ԼԱՐՈՒՄՆԵՐ

Իր իսկ կռունկներու ձայնին հետեւելով, մէկ-երկու, մէկ-երկու, կը մտնէ բեմ։ Ծափողջոյններու տարափին տակ կը քալէ գործընկերներուն հետ, կը նստի իրեն յատկացուած տեղը, ջութակահարներու բաժնի վերջին շարքին։

Նուագիչները կը բարձրացնեն իրենց գործիքները. դահլիճը կը լռէ։

Պահն է լարումի։

Ամէն մէկը իր «լա»ն կը փորձէ։ Ինք ալ, իր կարգին, ջութակը կը հանէ, կը դնէ ուսին ու կզակին միջեւ, աղեղով կը համբուրէ լարերը մէկ առ մէկ, կարգով, վարէն վեր. կը լարէ զանոնք։

Քիչ անց, վալսը կը ծաղկի։

Առաջին հինգ վարկեանը անց, կամաց-կամաց կը նուազի պրկումը ջիղերուն, կ՚ընտելանայ վիճակին, կը հանգստանայ։ Նուագը մեքենական ընթացք մը կ՚առնէ, աչքերը կը հետեւին թուղի սեւ-սպիտակին, ուրկէ երաժշտութիւնը կը սահի մարմնէն ներս, մինչեւ մատներուն, որոնք կը նուագեն արդէն ինքնաբերաբար գրեթէ։

Ահա այդտեղ, այդ պահին, կամաց-կամաց կը շեղի ուշադրութիւնը պահէն, այլ մտքեր կու գան այցի, դուրս կը ցցեն իրենց գլուխները ժամանակաւոր ծածկոցին տակէն, ու դանդաղօրէն կը սողոսկեն ներս ուղեղի կածաններէն։ Վերջին շարքի ջութակահարուհին ալ կամաց-կամաց կը վերադառնայ կեանքին, զինք հետապնդող մտքերուն, հարցումներուն, յուշերուն։

Հոն, արեւելեան այս քաղաքի ծայրամասային թաղամասերէն մէկուն մէջ, տան մէկ անկիւնը՝ մայրը ծեր, արդէն տարիներու աղքատութեանը հետ ընթրիքի է նստեր։ Ոսպապուր կ՚ուտէ հաւանաբար դարձեալ. մինակ է բոլորովին։ Միակ հիւրերը, որ ունի՝ երբեմն սրուող յօդացաւերն են, յուշերն անցած ցաւոտ կեանքի, մժեղները ամառնային։

Այնտեղ, քաղաքի միւս ծայրամասին, իր բնակարանն է։ Դուստրը, դեռ մէկ տարեկան, ընդամէնը քսաներկու տարի փոքր իրմէ։ Եւ ամուսինը, գործէն նոր եկած, իր ամէնօրեայ գիշերանոցին մէջ, հեռատեսիլային յիմար ծրագրի մը դիմաց, իր նոյն հաց-պանիր-մսեղէնով, օղիով անբաժան, ժամանակ կը սպաննէ։ Ամուսինը, զոր երբեք չէր սիրած, բայց ով մտաւ իր կեանք այդպէս, պատահաբար գրեթէ, բայց անդիմադրելի կերպով։

Ու յանկարծ, կը բարձրանայ երաժշտութիւնը, կ՚արագանան աջ թեւն իր ու մատները ձախ ձեռքի։

Պահն է լարումի։ Այս անգամ՝ ներքին։

Մտքին արդէն կու գայ ան, որ արեւելեան քաղաքին մէջ այս վանելի է, մերժելի։ Տան դիմացի դպրոցի երիտասարդ գեղադէմ ուսուցիչը այդ, որ նոր, անցեալ ամիս սկսեր էր երեւալ։ Զայն տեսեր էր անգամ մը, ու մարմնին խորքը, փորին մէջ, փորէն ալ վար, այնպիսի պրկում մը ունեցեր էր, որուն նմանը չէր զգացած նախապէս։ Որուն հանդիպեր էր արդէն երկու անգամ բոլորովին զուգադիպաբար, անգամ մը նպարավաճառին մօտ, անգամ մը պտղավաճառին։ Ով նայեր էր իր վրայ վերջին անգամ, ու բարեւեր էր այնպէս, ինչպէս ոչ մէկն իրեն չէր բարեւած նախապէս։ Ան, որուն արդէն կը փնտռէր ամէն օր, ամէն անգամ, երբ դուրս գար տունէն։

Աղեղը կը սահի, ծուռ կ՚երթայ։ Մտքին լարը կը փրթի. կը վերադառնայ բեմ, գործի։ Կողքին նստած տարեց ջութակահարը պիշ-պիշ վրան կը նայի։

Թուքը կուլ կու տայ, աչքերը կը տանի թուղթին։ Բան չէ մնացած, տող մը միայն։

Հիմա, ուր որ է, լարումն այս հասնելու է աւարտին։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021