ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիայի թատրոնի բեմին վրայ, անցեալ շաբաթավերջին (15 Յունիսին), ելոյթ ունեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգ ու պարի համոյթը՝ ներկայացնելով «Անոնց երգերը պար էին, պարերը՝ երգ» համերգային ծրագիրը: Հայ չորս երգահաններու՝ Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երգերով փունջի մը պարային բեմադրութիւնն էր այս մէկը: Պոլսոյ մէջ պատրաստուած հայկական այս ծրագիրը հրաշալիօրէն ընդունուեցաւ հայրենիքի մէջ եւ հանդիսատեսը երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեց պոլսահայ խումբին կողմէ ներկայացուած ելոյթը:

Գնահատելի են օտար ափերու մէջ «Մարալ» համոյթի ղեկավարներուն եւ աջակիցներուն ջանքերը՝ միտուած հայ պարարուեստի պահպանման: Բոլորը, համերգէն ետք մանաւանդ, այդ մէկը կը շեշտէին եւ շատեր յուզուեցան լսելով խումբի պատմութեան եւ հայ մշակոյթին նուիրուելու անոր ջանքերուն մասին: Պարախումբի անդամները հանդիսատեսին ներկայացան գեղեցիկ պարային տարազներով, որոնք նոյնպէս սեփական ուժերով կարուած էին՝ աւանդականի եւ ժամանակակիցի համադրութիւն մը ստեղծելով: Համերգէն ետք «Մարալ» երգ ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար, քորէոկրաֆ Կարպիս Չափքան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին: Մինչ այդ, ան ու խումբի պարուսոյց Իրիս Չափքան պարգեւատրուեցան Սփիւռքի փոխ-նախարար Դաւիթ Սարգսեանի ձեռամբ, նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլով, որ կը տրուի հայկական արուեստը տարածելու, այդ ասպարէզին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իրենց գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրում ունենալու համար: Ոսկեայ մետայլ մըն ալ շնորհուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան, որու երդիքին տակ կը գործէ «Մարալ»ը:

Կարպիս Չափքան 1954 թուականին Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասին մէջ ծնած է: Որպէս նախակրթարան աւարտած է Էսաեան վարժարանը: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ երգչախումբի անդամ եղած է: 1976-1977 թուականներուն անդամակցած է Էսաեան սանուց միութեան ժողովրդական պարերու խումբին: 1977-ին սկսած է պարել Müzik ve Halk Oyunları Derneği-ի մէջ։

1980 թուականին, երբ «Մարալ» համոյթը կը հիմնուէր, այնտեղ պարել սկսած է որպէս կամաւոր: Նոյն տարուան մէջ ամուսնացած է Իրիս Չափքանի հետ: 1981-ին Լեռնա անունով դուստրի մը հայրը դարձած է: 1983-1985 թուականներուն «Մարալ»ի օգնական պարուսոյցը եղած է: 1992 թուականին ընտրուած է Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան անդամ եւ այդ թուականէն ի վեր «Մարալ»ի պարողները իր ընկերներուն եւ խումբի պարուսոյցներուն օգնութեամբ ներկայացումներու պատրաստած է:

-Երեւանի մէջ ձեր հերթական համերգէն ետք ի՞նչ զգացումներ ունիք:

-Ուրախ ենք, որ այս անգամ եւս, ինչպէս նախորդ մեր այցերուն, հանդիսատեսը գնահատեց եւ սիրեց մեր պարերը. մենք ալ մեր կողմէ ամէն ջանք գործադրեցինք՝ որպէսզի լաւ համերգ մը ներկայացնենք։ Կը կարծեմ, թէ համերգն ալ լաւ էր, հանդիսատեսի ընդունելութիւնն ալ լաւ էր: Գոհ ենք եւ բաւարարուած կը վերադառնանք:

Ուրախ ենք ո՛չ միայն այդ լաւ ընդունելութեան համար, այլեւ անոր համար, որ կրցանք 61 հոգիով գալ եւ կրկին ելոյթ ունենալ Հայաստանի մէջ: Դիւրին չէր մինչեւ հոս հասնիլը, բայց կրցանք յաջողիլ, նպաստաւոր արդիւնքի հասնիլ, շնորհիւ մեր խումբի անդամներուն, ղեկավարներուն եւ աջակիցներուն: Այս ծրագիրը, որ նուիր-ւած էր Էսաեան սանուց միութեան 70-ամեակին, մենք Պոլսոյ մէջ ալ

իրականացուցինք, ահաւասիկ բախտ վիճակեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ իրագործել: Ձեւով մը, այս համերգը նաեւ փառաբանութիւն մըն էր հայ երաժշտութեան մէջ մեծ աւանդի տէր չորս երգահաններու՝ Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի արուեստին ու գործունէութեան: Անոնք ստեղծած են անմահ գործեր, որոնք մինչեւ այսօր կ՚ապրին, կը հնչեն եւ այդ երգերէն շատերուն ուղեկցութեամբ կարելի է այսքան տարիներ ետք պարեր բեմադրել: Այդ պատճառով է, որ համերգը խորագրուած էր՝ «Անոնց երգերը պար էին, պարերը՝ երգ»: Հայաստանէն 12 հոգինոց նուագախումբ մը ընկերակցեցաւ համերգին, ասմունք ալ հնչեց պարերու ընդմիջումին, ինչ որ գեղարուեստական շունչ մը տուաւ համերգին, նոյնաժամանակ երգահաններուն մասին տեղեկութիւններ ալ փոխանցուեցան: Կը կարծեմ, թէ երգի, պարի, ասմունքի, պատմական ակնարկներու համադրութեամբ կրցանք հայկական մշակութային երեկոյ մը պարգեւել մեր հանդիսատեսներուն:

-Նուագախումբի անդամներուն բոլորը Հայաստանէ՞ն էին:

-Այո, 15 տարիէ աւելի է, որ այս նուագախումբին հետ կը գործակցինք: Ամէն տարի, երբ մենք Պոլիս համերգ կ՚ունենանք, աւանդութիւն մը դարձած է, որ այս նուագախումբը Երեւանէն մասնակցի: Արդէն ձեւ մը գտած ենք բեմին վրայ միասին ելոյթ ունենալու: Խմբավարը՝ Պարի պետական համոյթի նուագախումբի ղեկավար Հայկ Գրիգորեանն է. մեզի ընկերակցող նուագախումբին կէսը Պարի պետականի երաժիշտներ են, միւս կէսը՝ դուրսէն երաժիշտներ: Կենդանի երաժշտութեամբ նուագախումբը բեմին վրայ առանձին շուք մը կու տայ պարերուն:

-Հայաստանէն Սփիւռքի նախարարութի՞ւնը աջակցեցաւ, որ համերգը կայանայ:

-Այո, նախարարութեան հետ էր մեր համաձայնութիւնը: Նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ համաձայնեցանք, ներկայ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ իրականացուցինք: Անցեալ տարի պիտի բերէինք այս ծրագիրը, բայց նախարարութիւնը պատրաստ չէր, այս տարի իրականացաւ այդ հնարաւորութիւնը: Երկու-երեք ամիս է՝ անդադար կը պատրաստուէինք: Տոմսերու, հրաւիրատոմսերու հարցերով նախարարութիւնը զբաղեցաւ, մեզի քանի մը հարիւր տոմս տուին, մենք ալ պոլսահայերուն տուինք, մեր բարեկամներուն բաժնեցինք, արդէն տեսաք, որ դահլիճին մէջ հայաստանցիներ, պոլսահայեր եւ ուրիշ երկիրներէ ժամանած հայեր կային:

-Խումբի անդամներէն ոմանք առաջին անգա՞մն էր, որ Հայաստանի մէջ ելոյթ ունեցան:

-Այո, խումբի կազմը անընդհատ կը փոխուի եւ կան անդամներ, որոնք առաջին անգամ կը մասնակցին ո՛չ միայն հայաստանեան բեմին վրայ, այլեւ առհասարակ, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ կը գտնուին:

«Մարալ» առաջին անգամ 2008 թուականին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մէջ, 2011 թուականին դարձեալ Օփերայի մէջ համերգ մը կազմակերպեցինք: 2012 թուականին, միշտ նախարարութեան հրաւէրով, ծրագիր մը իրականացուցինք: Յիշարժան էր, որ այդ տարին մինչեւ Արցախ գացինք: 2015 թուականին «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» փառատօնին մասնակցեցանք:

Խումբը, տարիներու ընթացքին, հարկաւ, փոխուած է: Հիմա եկող տղոց 50 տոկոսը նոր երիտասարդներ են. շատերը չէին տեսած Հայաստանը, անոնց առաջին այցելութիւնն է: Անոնց համար մանաւանդ տպաւորիչ է այս այցը: Ծիծեռնակաբերդ գացինք, յուզուեցան անոնք, որոնք հոն չէին գտնուած: Համերգին յաջորդ օրը խմբովին Գառնի եւ Գեղարդ գացինք: Այսինքն, սա ոչ միայն համերգ մըն էր, այլեւ մշակութային այց մըն էր, մշակութային հանդիպումներ ունեցանք: Սփիւռքի փոխ-նախարարը մեզ ընդունեց եւ լաւ տպաւորութիւններով կը վերադառնանք Պոլիս:

-Ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք Պոլսոյ մէջ՝ իբրեւ պարախումբ:

-Մեր դժուարութիւնը հայկական արուեստը, մշակոյթը պահելուն մէջ է, նոր սերունդը մեր արմատներուն, մշակոյթին կապելու դժուարութիւնը կ՚ապրինք: «Մարալ» կրցած է 38 տարիէ ի վեր գոյատեւել: Խումբ մըն է, որ 180 անդամ ունի: 1980 թուականին Պենոն Գուզուպաշի կողմէ հիմնուած է ան։ Այսօր 110 աշակերտ կայ, աշակերտներուն տարիքը՝ 6-13 է։ Այս խումբին հետ կ՚աշխատինք Շաբաթ օրերը: Երեք դասատու նը-շանակած ենք, երկուքական ժամ կ՚աշխատին անոնք: Մեծերու խումբն ալ այժմ 52 հոգի է, հասունցած եւ արդէն մեծ խումբի մէջ են աշակերտները: Մեր անդամները հայկական դպրոցներու մէջ կ՚ուսանին, հայկական միութիւններու մօտ են, հայկական կեանքը կարեւոր է իրենց համար, այս գործը կը սիրեն, այս մշակոյթին հաւատարիմ են իրենց ապրած կեանքին մէջ եւ այս գործը սիրելով ու զոհողութիւններով կ՚ընեն, կու գան փորձերուն, համերգներուն:

-Սփիւռքի մէջ այսպիսի ուրիշ խումբեր կա՞ն, «Մարալ»ը ինչո՞վ կ՚առանձնանայ:

-Պոլսոյ մէջ այժմ «Մարալ»ը ամենէն մեծ խումբն է: Սփիւռքի մէջ զանազան տեղեր կան խումբեր, բայց մենք միշտ կը ջանանք նորութիւն մը ներկայացնել: Նոյնիսկ Հայաստանի խումբերէն տարբեր բան մը կ՚ուզենք ներկայացնել:

Մենք տարիներով Պարի պետականի, Թաթուլ Ալթունեանի խումբի ծրագրերը նկատի ունենալով անոնց հետ սերտօրէն կ՚աշխատինք, բայց միշտ ունինք մեր նորութիւնը: Իւրաքանչիւր համերգի ժամանակ նորութիւնով մը կ՚ուզենք ներկայանալ, մինչդեռ Երեւանի մէջ, օրինակ, նորութիւնը շատ քիչ է: Պարի պետականը 30 տարի առաջուան պարերը կը ներկայացնէ, իր ակադեմական ծրագիրը ա՛յդ է։ Թէեւ պէ՛տք է ներկայացնել այդ պարերը, սակայն ժողովուրդը նորութիւններու ալ կը սպասէ: Պոլսոյ մեր հանդիսատեսը, օրինակ, ամէն անգամ նոր բանի մը կը սպասէ, հինն ալ կ՚ուզէ, նորն ալ: Նոր սերունդը բոլոր պարերը պէտք է տեսնէ՝ «Բերդ»ը, «Քոչարի»ն, «Լեզկինկա»ն, «Կակաչներու պարը», նոր պարերը: Չես կրնար նոր սերունդին մէկ անգամէն նոր պար հրամցնել, առանց հինը ցոյց տալու:

-Ինչպէ՞ս կը գործակցիք Հայաստանի խումբերուն հետ:

-Հայաստանի խումբերուն կը հետեւինք, նոյնիսկ Պոլիս կը հրաւիրենք զանոնք: 2016-ին Պարի պետականը հրաւիրեցինք. 55 հոգիով եկան, անոնց հետ համերգ մը կազմակերպեցինք: Այս տարի Մարտին, «Թաթուլ Ալթունեան» խումբը եկաւ, շատ լաւ համերգ մըն էր, 3 հազար հոգի կար դահլիճին մէջ: Մեր գործունէութեամբ մենք շարունակականութիւն մը կը տեսնենք Երեւանէն Պոլիս: Թերեւս Երեւանի արհեստավարժ խումբերուն պէս չէ, բայց ջանքեր կը գործադրենք անոնց մօտ ըլլալու: Բծախնդիր ենք մեր գործին մէջ, շատ մեծ աշխատանք կը տանինք: Համոյթի բոլոր պարողները դասեր ունին կամ աշխատանքով զբաղած են. երեկոյեան ժամերուն է, որ փորձեր կ՚ըլլան: Շաբաթ, Կիրակի օրերուն աւելի երկար ժամանակ կը տրամադրենք: Կիրակի օրերը ժամը 12.00-էն մինչեւ 18.00-ը փորձեր կ՚ընենք: Ասոնք տեւական ջանքեր են, որոնք դիւրին չեն, բայց մենք որդեգրած ենք զանոնք:

-Ուրիշ երկիրներու մէջ համերգներու առիթներ չե՞ն ըլլար:

-Պոլիսէն դուրս, Աղթամարի եկեղեցւոյ բացման գացինք. համերգ ունեցանք: Ուրիշ եկեղեցւոյ մը բացումին ալ գացինք:

Եւրոպայէն հրաւէրներ կու գան, բայց դժուար է Եւրոպա հասնիլ նիւթական պատճառներով: Մենք, օրինակ, իբրեւ պարախումբ՝ յաջողեցանք պիւտճէ մը գոյացնել եւ հինգ օրով «Թաթուլ Ալթունեան»ի խումբը Պոլիս բերել, բայց հովանաւոր մը չգտանք՝ որպէսզի կարենանք Եւրոպա մեկնիլ։

-Դուք ինչպէ՞ս սիրած էք հայկական պարը:

-Ես այս գործին սկսայ 1977 թուականին. անկէ առաջ երգի սկսած էի, յետոյ եկաւ պարը: Զինուորական ծառայութենէս վերջ նուիրուեցայ այս գործին եւ չեմ կրցած բաժնուիլ: Քառասուն տարիէ ի վեր այս գործին մէջն եմ, ընտանիքի պէս կը զգամ: Իմ տիկնոջս՝ Իրիս Չափքանի հետ նոր պարողներ կը պատրաստենք. ուրիշ պարուսոյց մըն ալ կայ՝ Սարեմը: Ծանրութիւնը մեր ուսերուն է, ջանք չենք խնայեր: «Մարալ»ը իմ կեանքս եղած է, տեւական աշխատութիւն մը կայ, որովհետեւ ամէն անգամ, մօտաւորապէս 3 հազար հոգի, մեր համերգին կու գայ. հանդիսատեսին առջեւ պարտաւորութիւն մը կայ: Հիմնական մեր հանդիսատեսը ունինք։ Անոնք մեր համերգները չեն փախցներ: Ամէն անգամ 3 հազար հոգի հաւաքելը դիւրին չէ. ուրեմն երբ վերադառնանք, նոր ծրագիրներու մասին պիտի մտածենք: Միշտ փնտռտուքի մէջ ենք, նոր լիցքերով, նոր երազներով Իսթանպուլ պիտի վերադառնանք: Կարեւոր պատկեր մըն է մեզի համար Երեւանը, հոս նայելով հոն ծրագիրներ պատրաստել կը ջանանք: Ձեւով մը նաեւ, այս մշակոյթը պահելը մեր պարտականութիւնն է. կ՚ուզենք, որ բոլոր երիտասարդները շարունակեն մեր գործը: Անդամները երկար չեն մնար, կ՚ամուսնանան, յետոյ դժուար կ՚ըլլայ պարելը, երբեմն իրենց երեխաները կը բերեն. իմ թոռնիկս, օրինակ, հիմա կը պարէ:

Պոլսոյ մէջ հայկական արուեստի այս ժանրը հետզհետէ վար կ՚իջնէ եւ ամէն ինչ պիտի ընենք՝ որպէսզի պահենք: Մենք պարտաւոր ենք այս մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ պահելու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018