ԹԱՐԳ­ՄԱՆ­ՉԱՑ ՏՕՆ՝ ՀՈԿ­ՏԵՄ­ԲԵՐ 14. ՄԵՐ ՀԱ­ՅՈՑ ԼԵ­ԶՈՒՆ

Այնքա՜ն հարուստ, հաւասարակշռուած, պարփակ իր գիտութեամբ, հնչիւնով, գիրով եւ խօսքով, որ դարձած է ազգերու նախանձի առարկայ: Մեր մեծագոյն գիտնական Մեսրոպ Մաշտոցը նուիրեց զայն մեզի, հայ ազգին, որուն շնորհիւ կարողացանք քերթել, արտասանել, երգել եւ գրել այդ տառերով: 16 դար ճամբայ կտրած եւ մեզի հասած հայոց լեզուն եւ իր այբբենարանը, իր ծնունդի առաջին օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր կ՚ենթարկուի հալածանքի եւ կոտորանքի:

Ոչ ոք կարողացաւ փոխել մեզ, մեր լեզուն եւ կրօնքը: Յոյներ, պարսիկներ, արաբներ եւ օսմանցիներ ու տակաւին շատեր եկան ու անցան: Ճիշդ է, աւերեցին, գերեցին, կործանեցին եւ գրաւեցին մեր ունեցուածքն ու երկիրը: Բայց չկարողացան ընկճել մեզ, որովհետեւ մենք տակաւին կանգուն ենք: Իմաստուն մը ժամանակին ըսած էր, «անոնք կրնան գրաւել ամէն ինչք ու ունեցուածք, բայց չեն կրնար ունենալ իմ միտքը»:

Կրկին անգամներ յիշուած են, այսօրուան կոչումով, համաշխարհայնացման համար տարուած արշաւանքներն ու ազգերու եւ երկիրներու նուաճումներու պատմութիւնները, եւ սակայն երկրի վրայ տակաւին չէ գտնուած որեւէ ազգ, որ կարենայ տոկալ համաշխարհայնացման հակահոսանքին, կործանելով անոնց ցանկութիւններն ու ջանքերը:

Հայաստան աշխարհը ունեցած է շրջանի մեծագոյն բաժինը նաւարկելու համար ալեկոծ այդ ովկիանոսի ջուրերը, հասնելու համար այսօրուան այն խաղաղ ովասիսը, զոր կը կոչենք հայրենիք: Բայց մի՞թէ խաղաղ է այդ, նոյնիսկ այսօր:

Խորհրդային ժամանակաշրջանի առաջին տարիներուն, մեծ աշխատանք տարուեցաւ հայոց լեզուն վերացնելու, փոխարէնը ռուսերէնը որդեգրելու ջանքերով: Շնորհիւ կարգ մը հայ ազգային ոգիով լիացած անհատներու ջանքերուն, հակառակ անոր որուն հետեւանքով աղաւաղուեցաւ մեսրոպեան լեզուն, ան մնաց անսասան եւ անփոփոխ, որովհետեւ բարեբախտաբար՝ կովկասեան միւս երկու երկիրները, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը եւս որոշեցին պահել իրենց ազգային լեզուն, թերեւս անգիտակցաբար, նեցուկ հանդիսանալով հայոց լեզուի պահպանման եւս: Խորհրդային Միութեան համաշխարհայնացման հեռաւոր նպատակները չէին յաջողեր պալթեան երկիրներու եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ եւս, ռուսը վերջնականապէս հրաժարեցնելով իր նպատակներէն:

Այսօր սակայն, կարծէք կը կրկնուի նոյն յանկերգը տարբեր երանգներով:

Վերջին տարիներուն, Հայաստան մաս կը կազմէր ասիական երկիրներու համագործակցական ցանցին, Ռուսաստան, Սպիտակ Ռուսիա, Խրղըզիստան, Ղազախիստան եւ Հայաստան համագործակցութեամբ, եւ ըստ ակնկալութեան, այս երկիրներու հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլար ռուսերէնը նախընտրաբար, որովհետեւ անոնք նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներ էին, եւ այդ ընդունելի էր բոլորին կողմէ: Ըստ կարգ մը նոր եւ շինծու պատճառաբանութիւններու, քայլ մըն ալ առաջ երթալով, ռուս քաղաքագէտ «փիլիսոփայ» մը, Վոլոտին անուամբ, կը յանդգնի յայտարարելու, թէ Հայաստանի պաշտօնական լեզուն պէտք է ռուսերէնը ըլլայ, աւելի «միջազգային հեշտ եւ սահուն» հաղորդակցութեան համար:

Ուրեմն, տակաւին կա՛ն անձեր, որոնք կ՚ապրին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի «կլոպալիզմի» ձգտումի նպատակներով:

Խիստ գնահատելի էր հայրենի պետութեան լռելեայն պատասխանը այս ուղղութեամբ:

Դարեր շարունակ, օտար հոսանքներու դէմ կուրծք տուած տառապալի հայ լեզուն մեզի համար սրբազան յատկութիւն է: Ան տարբեր է բոլոր այլ լեզուներէն: Նուրբ ու քաղցրահամ, խոր ու հմայիչ, սուրբ ու խոնարհ, Աստուծոյ համար լսելի: Բազում բանաստեղծներ, գրողներ եւ երգիչներ տաղեր ու երգեր հիւսած են, որպէսզի այսօր մենք մեր կարգին պահպանենք զայն մեր աչքի լոյսին պէս:

Խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջին տասնամեակին, երբ Խորհրդային Միութիւնը կ՚ապրէր իր ճգնաժամային տարիները, Երեւանի մէջ, հանրային ճամբորդատար ինքնաշարժի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ դէպքը: Երկու հայ տիկիններ կը զրուցեն իրարու հետ հայերէն լեզուով: Ինքնաշարժին մէջ պատահաբար կը գտնուի նաեւ ռուս անհատ մը, որ անպատկառ համարձակութեամբ կը միջամտէ եւ հրամայական թոնով կը թելադրէ խօսիլ ռուսերէն: Հայ տիկինները կը լռեն անպաշտպան եւ կրաւորական դիրքի մէջ: Իսկ ինքնաշարժի հայ ուղեւորներէն դժբախտաբար ոչ մէկ ակնարկութիւն, յանդիմանութիւն կամ պաշտպանութիւն եթէ ո՛չ հայ տիկիններուն ի նպաստ, այլ գոնէ՛ հայոց լեզուին: Բայց կա՛ն, միշտ պիտի ըլլան քաջարիներ, որոնք առանց որեւէ հաշուարկի կը նետուին դաշտ պաշտպանելու համար «իր»ը, իր տունը, հայրենիքը, լեզուն եւ ընտանիքը: Իսկ այդ քաջարին կը հանդիսանայ ուքրանացի երիտասարդ մը, որ խիստ յանդիմանական ոճով եւ յարձակողական դիրքով կը պաշտպանէ մե՛ր հայ լեզուն, մե՛ր տիկինները եւ մե՛ր հայրենիքը, լռեցնելով ռուս ուղեւորը:

Իսկ այսօր, երբ այն վաղեմի հալածանքը տակաւին կը շարունակուի տարբեր երանգներով հայոց լեզուին, մշակոյթին եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան հանդէպ, միշտ ի մտի ունենանք մեր բանաստեղծներուն խօսքն ու խրատը մեր հայոց լեզուին մասին:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017