ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Պատերազմը հետզհետէ կը սաստկանար:

Ինչպէս մեզմէ շատեր, ես նոյնպէս կ՚աղօթէի իմ երեք եւ աւելի սրբութիւններու համար՝ Արցախի, եղբօրս եւ բոլոր զինուորներու: Օրէ օր կը զգայինք մօտալուտ յաղթանակի շունչը: Որքան տեսանելի կ՚ըլլար պատերազմի աւարտը, այնքան կ՚աւելնար մեր սրտի զարկերը, շնչահեղձ կ՚ըլլայինք:

Հետզհետէ ա՛լ աւելի կը մտահոգուէի իմ եղբօր կեանքի համար: Օրէ օր անմահութեան ուղին կը բռնէին մեր ծանօթներն ու բարեկամները: Ինծի կը թուէր, թէ մահը համր քայլերով օր մը պիտի կանգնի մեր տան շեմին: Սահմռկեցուցիչ զգացում մըն էր, որ ժամանակ առ ժամանակ կը պատէր հոգիս: Աւելի շատ կ՚աղօթէի հայրենիքիս համար, սակայն բնաւ չէի անհանգստանար, քանզի անվերապահօրէն կը վստահէի մեր քաջ զինուորներու բազկի ուժին. վստահ էի, որ պիտի յաղթենք: Իմ անհանգստութիւնը եղբայրս էր:

Պատերազմի քառասունմէկերորդ օրուընէ՝ նոյեմբերի վեցէն սկսեալ որոշեցի ծոմ պահել՝ յանուն իմ սուրբ երրորդութեան: Ծոմապահութիւն մինչեւ յաղթանակ: Սակայն եկուր ու տես, որ դաւաճանութիւնը առաջ ինկաւ յաղթանակէն, մշուշի մէջ թողլով զայն:

Պատերազմի առաջին իսկ օրուընէ սկսեալ՝ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, մարդիկ մինչեւ այսօր ծոմ կը բռնեն՝ կէսգիշերէն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց: Այսինքն միայն ես չեմ ընտրած՝ խաւարի մէջէն Աստուծոյ ուղեկցութեամբ անցնելու ուղին:

Աստուած սէր է:

Այդ չարաբաստիկ գիշերը որոշեցի թողնել իմ ծոմապահութիւնը, չէ՞ որ դաւադրաբար պարտութիւնը յաղթանակէն շուտ եկաւ: Սակայն իմ ներքին ձայնը չթոյլատրեց. «Շարունակէ ծոմապահութիւնդ, վստահէ Աստուծոյ»: Ես ալ մինչեւ օրս կը շարունակեմ ու պիտի շարունակեմ, սակայն մինչեւ երբ՝ չեմ գիտեր...

Յստակ է, սա տխուր օրերուն, երբ Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու գլխավերեւը կուտակուած են սեւ ամպեր, պէտք է թոյլ չտանք, որպէսզի չարութիւնը յաղթէ մեզի: Քրիստոնէութեան մէջ բան մը կայ՝ եթէ դուն գիտակցաբար չարութիւն կ՚ընես, Աստուած զօրաւոր մոլորութիւն մը կը ղրկէ, որպէսզի մարդիկ «հաւատան սուտին եւ դատապարտուին բոլոր անոնք, որոնք չհաւատացին ճշմարտութեան եւ հաճոյք գտան անօրէնութեան մէջ» (Բ Թս. 2:10-11): Մենք այժմ մեծ որոշումներ կայացնելու եւ մեր մէջքը շտկելու ճանապարհին ենք, սակայն, նախ եւ առաջ պիտի մաքրենք մեր միտքը: Եկէք սա օրհասական օրերուն ապրինք միայն Աստուծմով, ապաւինինք Տիրոջ խօսքին, զերծ մնանք յերիւրանքներէ, չարամտութենէ, ամէն տեսակ բամբասանքներէ ու հայհոյանքներէ: Օր ու գիշեր աղօթենք եւ խնդրենք, որպէսզի ըլլայ Տիրոջ կամքը:

Առհասարակ Աստուծմով պէտք է ապրիլ միշտ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020