ՄՏԵՐՄԻԿ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արեւմտահայ մամուլը միշտ ուրոյն տեղ տուած է Կաղանդի գիրերուն: Կաղանդի օրերէն ետք նոր տարուան տրամադրութիւնները շարունակուած են յունուար ամսուան թերթերու թիւերուն մէջ:

Տարիներու հեռաւորութենէն կը ներկայացնենք 1911-ին եւ 1903-ին ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մասիս» թերթերուն մէջ տպագրուած երկու մտերմիկ գիր:

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱՆՔԻ ՁՄԵՌԻՆ ՄԷՋ

ՔԱՍԻՄ

Պ. Կարապետ Ադամեանի խնկելի նկարը, որով կը պճնազարդենք այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլուխը, ցնցող տիրապետութիւն մը ըրաւ վրաս: Առաջին տպաւորութիւնը զոր զգացի անկէ, իղձ մըն էր, անտեղիտալի իղձ մը, նմանելու ալեւոր նահապետին, որ ունայնութեան ամէն դրուագները ճաշակած, աշխարհի բոլոր ելեւէջներէն անցած, հիմա իր կեանքի վերջալոյսին մէջ՝ պարտքը անթերի կատարող հպարտ գոհունակութեամբ եւ գաւառացիական անսրբագրելի համեստութեամբ քովընտի նստած իրեն կողակից խաթունին հետ՝ կ՚ողջունէ առաւօտը նաւասարդի: Մինչդեռ այս օրհնեալ գերդաստանին ամբողջ անդամները՝ տղամարդ, հարս, աղջիկ, թոռ, թոռնորդի, զարմով ու զաւակով շրջապատած ընտանեկան ծառին երկու արմատները, իրենց կաթոգին համբոյրներով կ՚երթան կեանքի աւիւն, երիտասարդական կորով ներշնչելու անոնց չորցած երիթացած երազներէն ներս:

Եւ ամանորի առթիւ, աւելի թանկագին, աւելի կենսաւէտ ու աւելի երջանկաբոյր նուէր մը կրնա՞յ երեւակայել ընտանիքի մը պետը, քան իր ճետերէն շրջապատուելու բախտաւորութիւնն ու անոնց երամին վրայ գուրգուրալու հրճուանքը, որ ապաքէն իր լիառատ վարձատրութիւնն է տարիներու ընթացքին մէջ մղած կեանքի բուռն պայքարին:

Ադամեանի այս նկարը որ նրբաճաշակ փարիզցիներէ այնչափ գնահատուած է, որչափ իր ազգակիցներէն, ո՛չ միայն գեղարուեստի տեսակէտով հայ հանճարին գլուխ գործոցը կը ներկայացնէ, այլեւ առաւելապէս զգացումի ալ անսահման ցոլացում մըն է, որ իր խորազդեցիկ ճառագայթներով կու գայ խարանել ամուսնական սրբութիւնը ընդոտնողներն եւ ասանկ նուիրական գիշերներ ընտանեկան պարագաներով շրջապատուելու անճառ երանութիւնը աղտոտ խաղարաններու լպիրշ մթնոլորտին մէջ փոխարինողները:

Ամէն անգամ՝ որ նահապետական կեանքին խօսքը ըլլայ, շատեր հաճոյքով կը դրուատեն զայն, միշտ այնպէս մը զգացնելով՝ թէ այդ հոգեկան վայելքը միմիայն մեր նախահայրերուն եւ գեղջկական կեանքի տանուտէրներուն յատուկ է: Ի՞նչ սխալ ըմբռնում. եթէ այդպէս ըլլար, կեանքը պէտք է դադրէր նահապետներու դարէն ետք եւ կամ ամէն մարդ պիտի փութար գիւղերուն անկիւնները քաշուելու: Ընդհակառակը քաղաքի ճոխութեան մէջ է որ կը փայլի նահապետական կեանքը. երբ ընտանիքին հիմնադիրը իր բոյնը կազմելու անդրանիկ շրջանին իսկ, այն ծրագիրով ճամբայ ելլէ, թէ զարմով զաւակով, հարսերով ու թոռներով շրջապատուիլ է իր նպատակակէտը: Իրաւ է որ բաղդատմամբ ամուրիի անհոգ ու անպատասխանատու հաճոյքին՝ այս ճամբան քիչ մը փշալից է ու չարքաշ, եւ սակայն անոր կատարը հանգստութեան, բարօրութեան ու երջանկութեան արփին է, որ կը ճառագայթէ եւ որուն կենսաւէտ ջերմութեան՝ ամենէն աւելի ծերութեան տարիքին մէջ է, որ կը զգայ մարդ պէտքը: Նոր տարուայ այս առաջին օրը խորապէս ազդուած Պ. Ադամեանի այս սրտագրաւ նկարէն, կը մաղթեմ մեր ընթերցողներուն ընտանեկան խաղաղ կեանք եւ զարմով եւ զաւակներով շրջապատուելու հաճոյք՝ կեանքի ձմեռին մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ, ժողովրդական օրաթերթ,
1911, Յունուար 1-14

«ԿԱՂԱՆԴԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ՆԿԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՕԼԱՆՃԵԱՆ

Տաղանդաւոր նկարիչ Պ. Կարապետ Ադամեանի սոյն նկարը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տան նահապետի կողմէ մանուկներուն եւ ամբողջ ընտանիքին շառաւիղներուն ընդունելութիւնը, գերազանցապէս հայկական նկարն է, որ տեսած ըլլամ մեր Հայ նկարիչներուն բոլոր գործերուն շարքին մէջ: Այս նկարին բոլոր մանրամասնութեանց մէջ կը տեսնենք Հայ կնոջ եւ Հայ մանկտւոյն բոլոր հարազատ յատկանիշները: Ահա մայր մը, որ կ՚առաջնորդէ իր զաւակը դէպի նահապետը, ի՛նչ աղապատանք, ի՛նչ յարգանքի արտայայտութիւն իր ձեւին մէջ: Ահա ուրիշ մանկատի աղջնակ մը, որ մատը բերնին դրած, կը մտածէ թերեւս թէ ինչպէս կրնայ մերձենալ շատ մը ձմեռներով ծանրաբեռնուած պապուն պատկառաշուք, մեծ վայելուչ ալեւորութեանը: Ահա մէկ անկիւնը կլոր սեղանի մը շուրջ ուր թէյամանը կը ֆշայ, ուրիշ կին մըն է, որ շնորհալի լաջակը ուսերուն վրայ թաւալեցուցած եւ նուրբ շրթունքը ջերմ մաղթանքներով դուրս ցցած, արդէն իսկ կարգաւորած, «օճախ» կազմած քրոջ մը ցաւերու փորձառու ցանցին մէջէն, Նոր տարիի իր շնորհաւորութիւններուն քաղցր տարափը կը մրթմրթայ: Բայց լուսալիր պարզութեանը վերեւ բոլոր գեղադէմ, պայծառ մանուկներու, որոնց Հայկական շիկնոտութիւնը ո՛չ մէկ ազգի յատուկ անճառ հրապոյր մը ունի, ահա ալեփառ Հայրիկին կենդանագիրը,- պատին մթաստուեր մէկ խորշը,- որ Նոյի տապանի մը պէս կը կանգնի բոլոր հայկական արցունքներուն հեղեղէն վեր, ինչպէս որ պէտք է ունեցած ըլլան այդ արցունքներէն քիչ մը բոլոր այս ժպտուն դէմքերը, ահա նոյն ինքը, որ կարծես անպատում գոհունակութեամբ կը նայի մանուկներու տողանցին, իբրեւ նոր ալիքներու, որոնք պիտի կռուին թերեւս փշրելու համար այդ խարակները եւ աւազի փխրուն փափկութիւնը պիտի տան անոնց: Բայց «Հայրիկ»ին կենդանագրէն, որ կարծես Կաղանդի միակ ջահն ըլլար տօնախուցին, ո՛չ նուազ կենդանի եւ շքեղ իրականութիւն մըն է պապին յոգնաբեկ եւ երանոտ նստուածքը. զուգահեռական ձեւին մէջ իր ձեռքերուն, որոնցմէ մէկը կ՚օրհնէ եւ միւսը կը կառկառէ ի համբոյր. կարծես թէ առաջինը երկնային շքեղ բաղձանքներու մէկ ամբարտակը ըլլար եւ միւսը իր վաստակաբեկ եւ հեզ փորձառուի տառապանքներուն մէկ նուսխան. իբրեւ աջ ձեռք շօշափած ըլլալով արդէն քստմնելի իրականութիւններ եւ գուցէ ո՛վ գիտէ շատ մը վէրքեր պանդուխտ քաջամարտիկ զաւակներու: Եւ ինչպէ՛ս նկարիչը իրեն յարմար անկիւնը գիտցած է ընտրել, զետեղելով զայն մեծ պատուհանին առջեւ, ուր լոյսը յորդալիք կու գայ խառնուիլ իր մազերուն տառապանուշ ձիւնին հետ, վասն զի նկարիչը ամէն բանէ առաջ լաւատես մըն է, հաւատացող մը Հայ տեւականութեան եւ պատուհանը, ուրկէ լոյսին զուարթութիւնը կ՚արշաւէ տան նահապետին կարկամած յոգնաբեկ երակներուն մէջ, այդ պատուհանը Յոյսին աչքն է իրապէս եւ ամէն բան գեղեցիկ է անով: Փա՛ռք նկարչին հարազատ զգացումներուն հայրենի քաղցրութեանը, փա՛ռք իր արտացոլացուցած գիտակից, տառապած եւ խոնարհ Հայութեանը:

ԺԱՄԱՆԱԿ, ժողովրդական օրաթերթ,
1911, Յունուար 1-14

Էջ մը օրագրէս

ՆՈՐ ՏԱՐԻ

ՓԱՅԼԱԿ

Կաղանդի գիշերը՝ մինակ եմ, մի՛ս մինակ… ինքզինքիս հետ։

Իրիկուան դէմ երկու բարեկամներ եկած էին, մութնալուն պէս մեկնեցան անոնք, ճաշեցինք, յետոյ եկանք եղբօրս հետ դէմ առ դէմ նստանք սա սեղանին շուրջը։ Նամակ մը գրեցի.

Սա 1902-ը վերջինը ըլլալով անգամ մըն ալ գրեմ, ըսի սկսած ատենս։

Նամակը փակելէս ետքը դիտեցի որ եղբայրս կը ձանձրանայ։

Իրաւ, խեղճ պզտիկը, իր տարիքին իրաւունքովը, խօսելու, խնդալու, զուարճանալու պէտք ունի ասանկ օր մը մանաւանդ. բայց ես ինչպէ՞ս զուարճացնեմ զինքը, երբ ինքս զուարթ չեմ։ Գիրք մը բացաւ ու սկսաւ երբեմն վրան նայիլ, բայց վերջապէս այդպէս անխօսուկ նստելով քունը եկաւ, արմուկները սեղանին կռթնած, ափերուն վրայ յենած գլուխը կքեցաւ եւ արտեւանունքները կամաց կամաց գոցուեցան. քիչ մը ատեն զինքը դիտեցի, յետոյ՝

-Ելի՛ր տղաս տեղդ պառկէ, անհանգիստ կ՚ըլլաս այդպէս, ըսի։

Ձայնիս հնչումէն աչքերը բացաւ յանկարծ, պզտիկ ցնցումով մը, չորս դին նայեցաւ, ինծի նայեցաւ, յետոյ համակերպող շարժումով մը գիրքը գոցեց ու սենեակը քաշուեցաւ։

Մինակ եմ հիմա, միս մինակ… ինքզինքիս հետ։

Ի՜նչ հակապատկեր անցեալ տարուան Կաղանդի գիշերուան հետ։ Այն ատեն Պոլիս էի, իրիկուան, վաճառատունէն ելլելէն ետքը, ժամերով պտտեցայ Բերայի ժխորալից եռուզեռումին մէջ, ամբոխին խառնուած, Պազար Ալմանի, Պոն Մարշէի, Բիկմալիօնի ու դեռ ուրիշ մեծ վաճառատուներու ճոխ ու այլազան ցուցափեղկերուն առջեւ, մեծ քաղաքներու տենդոտ ու հապճեպ կեանքին յատուկ տեսակ մը առբշռանքի մէջ, մտա՜ցիր, կէս մը ինքզինքս մոռցած։

Իսկ հիմա՝ գիւղն եմ, երկայն անել փողոցի մը խորը, պարտէզով շրջապատուած մեր փոքրիկ տունին - տեսակ մը մենաստան փոքրիկ սրահին մէջ, մինա՜կ, միս մինակ, խոհուն ու մտամփոփ։ Աւելի աղէկ սակայն այս գիւղի կեանքը, այս անդորրութիւնը, այս լռութիւնը, ինծի համար, իմ բնաւորութեանս համար, որ ժխորէն, աղմուկէն, եռուզեռումէն խորշող մը եղած եմ սկիզբէն ի վէր։ Աւելի աղէկ ասիկա՝ սրտիս երազներուն անէացումին վրայ կարօտագին ակնարկներ ուղղելու՝ փակուող ու բացուող տարիներուն միութեան գիծը եղող այս գիշերուան ժամերուն։

***

Երէկ ի՜նչ աղուոր լուսին կար դուրսը։ Կէս գիշերին մօտ բարեկամի մը տունէն կու գայի։ Ձիւնով ծածկուած բլրակին վրայ ի՜նչ քնքուշ ու աղօտ բեկբեկում մը ունէին արծաթ ցոլքերը։ Մարդ մարդասանք չկար փողոցները, ճամբաս դիտմամբ երկարեցի քիչ մը։ Այս օր ալ այնպէս պիտի ըլլար, բայց առտուընէ ի վեր գորշ գորշ ամպեր հորիզոնին վրայ սկսան դիզուիլ ու հիմա խափանած են քնքուշ լուսնակը, իր դէմքը զլացած են մեզի։

Շիտակը ասիկա շատ անճոռնի կաղանդչէք՝ երկնքին կողմէն այս գիշեր։ Կեանքը այսպէս է սակայն, օրինակի համար ահա լուսինը կը հմայէ քեզի, կ՚արբշռէ, կը սիրես զայն, կ՚ուզես միշտ դիտել, անյագ, անձանձրոյթ եւ ահա ամպեր կու գան կը ծածկեն, կը պահեն, կը զլանան զայն քեզի։ Ու ա՛լ պիտի որ փարատին անոնք։

***

Բաֆբֆացող վառարանին դռնակը կը բանամ ու դիմացը, գորգին վրայ կ՚ընկողմանիմ փայտերուն այրիլը դիտելու համար քիչ մըն ալ։

Մէջտեղը կաս կարմիր է դեռ կրակին, կանաչորակ պզտիկ բոցեր ունի, մինչ քովերը սկսած են մոխիրի նուրբ խաւ մը բռնել կամաց կամաց։ Սրտի կեանքին որչա՜փ կը նմանի ասիկա։ Սիրտն ալ չէ՞ մի որ, իր փթթումին մէջ կեռայ, կը վառի, կը բորբոքի, բոցեր կ՚արձակէ, կը վժվժայ, ու ատիկա՝ այդ եռացումը, այդ այրումն իսկ կը սպառէ զինքը կամաց կամաց, կրակը մոխիրի խաւ մը կը կապէ որ հետզհետէ կը թանձրանայ, աստիճանաբար բոլորովին կը ծածկէ, աներեւոյթ կ՚ընէ զինքը, ու վերջապէս կը փճացնէ, կը թաղէ իր գորշ փոշիին մէջ։ Ի՞նչ կը մնայ կրակէն. -ափ մը մոխիր։ Ի՞նչ կը մնայ սրտէն. -ափ մը հող։ Հէ՞ …։ Ո՛չ, շատ տխմար նմանութիւն մըն է ասիկա։

***

Բացարձակ լռութիւնը պատէն կախուած ժամացոյցին թիքթաքը միայն կը խզէ։ Աս միօրինակ թիքթաքն էր որ հատցուց գացող տարին՝ 1902-ը, ու ասիկա է որ յաջորդը պիտի բերէ քիչ մը ետքը։ Քիչ մը ետքը, կէս գիշեր զարկած ատեն, ո՞վ կ՚ըսէ թէ ատոր նուրբ հնչումը ահագին տարի մը պիտի գլորէ անդունդին մէջ եւ ուրիշ ահագին տարի մըն ալ պիտի քաշէ բերէ, այդ բարակ, քովի սենեակէն հազիւ թէ լսուող ձայնը։ Այնպէս է սակայն։

Կը սպասեմ՝ 1903-ին։ Ամբողջ սրահը ստուերի մէջ կը մրափէ, միայն գրասեղանս է որ լուսամփոփին թափած առատ լոյսովը ողողուած է։ Կը սպասեմ։ Ի՞նչ պիտի բերէ ինծի եկող տարին։ Թերեւս ամէն բան, ի՛նչ որ կրնամ բաղձալ եւ թերեւս ալ ալ ոչի՛նչ - մեծ «ոչի՛նչ»ը - ո՞վ գիտէ։ Ու չգիտնալուս համար ահա կը սպասեմ անոր։

Թի՛ն թի՛ն …։ Կէս գիշեր է։ Ու մինակը, միս մինակը նայուածքս դէպի ժամացոյցը կ՚երթայ՝ անոր մէջէն տեսնելու համար կարծես նոր տարին։ Ինչո՞ւ նոր սակայն, ո՞ւր է տարբերութիւնը հինին եւ նորին։ Ժամացոյցը իր միօրինակ թիքթաքը կը շարունակէ միշտ, մութը պատուհաններէն ներս կը խուժէ, լռութիւնը կը տիրէ, ու ամէն բան ճիշդ այնպէս է դարձեալ, ինչպէս որ էր կէս գիշեր զարնելէն առաջ։

Իրա՛ւ որ անիմաստ բան, ապո՛ւշ բան սա «Նոր Տարի» բառն ալ։

«Մասիս», Յունուար 11, 1903 թ.

Թուայնացուց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021