ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԱՒԱՏՔԻ ԿԵԱՆՔ ԱՊՐԻԼ

Ղուկասի Աւետարանին 17-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ առաքեալները Տէր Յիսուսին կը դիմեն, ըսելով.

«Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»:

Այս դիմումին որպէս պատասխան Տէրը կը պատասխանէ.

«Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թզենիին “արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ”, պիտի հնազանդի ձեզի» (Ղկ 17.5-6):

Արդարեւ ի՞նչ է հաւատքը:

Սուրբ Պօղոս առաքեալն է պատասխանողը.

«Հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր: Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն էր, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան:

Հաւատքով է որ կը հասկնանք տիեզերքին ստեղծումը Աստուծոյ խօսքով, որով տեսանելի այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացաւ» (Եբր 11.1-3):

Հետեւաբար, հաւատք կը նշանակէ վստահիլ առաջին հերթին, վստահիլ բոլոր այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, ինչպէս նաեւ վստահիլ՝ համոզուած ըլլալ բոլոր այն բաներուն՝ որոնք աներեւոյթ են, բոլոր այն բաներուն՝ որոնք մեր աչքերով չենք կրնար տեսնել:

Հին կտակարանի սուրբ նահապետները, թագաւորները, մարգարէները, Աստուծոյ ընտրեալ մարդիկը այսպիսի հաւատքով մըն է, որ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ: Իսկ Նոր կտակարանին մէջ, մարդուն տրուեցաւ իր աչքերով տեսնելու իր յուսացած եւ Իրեն համար մինչ այդ ժամանակ աներեւոյթ մնացած՝ Արարիչին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Աստուծոյ Միածին Որդիին, որով Քրիստոսով հաւատքն ու յոյսը նոր իմացում մը ստացան, նոր կերպարանք մը ստացան, որ ամբողջացաւ սիրով. «Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր 13.13):

Այսօրուան մեր կեանքին մէջ կարծէք սկսած ենք ձեւով մը նահանջ ապրիլ մեր հաւատքի կեանքի մէջ, այլ խօսքով, նկատի ունենալով այսօրուան նիւթականացած աշխարհը եւ մարդուն նիւթականացած մտածելակերպը, հաւատքի դերակատարութիւնը մարդուն կեանքին մէջ ա՛յդքան ալ կարեւոր չէ: Այսօրուան մարդը աւելի շօշափելի, տեսանելի երեւոյթներու կը հաւատայ, կը վստահի, կ՚ապաւինի, քան Պօղոս առաքեալին բացատրութեան վստահելու եւ համոզուելու: Այսօրուան մարդը ինքզինք աւելի մեքենայի տեղ դրած է, կամ աւելի ճիշդ է ըսել՝ ինքզինք անշունչ մեքենայի վերածած է, անգիտանալով կամ գիտակցաբար մոռնալով իր էութեան իսկութիւնը, որ է՝ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը, եւ որպէս այդպիսին մտածող, տրամաբանող, բարոյական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ պարունակող եւ երանաւէտ յաւիտենականութեան հրաւէրն ունեցող արարած մը:

Այսպիսով, մարդ յաճախ անգիտակցաբար եւ երբեմն ալ գիտակցաբար ինքզինք կը զրկէ Աստուծոյ հաճութենէն ու շնորհքներէն: Դարձեալ Պօղոս առաքեալն է ըսողը. «Իր հաւատքին համար էր որ Ենովք երկինք փոխադրուեցաւ, առանց մահ տեսնելու. եւ իր մարմինը չգտնուեցաւ, քանի Աստուած զայն փոխադրած էր արդէն: Սուրբ գիրքերը կը վկայեն, թէ երկինք փոխադրուելէ առաջ՝ Ենովք Աստուծոյ հաճութիւնը շահած էր: Իսկ առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւը շահիլ: Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զինք կը փնտռեն» (Եբր 11.5-6): Առաքեալին խօսքերէն պարզ կը դառնայ, որ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու գլխաւոր պայմաններէն մէկը՝ հաւատք ունենալն է, առանց որուն անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ:

Գալով առաքեալներու իրենց հաւատքը աւելցնելու հետ կապուած Տէր Յիսուսի պատասխանին, թէ՝ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թզենիին “արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ”, պիտի հնազանդի ձեզի, ապա ուղիղ կերպով արդիւնքն է մեր ունեցած յոյսին եւ համոզումին, ինչ բանի մասին Պօղոս առաքեալ խօսած էր Եբրայեցիներու իր նամակին մէջ: Տէր Յիսուսի խօսքերը պարզ եւ յստակ են. մարդ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենայ, ապա ո՛չ մէկ բան անկարելի կ՚ըլլայ իրեն համար (տե՛ս Մտ 17.20):

Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլանք միայն հաւատք ունենալով պարծենալէ, ինչ որ կ՚ընեն այսօր շարք մը աղանդաւորական այսպէս կոչուած «եկեղեցի»ներ, հիմք ընդունելով Պօղոս առաքեալին հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զԻնք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս: Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի» (Հռ 10.9-10): Արժան եւ իրաւ. հաւատալ եւ խոստովանիլ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի փրկութեան գրաւականներն են, սակայն այս գրաւականները անզօր կը դառնան, եթէ այդ հաւատքին եւ տրուած խոստովանութեան, դաւանութեան համապատասխան կեանք չկայ, այլ խօսքով՝ գործեր չկան այդ հաւատքին ու խոստովանութեան որպէս ծնունդ: Աղանդաւորական այդ կառոյցները Սրբազան այս Առաքեալին տողերը վերնելով ո՛չ միայն իրենք կը մոլորին, այլեւ շատերը կը մոլորեցնեն, զանոնք միայն մղելով հաւատալու եւ խոստովանելու, առանց գործով ցուցաբերելու, գործով ապրելու այդ հաւատքն ու խոստովանութիւնը: Այս ուղղութեամբ կարդանք, թէ Յակոբոս առաքեալը ի՛նչ կ՚ըսէ. «Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել։ Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ “գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք”, եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է:

Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. “Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի”։ Այնպիսիին կը պատասխանեմ. “Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս”։ Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է։

Աբրահամ, մեր նախահայրը, իր գործերով չէ՞ր որ արդարացաւ, երբ իր զաւակը՝ Իսահակը զոհասեղան բարձրացուց զոհ մատուցանելու համար: Կը տեսնե՞ս, թէ հաւատքը անոր գործերուն ընկերացաւ, եւ գործերուն ընդմէջէն ալ հաւատքը իր կատարելութեան հասաւ: Այսպէս կատարուեցաւ այն՝ ինչ որ Ծննդոց Գիրքը կ՚ըսէր, թէ “Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց”. եւ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ: Կը տեսնէ՞ք, թէ մարդ իր գործերով կ՚արդարանայ, եւ ո՛չ թէ միայն հաւատքով:

Նոյնը չէ՞ Րախաբ պոռնիկին պարագան. ա՛ն ալ իր գործերով արդարացաւ, երբ իսրայէլացի լրտեսները իր տունը հիւրընկալեց եւ օգնեց՝ որ ուրիշ ճամբով փախչին:

Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.14-26):

«Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս», Յակոբոս առաքեալին այս խօսքերը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պէտք է կողմնացոյց ըլլան, որպէսզի չշեղինք ճշմարտութեան ճանապարհէն, չմոլորինք ուղղափառ հաւատքէն՝ յայտնուելով սատանայի կողմէ մեզի պատրաստուած սադրանքներուն մէջ, որով կորսնցնենք մեր յաւիտենականութեան ժառանագակից ըլլալու հնարաւորութիւնը:

Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ հաւատքի բազմաթիւ ախոյեաններու կրնանք հանդիպիլ: Հին կտակարանի հաւատքի ախոյեաններու ամփոփ մէկ նկարագրականը կատարած է Պօղոս առաքեալ իր Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ (կարդալ Եբր 11-րդ գլուխ): Նոր կտակարանի հաւատքի, այլ խօսքով՝ յետ Քրիստոսի ժամանակաշրջանի հաւատքի ախոյեաններու մասին կարելի է կարդալ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն մէջ: Այդ ախոյեաններէն մէկն է Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը, որուն յիշատակի տօնը այսօր կը նշէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:

Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերէն մէկն է: Մծբնացի Հայրապետը ծնած է Մծբին քաղաքին (ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ՝ Պարսկաստանի սահմանին մօտիկ): Սուրբ Յակոբին մեր՝ հայ ժողովուրդին սիրելի եւ հարազատ ըլլալու հանգամանքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ան մեր հաւատքի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին հօրաքրոջ՝ Խոսրովուհիին որդին է: Ըստ աւանդութեան՝ ան Կեսարիոյ մէջ ուսում ստացած է, եւ ապա Պարսկաստանի արքունիքին մէջ ապրած է, սակայն ճգնաւորական կեանքը միշտ քաշած է զինք, որով առանձնացած է ու միայնակեաց դարձած: Երկար թափառումներէ ետք հասած է Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը, ուր աշակերտած է Մարուգէ անունով ճգնաւորի մը մօտ, որ մարգարէացած է իր մասին, թէ օր մը Մծբին քաղաքին եպիսկոպոս պիտի դառնայ, եւ այդպէս ալ եղած է յետագային:

Սուրբ Յակոբ Մծբնացին հրաշագործ եղած է, եւ իրեն կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշքներ: Միաժամանակ, Մծբնացի Հայրապետը Աստուծոյ խօսքը քարոզող եղած է, եւ իր քարոզներուն շնորհիւ բազմաթիւ անհաւատներ դարձի եկած են եւ քրիստոնէութիւն ընդունած:

Սուրբին մասին կայ նաեւ աւանդութիւն մը, ըստ որուն, Սուրբ Յակոբը Արարատ լեռ ուզած է բարձրանալ, որպէսզի Նոյեան տապանէն մասունք մը վերցնէ, որովհետեւ նկատած էր, թէ Մծբին քաղաքի եւ անոր շրջակայքի բնակիչները թէեւ դարձի եկած էին, սակայն կը ծաղրէին Նոյան տապանի պատմութիւնը: Մի քանի փորձեր կատարելէ ետք չէ յաջողած, քանի որ ամէն առաւօտ երբ կ՚արթննար իր ճանապարհը շարունակելու համար, ինքզինք կը գտնէր այնտեղ՝ ուրկէ սկսած էր լեռ բարձրանալ: Սուրբը, սակայն, այս իրողութեան դիմաց չի՛ յանձնուիր եւ չի՛ յուսահատիր, եւ դարձեալ կը սկսի բարձրանալ լեռն ի վեր. Սուրբին ցուցաբերած այս հաւատքին որպէս վարձատրութիւն, Աստուած անոր կը ղրկէ Իր հրեշտակը, որ Նոյեան տապանէն մասունք մը կու տայ Սուրբին: Սուրբ Յակոբ երախտապարտ ոգիով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ՝ փառաբանելով զԻնք, եւ Նոյեան տապանի մասունքը ձեռքին կը վերադառնայ Մծբին:

Մծբին եպիսկոպոսը (անցեալին քաղաքի եպիսկոպոսները նաեւ հայրապետ կոչած են, ուրկէ Սուրբ Յակոբի Հայրապետ անուանումը) կը վախճանի, եւ անոր փոխարինող մը կ՚ուզեն ընտրել, եւ ընտրութիւնը Սուրբ Յակոբի վրայ կ՚իյնայ, որով եպիսկոպոս կը ձեռնադրեն զինք եւ ան Մծբինի եպիսկոպոսը՝ հայրապետը կը դառնայ:

Սուրբ Յակոբի ննջումէն ետք, աւանդութեան համաձայն անոր մարմինէն անոյշ բոյր բուրած է: Անոր գերեզմանին վրայ եկեղեցի մը կառուցուած է:

Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը գրաւոր ժառանգութիւն ալ ձգած է, աստուածաբանական եւ կրօնաբարոյական, բարոյախօսական ճառեր, քարոզներ ու գրութիւններ:

Աւարտին, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Մծբնացի Հայրապետին վերագրուող աղօթք մը, ինչպէս նաեւ հատուած մը անոր գրութիւններէն հաւատքի մասին:

• «Մէկ Աստուած, ամենալոյս, ամենակալ, մէկ իշխանութիւն, որեւէ բանի անկարօտ: Զարմանալիքներու զարմանալիք, որ ամէն ինչը ոչինչէն ստեղծեցիր: Հզօր եւ Փրկիչ, ազատարար, քաւիչ, բժշկապետ, անոխակալ, բարի եւ խնամածու՝ ոչ միայն արդարներուն, այլեւ՝ մեղաւորներուն: Դուն, որ ամենակարող ես, բաժակ մը ջուրի կարօտ եղար խաչին վրայ, ու ոչ ոք տուաւ Քեզի: Դուն որ ովկիանոսներն ու ծովերը ստեղծեցիր, լեղի եւ քացախ տուին Քեզի: Դուն որ Ադամի կողէն կին ստեղծեցիր, ահաւասիկ Քու կողդ խոցեցին: Դուն մշտնջենաւոր Աստուած ըլլալով՝ կը համբերես մեզ փրկագործելու համար»: 

• «Հաւատքը ոմանց երկինք բարձրացուց: Հաւատքով ջրհեղեղին յաղթեցին: Ամուլները հաւատքով զաւակներ ծնան: Հաւատքով սուրէ փրկուեցան, կապանքներէ ազատուեցան, գուբէն ելան, աղքատները բարձրացան, հալածուողները փրկուեցան, երկինքէն կրակ իջեցուցին, ծովը բաժնեցին, ժայռը պատռեցին, ծարաւներուն ջուր խմցուցին, անօթիները կշտացուցին, մեռելները կենդանացուցին, դժոխքէն փրկեցին, ալիքները հանդարտեցուցին, հիւանդները բժշկեցին, զօրութիւններուն յաղթեցին, պարիսպները կործանեցին, առիւծներուն բերանները գոցեցին, կրակին բոցը մարեցին, ամբարտաւանները խոնարհեցուցին, խոնարհները փառքի ու պատիւի հասցուցին: Այս բոլոր զօրութիւնները հաւատքո՛վ գործուեցան: Ա՛յս է հաւատքը, որ մարդ Աստուծոյ հաւատայ, ամենակալ Աստուծոյն, որ երկինքը, երկիրն ու ծովը ստեղծեց, եւ ինչ որ անոնց մէջ կայ: Որ, Ադամը Իր պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծեց: Մովսէսին Օրէնքը տուաւ: Մարգարէներ ղրկեց եւ ետքէն աշխարհ ղրկեց Յիսուս Քրիստոսը, որ մարդը մեռելներու յարութեան արժանացուց, եւ որպէսզի մարդը Աւազանի մկրտութեան խորհուրդին հաւատայ: Այ՛ս է եկեղեցւոյ հաւատքը, որ մարդը ժամանակները քննելէն, շաբաթապահ կրօններէն, ամսագլուխ տօներէն, աստղագուշակութենէ, հմայութենէ, ......., աղանդներէ, հերձուածներէ, չարի մեքենայութիւններէն, չարութեան խաբող խօսքերէն, հայհոյութենէն, շնութենէն, անառակութենէն, պիղծ երգերէ, սուտ վկայութենէ հեռու մնայ: Ասոնք են հաւատքին գործերը, որոնք Ժայռին՝ Քրիստոսին վրայ դրուած են, եւ բոլոր շինութիւնները Անոր վրայ կը շինուին»:

Երանի՜ մեզմէ իւրաքանչիւրս Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին օրինակով փորձենք մեր հաւատքը կեանքի կոչել՝ մեր գործերով, մեր վարք ու բարքով, մեր Աստուածսիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ: Թող որ Սուրբին բարեխօսութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021