ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՉԱՐԼԻ ՉԱՓԼԻՆԻ

Եկէ՛ք, խօսինք երջանկութեան մասին։ Այսօր ձեր կռնակին ծանր բեռ մը կը զգա՞ք։ Գուցէ նիւթական դժուարութիւններու մէջ էք, ձեր երազած տանը մէջ չէք ապրիր կամ ձեզ ժպտացնող մարդոց հետ այլեւս խզուած են ձեր կապերը… Սակայն երջանկութիւնը միայն մեր նպատակներուն հասած ֆիզիքական հարթութեան վրայ չէ՛, ոչ ալ հեռաւոր ու անհասանելի տարածքներու վրայ։ Իսկական երջանկութիւնը կեանքի նկատմամբ վերաբերմունքն է՝ կեանքը դիտելու տեսանկիւնը։ Այսինքն երջանկութիւնը կայ մեր բոլորին մէջ։ Պարզապէս ամէն օր պէտք է «տնկել» ու «հնձել» երջանկութիւնը։ Այն կեանքի պարզ մանրամասնութիւններու վրայ կեդրոնանալն է։ Կրնաք ընտրել անձնական տառապանքի կամ աւելի դրական կեանք մը ունենալու ուղին։ Ամէն ինչ ձեր ձեռքին է։

Անգլիացի յայտնի ու նշանաւոր դերասան Չարլի Չափլին մեզի ժառանգած է երջանկութեան մասին իրատես պատկերացումներ։ Իր ժապաւէնները կը շարունակեն այժմ եւս բարձր գնահատանքի արժանանալ եւ շարժանկարի ոլորտէն ներս անոնք կը դասուին բոլոր ժամանակներու լաւագոյններու շարքին։ Մեր շատերուն ծանօթ են իր յիշարժան ժապաւէնները. ինչպէս՝ «Ոսկիի տենդ» (1925), «Նոր ժամանակներ» (1936) կամ «Մեծ բռնապետը» (1940)… Անոնք իսկական գոհարներ են՝ ծառայելով որպէս մշակութային ժառանգութիւն եւ պատկերացնելով մեր պատմութեան մէկ մասը։ Չափլին իր երգիծաբանութիւնը համադրեց ողբերգութեան հետ, բայց միշտ կը ժպտար մեզի։ Ոմանց համար առանց Չափլինի այսօր շարժանկարը նոյնը չէր ըլլար։ Մի գուցէ եղած են ու կան շարժանկարի անփոխարինելի մեծանուն արուեստագէտներ, սակայն Չափլինի ազդեցութիւնը տարբեր ու անհերքելի է։

Գիտէ՞ք բան մը այս մարդու մասին, որ թաքնուած է ծիծաղելի քալող կերպարի մը ետին։ Ան շատ տաղանդաւոր էր, բայց անոր կատակերգութիւնը ողբերգական էր, դառն։ Ան ունէր հազարաւոր դէմքեր. դերասան, բեմադրիչ, արտադրող, երաժիշտ, բեմագիր… եւ ցանկը այսպէս կ՚երկարի։ Բայց ամենակարեւորը՝ ան այն անձն էր, որ դժուարութիւնները յաղթահարեց փոքր տարիքէն սկսեալ։ Ան հասակ առած էր աղքատութեան մէջ։ Ան միշտ զաւեշտի աշխարհին մէջ էր, սակայն աղքատութիւնն ու սովը երբեք չհեռացան իր կողքէն։ Անոր թափառաշրջիկի դիպուկ ու յուզական կերպարը պայքար մըն էր թշուառութեան դէմ։ Իր ժապաւէններէն շատեր կը պարունակեն ընկերային եւ քաղաքական, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական տարրեր։ Մարմնաւորած կերպարի ետին, խոշոր կօշիկներով, գաւազանով եւ փոշոտ բաճկոնով ան սորվեցաւ ինքն իրեն յայտնաբերել գոյատեւելու կամքը։ Ան գիտէր, թէ ինչպէս կարելի է ժպտացնել մարդիկը եւ զանոնք ողբերգութիւններէ ձերբազատելով օրօրել երջանկութեան հովերով։

Չափլին «զգացումներու» վարպետ մը չէր միայն, ան իր երկերով ալ անունը արձանագրեց պատմութեան էջերուն։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ իր ստեղծագործութիւններէն մին, որ այդ ժառանգութեան հիանալի օրինակներէն է։ 

***

Կեանքը խաղ մըն է, որ փորձարկելու թոյլ չի տար։ Պէտք է երգէ՛ք, ծիծաղի՛ք, լա՛ք, պարէ՛ք եւ ձեր կեանքի իւրաքանչիւր պահը լիուլի ապրիք նախքան վարագոյրի փակուիլը եւ ներկայացման աւարտիլը՝ առանց ծափահարութիւններու։  

Ժպտացէ՛ք։

Բայց մի՛ թաքնուիք այդ ժպիտի ետին։ Սա ցոյց կու տայ ձեր ինչ ըլլալը։ Անվախ…

Կան մարդիկ, որոնք կ՚երազեն ժպտալու մասին։ Ինձ նման։ 

Գացէ՛ք, ապրեցէ՛ք։ Փորձեցէ՛ք։ 

Կեանքը կու գայ ապրելու փորձէն։ 

Ամենէն առաջ՝ սէր։ Սիրենք ամէն ինչ եւ բոլորը։ 

Աշխարհի կեղտերու առջեւ մի՛ փակէք ձեր աչքերը, մի՛ անտեսէք քաղցը։ 

Մոռցէ՛ք անյաջողութիւնը, բայց անմիջապէս բան մը ձեռնարկեցէ՛ք անոր դէմ պայքարելու համար եւ անկարող մի՛ զգաք։ 

Հետաքննեցէ՛ք։ 

Փորձեցէ՛ք գտնել լաւը բոլորի եւ ամէն ինչի մէջ։ 

Կեանքն ու մարդիկ… Ասոնք դարձուցէ՛ք ձեր ապրելու պատճառը։ 

Հասկցէ՛ք այն մարդիկը, որոնք ձեզմէ տարբեր կը մտածեն, մի՛ քննադատէք զանոնք։ 

Նայեցէ՛ք ձեր ետին։ 

Ընկերներ…

Այսօր մէկը երջանկացուցի՞ք։ 

Թէ որեւէ մէկը տուժե՞ց ձեր եսասիրութեան պատճառով։ 

Մի՛ վազէք։

Ինչո՞ւ այս աճապարանքը։ 

Վազելը պարզապէս ձեր ներաշխարհի վախը կը նշանակէ։ 

Երազեցէ՛ք։ 

Բայց մի՛ վիրաւորէք ոեւէ մէկը, մի՛ փոխէք ձեր երազանքները ուրիշներու համար։ 

Ստեղծագործեցէ՛ք։ Սպասեցէ՛ք։ 

Միշտ ելք կ՚ըլլայ, աստղը միշտ կը փայլի։ 

Լացէ՛ք, կռուեցէ՛ք։ 

Ըրէ՛ք ձեր ուզածը… Պէտք է զգաք այն, ինչ որ կայ ձեր մէջը։ 

Լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն ուրիշները, սա կարեւոր է։ 

Դէպի վեր նայեցէ՛ք։ 

Եւ քայլ առ քայլ բարձրացէ՛ք դէպի հոն, ուր որ կ՚ուզէք հասնիլ։ 

Բայց մի՛ մոռնաք անոնք, որոնք չեն կրցած բարձրանալ կեանքի սանդուխները։ 

Բացայայտեցէ՛ք։ 

Գտէ՛ք, ինչ որ լաւ է ձեր ներաշխարհին մէջ։ 

Փորձեցէ՛ք՝ առաջին հերթին որպէս մարդ,

Ես ալ կը փորձեմ։ 

Դո՛ւք, հիմա գացէ՛ք խաղաղութեամբ։ 

Ձեզի պէտք է ըսեմ այս բոլորը։ 

Միայն այս պատճառով է, որ դուք գոյութիւն ունիք…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021