ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ. ՉԿԱՅԱՑԱԾ ՆԵՐԳԱՂԹԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մայիս 22-ին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը դառնայ 98 տարեկան:

Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ, ի թիւս յոյժ հետաքրքրական բազում թղթապանակներու, կը պահուի նաեւ Ազնաւուրեաններու թղթապանակը, որուն մէջ ամփոփուած են Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին կեանքէն շատերուն անյայտ դրուագները:

1946 թուականին, Շարլ Ազնաւուրի ծնողքը իրենց զաւակներուն հետ, փափաքած են Ֆրանսայէն գաղթել Խորհրդային Հայաստան եւ հոն բնակութիւն հաստատել: Յայտնի է, որ 1946-1948 թուականներուն Խորհրդային Միութիւնը, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան աջակցութեամբ, կազմակերպած եւ իրականացուցած է սփիւռքի մէջ ապրող շուրջ 90 հազար սփիւռքահայերու տեղափոխութիւնը Խորհրդային Հայաստան։ «Մեծ հայրենադարձութիւն» կոչուած այդ ներգաղթին բազմաթիւ հայեր, հայրենիքին ծառայելու եւ հոն աւելի լաւ կեանք ունենալու հեռանկարով ձգած են սփիւռքի իրենց տուները, գործը, կեանքը եւ փոխադրուած են Հայաստան: Այլ հարց է, որ յետագային անոնք բախուած են բազում խնդիրներու, ընդհուպ մինչեւ հալածանք ու աքսոր, սակայն այն խանդավառ օրերուն, երբ իրենց համայնքներուն մէջ կը լեցնէին ներգաղթի թուղթերը, այդ մասին չէին գիտեր: Ներգաղթի թուղթերը լեցուցած են նաեւ Ազնաւուրի ընտանիքին բոլոր անդամները՝ Շարլը, իր այդ ժամանակուան կինը՝ Միշլինը, հայրը, մայրը եւ քոյրը՝ Այտան:

Բոլոր երկիրներուն մէջ հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու համար ստեղծուած էին Ներգաղթի կոմիտէներ: 30 մայիս 1946 թուականին Շարլ Ազնաւուր եւ ընտանքին միւս անդամները դիմած են Փարիզի Ներգաղթի կոմիտէ եւ մէկ շաբաթ ետք, ինչպէս կարգն է՝ պաշտօնապէս լրացուցած դիմումները, որոնցմով արտօնութիւն խնդրած էին դառնալու Խորհրդային Միութեան քաղաքացի եւ ապրելու Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ ներգաղթի կոմիտէի 88 թիւը կրող թղթածրարին վրայ գրուած է «Ազնաւուրեան Շարլ Մամիկոնի»: Դիմումներուն կցուած են անոնց լուսանկարները, ինչպէս նաեւ գրութիւններ, թէ ինչո՛ւ կ՚ուզեն ապրիլ Հայաստանի մէջ:

Ընտանիքը մերժում չէ ստացած Խորհրդային Միութենէն, անոնց նոյնիսկ տրամադրուած են խորհրդային անձնագրեր, որոնց տուեալները նոյնպէս կան թղթապանակին մէջ: Ամէն ինչ պատրաստ էր, ընտանիքը սպասման մէջ էր, սակայն անոնց ներգաղթը տեղի չէ ունեցած: Այս առիթով կան քանի մը վարկածներ. ներգաղթողներուն համար սահմանուած թիւը դիմումներուն հիման վրայ լրացած էր, եւ Խորհրդային Միութիւնը այլեւս ի վիճակի չէր նոր ներգաղթողներ ընդունելու: Ներգաղթել փափաքողներուն թիւը նախատեսուածէն քառապատիկ մեծ եղած է, իսկ Խորհրդային երկիրը այդպիսի հաշուարկ մը չէր կատարած: Հակառակ անոր որ շատեր տուն-տեղ վաճառած էին, բայց անոնց մէկ մասին հայրենիքի մէջ ապրելու կարգ չէ հասած:

Ազնաւուրներուն չիրականացած ներգաղթին համար ուրիշ վարկած մըն ալ կայ. Խորհրդային Միութեան եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ, այդ օրերուն, տարբեր հարցեր յառաջացած էին եւ Ֆրանսայէն ներգաղթը դադրեցուած էր: Այս պատմութեան ծանօթ գրեթէ ամէն ոք հարց կու տայ, թէ արդեօք լա՞ւ էր, որ Շարլ Ազնաւուր իր ընտանիքին հետ այդ օրերուն հնարաւորութիւն չունեցաւ ձգելու Փարիզը եւ Խորհրդային Հայաստան փոխադրուելու: Ի՞նչ պիտի ըլլար անոր ճակատագիրը Խորհրդային փակ համակարգին մէջ եւ արդեօք ան պիտի ունենա՞ր նոյն փառքը, ճանաչումը եւ արուեստագէտի աննախադէպ յաջողութիւնները, ինչ որ ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ՝ անվերջ ճամբորդելով եւ վարելով արուեստագէտի ազատ ու անկաշկանդ կեանք մը:

Ներգաղթի օրերուն Շարլ Ազնաւուր ընդամէնը 21 տարեկան էր, անոր անունը գրեթէ ծանօթ չէր ֆրանսացի եւ հայ հասարակութեան, ինքն ալ թերեւս չէր պատկերացներ այն շռնդալից ընթացքը, որ ատկէ ետք ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ եւ ողջ աշխարհի տարածքին:

Դիմումներուն մէջ նշուած է, որ Ազնաւուրները Հայաստան կ՚ուզեն գաղթել՝ հայրենի արուեստին նպաստելու համար: Արուեստի, հայրենասիրութեան շունչով ապրող եւ օտար երկիրներէ ուրիշ օտար երկրի մը մէջ պատսպարուած ընտանիքին համար այս մէկը բնական ցանկութիւն էր: Անոնք գրած են իրենց կենսագրականները, ուր նշած են, որ թատրոնի, բեմի, երգարուեստի հանդէպ սէր ունին եւ կ՚ուզեն զանոնք դրսեւորել հայրենիքի մէջ:

Ահաւասիկ հատուած մը Այտա Ազնաւուրի ձեռագիր դիմումէն. «Դուստրն եմ դերասան եւ դերասանուհի տէր եւ տիկին Մամիկոն Ազնաւուրեաններուն: Ինչպէս շառաւիղը իմ ընտանիքին, եղած եմ երգչուհի, դերասանուհի: Տասը տարեկանիս արդէն նետուած ըլլալով դերասանական ասպարէզ, կրթութիւնս առած եմ գեղարուեստական վարժարանին մէջ: Հետեւած եմ դաշնակի (7 տարեկանիս)… 13 տարի շարունակ խաղացած եմ ֆրանսական թատրոններու մէջ՝ մանուկներու թատրոնէն մինչեւ չափահասները… Վերջին ժամանակներս ալ մասնակցած եմ շարք մը հայկական տրամաթիք թատերախաղերու: Եղած եմ Ֆրանսայի ամենամեծ նահանգներուն մէջ մասնակի հրաւէրներով, նաեւ օտար երկիրներու մայրաքաղաքները: Ներկայիս ամենամեծ փափաքս է երթալ հայրենիք եւ ծառայել իմ ժողովուրդիս՝ տեղւոյն վրայ կատարելագործուելով»:

Շարլ Ազնաւուրի հօր՝ Մամիկոն (Միշա) Ազնաւուրեանի եւ մօր՝ Քնար Պաղտասարեանի դիմումներուն մէջ գրուած է, որ Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան անդամ են եւ ազգականներ ունին Հայաստանի մէջ: Մամիկոն Ազնաւուրեանի քոյրերը եւ մայրը կը բնակէին Հայաստան: Մամիկոն Ազնաւուրեան նաեւ գրած է, որ ինք Ախալցխա ծնած է, դերասան է եւ ճաշարանի գործ կ՚ընէ, մեկնած է Պոլիս հիւրախաղերու, ուր ալ ծանօթացած է Քնար Պաղտասարեանին:

Քնար Պաղտասարեան ներգաղթելու համար կազմած իր կենսագրականին մէջ յայտնած է, որ ինք ծնած է Իզմիթ, Կարապետ եւ Զարուհի Պաղտասարեաններու զաւակն է, տեղահանութենէն մէկ ամիս առաջ գացած է Պոլիս, ուր դպրոցական կրթութիւն ստացած է Բերայի Էսայեան վարժարանին մէջ: 22 յունուար 1922 թուականին, ամուսնանալով դերասան Մամիկոն Ազնաւուրեանի հետ, նոյն տարուան յունիս ամսուն դերասանական խումբին հետ անցած է Իզմիր, ուրկէ ալ, քեմալական կռիւներուն ժամանակ, անցած են Սալոնիկ, հոնկէ ալ՝ 1923 թուականի վերջերը Փարիզ: «Սոյն վերոյիշեալ թուականէն մինչեւ օրս ծառայած եմ հայ բեմին ինչպէս տրամաթիք դերասանուհի, զբաղած եմ նաեւ կարուձեւով (ձեռագործ եւ կիներու հագուստներ)», կը գրէ Քնար Պաղտասարեան:

1923 թուականին ալ Սալոնիկի մէջ կը ծնի անոնց առաջին երեխան՝ Այտա Ազնաւուրը: Այտա Ազնաւուր իր յուշերուն մէջ գրած է իրենց ընտանիքին պատմութիւնը մանրամասն կերպով, սակայն խորհրդային երկրին մէջ ապրելու իրենց ցանկութիւնը շրջանցած է: Անոր յուշերուն մէջ նկարագրուած են ընտանիքի բոլոր անդամներուն յետագայ տարիներուն Խորհրդային Հայաստան այցերը:

Մամիկոն Ազնաւուրեան, Քնար Պաղտասարեան, Այտա եւ Շարլ, ներգաղթի չիրականացած պատմութենէն տարիներ ետք, բազմաթիւ անգամ այցելած են Հայաստան, տեսակցած ազգականներուն, մանաւանդ՝ Շարլ Ազնաւուրի մեծ մօր հետ:

Շարլ Ազնաւուրի մեծ հայրը, ինչպէս կը տեղեկանանք Այտա Ազնաւուրի յուշերէն, Թիֆլիզի մէջ լքած է կինն ու դուստրերը եւ գերմանուհի կին մը առնելով Փարիզ գացած: Ան յետագային ամբողջ կեանքին ընթացքին չէ մոռցած իր առաջին ընտանիքը եւ կարօտի երգեր երգելով, թառ նուագելով սփոփած է ինքզինք: Անոր առաջին ընտանիքը, տարիներ ետք, Վրաստանէն անցած է Հայաստան եւ հոն բնակած: Շարլ Ազնաւուր Հայաստան իր այցին ժամանակ գտած է իր մեծ մայրը, այցելած է անոր եւ հրաւիրած է զայն իր համերգին: Այդ ալ ուրիշ յուզիչ պատմութիւն մըն է:

Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրուան առթիւ՝ ներկայացնելով անոնց չիրականացած ներգաղթին պատմութիւնը, կու տանք նաեւ հատուած մը քրոջ՝ Այտա Ազնաւուրի «Ափարիկս» գիրքէն: Այտա Ազնաւուրի մասին Շարլ Ազնաւուր ըսած է. «Այտան իմ յիշողութիւնս է»: Մանկութենէն ճաշակած ըլլալով դառնութիւն, աղքատութիւն, քոյր եւ եղբայր Ազնաւուրները անխախտ կերպով կապուած մնացին իրարու: Այտան արդէն 99 տարեկան է:

*

ԱՓԱՐԻԿՍ

Ընտանեկան դժուարութիւններու ժամանակ, հարկաւ մեր՝ երեխաներուն միտքէն չէր անցներ ձեռքերնիս ծալլել ու նայիլ, թէ մեծերը ինչպէ՛ս ստեղծուած վիճակէն ելք պիտի գտնեն: Բան մը անպայման պէտք է ընէինք: Այսպէս, պողոտաներուն որոշ խոշոր սրճարաններուն մէջ կային ելոյթներու համար յատուկ բարձրախօսներ, որոնք ժամանակին շատ նորաձեւ էին ու վճարովի: Մենք որոշեցինք մեր բախտը փորձել: Ես հիմա ալ կը յիշեմ լեփ-լեցուն «Փիկալ» սրճարանը, ուր Մելինէ Մանուշեանի առաջնորդութեամբ մտանք ես ու Շարլը: Մենք արձանագրուեցանք, բայց սրահին խորքը մեր կարգին կը սպասէինք ոտքի կեցած:

Չէինք կրնար նոյնիսկ սեղան նստիլ, բան մը պատուիրել: Մեր գրպանները պարապ էին, իսկ Մելինէն մեզի նախազգուշացուցած էր, որ իր դրամապանակին մէջ ընդամէնը երկու ֆրանք կայ: Նախ իմ կարգը հասաւ: Ես միայն սիրային երգեր գիտէի, կ՚երգէի բաժանումէն տառապող կնոջ ձայնով.

«Ներէ ինծի...

Որ չկրցայ քեզ հասկնալ…»:

Այս բառերը պէտք է, որ երեխայի շուրթերուն համար խնդալիք ըլլային, բայց հասարակութիւնը չէր խնդար, ըստ երեւոյթին, զայն կաշառած էր իմ միամտութիւնը: Ինծի յաջորդեց Շարլը: Ան բացառիկ հմտութեամբ կը շարժէր ձեռքի փայտիկը: Արդէն չեմ յիշեր, թէ ինչ կ՚երգէր, բայց ինծի կը թուէր, թէ կը տապալուէր: Անշուշտ, յուզմունքէն կրնայի սխալած ըլլալ: Վերադառնալով Մելինէին մօտ՝ սրահին խորքը, մենք ծարաւէն ու լարուածութենէն չորցած կոկորդով լուռ կը սպասէինք արդիւնքներուն: Համերգավարը, կտոր մը թուղթ ձեռքին, հարթակ ելաւ: Եղունգներս կը մխրճուէին ափիս մէջ:

-Առաջին մրցանակը, բոլորովին նոր հարիւր ֆրանքնոց մը, կը շնորհուի… (հասկնալի է՝ լռեց, որպէսզի լարուածութիւնը շիկանայ, ես գիտէի՝ ատիկա ընդունուած ձեւ է, բայց շունչս կը կենար)… կը շնորհուի Շարլ Ազնաւուրին: Շարլը նետի պէս սուրաց, ծափահարութիւններուն հետ հարթակ ելաւ: Թղթադրամը գրպանելով ուրախութիւնը չկրցաւ զսպել, աննկատ մեզի աչք մը ըրաւ: Ես այնքան երջանիկ էի, որ մոռցած էի նոյնիսկ, որ ես ալ մասնակցած էի նոյն մրցոյթին:

-Երկրորդ մրցանակը՝ յիսուն ֆրանքնոց, ճռճռան թղթադրամ մը, կը շնորհուի Այտա Ազնաւուրեանին:

Ասիկա արդէն ընտանեկան յաղթանակ էր: Առնուազն մէկ շաբաթ չէինք մտածեր, թէ ինչ պիտի ուտենք: Պէտք էր նշել: Դրամը տուինք Մելինէին:

-Այժմ ես իրաւունք ունիմ շոքոլա ուզելու, ըսաւ Շարլը:

Ատիկա ամենէն քիչն էր, որ կարելի էր պահանջել: Ամէն պարագայի, մեզմէ ոչ ոք չափը անցուց: Մենք տուն դարձանք փառքով եւ մանաւանդ՝ հաւով, տապկուած գետնախնձորով եւ հասկնալի է՝ յատուկ Միշային համար գնուած շիշ մը կարմիր գինիով, որուն մասին ինք կը սիրէր ըսել «Ասիկա ոգելից խմիչք չէ, Քրիստոսի արիւնն է»: Նման ճշգրտում կը կատարէր գինիի նկատմամբ երբեմն չափ եւ սահման անցնող սէրը արտայայտելու համար:

Հաւը երկար սպասեցնել չտուաւ, տապկուած գետնախնձորները կարծես ուրախութեամբ անհետացան մեր անօթի ստամոքսներուն մէջ, իսկ «Քրիստոսի արիւնը» կը հոսէր արիւնահեղութեան պէս: Շարլն ու ես դաշնակով փոխադարձաբար նուագակցեցանք իրարու եւ մերիններուն համար կրկին կատարեցինք այն երգերը, որոնցմով դափնիներ նուաճած էինք: Մելինէն կը նայէր մեզի, Մանուշը՝ ամուսինը (խօսքը Միսաք Մանուշեանի մասին է) ճիշդ ժամանակին եկած-հասած էր, կը խնդային, ուրախ էին մեզի համար: Հրաշալի էր ամէն ինչ…

ԱՅՏԱ ԱԶՆԱՒՈՒՐ
Հատուած՝ «Ափարիկս» գիրքէն

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022