ՔՐԵՇԵՆՏՕ

Հոգւոյ խորունկ հրճուանքով, ներքին անբացատրելի խլրտումներով ամէն անգամ կը դիտէր նախապատրաստութիւնը երաժիշտներուն, որոնք գործիքները լարելով ներդաշնակ աղմուկ մը կը ստեղծէին։

Յետոյ լռութիւն։

Կնճռոտած կոպերը կը փակէր, խորունկ շունչ մը կը քաշէր, կը կեդրոնանար մինչեւ... նօթն առաջին։

Եւ երաժշտութեան կշռոյթին տակ մտային ճանապարհորդութիւն մըն էր, որ կը սկսէր ահա։ Ելեւէջներ, յանկարծակի պոռթկումներ, լռութեան վիհեր՝ ուր կ՚իյնար նաեւ ինք հոգեպէս, սպասումներ, սահող-հոսող կանչեր լարային, ճիչեր փչողական ու հարուածներ... այդպէս կէս ժամ, քառասուն վայրկեան, երբեմն ալ աւելի, աչքերը փակ կը լսէր ծերունին։

Մարդիկ կը կարծէին, որ քունի է անցեր. Եթէ իմանայի՜ն, թէ ի՛նչպէս ներքուստ կը պարէր...

Բայց ժամն այդ անդրերկրային կ՚անցնէր ամէն անգամ, ու ծափողջոյններու տարափին տակ ստիպուած էր աչքերը բանալ, վերադառնալ իրեղէն աշխարհ, կանգնիլ, քալել դէպի դարպասներ, ու

-«Շնորհակալութիւն, բարի եկաք…»

-«Շնորհակալութիւն, դարձեալ կը սպասենք…»

-«Շնորհակալութիւն, բարի գիշեր ձեզ…»

Այսպէս, շաբաթը մի քանի անգամ գործի կ՚երթար ծերունին։ Նոյն գործը, նոյն տեղը, նոյն ժամերուն, նոյն վճարումով, երբեմն նոյն յաճախորդներով, բայց միշտ, եւ ամէն անգամ, երաժտական նո՛ր վայելքով։

Ա՛լ Վիվալտի, ա՛լ Պեթհովեն, ա՛լ Պախ, ա՛լ Պրահմզ, ա՛լ Շուպերթ, ա՛լ Տեպիւսսի... բոլորը տեսած ու անցած էր, թափանցած անոնց խորքն ու զիրենք ընդունած իր ամենէ զգայուն անկիւններէն ներս, աւելի քան տասնեակ մը տարիներու տեւողութեան...

Ու թէեւ զաւակները շատ չէին հասկնար, բայց ինք, իսկապէ՛ս, գործին ու գումարին համար չէ, որ կ՚երթար։ «Տարիքդ առիր, ալ մի՛ աշխատիր, ինչի որ պէտք ունիս մենք կու տանք…»։ Բայց ոչ, ինչի որ պէտք ունէր ոչ ոք կրնար տալ բացի… երաժիշտներէն։

Ու յամառօրէն գնաց գործի, գնաց «բուժուելու», ինչպէս ինք կ՚ըսէր, մինչեւ խոր ծերութիւն։ Եւ օր մըն ալ…

Դարձեալ կնճռոտած կոպերը փակեց, խորունկ շունչ մը քաշեց եւ կեդրոնացաւ մինչեւ նօթն առաջին։ Ու եկաւ նօթ մը, եւ յաջորդը, եւ շարք մը ամբողջ ետեւ-ետեւի... հրճուեցաւ ծերունին։ Վերիվայրումներ, կշռոյթ, հարուածներ, գերլարում, ու քրեշենտօ, քրեշենտօ, քրեշենտօ՜... խաղաղութիւն...

Լռեց բեմը։ Պոռթկաց դահլիճը ծափողջոյններով։ Ոտնկայս յարգանքի տուրք, կրկնութիւններ, «պռաւօ»ներ ամէն կողմէ։ Յետոյ քիչ-քիչ պարպուող դահլիճ, ու լռութիւն համեցող…

Բեմին վրայ՝ հանգչող թաւջութակ, ննջող դաշնամուր ու շեփոր։

Իսկ դահլիճին մէջ, կոպերը փակած, շունչը բռնած, հանգի՜ստ ննջող, յաւերժ ննջող ծերունին…

ԵՐԱՄ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019