ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆԻ 205-ԱՄԵԱԿԸ ԿՏԱԿԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այս տարի կը լրանայ ազգային բարերար, կրթական եւ մշակութային գործիչ Մկրտիչ Սանասարեանի 205-ամեակը: Մկրտիչ Սանասարեանի մեծ հայրը եղած է մեծահարուստ ազնուական Գէորգ Արծրունին, որ 1813 թուականին Վանէն տեղափոխուած է Թիֆլիզ։ Գէորգը ունեցած է երկու զաւակ՝ Մարիամը, որ մայրն էր Մկրտիչ Սանասարեանին, ու Երեմիան, որ հայրն էր մեծ հրապարակախօս Գրիգոր Արծրունիի:

Մկրտիչ Սանասարեան սովորած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, որու հիմնադիրներէն եղած է իր մեծ հայրը: Սանասարեան շոգենաւային հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ աշխատանք ծաւալած է, եղած է տաղանդաւոր տնտեսագէտ: Մեծահարուստ հայի համար ճակատագրական եղած է Կարապետ Եզեանցի հետ հանդիպումը, որու շնորհիւ Մկրտիչ Սանասարեան սկսած է ուշադրութիւն դարձնել ազգային, կրթական եւ հասարակական խնդիրներու:

1881 թուականին Կարինի մէջ, Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանցի ջանքերով կը հիմնադրուի Սանասարեան պատմական վարժարանը: Կարապետ Եզեանց (Եզեան, Եզով) Մոսկուա ծնած եւ ընդհանրապէս Ռուսական կայսրութեան մէջ գործած հայ մանկավարժ, ուսուցիչ, բանասէր, պատմաբան էր, սակայն ուսումնասիրողներ անոր կեանքի ամենամեծ գործը կը նկատեն Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի հիմնադրման բերած աջակցութիւնը: Նմանապէս, Թիֆլիզ ծնած ազգային բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի օգտաւէտ գործերուն թագն ու պսակը կը կազմէ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի հիմնադրումը, որու համար Գերմանիոյ մէջ ան ուսուցիչներ պատրաստել տուած է: Սանասարեան Կարինը գաւառական յարմարագոյն քաղաքը նկատած էր վարժարանի հաստատման, նաեւ քննութեան առնելով առաջարկութիւնը Մաղաքիա Վարդապետ Օրմանեանի, որ այդ միջոցին առաջնորդն էր Կարնոյ: Սանասարեանի գլխաւոր նպատակն էր գաւառներու համար յարմար ուսուցիչներ եւ տեղական արհեստից զարգացման օգնելու կարող անհատներ պատրաստել եւ այս ուղղութեան համեմատ յօրինուած կրթական ծրագիր մը պատրաստուած եւ գործադրուած էր: Վարժարանը բարեյաջող մեկնարկ եւ ընթացք ունեցաւ՝ յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով:

Մկրտիչ Սանասարեան, փափաքելով մօտէն տեսնել իր հիմնած վարժարանը, 1885 թուականին Կարին կ՚այցելէ, շուրջ տասնհինգ օր հոն կը մնայ եւ ներկայ գտնուելով տարեկան քննութիւններուն, առիթ կ՚ունենայ տեղւոյն վրայ գնահատելու իր հիմնած հաստատութեան արդիւնքները: Նոյնպէս 1886 թուականի սեպտեմբերին, Կարապետ Եզեանց կ՚այցելէ Սանասարեան վարժարանը եւ տասնութ օր Կարին մնալով կը տեղեկանայ վարժարանին ներքին պայմաններուն եւ ընդհանուր վիճակին: Այս այցելութիւնները նոր թափ կու տան վարժարանին, որ այդ տարեշրջանին արդէն հասած էր բարգաւաճ վիճակի, սակայն, 1887 թուականի յուլիսին, Օրմանեան Սրբազան, ձգելով իր առաջնորդական պաշտօնը, կը հեռանար Կարինէն եւ այս հեռացումը կը զրկէր վարժարանը կարեւոր օժանդակութենէ մը: Կարինի մէջ Սանասարեան վարժարանը երեսուն տարուայ կեանք ունեցաւ: 1912 թուականին Պոլոսյ խնամակալութեան կարգադրութեամբ Կարինէն տեղափոխուեցաւ Սեբաստիա (Սվաս): Բայց Կարինի հայութիւնը դէմ էր այդ որոշումին եւ բողոքներէ յետոյ վարժարանի գոյքի մէկ մասը կը ձգուի տեղւոյն վրայ եւ շուտով, նոյն շէնքին մէջ կը սկսի գործել Նոր Սանասարեան վարժարանը, իսկ Սեբաստիոյ մէջ՝ Սանասարեան գիշերօթիկը:

Ցաւօք, Մկրտիչ Սանասարեան չկրցաւ տեսնել իր վարժարանին առաջին շրջանաւարտները, 1890 թուականին մահացաւ Փարիզի մէջ, անզաւակ, իր ողջ հարստութիւնը կտակելով հայոց դպրոցներուն, իսկ Սանասարեան վարժարանին՝ նաեւ իր մատենադարանը, ալպոմները, նկարներու հաւաքածոն, տպագրական պարագաները։ Ազգային բարերարը, զաւակ չունենալով, Սանասարեան դպրոցի 840 սաները կը նկատէր իր որդիները: Սանասարեան կտակ մը ձգած էր, որ կ՚ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Սանասարեանի կտակած գումարներէն զատ, Մարիամ Մարտիրոս Կազաչկեանցն ալ, որ Կարապետ Եզեանցի մօրաքոյրն էր, իր կարգին 10.925 րուբլիի տոկոսաբեր արժեթուղթեր կտակած է Սանասարեան վարժարանին, որոնք նոյնպէս, Սանասարեանի ձգած դրամին հետ ի պահ դրուած են Ռուսաստանի Պետական դրամատունը:

Մկրտիչ Սանասարեան յուղարկաւորուած է իր ծննդավայր Թիֆլիզի մէջ, Հայոց մայր եկեղեցւոյ բակը, թէեւ, ըստ կտակի անոր մարմինը պիտի թաղուէր այնտեղ, ուր վարժարանը կը գտնուէր, սակայն իր քեռորդին՝ բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց, Ամենայն Հայոց Սրբազան Հայրապետէն հրաման ստանալով Սանասարեանի մարմինը վերոյիշեալ տեղը թաղել տուաւ, կտակին այդ կէտին գործադրութիւնը ապագային վերապահելով:

Մինչեւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակը գործած Սանասարեան վարժարանի գործունէութեան մասին բազում տպագրութիւններ եղած են, օրին տպուած են նաեւ վարժարանի տարեգիրքերը, կանոնադրութիւնը, ուսումնական եւ շատ կարեւոր ուրիշ նիւթեր, որոնց մէջ գտնելով Սանասարեանի կտակը, զայն, որպէս պատմական հետաքրքրական փաստաթուղթ, թուայնացնելով կը ներկայացնենք հիմնադրի ծննդեան յոբելենական տարուան առթիւ:

Սանասարեանի կտակակատարն էր Կարապետ Եզեանց: Սանասարեան իր դրամները պահած է Ռուսական կայսրութեան դրամով, որ րուբլի կը կոչուէր, ուստի կտակին մէջ նշուած է այդ դրամական միաւորը:

ԿՏԱԿԸ

1866 յուլիս 10 թուակիր նօտարական կտակագրով, որ Փեթերսպուրկի մէջ յօրինած է ի ներկայութեան վկայից եւ որ յատուկ տետրով հրատարակուած է արդէն, Սանասարեան կտակած է.

1- Իր քեռորդի բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանցի երկու կալուած, իր տան կահկարասիքը եւ 100 հազար րուբլի:

2- 600 րուբլի ցկեանս տարեթոշակ խմբագիր Պ. Պետրոս Սիմէոնեանցի:

3- 10 հազար րուբլի Վանայ Ս. Սանդխտեան աղջկանց վարժարանի, պայմանաւ, որ դրամագլուխը ընդմիշտ անձեռնմխելի մնայ եւ տոկոսները վճարուին:

4- 400 րուբլի իր երկու ծառաներուն միանուագ վճարելի:

5- Իր մնացեալ բոլոր ստացուածքը, անշարժ կամ շարժուն, ինչպէս նաեւ իր մատենադարանը, ալպոմները, հաւաքածոները եւ տպարանական կազմածները Սանասարեան վարժարանին:

Ինչպէս կ՚երեւայ, 1895 թուականին Վսեմ Պ. Պ. Կարապետ Եզեանցի եւ Գէորգ Եւանգուլեանցի հրատարակած տեղեկագրէն, Սանասարեանի մահէն անմիջապէս յետոյ պէտք եղած օրինական ձեւակերպութիւնները Փեթերսպուրկի մէջ կատարելով, Հաշտարար Դատաւորին կողմէ հանգուցեալին բնակարանը կը կնքուի եւ դատարանի պաշտօնեան կը ցուցակագրէ անոր թողած կայքն ու դրամական թուղթերը: Այս գործողութեանց ժամանակ երեւան եկած կտակագիրը, որ կտակակատար կարգած էր Պ. Պ. Կարապետ Եզեանցը եւ Գէորգ Եւանգուլեանցը եւ հանգուցեալին քեռորդին Լեւոն Տիգրանեանցը, 1890 յունիս 19-ին կը վաւերացուի Փեթերսպուրկի նահանգական դատարանէն ի գործադրութիւն: Յունիսի վերջերը Փեթերսպուրկ կը հասնին նաեւ միւս երկու կտակակատարները, Պ. Պ. Գէորգ Եւանգուլեանց եւ Լեւոն Տիգրանեանց, եւ երեք կտակակատարները անմիջապէս կը ձեռնարկեն Սանասարեանի գործերը կարգի բերելու եւ անոր կտակը գործադրելու:

Կտակակատարները յուլիս 3, 4 եւ 5-ի նիստերուն միջեւ, ինչպէս կ՚երեւայ տեղեկագրէն, հետեւեալ տնօրինութիւնները ըրած են.

1- Քննած են Սանասարեանի գրասեղանի արկղերուն եւ պահարանին մէջ գտնուած թուղթերը, ուր կային մուրհակներ, պարտատոմսեր (մեծ մասամբ ուսանողներու), քանի մը թանկագին իրեղէններ եւ մասնաւոր թղթակցութիւններ: Կտակակատարները կ՚որոշեն ցուցակագրել թէ՛ այն մուրհակներն ու պարտատոմսերը, որոնց տասնամեակը չէր անցած եւ թէ՛ անոնք, որոնց տասնամեակը անցած էր, կ՚որոշեն նաեւ թանկագին իրեղէնները, բնակարանին կահ կարասիքով, ըստ կտակի յանձնել Պ. Լեւոն Տիգրանեանցի, իսկ մասնաւոր թղթակցութիւններէն եւ ուրիշ թուղթերէն պահել միայն անոնք, որոնք որեւէ կարեւորութիւն ունին: (Ըստ ռուսական օրէնքի, ժամանցումի (միւրուրու զաման) կ՚ենթարկուին այն մուրհակները, որոնց մասին բողոք եւ պահանջ չէ եղած տասը տարուան ընթացքին մէջ):

2- Քննած եւ վաւերացուցած են Սանասարեանի հիւանդութեան եւ թաղման ծախքերը:

3- Քննած եւ վաւերացուցած են Սանասարեանի Փեթերսպուրկէն հեռանալէն առաջ, 1889-ի վերջերը, տուած երկու փոխանորդագիրներուն համաձայն Պ. Կարապետ Եզեանցի իբր փոխանորդ կատարած գործառնութիւնները:

4- Նկատելով որ Սանասարեանի թէ՛ կալուածական եւ թէ՛ դրամական գործերը կեդրոնացած են գլխաւորաբար Փեթերսպուրկի մէջ, կտակակատարները լիազօրութիւն կու տան Պ. Կարապետ Եզեանցին, որպէսզի անիկա կառավարէ իր գործերը: Կ՚որոշեն միանգամայն փոխանորդագիր տալ անոր, որպէսզի իրաւունք ունենայ ստանալ հարկ եղած տեղերէն գումարներու եւ տոկոսաբեր թուղթերու տոկոսները, պէտք եղած ժամանակ փոխանակէ տոկոսաբեր թուղթերը ուրիշ տեսակ տոկոսաբեր թուղթերով, զեղչմամբ հաշիւ վերջացնէ պարտապաններուն հետ, անոնցմէ մուրհակ եւ դրամ ստանայ եւ այլն, միայն այն պայմանաւ, որ վեց ամիսը անգամ մը Պ. Կարապետ Եզեանց կտակակատարներուն տեղեկութիւն տայ գումարներուն վիճակին եւ եղած ծախքերուն մասին:

Կտակակատարները, պաշտօնական ցուցակին համաձայն Սանասարեանի թողած կայքը դատարանի պաշտօնեայէն ստանալէ յետոյ, ձեռնարկեցին կարգի բերելու Սանասարեանի հաշիւները այն բոլոր վարկային հաստատութեանց հետ, որոնց պարտական մնացած էր հանգուցեալը: Ասոր համար անհրաժեշտ եղաւ Սանասարեանի մնացած տոկոսաբեր թուղթերուն մէկ քանին վաճառել, որոնցմէ գոյացած գումարը գործածուեցաւ վերոյիշեալ պէտքերուն:

Սանասարեանի բոլոր հաշիւները վերջացնելէ յետոյ, Պ. Կարապետ Եզեանց, Պ. Լեւոն Տիգրանեանցի ներկայութեամբ, Սանասարեան վարժարանի մնացած տոկոսաբեր թուղթերը, իբրեւ վարժարանի սեփական աւանդ՝ յանձնեց Ռուսաստանի Պետական դրամատան՝ իրեն իրաւունք վերապահելով «ետ ստանալ այդ աւանդը կտակի տրամադրութեանց համաձայն» եւ միեւնոյն ժամանակ կտակակատար Պ. Եզեանց Փեթերսպուրկի Վճարման եւ Փոխատուութեան դրամատան մէջ ընթացիկ հաշիւ մը բացաւ՝ յանուն Սանասարեանի կտակակատարներուն՝ առձեռն ծախքերու յատկացած գումարներու պահպանման համար:

Կտակակատարներու կանխապէս տուած որոշման համաձայն, կտակակատար Պ. Եւանգուլեանց փոխանորդագիր մը յանձնեց կտակակատար Պ. Եզեանցին հանգուցեալ Սանասարեանի գործերը վարելու համար, իսկ կտակակատար Պ. Տիգրանեանց չուզեց այս փոխանորդագիրը տալ, եւ ապա 1891 թուականի մարտի 26-ի յայտարարութեամբ, որուն վաւերացեալ մէկ օրինակը կը մնայ Խնամակալութեան քով, հրաժարեցաւ կտակակատարի պաշտօնէն: Միւս երկու կտակակատարները շարունակեցին կատարել իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնները:

Ըստ կտակի, Սանասարեանի դրամագլուխէն պէտք է ոչ աւելի քան կէսը կալւածի վերածել եւ միւս կէսը տոկոսաբեր թուղթերու: Այդ թուղթերը Սանասարեան վարժարանի անունով պէտք է պահուին կամ Ռուսաստանի Պետական դրամատան եւ կամ Եւրոպայի Պետական դրամատուներէն մէկուն մէջ. անոնք կրնան վաճառուիլ միայն կտակակատարներու ձեռքով եւ այն ալ ցորչափ անոնցմէ երկուքը կենդանի են, իսկ կտակակատարներէն երկուքին մահէն ետքը ոչ ոք իրաւունք ունի վաճառել այդ թուղթերը կամ ծանրաբեռնել զանոնք պարտքերով:

Այս պարտականութեանց ճշդիւ կատարման նպատակով Պ. Կարապետ Եզեանց 1891-ին ուղեւորուեցաւ Եւրոպա եւ ուսումնասիրելով եւրոպական առաջնակարգ պետութեանց վարկային հաստատութիւնները, այն եզրակացութեան եկաւ, թէ ներկային մէջ Եւրոպա չունի պետական դրամատուն, որովհետեւ, ինչպէս Գերմանական դրամատունը, նոյնպէս եւ Ֆրանսական կամ Անգլիական դրամատուները բաժանորդական հաստատութիւններ են, ուստի կտակակատարները Ռուսաստանի Պետական դրամատան յանձնեցին Սանասարեան վարժարանի կտակուած տոկոսաբեր թուղթերը, իբր աւանդ ի պահպանութիւն, այն պայմաններու հիման վրայ, որոնք որոշուած են կտակի տրամադրութեանց համեմատ: Նորին Սուրբ Օծութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետը 1891 թուականի մարտի 19-ի Կոնդակով կտակակատարներու ձեռնարկութեան հաւանած ըլլալը յայտնելով օրհնեց անոնց գործունէութիւնը:

Կտակակատարները, աչքի առաջ ունենալով կտակին այն տրամադրութիւնը, որով թոյլ տուած է վաճառել տոկոսաբեր թուղթերը միայն կտակակատարներուն երկուքին կենդանութեան ժամանակ եւ որուն համեմատ անոնց մահէն ետքը այդ տոկոսաբեր թուղթերը անվաճառելի սեփականութիւն կը դառնան վարժարանին համար, եւ նկատելով որ Սանասարեանի կտակած տոկոսաբեր թուղթերէն մէկ քանին մասնաւոր հաստատութեանց բաժնետոմսեր են, որոնց արժէքը ժամանակ առ ժամանակ կը տարուբերի եւ որոնք երբեմն աւելի եւ երբեմն պակաս եկամուտ կը բերեն, պարտք համարեցին հետզհետէ այդ մասնաւոր տոկոսաբեր թուղթերը վերածել Պետական կամ Պետութենէն երաշխաւորուած թուղթերու, որով գոյացաւ բաւական շահ մը:

Սանասարեանի թողած մուրհակներն ու պարտատոմսերը կը հասնէին 257.285 րուբլի 52 կոպէկի, որոնցմէ 51.391-ը տասնամեակը անցած մուրհակներ, իսկ 205.894 րուբլի 52 կոպէկը տասնամեակը չանցած մուրհակներ եւ պարտատոմսեր: Կտակակատարները վերոյիշեալ տասնամեակը չանցած պահանջներէն յաջողեցան գանձել 35.628 րուբլի 63 կոպէկ: Մնացեալ գումարէն 42.469 րուբլի 7 կոպէկ հաշուէն դուրս ձգուեցաւ՝ գանձումը անյուսալի ըլլալուն համար, իսկ 16.025 րուբլի Սանասարեանի կողմէ գանձուած ըլլալը ապացուցեցաւ վաւերագիրներով եւ մնաց 112.071 րուբլի 82 կոպէկ:

Պ. Կարապետ Եզեանց կտակին մէջ իրեն յանձնուած պաշտօնին համեմատ պարտական էր պատրաստել վարժարանին Կանոնադրութիւնը։ Այս նպատակով 1890 թուականի օգոստոսին եկաւ Կ.Պոլիս եւ հոս՝ խորհրդակցելէ յետոյ տեղւոյն կարեւոր հայ անձնաւորութեանց հետ՝ պատրաստեց Սանասարեան վարժարանին Կանոնադրութիւնը, որ Կեդրոնական վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ քննուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ 1892 թուականի մայիսին եւ որուն գործադրութիւնը հրամայուեցաւ 1892 յուլիս 16 թուակիր Պատրիարքական հրամանագրով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023