարդիկ ինքնաբերաբար ներս կը մտնէին։ Այն ատեն է որ անոնց հետ բանակցելու ձեւեր կ՚առնէր, «փաթրոնութիւն»ը կը բռնէր։ Կը սակարկէր, կը համաձայնէր եւ գանձած դրամը՝ շիտակ իր գրպանը կը նետէր։

Աղաները չհաւնողը՝ աղայական ամենէն դաժան մտայնութիւնը ունէր, առանց «մեծն-աղա»յութենէն բան մը ունենալու։

Աւելին։ Որպէսզի Վաղինակին հետ ամէն կապ խզել տայ՝ Հելիոպոլսոյ «իր տան» մէջ հիւրընկալած էր զայն, իր տեսքոտ կնոջ եւ երկու փոքրիկ աղջիկներուն հետ։ Գերի՝ տպարանին մէջ, Վաղինակը գերի պէտք է ըլլար նաեւ տան մէջ։ Սակայն, սուսիկ-փուսիկ Վաղինակը, երեւի ամէն բանի մէջ նոյնպէս սուսիկ-փուսիկ չէր։ Աղջիկներէն փոքրիկը՝ ամբողջութեամբ Վաղինակի քիթէն ինկած էր։

«Խեղճին բոլոր կարիքները ե՛ս կը հոգամ»՝ կը կրկնէր յաճախ։

Որքա՜ն իրաւացի էր... Վաղինակ՝ սուտ խենթ եղած, վանքին հաւերուն է եղեր աչքը։ Ո՞վ գիտէ, թէ Վարդան Չաքարեանի մեղսակցութեամբ չէր այդ պարագան իսկ՝ օր մը իբրեւ զէնք Վաղինակին դէմ գործածելու հեռատեսութեամբ։ Բայց այդ իմ գիտնալիքս չէ։ Եկէք տեսէք որ շուտով երեւան պիտի գար որ թէ՛ տպարանին, թէ՛ մեքենաներուն, թէ՛ դրամագլուխին եւ մինչեւ անգամ բնակարանին միակ տէրը՝ Վաղինակն է եղեր։

Չաքարեանին միտքը բացորոշ էր։ Տպարանատիրոջ կողքին եթէ յաջողէր արուեստագէտ մըն ալ ունենալ իր ձեռքին տակ՝ ի՛նչ փայլուն հեռապատկերներ կրնային ներկայանալ իրեն։

Աչքը վրաս էր։ Երկրորդ Վաղինակ մը կը գտնէր իմ մէջս։ Օր մը նոյնիսկ առաջարկեց ձգել վարձու սենեակս եւ փոխադրուիլ իր տունը։

Դժբախտաբար իրեն համար Վաղինակն ու ես տարբեր խմորէ շինուած էինք։ Գահիրէի հայութիւնը զիս լաւ կը ճանչնար արդէն, իսկ ինձմէ աւելի՝ զինք, իբրեւ առաւ-փախաւ, մեծխօսիկ, ուրիշներ շահագործող եւ մանաւանդ՝ բռնակալ ու ծոյլ։ Շատեր բարեկամաբար դիտել կու տային ինծի գործած սխալս, ուրիշներ խորհուրդ կու տային օր առաջ ազատել օձիքս այդ «օձ»ին ձեռքէն։

Կային նոյնիսկ ոմանք, որոնք կ՚առաջարկէին դրամագլուխ հայթայթել «շնորհքով» թերթ մը հանելու համար։

Պէտք է ընդունիլ, թէ իր հայերէնը մաքուր եւ զօրաւոր էր եւ ունէր գրելու արտասովոր դիւրութիւն։ Առանց սեւագրութեան, ուղղակի մտքով կը շարէր յօդուածները, գրեթէ անթերի։ Թերթի ուղղութեան մասին ըրած առարկութիւններուս առջեւ կը ծռէր, զիս «փախցնելու» վախէն։ Կամաց-կամաց, մեծ խոհեմութեամբ կը խորհէի «ներսէն» գրաւել բերդը։ Նկարներուս նիւթը ես էի որ կը հայթայթէի, իսկ իր ըրած թելադրութիւնները «կ՚ընդունէի» զանոնք թունազերծելէ ետք միայն։

Թունազերծելու այս «մոլութիւնս» շատ սուղի նստած է ինծի։ Շատ հակառակորդներ հանած է դէմս։

Դժբախտաբար, ինչպէս ամէն մոլութենէ, այս մէկէն ալ չեմ կրցած հրաժարիլ։

Մէկ բացառութիւն խնդրած էր ինձմէ։ Միջամուխ ըլլալ այն դատավարութեան, զոր ծխախոտի ծանօթ վաճառական Մելգոնեան ընտանիքի անդամները իրարու դէմ հանած էր։ Կարապետ աղա Մելգոնեանի եղբօր որդի Արթաքին դատ բացած էր հօրեղբօր դէմ՝ ժառանգական խնդրի առիթով։ Ծանօթ փաստաբան Թորգոմ Ֆիշենկճեան, որուն հետ չես գիտեր ինչպէս ծանօթացած էր մեր Չաքարեանը, 25 եգիպտական ոսկի խոստացած էր այս վերջինին, եթէ իր թերթով յարձակում գործէ Կարապետ աղային դէմ։ Ձեռքէ չհանելու համար այս կլորիկ գումարը՝ ինք յանձն առած էր օգտակար ըլլալ Ֆիշենկճեանին, զիս ալ մասնակից ընելով լարուած դաւին։ Ես, որ տակաւին նոր էի եւ տեղական գործերուն անծանօթ՝ անպատեհութիւն չէի տեսած քիթս այդ գործին մէջ խոթելու։ Բայց հիմա կը հասկնայի, թէ ինչու համար այնքան հետամուտ էր ձեռքին տակ թերթ մը ունենալու։ Օգտուելով դէպքերուն մասին իմ ունեցած անգիտութենէն, ան բուռն պայքարի անցաւ Կարապետ աղային եւ մասնաւորապէս, նախկին եպիսկոպոս Մուշեղ Սերոբեանի դէմ։ Իմ կարգիս, ես ալ երգիծանկարներ կը պատրաստէի այդ ուղղութեամբ, զանոնք թունազերծելէ ետք։ Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ արդիւնքի յանգեցաւ մեր մղած պայքարը, սակայն օրին մէկը ամէն ինչ վերջացաւ։ Ա՛լ խօսքը չէր ըլլար դատին։ Քանի Վարդաններուն մնացած էր գործը՝ ապահովաբար չէր կրնար յաջողութեամբ պսակուած ըլլալ։ Երգիծանք ըսելով՝ Չաքարեան միայն թունաւոր խայթոց կը հասկնար։ Կարիճի մը նման, որ կը մեռնի, եթէ չխայթէ։ Այդ խայթոցները պէտք է ուղղէր անիկա, բաց թէ՛ թաքուն կերպով, ուղղակի թէ անուղղակի ակնարկութիւններով, որոնց մեծ մասը, եթէ հասկնալի չէին ինծի, սակայն կարդացողներուն մէջ կային հասկցողներ։ Եւ այսպէս, օրըստօրէ, շաբաթաթերթին թիրաժը կ՚իյնար, հակառակ առաջին օրերուն իր գտած յաջողութեան։ Աւելին, զիս յարգողներ, ինծի համակրողներ քիչ-քիչ կը հեռանային ինձմէ, կը խուսափէին ընկերակցութենէս։ Անդրադարձայ կամաց-կամաց, թէ՝ եթէ այսպէս շարունակուէր, ամէնուն կողմէ ատ-ւած մէկը պիտի ըլլայի՝ երկրորդ Չաքարեան: Մինչդեռ, իմ իտէալս եղած էր ար-ւեստս գործածել բարեկամներու շրջանակ մը ստեղծելու անձիս եւ արուեստիս հանդէպ, ցուցահանդէսներ կազմակերպել, գիրքեր հրատարակել, հանրային գործունէութեան լծուիլ։ Բարեկամներս արուեստիս կողքին պիտի կազմէին իմ երկրորդ դրամագլուխս... Վարդանի մը սիրոյն, ինքս իսկ ոտնակոխ ընելու վրայ էի՝ ներկաս ալ, ապագաս ալ, երազներս ալ...։ Ի հարկէ, սկսած էի լրջօրէն խորհիլ՝ այս անհաճոյ դրութենէն գլուխս ազատելու կարելիութիւններուն մասին։ Տարօրինակ մարդ էր Չաքարեանը։ Այնպիսի մեծ թիւով սքօղուած ակնարկութիւններ կային իր գրութիւններուն մէջ, որոնց զանգուածը ոչ իսկ կ՚անդրադառնար։ Այնպէս որ շաբաթաթերթին թիւը հրապարակ ելլելուն պէս, գրպանը օրինակ մը դրած, հասած տեղը թրամուէյ, մեթրօ, սրճարան, առաջին հանդիպողին կը կարդար բարձրաձայն եւ ինք միայն կը խնդար։ -Չե՞ս հասկնար կոր ծօ՛, թէ որուն ուղղուած են խօսքերը...,- կը յանդիմանէր դիմացինը։ -Չե՞ս յիշեր ասկէ տասը տարի առաջ Կիրակոսին հետ կռիւի բռնուած էր կնոջ մը պատճառով։ Պէ՜օ տէյի կը պոռայ կոր... հա՜ հա՜ հա՜...։

Մէկ խօսքով՝ ի՛նք կը գրէր, ի՛նք կը հասկնար, ի՛նք կը խնդար։

-Տգէտնե՜ր, ապուշնե՜ր, կը գոչէր անոնց ետեւէն։

-Ատոր ճարը կայ, -կ՚ըսէի իրեն։ -Ամէն մէկ թիւին հետ՝ ընթերցողին մօտ կ՚երթաս եւ կը բացատրես, թէ ու՛ր պէտք է խնդայ եւ ինչո՛ւ։ Չէր իսկ ըմբռներ ըսածիս նրբութիւնը։ Հայ ժողովուրդը տգէտ էր, երգիծանքէ չէր հասկնար։ Մե՜ղք իր նման մեծ երգիծագրի մը, որ հայ ծնած էր։

-Քանի որ ժողովուրդը գրածներդ ըմբռնելու ի վիճակի չէ՛, դադրեցուր խայթոցներդ, քօղածածուկ ակնարկութիւններդ...։

-Կ՚ուզես որ այս ժողովուրդին տգիտութեանը զոհեմ իմ տաղանդս... Ես կը գրեմ. ուզողը թող հասկնայ, չուզողը՝ ո՛չ։

-Բայց չե՞ս տեսներ, որ թերթը կը տուժէ այդ կերպով։

Անօրինակ շնականութեամբ եւ չարախինդ քահքահով մը պատասխանեց.

-Կը տեսնեմ որ դուն իսկ դեռ չես կրցեր ճանչնալ զիս։ Մինչեւ որ դիմացինս չլա-ցընեմ, չտեսնեմ անոր գալարուիլը՝ ես չեմ կրնար խնդալ։ Հասկցա՞ր,- եւ սկսաւ խնդալ բարձրաձայն, երեւի զիս ալ խօսքերուն տակ գալարուած կարծելով։

Ա՛լ չհամբերեցի։ Այսքան ալ անպատկառութիւ՜ն...։

-Դուն ալ զիս չես կրցեր ճանչնալ, եւ այդ գլուխովդ՝ հասկնալիք ալ չունիս,-պոռացի երեսին։ Ես կը խնդամ ա՛յն ատեն միայն, երբ դիմացիններս ալ հետս խնդացնեմ, զանոնք ուրախ եւ զուարթ տեսնեմ։

Երկու հակոտնեայ նկարագիրեր, որոնք այնուհետեւ այլեւս չէին կրնար գործակցիլ, այլ պէտք է բախէին իրարու։ Եւ բախեցան վերջապէս։

-Դուն նկարներու՛դ խառնուէ։ Գրութեան պատասխանատուն ես եմ եւ խրատներդ քեզի՛ պահէ,- պոռաց։

-Թերթը արտաքինով թէ ներքինով իմս է։ Չեմ հանդուրժեր որ աղբանոցի վերածուի, ոչ ալ շանթաժի ծառայէ, հասկցա՞ր,- պոռացի ամբողջ ձայնովս։ Քահ քահ խնդաց.

-Մեռնիս ալ՝ առանց ինծի թերթ չես կրնար հանել,- կրկնեց իր սովորական յանկերգը,- շնորհակալ եղիր, որ մինչեւ հիմա «լոխմա» մը հացի երես տեսար շնորհիւս։

-Ինծի նայէ՛, ամէն մարդ Վաղինակ չէ, զոր մինչեւ վերջին շապիկը կը շահագործես։

Կատաղութենէն գոյնը նետեց։ Լեզուն բռնուեցաւ։ Զինք ամենէն աւելի մտահոգողը՝ այս տեսարանին, Վաղինակին աչքերուն դիմաց տեղի ունենալն էր։ Ո՞վ կ՚ըսէր, թէ ան եւս իր կարգին օր մը պիտի չըմբոստանար եւ իր նման սինլքորին ոտքի հարուածը պիտի չտար պէտք եղած տեղը...։ Եւ այն ատեն պիտի տեսնէինք, թէ ո՛վ անօթի պիտի մնայ մեր երեքիս մէջէն։

-Այսուհետեւ թերթ չկայ,- ըսի վճռապէս,- գնա՛, տաղանդդ ուրիշներուն ծախէ,- ըսի եւ սկսայ հաւաքել անձնական իրերս։

Հարց մը միայն կը մնար։ Բաժանորդներուն դեռ տասներկու թիւ պարտական էի։ 50-ի փոխարէն 38 թիւ միայն հրատարակուած էր։ Արժանապատուութեան հարց էր ինծի համար՝ գոհացում տալ անոնց, ինչ կերպով ալ որ ըլլար։ Առաւ-փախաւի կարգ անցնիլ չէի ուզեր։

Վարդանը այդքան բարակին նայող չէր։ Ի՞նչ ունէր կորսնցնելիք։ Արդէն առաւ-փախաւ էր։ Մէկ աւելի, մէկ պակաս։

-Թերթը քուկդ է։ Իմ ինչի՞ս պէտք,- կը քահքահէր։ Չէ՞ որ դիմացինը նեղ վիճակի մէջ դրած ըլլալ կը կարծէր։ Անգամ մը եւս, եւ քանիերորդ անգամը ըլլալով, Եգիպտոս հասնելէս ի վեր, ամէն բան ձգած՝ կը լքէի։ Վաղինակ, իր սովորական անտարբերութեամբ՝ կը հետեւէր անցած-դարձածին։ Ո՞վ գիտէ ինչե՜ր կ՚որոճար իր մտքին մէջ այդ պահուն։ Ե՞րբ պիտի գար ազատագրուելու իր կարգը...: Աչքին դիմաց՝ այսքան տարի անպարտելի կարծուած կուռքը՝ փխրուն կաւիճի մը նման փլած, ինկած էր։ Աւա՜ղ փառացս անցաւորի։ Անմիջապէս անցայ գործի։ Հակառակ Վարդանի դրած պլոքիւսին (պաշարումին)՝ անթիւ բարեկամներ ունէի։ Ասոնց մէջ ամենէն ծանօթն էր Տիգրան Հաճընլեան, Մելգոնեան ծխախոտի համբաւաւոր տան տնօրէնը։ Չափազանց վշտացած էր Մելգոնեաններու վէճին ընթացքին բռնած դիրքիս համար, եւ հակառակ իր համբաւեալ առատաձեռնութեան՝ «Հայ-կական սինեմա»ի բաժանորդագրութիւնը առաջին մերժողներէն եղած էր։ Այսուհանդերձ, ոխ կապած չէր դէմս։ Այս բանը սիրտ տուաւ ինծի՝ դիմելու իրեն՝ թերթին մնացեալ տասներկու թիւերը հանելու համար։ Մանաւանդ որ, իբրեւ «Արեւ»ի արտօնատէր, կրնար տպարանն ալ տրամադրել ինծի: Երթալ իրեն։ Բայց ի՞նչ երեսով։ Գացի։ Սիրալիր ընդունեց զիս։

-Եկա՞ր,- ըսաւ։- Կը սպասէի։ Քեզի չըսի՞ թէ այդ հերիֆէն հեռու մնաս։ Աղէկ որ փորձով հաստատեցիր ըսածներս։ Ի՞նչ կ՚արժէ մէկ թիւին տպագրութիւնը,- հարցուց,- թուղթ, տպարան եւ այլն:

-Մօտ չորս ոսկի։

-Շատ լաւ։ Թերթը հանէ՛ եւ ամէն շաբաթ եկու՛ր գանձէ չորս ոսկին։ Մէկ պայմանով։

-Ինչ որ կ՚ուզէք։

-Այդ հէօտիւկը (կոպիտ եւ անտաշ-խմբ.) գործ պիտի չունենայ թերթին մէջ։ Ասկէ զատ՝ երկու շաբաթէն Գահիրէ կը հասնի Երուանդ Օտեանը՝ Արեւ»ին աշխատակցելու։ Թող միեւնոյն ատեն «Սինեմա»իդ խմբագրապետութիւնը վարէ։ Ինչ որ շահիք՝ բաժնեցէ՛ք իրարու մէջ։ Կոյրը խնդրեց մէկ աչք՝ Աստուած տուաւ երկու հատ...։

Առաջին բախտաւորութիւնը՝ այս երկիրը հասնելէս ի վեր։ Աշխատակցիլ Օտեանի նման հսկայի մը հետ... երազ չէր, ի՞նչ էր։ Ոչ միայն պզտիկ մնացած պիտի չըլլայի բաժանորդներուս աչքին, այլեւ ընդհակառակը՝ իրենց պիտի հրամցնէի երգիծաթերթ մը, պիտի պարգեւէի մեծագոյն վայելքը, արժանապատուութիւնս փրկելէ զատ։ Վերջապէս հասաւ Օտեան։ Ծանօթ էր անունիս եւ գործերուս։ Բառին բովանդակ իմաստով՝ համեստ, սակաւախօս, տերվիշ մէկն էր ան։ Այսպէս էր առաջին օրը, այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահուան օրը, 3 հոկտեմբեր, 1926 թ․։ Ոչ մէկ անգամ ակնարկութիւն ըրաւ իր նախընթաց ծովածաւալ աշխատանքներուն, գտած ընդունելութիւններուն, իր կեանքէն դրուագներուն, իր փառքին մասին։ Կարծես սկսնակ մէկն էր, որուն մասին որեւէ բան լսած չըլլայինք։ «Արեւ»ի նեղլիկ խմբագրատան Ա. յարկը, խըմ-բագրապետ փրոֆ. Յովհաննէս Յակոբեանին դիմացը, իրեն տրամադրուած փոքրիկ սեղանին առջեւ նստած, գլուխը ուղղակի մինչեւ թուղթը հակած, դանդաղ ու հատիկ հատիկ գիրերով կը գրէր։ Անտարբեր իր շուրջը անցած դարձածներէն, ոչ իսկ փողոցի աղմուկները կամ վարի յարկի գրաշարներուն հանած աղմուկը լսելու երեւոյթ ունէր։ Սկսած էինք «Հայկական սինեմա»ի վերահրատարակութեան։ Իր արտասովոր համեստութիւնը երեւան եկաւ օր մը, երբ հազար վարանումով ազգային կեանքէ ներշնչուած նիւթ մը թելադրեցի իրեն, իբրեւ նորավէպ։ Հակառակ ակնկալութեանս՝ լուռ, առանց ընդմիջելու մտիկ ըրաւ նիւթս։ Ոչինչ խոստացաւ, թէպէտեւ թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ իր դէմքին։ Որքա՜ն մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ «Հայկական սինեմա»ի 43, 44, 45 եւ 46 թիւերուն մէջ կարդացի «Ազգին փարաներով» վերնագրուած նորավէպը, որ փոքրիկ գլուխգործոցի մը վերածած էր:

«Հայկական սինեմա»ն սկիզբները սկսանք տպել «Յուսաբեր»ի մէջ։ Ընթերցողներէն շատեր, գուցէ «Յուսաբեր»ի տպարանը՝ մեզի ծանօթ սովորական տպարաններու հետ շփոթեն։ Բայց ան հեռու էր միայն տպարան ըլլալէ։ Թերթին նոր խմբագրապետը, մեծահամբաւ Վահան Նաւասարդեան, հոն ստեղծած էր ցարդ մեզի բոլորովին անծանօթ, չըսելու համար խորթ մթնոլորտ մը։ Այդ մարդը, Հայաստանը ձգելով ինքզինք մազապուրծ Եգիպտոս նետելով չէր գոհացած։ Ան իր հետ բերած էր իր լքած երկրին իրեններուն հաստատած բռնապետական ռեժիմը, զոր կը կիրարկէր իր տպարանին մէջ, իբրեւ թէ Հայաստանի պարլամենտի մէջ գտնուէր։ Գրաշարները բոլորն ալ կը դողային իր առջեւ։ Նոյնիսկ իրեն այցի գացողներէն շատեր՝ փառաւոր տփոցի եւ յիշոցներուն ամենէն ընտրեալներուն կ՚արժանանային։ Թուրք ասքեարին առջեւ ծնկաչոք, եւ ապա անկէ լեղապատառ փախուստ տուող «հերոս»ը, կարծես այսպիսով իր վրէժը լուծել կը փորձէր Եգիպտոսի խաղաղ եւ անմեղ հայութենէն։ Պարլամենտի այդ մասնաճիւղի մէջ խոշտանգուած են Վահան Զարդարեան (յեղափոխական մը, որ հազար Վահաններ գրպանէն կը հանէր եւ զոր «խոզի զաւակ» կոչելու չափ յառաջ տարած է իր լրբութիւնը), փրոֆ. Գայայեան, Բարսեղ Պալըգճեան, համեստս, Արիստակով, Լեւոն Շիշմանեան եւ հակառակորդներուն շարքը աւարտելէն ետք եկած է մինչեւ իսկ իր հարազատ «ընկեր»ներուն՝ Օննիկ Մաճառեանին, թենեքէճի Արթինին (որ կոտրած էր հակառակորդներ), Արիս Մուրին եւ դեռ ուրիշներուն։ Այնքան ատեն, որ Հայաստանի պարլամենտի մասնաճիւղին մէջ կը տպուէր «Հայկական սինեմա»ն, Օտեան մեր երգիծական գրականութեան գագաթը կը գտնուէր։ Սիրալիր ժպիտներ, խոնարհութիւններ եւ գովաբանական արտայայտութիւններ կ՚ուղղէր Նաւասարդեանը անոր հասցէին։ Եկաւ, սակայն օրը, երբ «Հայկական սինեմա»ն փոխադրուեցաւ «Արեւ»ի տպարանը, ուր հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրած էի այդ ընթացքին։ Այս անօրինակ յանդգնութեան առջեւ պարլամենտի անդամը կատղեցաւ։ Մազերը տնկուեցան եւ հակառակ կարմիրներուն դէմ ունեցած իր ատելութեան՝ կաս կարմիր կտրեցաւ։ Միտքը եկան Հայաստանի մէջ անցուցած իր փառքի օրերը, մաւզերիստական սխրագործութիւնները, եւ օրին մէկը, այդ թզուկը փորձեց չափուիլ մեր գրականութեան հսկային հետ։ Զայն որակեց աննկարագիր, խիղճը ծախող եւ «զինք յատկանշող» ուրիշ ածականներով։ Հոս իսկ, սակայն, Գողիաթին դէմ Դաւիթին յաջողութիւնը չունեցաւ եւ Օտեանի հանդարտ, պաղարիւն եւ սրամիտ գրիչը սմքեցուց եւ տեղը նստեցուց ինքնակոչ տիքթաթէօրը։

«Հայկական սինեմա»ի 50 թիւերուն լրացումով բաժանորդներուս հանդէպ պարտազանց զգալէ ետք ժամանակը հասած էր ապագայիս մասին լրջօրէն մտածելու։ Հայկական թերթ մը դժուար թէ ապրեցնէր իր մարդը սփիւռքի նեղ սահմաններուն մէջ։ Արկածախնդիրներու հետ գործ ունենալէն գանած էի այլեւս։ Ինչո՞ւ անգամ մ՚ալ բախտս չփորձել արաբական եւ եւրոպական մամուլին մէջ, որոնց կարելիութիւնները անսահման էին։ Ինձմէ շատ առաջ Օտեաններու, Արփիարեաններու, Միքայէլ Կիւրճեաններու, Թէքէեաններու եւ ուրիշներու անձնական թէ միացեալ ճիգերով հրատարակած բազմաթիւ թերթերուն վիճակուած ճակատագիրը մէջտեղն էր։ Պէտք է ուրիշ, աւելի հաստատուն հիմերու վրայ դնէի նոր ձեռնարկներս։ Որոշումս վերջնական էր։ Սկսայ աշխատանքի։ Գալով Չաքարեանին՝ գուշակութիւնս իրականացաւ։ Յոբ Երանելիին նախանձը գրգռելու աստիճան համբերատար, անխօս, հլու Վաղինակն իսկ՝ իր կարգին օր մը ընդվզած, փողոց նետած էր կեղեքիչ Չաքարեանը։ Ոչ միայն տպարանէն, այլեւ նոյնիսկ իր տունէն՝ հարազատ կնոջ կողմէ իսկ։ Բոլոր անոնք, որոնք «առանց իրեն չէին կրնար ո՛չ գործ տեսնել, ո՛չ ալ պատառ մը հաց ուտել» շարունակեցին թէ՛ գործել եւ թէ՛ ուտել։ Ինք էր միայն, որ անօգ, անգործ, անընտանիք ու անօթի՝ փողոցները կը սլքտար, մինչեւ որ օր մը, չես գիտեր ուր, իր անշնչացած մարմինը գտնուեցաւ։ Վերջին զոհը, զոր ճարեց՝ «Ներկի հանրածանօթ փրոֆեսէօր» Տէլէմաք Բարթողեանն էր, որ ինքզինք իբրեւ «Նոր Տէլէմաք» իմաստուն եւ ամենագէտ ցոյց տալուն համար շարադրած իր գրութիւնը գրել տուաւ Չաքարեանին, որ «Հայ Տէլէմաք» անունին տակ հատորով հրատարակեց…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023